Ռուս-Ուքրանական Պատերազմ. Ահա Թէ Ի՛նչ Կը Պատահի, Երբ Փոխադարձ Զիջում Տեղի Չ՛ունենար
02-03-2022 11:53:19 | Հայաստան | Քաղաքական
Ներկայիս ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ, հաւանաբար երկու կողմերուն համար ամէնէն վատ տարբերակն է, իրականութեան մէջ, բոլոր կողմերուն համար։
Նախ եւ առաջ, ասիկա սարսափելի ողբերգութիւն մըն է ռուսական ներխուժման զոհ դարձած Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար:
Ողբերգութիւն, որմէ պէտք էր ամէն գնով խուսափիլ: Ոչ ոք կրնայ արդարացնել երկրին կործանումը եւ անմեղ մարդոց սպաննութիւնը։ Մեր կարգին, մենք պէտք է զօրակցինք խաղաղութեան, ողջախոհութեան եւ բոլոր մարդոց ապահով կեցութեան։
Եկէ՛ք անտեսենք անողոք քարոզչութիւնը, ապատեղեկատուութիւնը եւ կեղծաւորութիւնը, որոնք հեղեղած են լրատուական միջոցները, պատերազմէն առաջ եւ ընթացքին: Պէտք չէ քաղաքականութիւն խաղալ կամ կողմնակալութիւն ընել մարդոց կեանքին հաշուոյն։
Այժմ, զգացական յայտարարութիւններէն տեղափոխուինք իրական աշխարհ, զոր մարդ կրնայ անտեսել միմիայն ի վնաս իրեն:
Աշխարհի գոյութենէն ի վեր ուժեղները միշտ ալ իրենց կամքը պարտադրած են տկարներուն: Այս ճշմարտութենէն չենք կրնար խուսափիլ։ Այսպէս եղած է միշտ, այսպէս ալ պիտի շարունակուի։ Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան ճշմարտութեան եւ արդարութեան, չարաչար կը սխալին։ Կը նշանակէ, որ անոնք կ՛ապրին երեւակայական աշխարհի մը մէջ։
Հարցը այն է, որ Ռուսիա՝ իբրեւ հզօր երկիր, ինքզինք վտանգուած կը զգար՝ արեւմտեան տէրութիւններու կողմէ դէպի իր ազդեցութեան գօտին կատարուած ներխուժումով եւ կ՛ուզէր պաշտպանել իր ազգային շահերը։ Կարեւոր չէ, թէ մենք համաձայն ենք ռուսական այս տեսակէտին, կամ ոչ։ Ռուսերը այսպէս կը հասկնան իրավիճակը։ Իսկ երբ դուն ուժեղ երկիր ես, ճիշդ թէ սխալ, կը փորձես, այսպէս թէ այնպէս, քու կամքդ պարտադրել ուրիշներուն։ Այս իրավիճակին նախադէպը Ռուսիոյ ներխուժումն է Վրաստան, 2008-ին, երբ վերջինս հրապուրուած էր ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու գաղափարով։ Վրաստանի զգալի մասը տակաւին գրաւուած կը մնայ Ռուսիոյ կողմէ։
Անոնք, որոնք Արեւմուտքի մէջ սնափառ յայտարարութիւններ կ՛ընեն անմեղ երկրի մը վրայ յարձակած մեծ, վատ Ռուսիոյ մասին, վստահաբար կը մոռնան, թէ ինչպէ՛ս արեւմտեան երկիրները վերաբերած են ամբողջ տասնամեակներ, նոյնիսկ դարեր:
Միացեալ Թագաւորութեան, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ կայսերական ուժերը կտրած-անցած են ամբողջ աշխարհը՝ նուաճելով իրենցմէ փոքր, աղքատ եւ տկար աւելի քան երկոտասնեակ երկիրներ, հպատակեցուցած զանոնք, թալանած անոնց բնական պաշարները, սպաննած եւ վիրաւորած հարիւր հազարաւոր բնիկներ, մինչեւ որ այս վերջինները ոտքի կանգնած եւ իրենց երկրի սահմաններէն դուրս շպրտած են յարձակապաշտները:
Միացեալ Նահանգները՝ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ինքնահռչակ տիպարը, անցեալին յարձակած եւ գրաւած է քանի մը երկիրներ՝ իր կամքը պարտադրելով ամբողջ աշխարհին։ ԱՄՆ կառավարութիւնը տապալած է բազմաթիւ ղեկավարներ, որոնք մերժած են հետեւիլ իր ուղեգիծին եւ խոնարհիլ Ամերիկայի ցանկութիւններուն առջեւ: Այսպիսի տասնեակ օրինակներ կան, որոնցմէ ամէնէն վերջինը Իրաքն է։ Ո՞վ կրնայ մոռնալ 1962-ին Քուպայի հրթիռային ճգնաժամը, երբ Խորհրդային Միութիւնը միջուկային հրթիռներ տեղադրեց Քուպա՝ ԱՄՆ-էն միայն 150 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Այն ատեն այս երկու երկիրները կը գտնուէին միջուկային պատերազմի շեմին։ Գոյութիւն ունի նաեւ ԱՄՆ-ի երկարամեայ քաղաքականութիւնը՝ ի դէմս Մոնրոյի վարդապետութեան, ուր կ՛ըսուի, որ արտաքին ուժերու որեւէ միջամտութիւն Ամերիկայի քաղաքական գործերուն, կը համարուի ԱՄՆ-ի դէմ թշնամական գործողութիւն: Ասիկա ինչո՞վ կը տարբերի Փութինի՝ Արեւելեան Եւրոպայի, որուն շարքին՝ Ուքրանիոյ մէջ, Ռուսիոյ ունեցած ազդեցութեան գօտիի մասին մեկնաբանութենէն։ Վերջապէս, Ռուսիոյ դէմ նախագահ Պայտընի քայլը մասամբ պայմանաւորուած է վերջինիս՝ ցարդ ամէնէն ցած վարկանիշը (37 տոկոս) բարձրացնելու մտադրութեամբ։
Washington Post-ի եւ ABC News-ի վերջին հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ամերիկացիներուն միայն 33 տոկոսը հաւանութիւն կու տայ Պայտընի կողմէ Ռուսիա-Ուքրանիա ճգնաժամի լուծման, մինչդեռ 47 տոկոսը՝ ոչ:
Նախընտրելին այն պիտի ըլլար, որ ուղղակի բանակցութիւններ տեղի ունենային Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ՝ ներկայ ճգնաժամին խաղաղ լուծում գտնելու համար։ Ինչպէս որ յաճախ կ՛ըսեն՝ «պատերազմը դիւանագիտութիւն է այլ միջոցներով»։
Որքան շատ արտաքին ուժեր, ինչպէս՝ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Միացեալ Թագաւորութիւն, խառնուին այս վէճին, այնքան աւելի կը վատթարանայ իրավիճակը, քանի որ այս երկիրներէն իւրաքանչիւրը թէեւ ինքզինք կը ձեւացնէ իբրեւ Ուքրանիոյ պաշտպան, իրականութեան մէջ սակայն, իր շահն է, որ կը հետապնդէ: Հարցին առանցքը Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ անհամաձայնութիւնն է՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Արեւմուտքի կողմէ տրուած ենթադրեալ այն խոստումին, ըստ որուն ՆԱԹՕ-ն պէտք չէ ընդարձակուի դէպի Արեւելեան Եւրոպա՝ սպառնալով Ռուսիոյ ապահովութեան: Այսուամենայնիւ, ՆԱԹՕ-ն իրողապէս ընդարձակուեցաւ դէպի Արեւելեան Եւրոպայի քանի մը երկիրներ, բան մը, որ Ռուսիա նկատեց թշնամական գործողութիւն:
Առ այդ, Ռուսիա որոշեց իր կամքը պարտադրել Ուքրանիոյ՝ վախնալով, որ եթէ ինք արագ չշարժի, Ուքրանիա կը միանայ ՆԱԹՕ-ի, եւ այն ատեն իրեն անկարելի կ՛ըլլայ չէզոքացնել ընկալուող վտանգը, քանի որ, ըստ ՆԱԹՕ-ի քաղաքականութեան՝ «յարձակում անդամ երկրի մը վրայ, կը նկատուի յարձակում բոլորին վրայ»։
Պէտք է որ երկկողմանի փոխ զիջում մը գտնուէր՝ պատերազմէն խուսափելու համար։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կը կարծէր, որ պատերազմ չ՛ըլլար, եւ Ռուսիա զօրքեր կը կուտակէ Ուքրանիոյ սահմանին, որպէսզի ճնշում գործադրէ անոր վրայ՝ փոխ զիջումային լուծման մը հասնելու համար: Ցաւօք, Ուքրանիոյ վրայ ազդելու Ռուսիոյ փորձը աւարտեցաւ լայնածաւալ ներխուժմամբ՝ ոչնչացնելով երկրին ենթակառոյցներուն զգալի մասը եւ անասելի զոհեր պատճառելով։ Կրնայ ըլլալ, որ Ուքրանիա մերժեց զիջումներու երթալ՝ յենուելով Արեւմուտքի այն հաւաստիացումներուն վրայ, ըստ որոնց, Արեւմուտքը ռազմական եւ տնտեսական օգնութեան կը հասնի, եթէ Ուքրանիա դիմադրէ ՆԱԹՕ-ին չմիանալու ռուսական պահանջներուն: Բացի ռազմական արհեստագիտութիւն եւ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելէ, արեւմտեան երկիրները նաեւ փորձեցին արգելափակել Ռուսիոյ գործողութիւնները՝ կիրարկելով շարք մը խիստ պատժամիջոցներ, որոնք սակայն չկրցան փոխել անոր որոշումը: Յոյս ներշնչող նորութիւնը այն է, որ Երկուշաբթի ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւնները ունեցան իրենց առաջին ուղիղ բանակցութիւնները, դարձեալ հանդիպելու համաձայնութեամբ։
Պատերազմի եւ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հետեւանքներուն պատճառով, Հայաստան կը գտնուի Ռուսիոյ հետ իր դաշինքին եւ անկէ կախուածութեան, ինչպէս նաեւ մնացեալ աշխարհին հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն մէջտեղը:
Ինչպէս կ՛ըսեն, «երբ երկու փիղ իրարու բախին, մրջիւնը ոտնակոխ կ՛ըլլայ, անկախ անկէ, թէ ո՞ր փիղը կը յաղթէ»:
Հայաստանի ամէնէն մեծ հարցը ձեռնհաս ղեկավար մը չունենալն է, որուն շնորհիւ կարելի ըլլար հմուտ լուծում մը գտնել, այս ծայրայեղ բարդ իրավիճակէն դուրս գալու համար։ Պատերազմի սկզբէն ի վեր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարած։ Այսուհանդերձ, երեք առանձին առիթներով, Հայաստան կողմնակալ եղած եւ յայտարարութիւններ ըրած է այս հակամարտութեան մասին։
Հայաստան իր ամէնէն խնդրայարոյց գործողութեան ձեռնարկեց անցեալ Ուրբաթ, երբ Եւրոպական խորհուրդը քուէարկեց՝ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն եւ Նախարարներու կոմիտէէն Ռուսիոյ անդամակցութիւնը կասեցնելու օգտին։ Հայաստան միակ երկիրն էր, որ Ռուսիոյ հետ միասին դէմ քուէարկեց այս որոշման։ Քառասուներկու երկիրներ կողմ քուէարկեցին։ Թուրքիա խորամանկօրէն ձեռնպահ մնաց, իսկ Ատրպէյճան ընդհանրապէս չքուէարկեց։
Արեւմտեան երկիրները շատ բարեացակամ պիտի չըլլան Հայաստանի նկատմամբ, Ռուսիոյ ցուցաբերած իր աջակցութեան համար։ Նմանապէս, Ռուսիա շատ բարեացակամ պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քուէարկութիւններուն նկատմամբ։
Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը անկասկած նաեւ պիտի սահմանափակէ ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ Թուրքիոյ լարախաղացութեան հնարաւորութիւնը: Ատրպէյճանի նմանատիպ լարախաղացութիւնը նոյնպէս պիտի սահմանափակուի Եւրոպական Խորհուրդի մէջ Ռուսիոյ հետ կողմ չքուէարկելով՝ ատով իսկ խաթարելով՝ Փետրուար 22-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած «դաշնակցային համագործակցութեան» հռչակագիրը։
Երկրորդ, երբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեանի հարցուցին, թէ արդեօք Հայաստան կը միանա՞յ Ռուսիոյ՝ ճանչնալով Ուքրանիոյ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն «անկախութիւնը», ան պատասխանեց՝ «Այսպիսի խնդիր (Հայաստանի) օրակարգին վրայ չկայ»։ Այդ պատասխանը չի գոհացներ Փութինի։ Ան բազմաթիւ ճամբաներ ունի ստիպելու Փաշինեանի՝ ներկայ ճգնաժամին մէջ հաւատարիմ մնալու ռուսական գիծին։
Վերջապէս, Փետրուար 25-ին, ելոյթ ունենալով Ղազախիստանի մէջ գումարուած Եւրասիական միջ-կառավարական խորհուրդի նիստին, Փաշինեան առաջարկեց արագ միջոցներու ձեռնարկել՝ «նուազագոյնի հասցնելու կամ շրջանցելու» համար հակառուսական պատժամիջոցները, զորս Արեւմուտքը հաստատեց ընդդէմ Ռուսիոյ, վերջինիս Ուքրանիա ներխուժումէն ետք։
Հակառուսական պատժամիջոցները, անկասկած, մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան Հայաստանի թոյլ տնտեսութեան վրայ, քանի որ Ռուսիա Հայաստանի առեւտրական մեծագոյն գործընկերն է։ Ինչպէս կ՛ըսեն, «երբ Ռուսիա փռնգտայ, Հայաստան կը մսի»։ 2021-ին, Ռուսիոյ մէջ աշխատող հայերու կողմէ Հայաստանի իրենց ընտանիքներուն փոխանցուած 861 միլիոն տոլարը կտրականապէս կը սահմանափակուի, ռուպլիի անկման եւ երկրին մէջ գործազրկութեան աճին պատճառով։
Նոյնպէս, Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ շատոնց ի վեր հակասութիւն կայ։ Երկու կողմերն ալ միմեանց կը մեղադրեն իրենց վստահութիւնը դաւաճանելու եւ թշնամիներու կողմը անցնելու մէջ։ 2014-ին, Հայաստան, ինը այլ երկիրներու եւ Ռուսիոյ հետ միասին, դէմ քուէարկեց ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդի այն բանաձեւին, որ անվաւեր կը նկատէր ռուսամէտ Խրիմի հանրաքուէն։
Հայերը արձագանգեցին՝ յիշեցնելով, որ Ուքրանիա 2008-ին Գլխաւոր խորհուրդին մէջ քուէարկած էր յօգուտ բանաձեւի մը, որ կը պահանջէր «հայկական ուժերը» դուրս բերել Լեռնային Ղարաբաղէն։ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի, 2020-ին, Արցախի պատերազմի ընթացքին, յայտարարած էր. «Մենք կ՛աջակցինք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, ինչպէս Ատրպէյճանը միշտ կ՛աջակցի մեր տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան»։ Աւելի՛ն. 2020-ի պատերազմէն առաջ, Ուքրանիա մահաբեր զէնքեր ծախած էր Ատրպէյճանի։
Պէտք չէ մոռնալ, որ Ուքրանիոյ մէջ մօտաւորապէս 500 հազար հայ կ՛ապրի։ Երբ այլ երկիրներ փակեցին Ուքրանիոյ մէջ ունեցած իրենց դեսպանատուները եւ երկրէն դուրս բերին իրենց քաղաքացիները, Հայաստանի դեսպանութիւնը շարունակեց գործել, եւ հայ քաղաքացիները մնացին Ուքրանիա՝ վտանգելով իրենց կեանքը:
Ամէն օր անմեղ, խաղաղ բնակիչներ կը զոհուին Ուքրանիոյ մէջ, յաւելեալ պատժամիջոցներ կը սահմանուին Ռուսիոյ դէմ եւ աղէտաբեր նոր սպառնալիքներ կը հնչեն։ Առողջ դատողութիւնը պէտք է յաղթանակէ՝ նախքան որ աշխարհը հասնի իր վերջին օրերուն:
Միակ լուծումը՝ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով փոխադարձ զիջման հասնիլն է։ «Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման» մօտեցումը բոլորը կ՛ընէ կոյր եւ անատամ։