Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ


Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ

  • 05-10-2022 15:43:14   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Թուրք ժխտողականները անցեալ շաբաթ յայտնաբերեցին, որ իրենք չեն կրնար պարտութեան մատնել հայերը Քալիֆորնիոյ մէջ։ 
 
Հակառակ թրքական լոպիիստական մեծածաւալ ջանքերուն, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսըմ 29 Սեպտեմբեր 2022ին ստորագրեց օրէնք մը, որով 24 Ապրիլը` Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, պիտի նշուի իբրեւ նահանգային ոչ աշխատանքային օր: Օրինագիծը, որուն 7 Փետրուար 2022-ին նախաձեռնած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի պատգամաւոր Ատրին Նազարեան, Օգոստոս ամսուն վերջը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նահանգի օրէնսդիր երկու պալատներուն կողմէ, իսկ աւելի կանուխ՝ միաձայնութեամբ անցած էր պալատներու իւրաքանչիւրին երեք առանձին յանձնախումբերէն:
 
Նահանգային ժողովի թիւ 1801 օրէնքը կը պարտաւորեցնէ փակել բոլոր համայնքային քոլէճները եւ հանրային դպրոցները ամբողջ Քալիֆորնիոյ տարածքին, իւրաքանչիւր տարուան 24 Ապրիլին: Պետական ծառայողներուն կը տրամադրուի վճարովի արձակուրդ։ Օրէնքին մէջ ամրագրուած է. «Օրէնսդիրը կը նկատէ եւ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը բոլորին համար կ՛ըլլայ անցեալ եւ ներկայ ցեղասպանութիւններու մասին  խորհրդածելու օր, բայց յատկապէս անոնց համար, որոնք զգացած են այդ վայրագութիւններուն ազդեցութիւնը եւ այն խումբերուն համար, որոնք ապաստան  գտած են Քալիֆորնիոյ մէջ, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով Հոլոքոսթով, Հոլոտոմորով եւ հայկական, ասորական, յունական, քամպոտիական եւ ռուանտական համայնքներու ցեղասպանութիւններով: Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը պիտի նշուի ամէն տարի 24 Ապրիլին, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, այն շաբթուան ընթացքին, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգը աւանդաբար կը նշէ Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթը»:
 
Ապա, օրէնքին մէջ նաեւ կը նշուի. «Այս նահանգի պետական բոլոր դպրոցներն ու կրթական հաստատութիւնները կրնան վարժութիւններ իրականացնել, նիւթապէս հովանաւորուելով  դրամական առկայ միջոցներէն՝ ոգեկոչելու եւ յարգելու Ցեղասպանութենէն վերապրածներու բազմաթիւ ներդրումները այս երկրին մէջ: Կրթութեան նահանգային խորհուրդը կրնայ ընդունիլ ուսումնական ծրագիրի օրինակելի ուղեցոյց, որ հասանելի կ՛ըլլայ պետական դպրոցներու կողմէ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առնչուող վարժութիւններու համար»:
 
Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը (ATAA) 6 Սեպտեմբերին ուշացած եւ ձախողած փորձ  կատարեց՝  հրապարակելու Գործողութիւններու ահազանգ՝ խնդրելով նահանգապետ Նիւսըմէն արգելափակել օրինագիծը՝ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմնին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուելէ ետք: Թրքական գործողութիւններու ահազանգը տեղադրուած է նաեւ Թուրքիոյ կայքերուն վրայ՝ կոչ ընելով աշխարհի միլիոնաւոր թուրքերու՝ պատգամներ յղել նահանգապետ Նիւսըմի:
 
Գործողութիւններու ահազանգը կը պարունակէր երկու նմուշի նամակներ՝ ուղղուած նահանգապետ Նիւսըմի, ինչպէս նաեւ անոր ել-նամակի հասցէն, թղթատարական հասցէն եւ ֆաքսի թիւը: Թրքական նամակները կը բովանդակէին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ սովորական ժխտողականութիւն՝ անտեսելով այն փաստը, որ ԱՄՆի 50 բոլոր նահանգները ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի երկու պալատները եւ նախագահ Ճօ Պայտըն:
 
Օրինագիծի մասին՝ նահանգապետ Նիւսըմի 30 Սեպտեմբերի որոշման նախօրէին, 29 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, ATAA յայտարարեց երկրորդ Գործողութիւններու  ահազանգը՝ կոչ ընելով անոր՝ վեթօ դնել օրինագիծին վրայ: Ի դժբախտութիւն ATAAի, նահանգապետը  նոյն օրն իսկ ստորագրեց օրինագիծը: 30 Սեպտեմբերին, ATAA իր ֆէյսպուքի էջին վրայ տեղադրեց երկչոտ  հաղորդագրութիւն մը՝ տպագրական սխալով. «Ցաւօք սրտի, Քալիֆորնիոյ թուրքերուն համար կը կիսուինք ջախջախիչ Տիկին (հաւանաբար ուզած է գրել «լուր»): Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Նիւսըմ ստորագրեց»։
 
Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծը ստորագրելէ ետք, նահանգապետ Նիւսըմ յայտարարեց. «Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը պատմութեան դասէ մը աւելին է: Անիկա հզօր գործիք է՝ սերունդէ սերունդ մարդիկը ներգրաւելու մարդկային իրաւունքներու սրբութեան, յանցագործութիւններու հրէշաւորութեան եւ ապագայ վայրագութիւններու կանխման համար:
 
Ցեղասպանութիւնները ոգեկոչող նահանգային յիշատակի օրուան հաստատումը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ ներկայիս, խումբերու համար հնարաւորութիւն կու տայ բուժուելու, եւ հզօր պատգամ կը յղէ Քալիֆորնիոյ մեր արժէքներուն մասին: Կարեւոր է նշել, որ Քալիֆորնիան կը շարունակէ օրինակ ծառայել՝ Ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն տառապող մարդոց անթիւ խումբերուն ապաստան տրամադրելու գծով»:
 
Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի պատգամաւոր Ատրին Նազարեան՝ օրինագիծի հովանաւորը, յայտարարած է. «Իբրեւ Ցեղասպանութենէն վնասուած համայնքի անդամ, դժուար է նկարագրել, թէ ի՛նչ արժէք ունի իւրաքանչիւրին համար մեզմէ, որոնք այսքան երկար հանդուրժած են մեր ցաւի ու պատմութեան յաճախ դիտաւորեալ ժխտումը։ Այսօր, Միացեալ Նահանգներու  ամենամեծ  նահանգը եւ աշխարհի 5-րդ ամենամեծ տնտեսութիւնը պարտաւորուած է ամէն տարի ճանչնալ Ցեղասպանութեան հետեւանքները: Բոլոր անոնց, որոնք նահատակուած են Ցեղասպանութեան հետեւանքով, կ՛ըսենք՝ մենք կը յիշենք ձեզ: Բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին Ցեղասպանութեան հետեւանքներով, կ՛ըսենք՝ մենք ձեր կողքին ենք»:
 
Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի պատգամաւոր Լորա Ֆրիտմըն «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին ըսաւ. «Ապրիլ 24ի «Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»ը ճանչնալով իբրեւ  Քալիֆորնիոյ նահանգային յիշատակի օր՝ մենք կ՛ընդունինք Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնն ու սարսափները եւ անոր յաջորդած ցեղասպանութիւններու աւերը: Մենք նաեւ կը յարգենք պատմութեան ընթացքին ինկած զոհերն ու վերապրածները եւ կը կրթենք ապագայ սերունդները՝ նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համար»:
 
Թրքական գործողութիւններու ահազանգերը ապարդիւն էին, քանի որ անոնք ունէին անհնարին նպատակ՝ արգելափակել լայնօրէն ճանչցուած պատմական իրողութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
 
Միակ բանը, որ այժմ պէտք է ընեն թուրք ժխտողականները եւ անոնց կառավարութիւնը աւելի քան 100 տարուան կեղծիքէ ետք՝ ճշմարտութիւնը ընդունիլն է եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներուն համապատասխան փոխ հատուցում կատարելը: Նման գործողութիւն մը կը բխի նոյնինքն Թուրքիոյ շահերէն։ Այս քայլէն ետք Թուրքիոյ քաղաքացիները այլեւս չեն ապրիր խղճի խայթով եւ չեն դիմեր ամօթալի քողարկման, երբ իրենց յիշեցնեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
 
Ինչպէս գրած էի Դեկտեմբեր 2006ի յօդուածիս մէջ, Ահմետ Էրթեկուն՝ Atlantic Recordsի հիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնը եւ ԱՄՆի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմետ Էրթեկունի որդին, իր մահէն առաջ, Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպման ժամանակ ինծի ըսաւ, որ չի կրնար  հասկնալ, թէ ինչո՞ւ թուրք պաշտօնեաները կը շարունակեն  հերքել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, փաստ մը, որ յայտնի է ամբողջ աշխարհին: Ան յստակացուց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման իր նպատակը հայերը գոհացնել չէ: Կը կարծէր, որ նախ եւ առաջ, Թուրքիոյ շահերէն կը բխի Ցեղասպանութեան ճանաչումը, քանի որ այդ մէկը պիտի օգնէ Անգարային՝ դիմելու Եւրոպական միութեան, վերջինիս անդամակցելու համար եւ ձերբազատելու խարանէն, որ այսքան տարի կը հալածէ իր հայրենիքը:
 
Այժմ Թուրքիան եւ թուրք ժխտողականները պէտք է որոշեն, թէ ո՞ր ուղին պէտք է ընտրեն: Անոնք կա՛մ կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան ակնյայտ ճշմարտութիւնը, կա՛մ կը  շարունակեն հերքել պատմական անվիճելի փաստը եւ դառնալ ծիծաղի առարկայ, ամբողջ աշխարհի մէջ:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Քաղաքական