Պայտըն Կ՛ուզէ Զէնք Ծախել Թուրքիոյ, Մինչդեռ Անգարա Ներսէն Կը Քանդէ ՆԱԹՕն


Պայտըն Կ՛ուզէ Զէնք Ծախել Թուրքիոյ, Մինչդեռ Անգարա Ներսէն Կը Քանդէ ՆԱԹՕն

  • 18-05-2022 12:10:43   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Ամերիկահայ համայնքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը հիասթափի նախագահ Ճօ Պայտընի հակահայկական արարքներէն։ Ցարդ ան աւելի վնաս հասցուցած է Հայաստանի շահերուն, քան օգուտ։
 
Անցեալ տարի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն 24 ժամ առաջ, նախագահ Պայտըն հրաժարեցաւ ԱՄՆ Ազատութեան աջակցութեան գծով 907-րդ յօդուածէն, այսպիսով թոյլ տալով Միացեալ Նահանգներու՝ տարբեր տեսակի օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանի, ներառեալ «ապահովութեան» օգնութիւնը:
 
ԱՄՆ Գլխաւոր հաշուապահական գրասենեակը (GAO) կը յայտնէ, որ 2002էն 2020, ԱՄՆ պետական բաժանմունքը, պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի նախարարութիւնները եւ միջազգային զարգացման գործակալութիւնը Ատրպէյճանի տրամադրած են 808 միլիոն տոլարի ամերիկեան օգնութիւն, որուն 164 միլիոնը (20 տոկոսը)՝ «ապահովութեան» օգնութիւն: 31 Մարտ 2022ին, Պաքուի մօտ Ամերիկայի դեսպանը թուիթըրի մէջ հպարտութեամբ գրեց, որ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին վերջերս 30 միլիոն տոլարի «սարքաւորում» նուիրեց Ատրպէյճանի։ Անիմաստ է օգնութիւն ցուցաբերել քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի, որ կը լողայ քարիւղի միլիառաւոր տոլարներու մէջ։ Ասիկա Միացեալ Նահանգներու հարկատուներու դրամի ամբողջական մսխում է։
 
Վերջերս, լսումներու ժամանակ, երբ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ հարց ուղղեց պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, թէ ինչո՞ւ պետական բաժանմունքը Քոնկրեսին չզեկուցեց՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան վրայ Պաքուի տրամադրուող օգնութեան ազդեցութեան մասին, Պլինքըն խուսափողական պատասխան տուաւ՝ խոստանալով ուսումնասիրել զայն։
 
Թէեւ նախորդ նախագահները նոյնպէս հրաժարած էին 907րդ յօդուածէն՝ այսպիսով օգնութիւն ցուցաբերելով չափազանց հարուստ Ատրպէյճանի, Ճօ Պայտըն 2020ի իր նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին խստօրէն քննադատած էր նախագահ Տանըլտ Թրամփը, 907րդ յօդուածէն հրաժարելուն համար: Այսուամենայնիւ, նախագահ դառնալէն ետք, երեք ամսուան ընթացքին, ան ըրաւ այն, ինչ որ Թրամփ ըրած էր:
 
Ի՞նչ իմաստ ունի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ յետոյ զէնք տրամադրել Ատրպէյճանին՝ հայերու սպաննութիւնը շարունակելու համար, ինչպէս եղաւ 2020ի պատերազմին: Մեզի գործ պէտք է, այլ ոչ թէ դատարկ խօսքեր:
 
Պայտընի վարչակազմի հերթական կոպիտ սխալը՝ ԱՄՆի զէնքը երրորդ երկիրներուն փոխանցելու արգելքի չկիրարկումն է։ Այս խախտման վառ օրինակ մըն է 2020ի Արցախի պատերազմի ժամանակ Թուրքիոյ կողմէ ամերիկեան F-16 ռազմական ինքնաթիռներու օգտագործումը Ատրպէյճանի մէջ։ Աւելին, ԱՄՆ չարգիլեց թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու ամերիկեան մասերու վաճառքը, որոնք առանցքային դեր  խաղացած էին 2020ի պատերազմին մէջ:
 
Պայտընի վարչակազմը նուազեցուց  Հայաստանին  յատկացուող  օգնութիւնը  մինչեւ  24 միլիոն տոլար եւ յատկացուց չնչին քանակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն Արցախէն տեղահանուած  հազարաւոր հայերու, միաժամանակ ընդունելով, որ անոնք կը գտնուին «մարդասիրական ծանր ճգնաժամ»ի մէջ։
 
Պայտընի վարչակազմի միւս թերութիւններն են.
 
1. Ճնշում չէ գործադրած Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի հայ գերիները անմիջապէս ազատ արձակուին Պաքուի բանտերէն, 2020ի պատերազմի աւարտէն ետք։
 
2. Չէ դատապարտած Թուրքիոյ կողմէ իսլամիստ ահաբեկիչներու հաւաքագրումն ու տեղափոխումը, 2020ի Արցախի պատերազմին Ատրպէյճանի կողմէ անոնց մասնակցութեան համար։
 
3. Չէ քննադատած՝ 2021ի Մայիս 12էն ի վեր ատրպէյճանական զօրքերու ներխուժումը Հայաստանի տարածք։
 
4. Ձախողած է քայլերու ձեռնարկել՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումներու կապակցութեամբ, մինչդեռ նախագահ Պայտըն  կեղծաւորաբար  կը խօսի այն մասին, որ մարդկային իրաւունքները կը հանդիսանան ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական դրոյթ:
 
Փոխարէնը, մենք կը լսենք ԱՄՆի կրկնուող կոչերը՝ աջակցելու «Հայաստան-Թուրքիա հաշտեցման» եւ «Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր»ի կնքման, որոնք կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն։
 
Զարմանալի է, որ Պայտընի վարչակազմը դեռ նոր տեղեկացուց Քոնկրեսը, որ կ՛աջակցի Թուրքիոյ հրթիռներու, ռատարներու եւ արհեստագիտութեան վաճառքին, անոր ունեցած F-16 կործանիչներու խմբաքանակին համար: Բացի այս, Թուրքիա խնդրած է գնել 40 նոր F-16 ինքնաթիռներ։
 
Պայտընի վարչակազմը կը սխալի այն մասին, որ Թուրքիոյ առաջարկուող զէնքի վաճառքը «կը ծառայէ ՆԱԹՕ-ի շահերուն»։ Իրականութեան մէջ, այս վաճառքը Քոնկրեսի մէջ կը բախի դժուար պայքարի, քանի որ Քոնկրեսի 60 անդամներ արտայայտած են իրենց խիստ հակառակութիւնը:
 
Հակառակ Պայտընի վարչակազմի պնդումներուն՝ Թուրքիոյ առաջարկուող զէնքի վաճառքը կը խաթարէ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի շահերը հետեւեալ պատճառներով.
 
1. F-16 ինքնաթիռները Թուրքիոյ կողմէ կ՛օգտագործուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ՝ ռմբակոծելու համար քիւրտ զինեալներ, որոնք ԱՄՆ դաշնակիցներն են ընդդէմ  «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն, որոնց կ՛աջակցի Թուրքիան։
2. Թուրքիա կ՛օգտագործէ F-16 ինքնաթիռները՝ շարունակելու համար իր անօրինական ներխուժումները դէպի ՆԱԹՕ-ի անդամ Յունաստանի տարածքային ջուրեր։
 
3. Թուրքիա կ՛օգտագործէ F-16 ինքնաթիռները՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալու համար։
4. Թուրքիա կը շարունակէ բռնագրաւել Հիւսիսային Կիպրոսը 1974 թուականէն ի վեր եւ կը մերժէ հեռանալ՝ հակառակ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բազմաթիւ բանաձեւերուն:
 
5. Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ  կիրարկած է Թուրքիոյ նկատմամբ եւ արգելափակած ամերիկեան F-35 յառաջադէմ կործանիչներու վաճառքը՝ ռուսական S-400 հրթիռներ գնելու համար՝ հակառակ ՆԱԹՕի շահերուն։
 
Վերջապէս, այն պահուն, երբ ՆԱԹՕի երկիրները, որոնց շարքին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, կը դիմակայեն Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ, Ֆինլանտի եւ Շուէտի կառավարութիւնները կը խնդրեն անդամակցիլ ՆԱԹՕի: Բացի Թուրքիայէն, ՆԱԹՕի միւս անդամները կողմ են Ֆինլանտի եւ Շուէտի արագ անդամակցութեան։ Նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը վեթօ կը դնէ այս երկու երկիրներու անդամակցութեան դիմումին վրայ՝ օգտագործելով ծիծաղելի այն փաստարկը, որ Ֆինլանտ եւ Շուէտ դարձած են  «տուն բազմաթիւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու», այսինքն՝ քիւրտ գաղթականներու համար։
 
Ասիկա չափազանց հեգնական է,  որ կու գայ Թուրքիոյ նման երկրէ, որ տարիներ շարունակ աջակցած է «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:
 
Դէմ ըլլալով ՆԱԹՕի՝ Ֆինլանտի եւ Շուէտի անդամակցութեան, Թուրքիա յոյս ունի հասնելու հետեւեալ նպատակներուն.
 
1. Սպասարկել Ռուսիոյ, որուն հետ ունի ռազմական եւ առեւտրական կարեւոր կապեր: Թուրքիա ՆԱԹՕի միակ անդամն է, որ կը մերժէ պատժամիջոցներ կիրարկել Ռուսիոյ դէմ եւ փակել իր օդային տարածքը ռուսական ինքնաթիռներու համար։ Թուրքիա Ռուսիոյ լրտեսն է ՆԱԹՕի մէջ։
 
2. Զիջումներ կորզել ԱՄՆէն՝ զէնքի գնման եւ քաղաքական աջակցութեան հարցով,  Ֆինլանտի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕին միանալու թոյլտուութեան դիմաց։
 
Պարզ է, որ Թուրքիա՝ Ռուսիոյ դաշնակիցը, չի պատկանիր ՆԱԹՕին։ Որոշելէ առաջ՝ Թուրքիոյ վաճառել F-16 ինքնաթիռները, ես Պայտընի կ՛առաջարկեմ՝  կարդալ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ 29 Ապրիլ 2022ի հրապարակուած խմբագրականը՝ «Թուրքիան կը հասնի բռնակալութեան ցած նոր մակարդակի» վերնագրով։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական