Թուրքիա Կրնայ Ոմանց Խաբել Որոշ Ժամանակով, Սակայն Չի Կրնար Բոլորը Խաբել Միշտ


Թուրքիա Կրնայ Ոմանց Խաբել Որոշ Ժամանակով, Սակայն Չի Կրնար Բոլորը Խաբել Միշտ

  • 30-03-2022 11:53:02   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ երկու հակամարտող կողմերու միջեւ իր  կեղծաւոր  խաղը, ձեւանալով՝ իբրեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բարեկամ, իր լարախաղացութենէն առաւելագոյն չափով օգուտ քաղելու համար։
 
Այսուամենայնիւ, Թուրքիա չի կրնար երկար ժամանակ խաղալ այս խաղը՝ մինչեւ որ ճօճուող պարանէն երեսն ի վար իյնայ:
 
Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիա, իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ, խախտած է անոր սկզբունքները, խնդրայարոյց զէնքեր գնել Ռուսիայէն՝ հանդէս գալով իբրեւ արեւմտեան ռազմական ճամբարի անդամ, ան հրաժարած է աջակցիլ կազմակերպութեան հաւաքական որոշումներուն եւ արժանացած պատժամիջոցներու՝ ՆԱԹՕ-ի իր գործընկեր Միացեալ Նահանգներու կողմէ։
 
Թուրքիա նոյն  անկայուն  դերը խաղացած է իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ՝ խախտելով կազմակերպութեան հիմնական կանոնները, անոնց շարքին՝ բազմաթիւ անգամ հրաժարելով կատարել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումները: Այսքանէն ետք, նախագահ Էրտողան տակաւին կը յանդգնի բողոքել, որ Թուրքիոյ թոյլ չեն տար անդամակցելու Եւրոմիութեան։ Իրականութեան մէջ, անոր նոյնիսկ պէտք չէ արտօնուի մնալ Եւրոպական  խորհուրդին մէջ։ Ափսոս, որ ՆԱԹՕ-ն որեւէ դրոյթ չունի իր անդամ երկիրներէն մէկը դուրս շպրտելու առումով։ Զարմանալիօրէն, թուրք ղեկավարները դիմած են ՄԱԿ-ի՝ իրենց երկիրը դարձնելու համար վեթոյի իրաւունք ունեցող Ապահովութեան խորհուրդի վեցերորդ մնայուն անդամը: Ասիկա երբեք  պէտք չէ արտօնել: Այլապէս այդ կ՛ըլլայ ՄԱԿ-ի վերջը:
 
 Նոյն ատեն, Թուրքիա Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ կը շարունակէ իր երկերեսանի  «չէզոքութիւնը» խաղալ ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ։ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի միակ անդամն է, որ մերժած է պատժամիջոցներ կիրարկել Ռուսիոյ դէմ եւ չէ փակած իր օդային տարածքը ռուսական ինքնաթիռներու համար: Թուրքիա ձեռնպահ մնաց, մինչդեռ Եւրոպական խորհուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը քուէարկեց Ռուսիոյ անդամակցութիւնը կասեցնելու օգտին։ Թուրքիա այնուհետեւ շրջուեցաւ եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդին մէջ Մարտ ամսուն երկու անգամ քուէարկեց Ռուսիան  դատապարտող բանաձեւի օգտին՝ վերջինիս Ուքրանիա ներխուժման պատճառով։
 
Աւելին, ՄԱԿ-ի իր ելոյթին մէջ,  Թուրքիոյ դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու կատաղի յարձակում գործեց Ռուսիոյ վրայ։
 
Սինիրլիօղլու ըսաւ, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը Ռուսիոյ կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի «բացայայտ խախտման» արդիւնք է՝ զայն որակելով «անընդունելի»։ Այնուհետեւ ան աւելցուց. «Մեր կողմէ, մենք չենք հրաժարիր Ուքրանիոյ մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն»: Այս խօսքերը կը վկայեն այն մասին, որ Թուրքիա չէզոք չէ այս պատերազմին մէջ։
 
Մինչ ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը սուր քննադատութեան կ՛ենթարկէր Ռուսիան, թուրք գործարար Էտհեմ Սանճաք՝ նախագահ Էրտողանի ամէնէն մօտիկ քաղաքական դաշնակիցներէն մէկը եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամը, այցելեց Մոսկուա եւ ըսաւ ռուսական RBC հեռատեսիլային ալիքին, որ Թուրքիոյ կողմէ անօդաչու սարքերու վաճառքը Ուքրանիոյ, մեծ սխալ էր: Սանճաք նաեւ ըսաւ՝ «Մենք չենք միանար պատժամիջոցներուն, քանի որ եթէ Ռուսիա իյնայ՝ Թուրքիա կը մասնատուի։ Իսկ եթէ Թուրքիա իյնայ, նոյնը կը պատահի Ռուսիոյ…: Մենք դաշնակիցներ ենք Ռուսիոյ հետ»։ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին, Սանճաք որակեց «ամօթալի…»:
 
Այնուհետեւ ան աւելցուց՝ «ՆԱԹՕ-ն քաղցկեղային ուռուցք է»։
 
Ասկէ բացի, «փորձառութիւն շահելով պատժամիջոցներու քայքայման սադրանքներուն մէջ, որոնք նախապէս խոչընդոտած էին ճիհատիստական խմբաւորումներու  եւ  Իրանի  նկատմամբ  Միացեալ Նահանգներու եւ  ՄԱԿի  Ապահովութեան  խորհուրդի  բռնի արգելքին,  Թուրքիոյ  նախագահ  Ռեչեփ  Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը այժմ պատրաստ է կիրարկելու արեւմտեան պատժամիջոցներու նմանատիպ խաղը, Ռուսիոյ նկատմամբ։  Յոյս ունենալով գումար վաստակիլ իր գործարար մտերիմներուն համար եւ օգնել իր երկրի դժուար տնտեսութեան եւ ֆինանսներուն՝ Էրտողան, ըստ երեւոյթին, տեսաւ շահ ստանալու հնարաւորութիւն՝ ռուսերուն փրկօղակ առաջարկելով՝ օգնելու յաղթահարել սահմանափակումները եւ շրջանցել պատժամիջոցները», գրած է Ապտուլլահ Պոզքուրթ Nordic monitor-ի մէջ։
 
Ռուսիան գոհացնելու համար, Թուրքիա մերժեց Ա.Մ.Ն. առաջարկները՝ Ուքրանիոյ փոխանցելու Ռուսիայէն գնած С-400 հրթիռային համակարգերը եւ ի հետեւանք՝ Ա.Մ.Ն. պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ դէմ։ Աւելին, քանի մը ռուս աւատապետներ վերջին օրերուն իրենց շքեղ զբօսանաւերն ու անձնական ինքնաթիռները Եւրոպայէն տեղափոխած են Թուրքիա՝ խուսափելու  համար արեւմտեան պատժամիջոցներէն։ Թուրք սիւնակագիր Պահատիր Օզկուր, որ մասնագիտացած է կազմակերպուած յանցաւորութեան բացայայտման գործին մէջ, կ՛ըսէ, որ Թուրքիա «դրախտ է կէնկըսթըրներու համար», կը հաղորդէ Al-Monitor լրատուական կայքը:
 
Թուրքիոյ կողմէ պատժամիջոցները տապալելու երկարատեւ գործողութիւններու բերումով, Պայտընի վարչակազմը քաջատեղեակ է Ա.Մ.Ն.-ի եւ ԵՄ-ի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներէն Ռուսիան փրկելու թրքական ջանքերուն մասին:
 
Սպիտակ տունը եւ Քոնկրեսը այնքան ալ չեն փափաքիր Էրտողանի կողմնակից ըլլալ, որ անընդհատ ծրագիրներ կը կազմէ փառաբանելու համար ինքզինք եւ իր երկիրը՝ փորձելով շտկել իր խաթարուած յարաբերութիւնները Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Հայաստանի հետ:
 
Նախագահ Էրտողան անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ հերթական անյաջող Փի.Ար հնարքով ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովէն առաջ  յայտարարեց, որ պիտի հանդիպի նախագահ Ճօ Պայտընի հետ՝ լուսանկարուելու համար՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել Թուրքիոյ  կասկածելի  դիրքը  աշխարհի մէջ եւ սեփական ցած վարկանիշը, իր երկրին ներսը։
 
Հակառակ Էրտողանի եռանդագին դիւանագիտական լոպիինկին, Պայտըն մերժեց հանդիպիլ անոր հետ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մէջ՝ խափանելով այսպիսի հանդիպումէ դրական Փի.Ար ձեռք ձգելու անոր ակնկալութիւնը։ Սպիտակ տունը մերժեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յորդորը՝ նման դէմ առ դէմ հանդիպման համար:
 
Նախագահ Պայտըն, որ երկարատեւ անձնական հակակրանք ունեցած է նախագահ  Էրտողանի նկատմամբ, վերջինիս հակաարեւմտեան քաղաքականութեան պատճառով, ճիշդ ըրաւ՝ անոր ինքնագովման յաւելեալ հնարաւորութիւններ չտրամադրելով այն պահուն, երբ ան կը շարունակէ իր սերտ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ: Քոնկրեսի մէջ նոյնպէս, կոշտ դիմադրութիւն կայ Թուրքիոյ նկատմամբ որեւէ զիջողականութեան դէմ:
 
Էրտողան մնայուն կերպով կ՛արդարացնէ իր լարախաղացութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ՝ յայտարարելով, որ կը փորձէ միջնորդական դեր ստանձնել ուքրանական պատերազմին մէջ։ Ասիկա եւս ապակողմնորոշիչ արդարացում մըն է՝ ինքնիրեն եւ իր երկրին ոչ արժանի կարեւորութիւն տալու գծով Էրտողանի շահադիտական փորձերուն:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական