Հայ Պաշտօնեաները Կը Կեղծեն Պատճառը, Որով Արգիլուած Է Փափազեանի Մուտքը Հայաստան


Հայ Պաշտօնեաները Կը Կեղծեն Պատճառը, Որով Արգիլուած Է Փափազեանի Մուտքը Հայաստան

  • 02-08-2022 10:11:42   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Անցեալ շաբաթ գրած էի աղմկայարոյց դէպքի մը մասին, երբ հայ պաշտօնեաներ թոյլ չէին տուած ֆրանսահայ համայնքի ղեկավար Մուրատ Փափազեանի, որ իր կեանքը նուիրած է Հայ Դատի պաշտպանութեան, մուտք գործել Հայաստան՝ Երեւանի օդակայան ժամանելէն ետք։ Թէեւ օդակայանի մէջ Փափազեանի բազմիցս հնչեցուցած հարցերուն, թէ ինչո՞ւ հայ պաշտօնեաները կ՛արգիլեն իր մուտքը երկիր, ոչ մէկ պատասխան տրուած է։ Այժմ մեկնաբանեմ այս հարցի վերջին զարգացումները։
 
Սկիզբը պետական պաշտօնեաներ լրատուական միջոցներուն ըսին, որ չեն կրնար բացայայտել Փափազեանի վռնտուելուն պատճառը՝ անոր անձնական կեանքի իրաւունքը չխախտելու համար։ Երբ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի առաջին անգամ հարցուցին, թէ ինչո՞ւ Փափազեանի արգիլած են մուտք գործել երկիր, ան ըսաւ, որ գաղափար չունի։ Այնուհետեւ Սինանեան սխալմամբ պնդեց, որ Փափազեանի գլխաւորած կազմակերպութիւնը՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF), իրաւունք չունի ներկայացնելու ամբողջ ֆրանսահայ համայնքը, քանի որ եղած-չեղածը մէկ կազմակերպութիւն է։ Հակառակ Սինանեանի յայտարարութեան՝ CCAF ոչ թէ մէկ կազմակերպութիւն, այլ ֆրանսահայ շուրջ 60 կազմակերպութիւններու համախմբում է։
 
Աւելի ուշ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անանուն օգնականներէն մէկը անցեալ շաբաթ ծաւալուն հարցազրոյց տուաւ «Արմէնփրես» գործակալութեան՝ պնդելով, որ Փափազեանի արգիլած են մուտք գործել Հայաստան՝ «Օտարերկրացիներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8րդ յօդուածի «1.գ» եւ «1.զ» կէտերը խախտելուն համար։  Օգնականը շարունակեց՝ պնդելով, որ Փափազեան այն մարդոցմէ է, որ 1 Յունիս  2021ին Փարիզի մէջ յարձակած է Փաշինեանի ինքնաշարժային շարասիւնին վրայ: Ի՞նչ պատահեցաւ կառավարութեան սկզբնական պատճառաբանութեան, ըստ որուն չէր կրնար բացայայտել Փափազեանի վտարման պատճառը՝ պաշտպանելու համար  անոր անձնական կեանքի իրաւունքը: Անոր վտարման իրական պատճառը վարչապետի անհանդուրժողականութիւնն է հանդէպ ամէն մարդու, որ կը համարձակի ընդդիմանալ իր վարչակարգին։
 
Ահա իրական փաստերը. ես ճշդեցի, որ Փափազեան մասնակից չէ եղած Փաշինեանի ինքնաշարժային շարասիւնի վրայ որեւէ յարձակման, քանի որ ան հոն ներկայ չէ եղած։ Բողոքի արարքը տեղի ունեցած է խումբ մը երիտասարդներու կողմէ, որոնք, ցաւօք, լոլիկ նետած են Փաշինեանի ինքնաշարժային շարասիւնին վրայ։ Օտար հողի վրայ պատշաճ չէ նման բան ընել Հայաստանի ղեկավարին նկատմամբ։ Այսուամենայնիւ, անցեալ տարուան միջադէպը Հայաստանի կառավարութիւնը այնքան անկարեւոր համարած էր, որ Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը նոյնիսկ բողոք չէր ներկայացուցած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն։
 
Երկրորդ՝ շատ տարօրինակ է, որ 1 Յունիս 2021ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժային շարասիւնի միջադէպէն ետք, Փափազեան չորս տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան, եւ Երեւանի օդակայանին մէջ ոչ ոք խոչընդոտած է անոր մուտքը։
 
Եթէ վարչապետին օգնականը լուրջ կը վերաբերի Փափազեանի ուղղուած իր անհիմն մեղադրանքին, ապա ինչո՞ւ կառավարութիւնը չ՛արգիլեր անոր մուտքը Հայաստան՝  մէկ տարի շարունակ, այլ՝ միայն անոր հինգերորդ այցելութեան ժամանակ։ Վարչապետին օգնականը, այսպիսով, կ՛ընդունի, որ Հայաստանի պաշտօնեաները այնքան անձեռնհաս են, որ նոյնիսկ չեն կրնար պատշաճ կերպով իրականացնել իրենց սեփական որոշումները։
 
Աւելին, Փաշինեանի օգնականը ստապատիր պնդած է, որ Փարիզի միջադէպին մասին մամուլի մէջ կան հրապարակումներ, որոնց շարքին՝ տեսանիւթեր համացանցի վրայ, որոնք ցոյց կու տան Փափազեանի եւ միւսներուն բողոքը։ Փաստը այն է, որ նման տեսանիւթ չկայ, որ ցոյց կու տայ Փափազեանի մասնակցութիւնը այդ բողոքի արարքին, զուտ այն պատճառով, որ ան հոն ներկայ չէ եղած: Եթէ նման տեսանիւթ ըլլար, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը զայն լայնօրէն կը տարածէր՝  Փափազեանի մեղքը ապացուցելու համար։
 
Քանի որ վարչապետին օգնականը Փափազեանի ուղղած իր մեղադրանքը հիմնաւորած է «Օտարերկրացիներու մասին» ՀՀ օրէնքի 8րդ յօդուածի «1.գ» եւ «1.զ» կէտերով, զիս  հետաքրքրեց այն,  որ  նոյն օրէնքի  8րդ  յօդուածի  6րդ  կէտին մէջ նշուած են հետեւեալ  պետական պաշտօնեաները,  որոնք միայն  կրնան մուտք  գործել՝ Հայաստան  մուտքի  արգելք ունեցող մարդոց սեւ ցուցակը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմ,Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը, ոստիկանութեան լիազօրուած պաշտօնեաները, ԱԳՆ պաշտօնեաները, դատարանները եւ դատախազութիւնը»: Կարեւոր է, որ ոչ անձամբ վարչապետը, ոչ ալ անոր օգնականները կան ցուցակին մէջ այն պաշտօնեաներուն, որոնք իրաւասու են մուտք գործելու սեւ ցուցակ: Փաշինեանի օգնականը ուրկէ՞ գիտցած է, որ Փափազեանի անունը սեւ ցուցակի վրայ է, եւ թէ ինչո՞ւ արգիլուեր է անոր մուտքը երկիր։ Ասիկա օրէնքի ակնյայտ խախտում է, այն նոյն օրէնքին, զոր մեջբերած է Փաշինեանի օգնականը՝ արդարացնելու համար Փափազեանի մուտքի արգելքը։ Ժողովրդավարական օրինաւոր երկրի մը մէջ այս օգնականը եւ անոր վերադասները քրէական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուէին, օրէնքը խախտած ըլլալնուն  համար: Այն, ինչ որ անոնք ըրած են Փափազեանի նկատմամբ, իշխանութեան չարաշահում է։ Հայաստանը Փաշինեանի սեփական տունը չէ, որ ան որոշէ, թէ զո՞վ ներս պիտի առնէ եւ որո՞ւն պիտի արգիլէ: 
 
Վերջապէս, մինչ կառավարութիւնը զբաղած է արգելափակելով ազգայնասէր  հայու մը մուտքը երկիր, ընկերային ցանցերու մէջ լայնօրէն տարածուած տեսանիւթի մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս թուրք ծայրայեղականը Երեւան, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի մէջ, լեզուն դուրս հանած, գայլի պէս կ՛ոռնայ, ջղագար կը քրքջայ, կը ծաղրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ թրքական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման ձեռքի շարժումը կ՛ընէ՝ կրելով թրքական ոտնագնդակի ակումբի դրօշը, ուր պատկերուած են կիսալուսինն ու աստղը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան  խորհրդանիշը։ Թէեւ ոստիկանութիւնը միշտ չէ, որ կրնայ կանխել այսպիսի այլանդակ միջադէպեր, սակայն եթէ հայ պաշտօնեաները այդքան զբաղած չըլլային իրենց քաղաքական հակառակորդները լռեցնելով, անոնք աւելի ժամանակ կ՛ունենային զբաղելու հայ ազգի իսկական  թշնամիներով։ Որքա՜ն  հեգնական է, որ հայ ազգայնասէրին կ՛արգիլեն մուտք գործել Հայաստան, միեւնոյն ժամանակ թուրք ծայրայեղականին թոյլ կու տան մուտք գործել երկիր եւ վիրաւորել Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը։
 
Շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ հայ պաշտօնեաները ըսէին ճշմարտութիւնը՝ խոստովանելով, որ Փափազեանը պէտք չէ  վռնտէին Հայաստանէն, այլ ոչ թէ՝ իրենց սկզբնական սխալը կոծկելու համար, նոր սուտեր յօրինէին։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական