Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Նախագահները Կը Կիսեն 2020-ի Արցախեան Պատերազմէն Իրենց Թալանածը. Յարութ Սասունեան


Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Նախագահները Կը Կիսեն 2020-ի Արցախեան Պատերազմէն Իրենց Թալանածը. Յարութ Սասունեան

  • 02-11-2022 11:48:01   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Մինչ Հայաստան կ՛ամոքէր 2020-ի արցախեան պատերազմի իր վէրքերը, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ժամանակ չէին կորսնցներ հաւաքուելու եւ իրենց ընտանիքներուն ու մտերիմներուն միջեւ բաժնելու Արցախի եւ շրջակայ տարածքներու գրաւումէն ձեռք բերուած աւարը։
 
Ատրպէյճանցի լրագրող Ուլքար Նաթիքքըզի 24 Հոկտեմբերին eurasianet.org կայքին մէջ հրապարակեց իր հետաքննական յօդուածը՝ ««Եղբայրական» Ատրպէյճանն ու Թուրքիան շահաւէտ ղարաբաղեան առեւտրական կապեր կը կառուցեն» վերնագրով։ Այդ կը  բացայայտէ, թէ ինչպէ՞ս երկու նախագահները իրենց ընտանիքի անդամներուն եւ մտերիմներուն միջեւ բաժնած են Արցախէն իրենց թալանածը։
 
Նաթիքքըզի գրած է, որ «Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մօտ կանգնած ընկերութիւնները ստացած են առնուազն հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու պայմանագրեր, մասնաւորապէս՝ Ղարաբաղի այն տարածքներու վերականգնման համար, զորս Ատրպէյճան վերագրաւած էր  պատերազմի ընթացքին…: Զանգիլանի [Կովսական] շրջանին մէջ գտնուող գիւղատնտեսական մեծ նոր համալիրներէն մէկուն մէջ Էրտողանի ընտանիքին անդամները առեւտրական գործընկերներ են նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներուն հետ»:
 
Հոկտեմբեր 2022ին, Էրտողանն ու Ալիեւը միասին  շրջեցան  «Տոսթ (Բարեկամ) գիւղատնտեսական զբօսայգի», որ 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ նախագիծ մըն է, որուն վերջնական արդիւնքն այն է, որ այդ վայրին մէջ պիտի աշխատին 500 անձեր եւ պիտի բուծանուին մինչեւ տասը հազար գլուխ մեծ եղջերաւոր անասուններ։ Երկու նախագահները՝ «Պատրաստուած է Ղարաբաղի մէջ» պիտակներ փակցուցած են «Տոսթ գիւղատնտեսական զբօսայգի»ի կողմէ տարածաշրջան բերուած մեծ եղջերաւոր անասուններու միսի մթերքի փաթեթներուն վրայ։
 
Էրտողանին ուղեկցած է «Աբտուլքատիր Քարակէօզ, որ «Տոսթ Զիրաաթ»ի սեփականատէրն է եւ «Տոսթ գիւղատնտեսական զբօսայգի»ի թուրք ներդրողը»։ Քարակէօզ «Էրտողանի ընտանիքին անդամ է. ան ամուսնացած է Էրտողանի զարմուհիին՝ Էրտողանի եղբօր՝ Մուսթաֆա Էրտողանի դստեր հետ»։ 2016ին, անոնց ամուսնութենէն անմիջապէս ետք, երբ Էրտողանի ընտանիքի անդամները միացան անոր ընկերութեան, «Քարակէօզ սկսաւ շահիլ զգալի քանակութեամբ պետական պայմանագրեր, որոնցմէ շատերուն մասնակցած է միայն իր ընկերութիւնը»։
 
Նախագահ Ալիեւի պաշտօնական կայքին մէջ կ՛ըսուի, որ «գիւղատնտեսական զբօսայգի նախագիծի առաջին փուլին կառուցուած են գրասենեկային շէնքեր, 5200 քառ․ մեթր փակ եւ 11,3000 քառ․ մեթր բացօթեայ անասնաբուծական համալիրներ, զբօսանքի տարածքներ, սրճարան, շարժապատկերի սրահ, հանգիստի գօտի, լողաւազան եւ սպասարկող անձնակազմի համար նախատեսուած շէնքեր։ Համալիր բերուած է ընդհանուր առմամբ 3500 գլուխ մեծ եղջերաւոր անասուն եւ իրականացուած է գիւղատնտեսական արտադրութիւն։ Երկու նախագահներու մասնակցութեամբ աւարտած է նախորդ տարի ցանուած ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը»։
 
Էրտողանի դաշնակիցներէն մէկը, որ կը կառավարէ գիւղատնտեսական զբօսայգին, Մեհմետ Զէքի Թուղրուլն է՝ ընկերութեան գործադիր տնօրէնը, Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան երիտասարդական թեւի խորհուրդի նախկին անդամը:
 
 «Ատրպէյճանական կողմէ (գիւղատնտեսական զբօսայգիի) ներդրողը «Pasha Investments»-ն է՝ «Pasha Holding» ընկերութեան մէկ մասը, որ կը միացնէ Ալիեւի կնոջ՝ Ատրպէյճանի առաջին փոխ նախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի ընտանիքին պատկանող բոլոր ընկերութիւնները», պարզաբանած է eurasianet:
 
Էրտողանի՝ վերջին ամսուան այցելութեան ընթացքին, անոր միացած են «Ճեմալ Քալյոնճու՝ «Քալյոն հոլտինկ»ի նախագահը, Մեհմետ Ճենկիզ, «Ճենկիզ հոլտինկ»ի նախագահը եւ Եըլտըրըմ Տեմիրորեն՝ «Տեմիրորեն հոլտինկ»ի նախագահը։ Երեքն ալ միացած էին Էրտողանի՝ Ղարաբաղ անոր նախորդ այցի ժամանակ»։
 
««ճենկիզ» եւ «Քալյոն» յայտնի դարձած են իբրեւ «Հինգի hրոսակ»ի երկու թրքական ընկերութիւնները, որոնք սերտ կապեր ունին Էրտողանի ու իշխող կուսակցութեան հետ եւ որոնք Էրտողանի կառավարման տարիներուն շահած են պետական ամենամեծ մրցոյթներ»: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ Էրտողանի զարմուհիին  հետ իր ամուսնութենէն ետք մէկ տարուան ընթացքին «Քարակէօզ ընդհանուր առմամբ շահած է տասը մրցոյթ Սթամպուլի  քաղաքապետարանէն  եւ որոշ հանրային ընկերութիւններէ»:
 
Նաթիքքըզի կը հաղորդէ, որ «Ե՛ւ «Քալյոն», ե՛ւ «Ճենկիզ» շահութաբեր պայմանագրեր կնքած են Ղարաբաղի մէջ աշխատանքի համար … ներառեալ ճամբաներու կառուցումը եւ երեք հանքերու, մասնաւորապէս՝ ոսկիի եւ պղինձի շահագործումը: «Քալյոն» կը կառուցէ Հորատիզ-Աղպանտ երկաթագիծը, որ նախատեսուած է իբրեւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող երթեւեկային ճամբու մաս՝ Հայաստանի հարաւով։ Կը նախատեսուի, որ այդ նախագիծը կ՛արժէ աւելի քան 180 միլիոն տոլար եւ կ՛աւարտի 2023 թուականին»։ 
 
Ըստ eurasianet-ի երկրորդ յօդուածին, վերնագրուած՝  «Թրքական ընկերութիւնները կ՛օգտուին Ատրպէյճանի յաղթանակէն», կ՛ըսուի, որ «մէկ այլ ընկերութիւն, որ կը ղեկավարէ Մեհմեթ Ճենկիզ, Ատրպէյճանի պետական ջրային տնտեսութեան ընկերութեան կողմէ շահած է պայմանագիր՝ հսկայական ջրաելեկտրական ջրամբարի կառուցման համար», կը հաղորդէ «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտախտի լուսաբանման նախագիծը (OCCRP)»։ Շահելէ ետք, Ճենկիզի կողմէ վերահսկուող ընկերութիւնը վճարած է ստուերային ընկերութեան, որ իր կարգին գնած է շքեղ բնակարան մը Լոնտոնի մէջ, ուր կ՛ապրէր ջրային ընկերութեան այդ օրերու ղեկավարի որդին»:
 
Աւելին, «Հինգի hրոսակ»ի մէկ այլ ընկերութիւն՝ «Քոլին Ինսաաթ», «նաեւ ճամբայ շինելու շահաւէտ պայմանագիր ձեռք բերած է Ղարաբաղի մէջ՝ «Յաղթանակի ճամբան» կառուցելու համար դէպի Շուշա [Շուշի], ատրպէյճանական «Ազվիրթ» ընկերութեան հետ միասին։ «Քոլին» նաեւ ներգրաւուած է Ակալի գիւղը շուկայ ստեղծելու գործին մէջ (կը գտնուի «Թուրքիա-Ատրպէյճան բարեկամութեան փողոցը»), ուր տեղափոխուած են Ղարաբաղի մէջ վերաբնակուած առաջին քանի մը ատրպէյճանցիներ»։
Թրքական ուրիշ մեծ ընկերութիւն մը՝ «Տեմիրորեն հոլտինկ», 2021ին տասը տարուան պայմանագիր կնքած է Ատրպէյճանի պետական վիճակախաղը վարելու համար եւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան հետ ստորագրած է փոխըմբռնման յուշագիր՝ «40 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղագործական գործարան կառուցելու համար»:
 
Նաթիքքըզի յայտնած է, որ «Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մօտաւորապէս 2,9 միլիառ տոլար յատկացուցած է Ղարաբաղի մէջ վերակառուցման եւ վերականգնման ծրագրերուն համար: Մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած այն մասին, թէ ո՞ր երկիրներու ընկերութիւններն են, որ պայմանագրեր կը ստանան, բայց բարեկամ համարուող այլ երկիրներ, ներառեալ Իտալիա, Իսրայէլ եւ Մեծն Բրիտանիա, նոյնպիսի պայմանագրեր ստացած են: Սակայն թրքական ընկերութիւնները, ըստ երեւոյթին, պայմանագրերուն ամենամեծ շահողներն են: Բաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան տուեալներով՝ Ղարաբաղի մէջ կը գործէ թրքական մօտաւորապէս 30 ընկերութիւն։ «Այդ ընկերութիւնները արդէն ներդրած են 1 միլիառ տոլար, եւ այդ ներդրումները կը շարունակեն աճիլ», ըսած է Պաքուի մէջ Թուրքիոյ առեւտրային գլխաւոր խորհրդական Եաքուպ Սեֆեր»։
 
Նաթիքքըզի գրած է, որ երբ իտալացի լրագրողը Ալիեւէն հետաքրքրուած է Արցախի մէջ աշխատանքի մէկ մասը իտալական ընկերութիւններէն ստանալու հեռանկարներու մասին, Ալիեւ ըսած է, որ «Իտալիան կ՛ըլլայ երկրորդ դիրքի վրայ՝ Թուրքիայէն ետք։ «Ան մեր դրացին է, եւ անոնք (թուրքերը) ունին շինարարական շատ նշանաւոր ընկերութիւններ», հաստատած է ան եւ Թուրքիոյ մասին աւելցուցած. «Որովհետեւ ան մեր դաշնակիցն է եւ մտերիմ ընկերը»:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական