Ատրպէյճանի Զանգուածային Յարձակումը Հայաստանը Դարձուց Կիզակէտ Աշխարհի


Ատրպէյճանի Զանգուածային Յարձակումը Հայաստանը Դարձուց Կիզակէտ Աշխարհի

  • 21-09-2022 14:58:28   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Անցեալ շաբաթ Հայաստանի արեւելեան սահմանի ամբողջ երկայնքով ատրպէյճանական զինուժի զանգուածային յարձակման ժամանակ զոհուած է աւելի քան 200 հայ զինուոր եւ խաղաղ բնակիչ։ Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւելեալ տարածքներ զիջած է Ատրպէյճանին։
 
Ատրպէյճանական կողմի հրահրած այս յարձակումը  կը յաջորդէ 2020ի 44օրեայ պատերազմին, երբ Ատրպէյճան բռնագրաւեց Արցախի մեծ մասը եւ սպաննեց հազարաւոր հայ զինուորներ։
 
Այդ ժամանակէն ի վեր, Ատրպէյճան պարբերաբար յարձակումներ կ՛իրականացնէ Արցախի հայ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի վրայ։ Ատրպէյճանական զինուժը Հայաստանի սահման ներթափանցած է 12 Մայիս 2021ին եւ մինչ օրս կը գտնուի հոն։
 
Հանդիպելով քաղաքականապէս եւ ռազմական առումով թոյլ Հայաստանի, Ատրպէյճանը՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ, բիրտ ուժ կիրարկելով ճնշում կը գործադրէ յաւելեալ զիջումներ կորզելու համար, որոնք կը ներառեն արցախահայութեան մնացորդներուն վերացումը եւ հայկական աւելի  մեծ  տարածքներու բռնագրաւումը։ Աւելին, Ատրպէյճան բազմիցս կը պնդէ, որ Հայաստան ընդունի այն, ինչ որ ինք կ՛անուանէ «Զանգեզուրի միջանցք», որ կ՛ենթադրէ ատրպէյճանական ինքնիշխանութիւն՝ Հայաստանի մէջէն անցնող ծրագրուած ճամբու վրայով Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան:
 
Մինչ Հայաստանի վարչապետը շարունակաբար կը յայտարարէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու եւ Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու իր ցանկութեան մասին, այս երկու թշնամական երկիրները կը շարունակեն սպառնալիքներ հնչեցնել՝ ուժով հասնելու համար իրենց պահանջներուն։
 
Հայաստան կ՛ակնկալէ պաշտպանուած ըլլալ ՀԱՊԿ-ի կողմէ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն), որուն կազմին մէջ կը մտնեն Հայաստան, Ռուսիա, Պելառուսիա, Ղազախիստան, Խըրխըզիստան եւ Տաճիկիստան։ ՀԱՊԿ փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիրը այն է, որ բոլոր անդամներէն կը պահանջէ պաշտպանել իրենցմէ ոեւէ մէկը՝ երբ վերջինս արտաքին ուժի մը կողմէ կ՛ենթարկուի յարձակման: 2020ի պատերազմին, ՀԱՊԿ չպաշտպանեց Արցախը, քանի որ անիկա Հայաստանի մաս չէր կազմեր։ Թէեւ անցեալ շաբթուան յարձակումը ակնյայտօրէն Հայաստանի տարածքին մէջ էր, ՀԱՊԿ  չհասաւ Հայաստանի պաշտպանութեան։
 
Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերու ներգրաւուածութեան պատճառով, նախագահ Փութին ո՛չ կ՛ուզէ, ոչ ալ ի վիճակի է իր զօրքերը ուղարկել երկրորդ ռազմաճակատ։ Ընդհակառակն, Ռուսիա ամէն բան կ՛ընէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու համար, որոնք Ռուսիոյ համար շատ աւելի կարեւոր են, քան Հայաստանը, յատկապէս այն ժամանակ, երբ Ռուսիա մեկուսացուած է արեւմտեան աշխարհէն։ Անցեալ շաբաթ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քանի մը այլ ղեկավարներու հետ հաւաքուած էին Իւզպեքիստանի Սամարղանտ քաղաքը՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին։
 
Հայերը յուսալքուած էին Փութինի եւ Ալիեւի խիստ սիրալիր հանդիպումէն եւ Փութինի ու Էրտողանի թեւանցուկ զբօսանքի տեսանիւթերը դիտելէ ետք: Առաջին անգամ Հայաստանի կառավարութեան քանի մը բարձրաստիճան անդամներ իրենց հիասթափութիւնը արտայայտեցին ՀԱՊԿ-ի անգործութեան մասին, այն պահուն, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ներկայ նախագահն է։
 
Հայաստանի դրացի երկիրներէն երկուքը ցոյց տուած են իրենց հակասական փոխադարձ դիրքորոշումները՝ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք։ Իրան իր զօրքերը կուտակած է Հայաստանի հարաւային սահմանին եւ բազմիցս յայտարարած, որ անընդունելի է բռնի ուժով Իրան-Հայաստան սահմանի փոփոխութիւնը։ Միւս կողմէ, Թուրքիան իր զօրքերը կուտակած է Հայաստանի արեւմտեան սահմանին վրայ այն բանէն ետք, երբ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ատրպէյճանի՝  անհիմօրէն  դատապարտելով  Հայաստանը՝ Ատրպէյճանի վրայ յարձակում նախաձեռնելուն համար:
 
Հայերը գոհ էին, որ միջազգային հանրութիւնը վերջապէս սկսաւ ուշադրութիւն դարձնել Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ իրականացուած յարձակումներուն։ Ֆրանսայի հրաւէրով եւ Հայաստանի խնդրանքով՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը անցեալ շաբաթ երկու նիստ գումարեց՝ մէկը բաց, միւսը փակ՝ քննարկելու համար Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ։ Հայերը դժգոհ էին, որ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր բացառապէս Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ՝ անտեսելով Հայաստանի ծանր վիճակը։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 15 անդամները (Ֆրանսա, Հնդկաստան, Ալպանիա, Կապոն, Նորվեկիա, Իրլանդա, Քենիա, Չինաստան, Մեքսիքօ, Կանա, Պրազիլ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա), ի յաւելումն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ելոյթ ունեցան ռազմական գործողութիւններու մասին։ Միայն Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա իրավիճակը որակեցին յարձակում, Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Խորհուրդին մնացեալ անդամները յորդորեցին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, առանց Ատրպէյճանը նախայարձակ անուանելու։
 
Դրական մէկ այլ զարգացում էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Նենսի Փելոսիի անակնկալ այցը Հայաստան, Քոնկրեսի հայամէտ երեք այլ անդամներու հետ։ Հաշուի առնելով Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի անգործութեան վերաբերեալ հիասթափութիւնը՝ հայերը ջերմօրէն ընդունեցին խօսնակին, որ հանդէս եկաւ շատ աջակցող պատգամով՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը Հայաստանի վրայ կատարած յարձակման համար։ Երբեւէ Հայաստան այցելած ԱՄՆ-ի ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեան՝ Փելոսին, տեսած են արցունքն աչքերուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ: Ան նաեւ այցելած է խորհրդարան, հրաւիրած՝ ասուլիս, հանդիպած՝ պաշտպանութեան նախարարին եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ։
 
Ողջունելի զարգացում մըն է Հայաստանի յարաբերութիւններուն ընդլայնումը հնարաւորինս շատ աջակից երկիրներու հետ։ Սակայն ոչինչ կը  փոխարինէ Հայաստանի՝ սեփական զինուած ուժերը հզօրացնելու միջոցով պաշտպանուելու կարողութեան։ Ուրիշ ոչ ոք այդ կ՛ընէ Հայաստանի համար։ Հայերը պէտք է հրաժարին այն համոզումէն, որ զիրենք պիտի փրկէ դուրսի ուժը՝ անիկա ըլլայ ռուսը, թէ ամերիկացին։ Ոչ ոք փրկած է եւ պիտի փրկէ։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 
 
 
  -   Քաղաքական