Թուրքիա Ինքզինք Կը Խայտառակէ՝ Ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յետ Պայտընի Ընդունման


Թուրքիա Ինքզինք Կը Խայտառակէ՝ Ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յետ Պայտընի Ընդունման

  • 27-04-2022 11:47:17   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն 24 Ապրիլին գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է այն մասին, որ երկրորդ տարին ըլլալով պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
 
Ահա՛ հատուած մը Պայտընի ճանաչումէն. «1915ի 24 Ապրիլին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ հայ մտաւորականներու եւ համայնքի ղեկավարներու ձերբակալութեամբ սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարու զանգուածային ամէնէն սարսափելի վայրագութիւններէն մէկը։ Այսօր, մենք կը յիշենք մէկուկէս միլիոն հայերը, որոնք տեղահանուեցան, սպաննուեցան կամ մահուան երթի ուղարկուեցան ոչնչացման արշաւի ընթացքին, եւ կը սգանք այդքան շատ կեանքերու ողբերգական կորուստը․․․: Այսօր, 107 տարի անց, ամերիկացի ժողովուրդը կը շարունակէ յարգել բոլոր հայերը, որոնք զոհ գացին Ցեղասպանութեան»։
 
Իր յայտարարութեան մէջ Պայտըն չորս անգամ օգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» բառը եւ մէկ անգամ՝ «Մեծ Եղեռն» հայերէն եզրոյթը, որ կ՛օգտագործուէր զանգուածային սպանութիւնները նկարագրելու համար, նախքան Ռաֆայէլ Լեմքինի՝ 1940ականներուն ստեղծած Ցեղասպանութիւն եզրը։ Պայտըն  յիշատակեց  նաեւ «օսմանեան իշխանութիւնները»՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակները։
 
Մինչ հայերը կը գնահատեն Պայտընի կարեկցական խօսքերը, պէտք է յիշեցնել անոր, որ այսօր բնաջնջման նման վտանգ կախուած է Արցախի գլխուն։ Ան պէտք չէ հաւանութիւն տայ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օգնութեան. երկիր մը, որ մտադիր է ոչնչացնելու թէ՛ Արցախը, թէ՛ Հայաստանը։
 
Նախագահ Պայտըն պէտք է Հայոց Ցեղասպանութեան իր բարոյական ճանաչումը վերածէ արտաքին գործնական քաղաքականութեան՝ ճնշում գործադրելով Թուրքիոյ վրայ՝ ճանչնալու իր գործած յանցանքը, հատուցելու իր նախորդ վարչակարգին կողմէ իրականացուած կոտորածները եւ վերադարձնելու բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հողերը։ Ճանաչումը առանց հատուցման, անիմաստ է...
 
Ինչպէս որ Արեւմուտքի երկիրները ոտքի կանգնեցան ի պաշտպանութիւն Ուքրանիոյ՝ տրամադրելով ռազմական եւ մարդասիրական հսկայական օգնութիւն, այդպէս ալ անոնք պէտք է պաշտպանեն Արցախը։ 2020ի պատերազմին, Արցախ ենթարկուեցաւ դաժան յարձակման, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ վարձկան  ճիհատիսթ ահաբեկիչներու կողմէ՝ իրականացնելով ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ։ Բայց աշխարհը լուռ էր։ Պէտք չէ  նախընտրութիւն  ցուցաբերուի  ժողովուրդի մը տառապանքին նկատմամբ՝ ի դիմաց ուրիշի: Բոլոր մարդ արարածները արժանի են միեւնոյն պաշտպանութեան:
 
Պայտընի յայտարարութենէն բացի, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի կապակցութեամբ յայտարարութիւններ տարածած են Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Նենսի Փելոսի, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտօ, Արժանթինի փոխ նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես,  Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս եւ այլ ղեկավարներ: Այսուամենայնիւ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Աւստրալիա եւ Իսրայէլ այն երկիրներէն են, որոնք ցարդ կը վախնան Թուրքիայէն՝ կարենալ ճանչնալու համար ճշմարտութիւնը, մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպաննութիւններու մասին:
 
Ցեղասպանութիւն  իրագործող  Թուրքիա եւ անոր  ստրուկ  պետութիւնը՝ Ատրպէյճան, կը շարունակեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդերը կը շարունակեն բողոքի ցոյցեր կազմակերպել՝ մերկացնելով անոնց  սուտը եւ աշխարհին յիշեցնելով կոտորածներու մասին։
 
Այս տարի, 23 Ապրիլին, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կը գտնուէր Ուրուկուէյի Մոնթեվիտէօ քաղաքը, խումբ մը հայեր բողոքի ցոյց ըրին անոր այցելութեան դէմ։ Չաւուշօղլու ծաղրեց հաւաքուած հայերը՝ թրքական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման յատուկ ձեռքի սպառնալից ժեսթը ընելով։ Մեհմետ Ալի Աղճան, որ 1981ին կրակեց եւ վիրաւորեց Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ Պապին, «Գորշ գայլեր»ու անդամ էր։ Պատկերացուցէք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նացիական նշաններ  ցոյց տար  Ողջակիզումէն վերապրած հրեաներուն: Ուրուկուէյի նախագահը դատապարտեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի ոչ դիւանագիտական ժեսթը, իսկ Ուրուկուէի արտաքին գործոց նախարարը մօտը կանչեց Թուրքիոյ դեսպանը՝ բացատրութիւն պահանջելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի ոչ պատշաճ պահուածքին մասին։
 
Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սկսած է գիտակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդդէմ իր ժխտողական կեցուածքին անիմաստութիւնը. տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու սպառնալէ ետք, վերջինս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առ այս, Էրտողան վերածուած է մուկի մը՝ Պայտընի կողմէ անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք։ Էրտողան  ամբարտաւանօրէն յայտարարած էր, որ պիտի բողոքէ ԱՄՆ նախագահի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար։ Այսուամենայնիւ, երբ անոնք հանդիպեցան անցեալ Յունիսին, ան չհամարձակեցաւ Պայտընի որեւէ բառ ըսել այդ մասին։ Այսուհետեւ, երբ թրքական մամուլը Էրտողանի հարցուց, թէ արդեօք ան բողոքա՞ծ է Պայտընին՝ Ցեղասպանութեան ընդունման հարցով, ան անհեթեթօրէն ըսաւ. «Ո՛չ, Պայտընը այդ հարցը չէ բարձրացուցած»:
 
Էրտողան ամբողջովին խայտառակուած էր։
 
Ապրիլի 24-ին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մօտ հաւաքուած հայերուն ուղղուած պատգամին մէջ Էրտողան Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանին գրած է. «Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է միասին կերտենք ապագան՝ ոգեշնչուած մեր հազար տարուան խորապէս արմատացած միասնութենէն՝ տառապանքը մեծցնելու փոխարէն»։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փոխարէն, Էրտողան պնդած է, որ օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիները (ե՛ւ հայերը, ե՛ւ թուրքերը) մահացած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքով՝ տարբերութիւն չդնելով Ցեղասպանութեան եւ պատերազմի զոհերու միջեւ:
 
Աւելի՛ն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ կը մերժէ 24 Ապրիլին տարբեր երկիրներու կատարած յայտարարութիւնները. «Այս կը ներառէ ԱՄՆ նախագահ Պայտընի այսօրուան դժբախտ յայտարարութիւնը, որ կը կրկնէ 2021ին կատարուած սխալը։ Մենք կը մերժենք նման յայտարարութիւններ եւ որոշումներ, որոնք կը խեղաթիւրեն պատմական փաստերը քաղաքական դրդապատճառներով, եւ կը դատապարտենք անոնք, որոնք կը պնդեն այս սխալը»։ Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ Ուրուկուէյի մէջ ձեռքի ահաբեկչական ժեստ կատարեց։
 
Միեւնոյն ատեն, Սթամպուլի նահանգապետը արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները, որոնք տեղի կ՛ունենային ամէն տարի՝ 2010էն սկսեալ, բացառութեամբ վերջին երկու տարիներուն՝ համաճարակի պատճառով։
 
Վերջապէս, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անցեալ շաբաթ խորհրդարանին ներկայացուց համարձակ բանաձեւ մը՝ պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բացայայտել մեղաւորները, ջնջել անոնց անունները հասարակական վայրերէն եւ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն  շնորհել  զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն։ Փայլան ենթարկուեցաւ թուրք պաշտօնեաներու դաժան յարձակումներուն: Խորհրդարանի նախագահը մերժեց անոր առաջարկը։ Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակը Փայլանէն պահանջեց ներողութիւն խնդրել եւ սպառնաց դատ բանալ անոր դէմ։ Աւելին, Էրտողան դատապարտեց  Փայլանը եւ թելադրեց խորհրդարանին՝ «անով զբաղիլ»։
 
Եթէ թուրք ղեկավարները դէմ չեն աշխարհի առջեւ նուաստացման եւ մերկացման, իրենց երկրի իրագործած Ցեղասպանութեան ժխտման համար, ապա հայերը պիտի շարունակեն բացայայտել անոնց՝ իբրեւ բարբարոսական գործողութիւններու կողմնակիցներ։ Որքան շուտ անոնք խելքի գան, ընդունին Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում կատարեն, այնքան շուտ կ՛ազատին խայտառակուելէն։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
  -   Քաղաքական