Հայերը Պէտք Է Սառնասրտօրէն Գնահատեն Ֆրանսայի Ծերակոյտին Դրական Բանաձեւը. Յարութ Սասունեան


Հայերը Պէտք Է Սառնասրտօրէն Գնահատեն Ֆրանսայի Ծերակոյտին Դրական Բանաձեւը. Յարութ Սասունեան

  • 23-11-2022 14:31:43   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Հայերը իրենց երկարատեւ պատմութեան ընթացքին, միշտ ակնկալած են, որ օտար ուժ մը զիրենք փրկէ թշնամիներէն: Դարեր շարունակ անոնք օգնութեան յոյս ունեցած են հռոմէացիներէն, բիւզանդացիներէն, ռուսերէն, ֆրանսացիներէն, ամերիկացիներէն, իսկ ներկայիս՝ իրանցիներէն: Բայց ոչ ոք երբեք չէ եկած փրկելու զանոնք։ Կը թուի, թէ հիասթափութիւններու այսքան երկար շարանէն ետք, հայերը վերջապէս դասեր կը քաղեն, որ ո՛չ ոք իրենց փրկութեան կը հասնի։ Իրե՛նք պէտք է իրենք իրենց փրկեն։
 
Հաշուի առնելով նման անիրատեսական ակնկալիքներ, հայերը կը շարունակեն հաւանական փրկարարէ մը միւսը երթալ՝ փորձելով գտնել ոեւէ մէկը, որ կ՛օգնէ իրենց: Ոչ ոք օգնեց փրկելու հայերը, երբ Օսմանեան Թուրքիան անոնց դէմ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէր. ոչ ոք փրկեց զանոնք, երբ վերապրածները վերադարձան Կիլիկիա եւ յարձակման ենթարկուեցան ու սպաննուեցան Աթաթուրքի զօրքերուն կողմէ. ոչ ոք  անոնց օգնեց 1980-ականներու վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբը, երբ ատրպէյճանցիները կը կոտորէին հայերը Արցախի մէջ. եւ ոչ ոք օգնեց հայերուն, երբ ատրպէյճանցիները Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ ճիհատիսթ ահաբեկիչներու աջակցութեամբ նուաճեցին Արցախի մեծ մասը՝ սպաննելով ու խեղելով հազարաւոր հայ զինուորներ ու խաղաղ բնակիչներ։
 
Բոլոր այս հիասթափեցնող փորձառութիւններէն ետք հայերը յոյս ունէին, որ Ռուսիա կը միջամտէ եւ կը փրկէ Արցախը: Երբ այդ տեղի չունեցաւ, անոնք բարձրաձայն բողոքեցին, որ Ռուսիա դաւաճանած է իրենց։ Հայերը շարունակ կը պահանջէին ՀԱՊԿ-էն (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) պաշտպանել Հայաստանը՝ իր սահմաններուն հանդէպ ատրպէյճանական կրկնուող ոտնձգութիւններէն։
 
Հայերը կարծես թէ չեն հասկնար, որ իւրաքանչիւր ազգի առաջնահերթութիւնը սեփական ազգային շահերու, այլ ոչ թէ Հայաստանի պաշտպանութիւնն է: Ոչ ոք պարտաւոր է օգնելու Հայաստանին, նոյնիսկ երբ ստորագրուած է փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիր, որ կը դիտուի իբրեւ՝ միայն «թուղթի կտոր»։ Իրենց անիրատեսական ակնկալիքներէն հրաժարելու փոխարէն՝ հայերը ներկայիս դիմած են Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու՝ յուսալով, որ անոնք կու գան իրենց օգնութեան...
 
Յուսադրող է, որ վերջին ամիսներուն, Հայաստան պայմանագիրներ կնքած է Հնդկաստանի հետ՝ մեծ քանակութեամբ հրթիռներ եւ հրետանի գնելու համար։ Վերջապէս, Հայաստանի կառավարութիւնը կը գիտակցի, որ պէտք է պաշտպանել երկիրը, այլ ոչ թէ ապաւինիլ ուրիշներու ողորմութեան:
 
Անցեալ շաբաթ, աշխարհասփիւռ հայութիւնը ցնծութեան մէջ էր, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը հայանպաստ բանաձեւ անցուց։
 
Սակայն հայերը պէտք չէ ուռճացնեն, ոչ ալ թերագնահատեն այս բանաձեւին նշանակութիւնը։ Ֆրանսահայ համայնքը երկար տարիներ գովասանքի արժանի լոպիիստական գործունէութիւն ծաւալած է՝ հայերու եւ Հայաստանի հանդէպ նման սրտցաւ մթնոլորտ ստեղծած ըլլալուն համար։ Ա՛յս է հիմնական պատճառը, որ այս բանաձեւը ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ գրեթէ միաձայնութեամբ, 295 կողմ եւ մէկ դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ։ 
 
Ֆրանսայի համապարփակ բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք եւ կը պահանջէ.
 
- Ատրպէյճանական ուժերու անյապաղ դուրս բերումը Հայաստանէն.
- 2020-ի պատերազմէն ի վեր Պաքուի մէջ պահուող հայ բոլոր ռազմագերիներու ազատ արձակումը.
- Հայկական մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններու պահպանութիւնը.
- Որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հետ միասին դիմէ Միջազգային քրէական դատարան, Ատրպէյճանի յարձակումներուն առնչութեամբ.
- Որ Ֆրանսա պատժամիջոցներ կիրարկէ Ատրպէյճանի հանդէպ, բռնագրաւէ անոր ղեկավարներուն ունեցուածքը եւ բռնարգելք կիրարկէ ատրպէյճանական քարիւղի եւ կազի ներմուծման վրայ.
-- Արցախի մէջ ֆրանսական մարդասիրական գրասենեակի ստեղծում.
- Հայաստանի պաշտպանունակութեան ամրապնդում.
- Միջազգային հանրութեան հովանիին տակ գործող միջ-դիրքային ուժերու տեղակայում.
- Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան ճանաչում.
- Որ Ֆրանսան ապահովէ Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը՝ Հայաստանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն, կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։
 
Ատրպէյճան շատ կոշտ արձագանգեց այս բանաձեւին եւ դատապարտեց Ֆրանսայի Ծերակոյտը, նման բանաձեւ մը ընդունելուն համար։ Հակադարձ միջոցներու ձեռնարկելով՝ Ատրպէյճան խզման վտանգին կ՛ենթարկէ Ֆրանսայի հետ իր դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները։ Այսուամենայնիւ, որպէսզի այս ոչ պարտադիր բանաձեւը որեւէ ազդեցութիւն ունենայ, պէտք է որ ընդունուի Ֆրանսայի Ազգային ժողովի կողմէ եւ աջակցութիւն ստանայ Ֆրանսայի նախագահին ու կառավարութեան կողմէ:
 
Հայերը պէտք է սառնասրտօրէն գնահատեն Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը։ Անոնք պէտք չէ ակնկալեն, որ Ֆրանսան կը փրկէ Արցախը կամ Հայաստանը։ Անոնք պէտք է շարունակեն հզօրացնել Հայաստանի զինուած ուժերը, որպէսզի կարենան պաշտպանել երկրին սահմանները՝ միաժամանակ ողջունելով որեւէ երկրի օգնութիւնը՝ առանց որեւէ անիրատեսական ակնկալիք ունենալու։ Յիշէք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտն ու խորհրդարանը 2020-ի պատերազմէն ետք բանաձեւեր ընդունեցին՝ կոչ ընելով Ֆրանսայի կառավարութեան՝ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը, բան մը, որ չիրականացաւ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Հայաստան ի՛նք չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը։ Հետագայ հիասթափութիւններէն խուսափելու համար, հայերը պէտք է Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը դիտարկեն իբրեւ բարոյական եւ դիւանագիտական կարեւոր աջակցութիւն, այլ ոչ թէ ռազմական:
 
Այժմ Հայաստանի կառավարութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան խնդիրը ապահովելն է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի որոշումը օգտագործուի Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական