Էրտողան Իր Զարմիկը Վարձած Է Իբրեւ Լոպիիսթ՝ Թուրք Ամերիկացիներուն Քուէները Ստանալու Համար


Էրտողան Իր Զարմիկը Վարձած Է Իբրեւ Լոպիիսթ՝ Թուրք Ամերիկացիներուն Քուէները Ստանալու Համար

  • 03-06-2022 10:30:23   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Թուրքիոյ նախագահն է 2014 թուականէն ի վեր, կը ծրագրէ յառաջիկայ տարի կրկին առաջադրել իր թեկնածութիւնը: Նախապէս, 2003էն 2014 տարիներուն, ան եղած է վարչապետ, իսկ 1994-ին, ան ընտրուած է Սթամպուլի քաղաքապետ՝ իբրեւ իսլամիսթական «Բարեկեցութիւն» կուսակցութեան թեկնածու: Սակայն, 1998-ին, զայն զրկեցին պաշտօնէն, արգիլեցին անոր՝ քաղաքական պաշտօն վարել եւ զայն չորս ամիսով կալանաւորեցին՝ արտասանելէն ետք բանաստեղծութիւն մը, որ կը դիտուէր իբրեւ բռնութեան, կրօնական կամ ռասայական ատելութեան սադրանք: Ահա՛ չարաբաստիկ տող մը այդ բանաստեղծութենէն. «Մզկիթները մեր զօրանոցներն են, գմբեթները՝ մեր սաղաւարտները, մինարէները՝ մեր սուինները, իսկ հաւատացեալները՝ մեր զինուորները»: 2001-ին, ուրիշներու հետ, ան հիմնադրեց «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ): Այսպէս, Էրտողան մօտաւորապէս 30 տարի շարունակ ներկայ եղած է թրքական կառավարութեան ամէնէն բարձր օղակներուն մէջ։
 
Էրտողան ներկայիս դիմած է իր ամերիկաբնակ զարմիկին՝ Թուրքիոյ քաղաքացի, դոկտոր Հալիլ Մութլուին՝ 2023-ի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ Միացեալ Նահանգներ ապրող թուրք քաղաքացիներու քուէները կարենալ ստանալու համար, վերընտրուելու իր փոքր հնարաւորութիւնները մեծցնելու նպատակով:
 
Համաձայն ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան» օրէնքի (FARA) փաստաթուղթերուն՝ դոկտ. Մութլու՝ 11 Մայիս 2022-ին ԱՄՆ-ի մէջ արձանագրուած է իբրեւ քաղաքական լոպիիսթ, թրքական իշխող կուսակցութեան (ԱԶԿ) անունով՝ իբրեւ անոր միակ ներկայացուցիչը։ Դոկտ. Մութլու Քենեթիքըթ նահանգի Ուինծըր քաղաքի բնակիչ է: ԱԶԿ-ի ներկայացուցչութեան գրասենեակը պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ ամերիկեան ընկերութիւն՝ 2 Մայիս 2022-ին եւ տեղակայուած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։
 
Մութլուի կողմէ ստորագրուած FARA-ի արձանագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ԱՄՆ-ի մէջ «ԱԶԿ-ի ներկայացուցչութիւնը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անոր պարտականութիւնները կը ներառեն ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող Թուրքիոյ քաղաքացիներու միջեւ քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան կազմակերպումը։ Անիկա նաեւ նպատակ ունի նպաստել Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան եւ պատմական բարեկամութեան հետագայ զարգացման…»: FARA-ի արձանագրութեան ձեւը կը բացայայտէ լոպիիստական այս լայնածաւալ  հնարքի  իրական նպատակը. «Անիկա նաեւ կը պատրաստէ եւ կը տարածէ ԱԶԿ-ի նիւթերը Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ ընտրութիւններու ժամանակ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն քաղաքական աջակցութեան համար»:
 
FARA-ի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ԱԶԿ-ի ամերիկեան գրասենեակը կը ներկայացնէ ԱԶԿ-ի գլխաւոր գրասենեակը, որ կը գտնուի նախագահ Էրտողանի Չանքայա նախագահական պալատին մէջ, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Կը նշուի, որ ԱԶԿ-ի ամերիկեան գրասենեակը իր գործունէութիւնը ֆինանսաւորելու համար «չունի հաստատուած պիւտճէ կամ յատկացուած որոշակի գումար»։ Դոկտ. Մութլու պիտի աշխատի առանց որեւէ վարձատրութեան:
 
FARA-ի արձանագրութեան ամբողջացուած դիմումին մէջ նաեւ կը նշուի, որ ԱԶԿ-ի ամերիկեան գրասենեակը տեղեկութիւն կը տարածէ ամսագրերու, թերթերու, գովազդային արշաւներու, մամուլի հաղորդագրութիւններու, պրոշիւրներու, այլ հրապարակումներու, դասախօսութիւններու, ելոյթներու, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի սփռումներու, ժապաւէններու, նամակներու, հեռագիրներու, ելեկտրոնային թողարկման, կայքերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով:
ԱԶԿ-ի ամերիկեան գրասենեակը յայտարարած է, որ վերոնշեալ տեղեկութիւնը կը հասցնէ պետական պաշտօնեաներուն, քաղաքացիական խումբերուն,  ընկերակցութիւններուն, օրէնսդիրներուն, գրադարաններուն, պետական կառոյցներուն, կրթական խումբերուն, թերթերուն եւ ազգային խմբերուն:
 
Դժուար թէ դոկտ. Մութլու կարողանայ նման հսկայածաւալ աշխատանք կատարել «կիսաժամ աշխատանքով»՝ առանց անձնակազմի եւ առանց վարձատրութեան։ Յոյսով եմ, որ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի այսպիսի հսկայական ծախսերու համար օգտագործուող միջոցներու շարժին։
 
Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2014-էն ի վեր թոյլ տուած է երկրէն դուրս ապրող իր քաղաքացիներուն՝ քուէարկելու ներքին ընտրութիւններուն: Սփիւռք գտնուող Թուրքիոյ քաղաքացիներու քուէն կարեւոր է, նկատի առած, որ 2018-ին նախագահական ընտրութիւններուն քուէարկած է մօտաւորապէս 1.5 միլիոն հոգի կամ երկրէն դուրս ապրող թուրքերու աւելի քան 50 տոկոսը, որուն շարքին՝ Գերմանիոյ մէջ՝ 811 հազար, Ֆրանսայի մէջ՝ 186 հազար, Հոլանտայի մէջ՝ 145 հազար, Աւտրիոյ մէջ՝ 60 հազար եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 46 հազար հոգի: Էրտողան ստացած է արտասահմանի մէջ տրուած բոլոր քուէներուն մօտաւորապէս 60 տոկոսը։
 
Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Էլ-Մանիթըր» լրատուական կայքը հաղորդած է, որ «Թրքական ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն բարձրաձայնած է, որ միլիոնաւոր տոլարներ գողցուած են, որպէսզի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, գալիք ընտրություններուն պարտուելու պարագային, երկրէն կարենայ փախչիլ…: Քըլըչտարօղլուն ըսած է, որ 61 միլիոն տոլարի համարժէք գումար «անսպասելիօրէն» փոխանցուած է Միացեալ Նահանգներ՝ նախագահին մօտիկ կանգնած կրթական հիմնադրամներու միջոցով»։ Նիւ Եորք գտնուող «Թիւրքէն» հիմնադրամի 2017-ի հարկային յայտարարագիրը ցոյց կու տայ, որ անոր ունեցուածքը  կը կազմէ աւելի քան 43 միլիոն տոլար: Էրտողանի երկու զաւակները՝ որդին՝ Պիլալ եւ դուստրը՝ Էսրա, եղած են Հիմնադրամի խորհուրդին մէջ։ 2014-ին Հալիլ Մութլու նշանակուած է «Թիւրքէն» հիմնադրամի նախագահ։ Ան նաեւ Ուաշինկթընի մէջ գործող թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավարման յանձնախումբի խորհուրդի անդամ էր, մինչեւ որ անոր կինը՝ Լին Մութլու, փոխարինեց զայն խորհուրդի կազմին մէջ:
 
Դեռ յայտնի չէ, թէ արդեօք դոկտ. Մութլուն կը կարողանա՞յ համոզել մեծ թիւով թուրք ամերիկացիները, որպէսզի յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն քուէարկեն յօգուտ Էրտողանի: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ Էրտողան չվերընտրուի եւ Թուրքիա մնայ, ինչպիսի՛ իրաւական հարցերու առաջ պիտի կանգնի՝ քանի մը տասնամեակ թրքական բազմաթիւ օրէնքներ խախտած ըլլալուն համար:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական