Քալիֆորնիան Ապրիլ 24-ը՝ «Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր»ը, Կը Հռչակէ Իբրեւ Նահանգային Ոչ Աշխատանքային Օր
19-09-2022 13:41:57 | Հայաստան | Քաղաքական
Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի պատգամաւոր Ատրին Նազարեան վերջապէս յաջողեցաւ հասնիլ իր առաջադրած օրինագիծի (AB 1801) ընդունման՝ Ապրիլի 24-ը՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, իբրեւ նահանգային ոչ աշխատանքային օր հռչակելու։
Օրինագիծը կը պարտաւորեցնէ, որ ամէն տարի 24 Ապրիլին՝ համայնքային բոլոր քոլէճներն ու պետական դպրոցները ամբողջ Քալիֆորնիոյ մէջ կը փակուին, իսկ նահանգի ծառայողներուն կը տրամադրուի վճարովի արձակուրդ։
Օրինագիծի գրութեան մէջ կը բացատրուի, որ «Օրէնսդիրը կը նկատէ եւ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը բոլորին համար կ՛ըլլայ անցեալ եւ ներկայ ցեղասպանութիւններուն մասին խորհրդածելու օր, բայց յատկապէս անոնց համար, որոնք զգացած են այդ վայրագութիւններուն ազդեցութիւնը եւ այն խումբերուն համար, որոնք ապաստան գտած են Քալիֆորնիոյ մէջ, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով Ողջակիզումով, Հոլոտոմորով եւ հայկական, ասորական, յունական, քամպոտիական եւ ռուանտական համայնքներու ցեղասպանութիւններով: Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը պիտի նշուի ամէն տարի 24 Ապրիլին, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, այդ շաբթուան ընթացքին, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգը աւանդաբար կը նշէ Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթը»:
Ապա, գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 24 Ապրիլին կամ մէկ այլ օր մը, «բոլոր պետական դպրոցներն ու կրթական հաստատութիւնները ամբողջ նահանգին մէջ կրնան վարժութիւններ ունենալ, որոնք նիւթապէս կը հովանաւորուին առկայ դրամական միջոցներով՝ ոգեկոչելու եւ յարգելու համար այս երկրին մէջ Ցեղասպանութիւն վերապրածներու բազմաթիւ ներդրումները: Կրթութեան նահանգային խորհուրդը կրնայ ընդունիլ ուսումնական ծրագիրի օրինակելի ուղեցոյց, որ հասանելի կ՛ըլլայ պետական դպրոցներու մէջ՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առնչուող վարժութիւններու մասին»:
Նահանգային ժողովի եւ Ծերակոյտի անդամները ամիսներ շարունակ անխոնջ աշխատած են, որպէսզի Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմնի երկու պալատները եւս ընդունին այս օրինագիծը: Ոդիսականը սկսած է 7 Փետրուար 2022ին, երբ անիկա ներկայացուած է Նահանգային ժողովին։ Օրինագիծը անցած է քանի մը յանձնախումբերով՝ Կառավարական կազմակերպութեան՝ 20 այո, 0 ոչ, Բարձրագոյն կրթութեան՝ 12 այո, 0 ոչ, Յատկացումներու՝ 12 այո, 0 ոչ եւ Նահանգային ժողովի լիագումար նիստին՝ 75 այո եւ 0 դէմ ձայներով, 26 Մայիս 2022ին։
Այնուհետեւ օրինագիծը հասած է Նահանգի Ծերակոյտին՝ անցնելով հետեւեալ յանձնախումբերով՝ Կառավարական կազմակերպութեան՝ 14 այո, 0 ոչ, Կրթութեան՝ 6 այո, 0 ոչ, Յատկացումներու՝ 7 այո, 0 ոչ, իսկ Ծերակոյտի ամբողջական կազմին մէջ՝ 40 այո, 0 ոչ ձայներ, 23 Օգոստոս 2022ին։ Օրինագիծը 24 Օգոստոս 2022ին վերադարձուած է Նահանգային ժողով, որպէսզի Ծերակոյտի փոփոխութիւններուն համապատասխանեցուի: Ապա ընդունուած է 77 այո, 0 դէմ ձայներով։
Այնուհետեւ, 31 Օգոստոս 2022ին, օրինագիծը ներկայացուած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի՝ անոր ստորագրութեան համար: Ես կապ հաստատեցի նահանգապետի գրասենեակին հետ եւ ինծի ըսին, որ ան մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2022 պէտք է ստորագրէ, կամ վեթօ դնէ օրինագիծին վրայ:
Ես զրուցեցի օրինագիծին նախաձեռնող, նահանգային ժողովի պատգամաւոր Ատրին Նազարեանի հետ եւ շնորհաւորեցի զայն այս պատմական օրինագիծի ընդունման մեծ ջանքերուն համար։
Հայկական համայնքի մէկ այլ մտերիմ բարեկամ՝ Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ ինծի ուղարկեց հետեւեալ կարեկից պատգամը․ «Քալիֆորնիոյ մէջ չափազանց մեծ թիւով ընտանիքներ ողբերգական կերպով տուժած են ցեղասպանութենէն: Ցաւօք սրտի, այս բան մըն է, որ վերաբերած է բազմաթիւ մշակոյթներու, այն ժամանակներէն, երբ օսմանեան թուրքերը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իրականացուցին հայ ժողովուրդի դէմ: Մինչ մենք կը սորվինք բնիկ ամերիկացիներու նուաճման, Ողջակիզման եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած այլ սարսափելի վայրագութիւններու մասին, մեր դպրոցներուն մէջ ներկայիս չկայ օր մը, որ խօսուի այս բոլոր վայրագութիւններու մասին եւ համախմբէ մարդիկը՝ յիշելու, սիրելու եւ հոգալու համար միմեանց, ցեղային համայնքներու մէջ: Վշտակցութեան եւ սփոփիչ նպատակներու համար 365 օրերէն մէկը պատշաճ է, եւ ես հպարտութեամբ աջակցեցի ատոր»:
Միեւնոյն ժամանակ, թուրք ժխտողականները լոպպիինկ կ՛իրականացնեն օրինագիծին դէմ՝ փորձելով համոզել նահանգապետ Նիւսըմը, որ չստորագրէ զայն: Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը (ATAA), որ ցեղասպանութիւն ժխտող տխրահռչակ կազմակերպութիւն մըն է, 5 Սեպտեմբեր 2022ին յայտարարութիւն մը տարածած է՝ կոչ ընելով «Ամերիկայի թրքական համայնքին եւ Թուրքիոյ բարեկամներուն՝ նամակներ, ֆաքսեր եւ էլեկտրոնային նամակներ յղել նահանգապետ Նիւսըմի՝ յորդորելով զայն վեթօ դնել» Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան վրայ։
Ահա թէ ի՛նչ յորդորած է ATAA-ն իր աջակիցներուն. «Կը Խնդրենք դիմել նահանգապետ Նիւսըմի եւ անոր աշխատակազմին այսօր՝ համոզուելու համար, որ ձեր ձայնը լսելի դառնայ: կը խնդրենք պատճէնել/տեղադրել եւ ուղարկել ձեր նամակին օրինակը՝ օգտագործելով ելեկտրոնային նամակը հետեւեալ կապէն՝ https://govapps.gov.ca.gov/gov40mail։ Կը խնդրենք ընտրել թեման՝ AB01801\նահանգային յիշատակի օրեր՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Կամ նամակ ուղարկել՝ Պատուարժան Կեւըն Նիւսըմի, Քալիֆորնիա նահանգի նահանգապետ, 1021 O փողոց, սենեակ 9000, Սաքրամենթօ, Քալիֆորնիա 95814:
Ասկէ զատ, ATAA յորդորած է իր աջակիցները ելեկտրոնային նամակներ ուղարկել՝ Ճիմ ՏըՊուին, Նահանգապետի գործադիր քարտուղարին. jim.deboo@gov.ca.gov, եւ Տէյվիտ Սափին, նահանգապետի իրաւական հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալին՝ david.sapp@gov.ca.gov, այս թեմայի տողով՝ «AB01801\նահանգային յիշատակի օրեր. Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»։
Թրքական ժխտողական լոպիիստական ջանքերուն հակազդելու համար, հայկական համայնքը պէտք է հեղեղէ նահանգապետ Նիւսըմի գրասենեակը ելեկտրոնային նամակներով եւ նամակներով՝ օգտագործելով վերը նշուած հասցէները՝ կոչ ընելով անոր՝ ստորագրել AB 1801 օրէնքը: Գործեցէ՛ք արագ, քանի որ նահանգապետը իր որոշումը կը կայացնէ այս պահէն սկսեալ մինչեւ 30 Սեպտեմբեր։
Տեսնենք, թէ ո՞վ աւելի բարձր հեղինակութիւն ունի Քալիֆորնիոյ մէջ՝ հարիւր հազարաւոր հայկական մեծ համա՞յնքը, թէ՞ քանի մը թուրքեր, որոնք կ՛ուզեն Քալիֆորնիա բերել թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: