«Համաշխարհային Հայկական Վեհաժողով»ը Կը Պառակտէ Հայերը՝ Ձեւացնելով, Թէ Կը Միացնէ Զանոնք
26-10-2022 09:51:59 | Հայաստան | Քաղաքական
Քանի մը օրէն մենք դարձեալ ականատես կ՛ըլլանք Հայաստանի ղեկավարութեան մէկ ձախող դրսեւորման, որ կը պառակտէ հայ ժողովուրդը՝ միաժամանակ յաւակնելով, որ կը միացնէ զանոնք։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան կազմակերպած է այն, որ ամբարտաւանօրէն կոչած է «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով», որ տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ, 28էն 31 Հոկտեմբեր։
Այս եւս օրինակ մըն է Հայաստանի կառավարութեան անկարողութեան՝ պատշաճ կերպով զարգացնելու Հայաստանի ազգային շահերը: Ընդհակառակը, Հայաստանի կառավարութիւնը պառակտիչ ու չմտածուած ծրագիրներով վնաս կը հասցնէ հայկական շահերուն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան գալէն ի վեր աւելի կոշտ արտայայտուած է իր ներքին հակառակորդներուն դէմ, քան Հայաստանի թշնամիներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ։ Ան յաճախ խօսած է սեւերը ընդդէմ սպիտակներու, լաւ տղաները (իր կողմնակիցները) ընդդէմ վատ տղաներու (իր քաղաքական հակառակորդներուն) մասին: Շշմեցուցիչ էր տեսարանը, երբ Փաշինեան իր նախընտրական ելոյթներուն ժամանակ օդին մէջ մուրճ ճօճեց՝ սպառնալով ջարդել իր հակառակորդներուն գլուխները, «փռել» ասֆալտին եւ «ծեփել» պատերուն...: Ան Հայաստանի բնակչութիւնը հանած է Արցախի դէմ, իսկ սփիւռքահայերը հեռացուցած՝ Հայաստանէն։ Եւ դեռ, մեզի՝ անոր պառակտիչ գործողութիւնները քննադատողներուս, անոր կողմնակիցները դասախօսութիւն կը կարդան ազգը չպառակտելու մասին...
Փաշինեան ջնջեց Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ 2019ին զայն փոխարինեց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Սինանեանով։ Դատելով Փաշինեանի բազմաթիւ այլ նշանակումներէն՝ Սինանեանը նշանակելու միակ պատճառը այն էր, որ ան կը սատարէր «թաւշեայ յեղափոխութեան»։ Կարծես թէ Փաշինեանի համար կարեւոր չափանիշ է ոչ թէ անձի ունակութիւնը, այլ՝ կոյր աջակցութիւնը...
Վերջին երեք տարիներուն Սինանեան Հայաստանի հարկատուներու հաշուոյն պտտած է ամբողջ աշխարհը՝ շատ քիչ բան ընելով, բայց աւելի շատ ներքին տարակարծութիւններ յառաջացնելով Սփիւռքի մէջ։ Հայերը միաւորելու փորձին փոխարէն, ան զբաղած է հատուածական քաղաքականութեամբ՝ հանդէս գալով Փաշինեանի կուսակցութեան օգտին։ Սինանեան կարծես թէ չի հասկնար, որ ամսական կը ստանայ ո՛չ թէ Փաշինեանի կուսակցութեան գլխաւոր քարոզիչը ըլլալու, այլ բոլոր սփիւռքահայերուն շահերը հետապնդելու համար՝ անկախ անոնց տարբեր համոզումներէն։
Նախորդ յօդուածներուս մէջ ներկայացուցած եմ իմ քննադատութիւնները Սինանեանի սխալ եւ կեղծ յայտարարութիւններուն մասին։ Ան յայտարարած է բազմաթիւ ծրագիրներու մասին, որոնք մնացած են անկատար, ինչպէս օրինակ Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն հատուածական ներկայացուցիչներ նշանակելու իր կասկածելի գաղափարը: Սինանեանի մէկ այլ կիսատ-պռատ գաղափարներէն է արաբները խրախուսելը, որ դէպի Հայաստան ներգաղթեն։ Ան տեղեակ չէ, որ իր պարտականութիւնները բացառապէս սփիւռքահայերու հետ գործ ունենալն է, այլ ոչ թէ օտարերկրեայ ներգաղթեալներու հետ։
Պէտք չէ Սինանեանը աւելի մեղադրել, քան զայն նշանակած վարչապետ Փաշինեանը։ Ոեւէ մէկը բնական երկրի մէջ, Սինանեանի նման ենթարկուողներ, արդէն շատոնց արձակուած կ՛ըլլային իրենց պաշտօններէն, սակայն ո՛չ Փաշինեանի վարչակազմին մէջ, ուր ապաշնորհութիւնն ու կոյր հաւատարմութիւնը նախապայման են նշանակումներու համար։
Ուստի, զարմանալի չէ, որ Սինանեան, իր ղեկավարին օրհնութեամբ, յայտարարեց «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»ի մասին, որուն կը մասնակցին վարչակարգի կողմնակիցները։ Զարմանալի չէ, որ Սինանեան չի հրաւիրեր Սփիւռքի որոշ մեծ կազմակերպութիւններ՝ միայն այն պատճառով, որ անոնք դէմ են վարչակարգին:
Ապշեցուցիչ հարուածով մը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկու հովուապետերը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, յայտարարեցին, որ կը մերժեն մասնակցիլ Սինանեանի վատ կազմակերպած հատուածական «Վեհաժողով»ին։ Գարեգին Բ.ի խօսնակը ըսաւ, որ «Վեհաժողովը կրնայ նոր զգայնութիւններ եւ լարուածութիւն յառաջացնել մեր ազգային կեանքէն ներս եւ արդիւնաւէտ չ՛ըլլար»։ Հաշուի առնելով Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի իշխանութեան լարուած յարաբերութիւնները՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան կոշտ կերպով հարցուց. «Ինչո՞ւ մենք (եկեղեցին) պէտք է մասնակցինք անոնց (կառավարութեան) PR գործողութեան»։
Իսկ աւելի վատը այն է, ինչ որ Հայաստանի մէջ հետաքննող լրագրողներու «Հետք» կայքը յայտնեց, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը 768 հազար տոլար կը վճարէ «Ֆաքթորի Փրոտաքշըն» ՍՊԸ-ի՝ «Վեհաժողով»ը կազմակերպելու համար: Ես կարդացի պայմանագիրը, ուր նշուած է, որ անիկա ստորագրուած է 21 Հոկտեմբեր 2022ին, այսինքն «Վեհաժողով»էն ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ։
«Վեհաժողով»ի կազմակերպիչներուն անլրջութեան մասին կը վկայէ այն փաստը, որ չորսօրեայ հանդիպումներուն ընթացքին միայն մէկ ժամ կը յատկացուի Արցախին, կը մասնակցին Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդին հետ միասին։ Այս արդար չէ ճգնաժամային խնդիրի մը նկատմամբ, որ ամէնէն կարեւոր հարցն է ամբո՛ղջ հայութեան, բայց, ցաւօք, ո՛չ Հայաստանի կառավարութեան համար:
«Վեհաժողով»ին նախատեսուած է երկու «հարթակային քննարկում». «Սփիւռքի համայնքները իրենց երկիրներուն մէջ ինչպէ՞ս կը կազմակերպեն տեղական եւ պետական մակարդակով ներկայացուածութիւնը» եւ «Սփիւռքի ներկայացուածութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման համակարգին մէջ: Կարելի բնորդներ»: Այս երկու թեմաներն ալ կը պահանջեն լուրջ քննարկումներ հայկական խոշոր կազմակերպութիւններու եւ բանիմաց անհատներու մասնակցութեամբ, որոնք չեն հրաւիրուած։ 2019ին Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ, վարչապետ Փաշինեանի ներկայացուցած եմ Սփիւռքի հայկական խորհրդարանի ձեւաւորման յստակ ծրագիրը, զոր Փաշինեան ոգեւորութեամբ ողջունեց։ Ցաւօք, շատերուն հետ միասին ես հրաւէր չեմ ստացած՝ այս կարեւոր ծրագիրը «Վեհաժողով»ին ներկայացնելու համար։
Գոյութիւն ունին նաեւ երեք «համաժամանակեայ նիստեր»՝ 1) «Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու նշանակումը Սփիւռքի համայնքներուն մէջ», 2) «Ազգային ժողովին մէջ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ունենալու բնորդները» եւ 3) «Սփիւռքի մասնակցութեան բնորդները կառավարման համակարգին մէջ եւ գործադիր մարմինէն ներս»։
Յուսանք, որ Հայաստանի ապագայ կառավարութիւնը, որ աւելի քիչ հակուած է ազգի պառակտման, անգամ մը եւս կը գումարէ պատշաճ «Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ համաժողով»՝ բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու եւ ազդեցիկ անհատներու մասնակցութեամբ՝ անկախ անոնց պատկանելութենէն՝ դիմակայելու համար Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած գոյաբանական մարտահրաւէրները։
Այն պահուն, երբ Հայաստան եւ Արցախ կանգնած են անդունդի եզրին, պէտք չէ հատուածական ինքնակործան քաղաքականութիւն խաղալ եւ ազգը աւելի պառակտել։ Վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մաւլութ Չաւուշօղլու անգամ մը եւս դժգոհեցաւ Սփիւռքի հակաատրպէյճանական եւ հակաթրքական աշխուժութենէն։ Ամէնէն վերջին բանը, որ պէտք է հայերուն՝ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնն է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ թուլցնելու եւ չեզոքացնելու համար Սփիւռքը։ Զարմանալի չէ, որ «Վեհաժողով»ի օրակարգին մէջ չտեսայ՝ «Ինչպէ՞ս ընդդիմանալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակահայկական գործունէութեան» նիւթը։