BBC Կը Քողարկէ Ատրպէյճանի Յանցագործութիւնները՝ Հեռասփռելով «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ի Եւ Ալիեւներու Աջակցութեամբ Ֆիլմը. Յարութ Սասունեան


BBC Կը Քողարկէ Ատրպէյճանի Յանցագործութիւնները՝ Հեռասփռելով «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ի Եւ Ալիեւներու Աջակցութեամբ Ֆիլմը. Յարութ Սասունեան

  • 30-11-2022 11:39:38   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
OpenDemocracy.net կայքը հրապարակած է քննադատական  յօդուած մը՝ BBC-ի կողմէ  Ատրպէյճանի մասին երկու մասէ բաղկացած քարոզչական ֆիլմի մը ցուցադրութեան  վերաբերեալ: Ֆիլմը նիւթապէս հովանաւորած է բրիտանական նաւթակազային հսկան՝ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ը (BP)։ Ճէյմզ Տոսեթի յօդուածը վերնագրուած էր. «BBC կը մեղադրուի BP-ի հովանաւորած ֆիլմին մէջ բռնատիրական Ատրպէյճանը «արդարացնելու» մէջ»:  1995էն ի վեր, BP Ատրպէյճանի մէջ ներդրած է 84 միլիառ տոլար եւ կը հանդիսանայ օտարերկրեայ մեծագոյն ներդրողը Ատրպէյճանի նաւթային գործարքներու մէջ:
 
Ֆիլմը վերնագրուած էր. «Ատրպէյճանի հրաշալիքները»՝ կասկած չձգելով անոր  հետապնդած քարոզչական նպատակներուն մասին։ Անիկա արտադրուած է իշխող Ալիեւներու ընտանիքին աջակցութեամբ։
 
Ատրպէյճան աշխարհի ամենակաշառակեր երկիրներէն մէկն է։ BBC կը սխալի նման աւազակապետութեան աջակցելուն համար: BP«շատոնց ի վեր քննադատութեան   ենթարկուած է՝ մարդկային իրաւունքներու եւ կլիմայի գործիչներուկողմէ իշխող Ալիեւի վարչակարգին հետ իր ունեցած կապերուն համար, այլեւ կը մեղադրուէր «ընտրական կեղծիքներու» մէջ, այլախոհ ձայները լռեցնելու եւ Ատրպէյճանի նաւթի ու կազի հարստութենէն անհամաչափ օգուտներ քաղելու մէջ», կը հաղորդէ openDemocracy:
 
«BP 300 հազար տոլար ծախսած է ֆիլմի մը վրայ, որ նկարահանուած է բրիտանական SandStone Global ընկերութեան կողմէ՝ հիմնադրամի եւ մետիա կեդրոնի աջակցութեամբ,  զորս կը ղեկավարեն Ատրպէյճանի իշխող Ալիեւներու ընտանիքին  անդամները: Հեռասփռող եւ պատմաբան Պեթանի Հիւզ, որ SandStone-ի համահիմնադիրն է, ներկայացուցած է ֆիլմը», գրած է openDemocracy:
 
«2015ին, Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական հետապնդումներէ փախած ատրպէյճանցի լրագրող Էմին Հուսէյնով մեղադրած է BBC-ն՝ ֆիլմին մէջ «բռնապետութիւնը արդարացնելու» առումով»,  գրած է openDemocracy: Հուսէյնով ըսած է, որ BBC «բեմ կու տայ աշխարհի ամենաարիւնալի եւ ամենակաշառակեր վարչակարգերէն մէկուն»:
 
Օգոստոսին զայն հեռասփռելէ առաջ,  BBC ծանուցած է ֆիլմը՝ խոստանալով հեռատեսիլի դիտողներուն, որ կը բացայայտեն, թէ «ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի նաւթային հարստութիւնը հնարաւորութիւն տուած է՝ մայրաքաղաք Պաքուին ծաղկելու» եւ «ձեռք բերելու «Արեւելքի Փարիզ» համբաւը»։
 
Ֆիլմին մէջ Պեթանի Հիւզ մեկնած է ատրպէյճանական կողմէ բռնագրաւուած Շուշի, սակայն ոչ մէկ խօսք ըսած է քաղաքի հայկական ժառանգութեան մասին։ «Ֆիլմը նաեւ  անուղղակիօրէն քարոզած է Ատրպէյճանի յաւակնութիւնները Շուշայի (Շուշիի) նկատմամբ», գրած է openDemocracy։ Ատրպէյճան միլիոնաւոր տոլարներ յատկացուցած է՝ Շուշին իր «մշակութային մայրաքաղաք»ը դարձնելու համար։
 
BBC-ի խօսնակը փորձած է արդարացնել իր անընդունելի գործարքը՝ openDemocracy-ին ըսելով, որ ատրպէյճանական քարոզչական ֆիլմի հեռասփռումէն ստացուած եկամուտը «թոյլ կու տայ մեզի՝ ներդրումներ կատարելու BBC-ի համաշխարհային մակարդակի լրագրութեան մէջ, որ անկախ եւ անաչառ լուրեր կը տրամադրէ բոլոր թեմաներու շուրջ»: BBC-ի ծիծաղելի արդարացումը նման է մարմնավաճառի մը այն յայտարարութեան, թէ ինք եկեղեցիին կը նուիրէ մարմնավաճառութենէն ստացած գումարը...
 
Լրացուցիչ եկամուտ ստեղծելու համար, BBC ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ տեղադրած է զբօսաշրջութեան ծանուցում, որուն համար վճարած է Ատրպէյճանի զբօսաշրջութեան պաշտօնական վարչութիւնը։ «Պաքուի մետիա կեդրոնը logistic  աջակցութիւն ցուցաբերած է SandStone-ի, իսկ Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամը օգնած է բրիտանական ընկերութեան՝ ստանալու նկարահանման թոյլտուութիւններ եւ մուտք գործելու եզակի ժառանգութեան վայրեր», ըսած է SandStone-ի ներկայացուցիչը openDemocracy-ի։ Պաքուի Մետիա կեդրոնը կը ղեկավարէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կրտսեր դուստրը՝ Արզու Ալիեւան, իսկ Կեդրոնը սերտօրէն կը  համագործակցի  Հէյտար Ալիեւի ընտանեկան հիմնադրամին հետ։
 
BP խոստովանած է, որ քարոզչական ֆիլմը իր «ներդրումն է Ատրպէյճանի համաշխարհային յառաջխաղացման»՝ Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ։ Հիմնադրամի  նախագահը Իլհամ Ալիեւի կինն է՝ Մեհրիպան Ալիեւան, որ նաեւ երկրին փոխ նախագահն է։
 
OpenDemocracy յայտնած է, որ «Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին յանձնարարուած է խթանել Ատրպէյճանի դիմագիծը երկրէն դուրս, նաեւ յառաջ մղելով կառավարութեան  դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Բայց կառավարութեան  քննադատները կ՛ըսեն, որ այս աշխատանքը կը  տարածուի՝  այլախոհութեան դէմ վարչակարգի անողոք ճնշումներէն եւ անոր համակարգային  կաշառակերութենէն  ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով»:
 
Տարագրութեան մէջ ապրող ատրպէյճանցի լրագրող Արզու Կէյպուլլաեւա հետեւեալը ըսած է openDemocracy-ին. «(Հէյտար Ալիեւի) հիմնադրամը ստեղծուած է իշխող ընտանիքին  կողմէ՝ Ատրպէյճանի դիմագիծը արդարացնելու համար: Ոչ մէկ կերպով կարելի է զայն որակել պետութենէն անկախ»։
 
«Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամը կը գլխաւորէ վերականգնողական աշխատանքները Շուշայի մէջ (Շուշի)։ Այս աշխատանքներէն քանի մը հատը ներկայացուած են BBC-ի ծրագրին մէջ», կը հաղորդէ openDemocracy: Մինչդեռ BP կը նախատեսէ արեւային ելեկտրակայան  կառուցել Ճապրայիլ (Ջրական) քաղաքը, զոր Ատրպէյճան գրաւած էր 2020ի պատերազմին։
 
BP-ի տարածաշրջանային նախագահ Կէրի Ճոնզ «Սեպտեմբերի վերջը Պաքուի մէջ ֆիլմի առաջին ցուցադրութեան ընթացքին բարձրացաւ բեմ՝ գովաբանելու «(Ատրպէյճանի) կառավարութեան աննկուն աջակցութիւնը» իր ընկերութեան եւ անոր գործընկերներուն գործունէութեան, երկրին մէջ։ Ճոնզ նաեւ խօսեցաւ «միացեալ ջանքերու» մասին, որոնք գործադրուած են վաւերագրական ֆիլմի ստեղծման համար: Աջակցութեան համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին եւ անձնական յարգանքի տուրք մատուցեց նախագահի դստեր՝ Արզու Ալիեւայի եւ անոր ղեկավարած Պաքուի Մետիա կեդրոնին, արտադրութեան մէջ «անոնց արհեստագիտական ակնառու աջակցութեան համար», գրած է openDemocracy։
 
Աւելի՛ն. «Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ BP կը համագործակցի Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին հետ, կամ երբ հիմնադրամը կը յայտնուի BBC-ի մէջ: Անցեալ տարի, BBC StoryWorks-ը... զբօսաշրջութեան նուիրուած առանձին արշաւ կազմակերպած էր Ատրպէյճանի համար՝ նշելու Խորհրդային Միութենէն երկրի անկախութեան 30ամեակը: Արշաւը կը ներառէր վճարովի ծանուցումի հոլովակ, որ ընթերցողները կը հրաւիրէր «աւելին բացայայտելու» Ատրպէյճանի մասին՝ հետեւելով Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին կողմէ վարուող արտաքին կայքի յղումին: «Ատրպէյճան» նախամուտքը (portal) կը պնդէ (ի շարս այլ բաներու), որ Ատրպէյճանի ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւ «միշտ ուշադրութիւն դարձուցած է երկրին մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու աւելի լիարժէք ապահովման վրայ»։ Անիկա նաեւ կը պարունակէ տեղեկութիւն, այսպէս կոչուած՝ «Հայկական հարց»ի մասին»։ Այսուամենայնիւ, նշեալ կայքի յղումը ջնջեցին այն բանէն ետք, երբ openDemocracy կապ հաստատեց BBC-ի հետ: Յղումը կը ներառէր տեսարաններ Պաքուի «Պատերազմի պուրակէն», ուր հայ զինուորներու  կերպարները  ներկայացուած էին աղաւաղուած դէմքերով:
 
BP համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին հետ՝ միատեղ իրականացնելու ընկերային ներդրումային որոշ ծրագիրներ։ «Նախկին  միացեալ նախագիծերը կը ներառէին հովանաւորուող ֆիլմեր, ինչպէս օրինակ 2018ի վաւերագրական «Վերջին նստաշրջանը» ֆիլմը, նուիրուած՝ ծնունդին Ատրպէյճանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան, որ դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ 1920ի խորհրդային ներխուժումէն ետք։ BP 320 հազար տոլար ծախսած է նախագիծին վրայ, որ կազմակերպած է Պաքուի Մետիա կեդրոնը։ Արզու Ալիեւան նշուած է իբրեւ ֆիլմի գործադիր արտադրիչ», հաղորդած է openDemocracy:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական