ՆԱՀԱՏԱԿ ԸՆԿԵՐ ՓԻԷՐ ԿԻՒԼԻՒՄԵԱՆԻ ԱՃԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ


ՆԱՀԱՏԱԿ ԸՆԿԵՐ ՓԻԷՐ ԿԻՒԼԻՒՄԵԱՆԻ ԱՃԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

  • 06-12-2022 14:15:24   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
Նորագոյն ազգային - ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, նահատակ ընկեր Փիէր Կիւլիւմեանի աճիւնները՝ իր նահատակումէն քառասուն տարիներ ետք, վերջապէս հանգրուանեցին Մայր Հայրենիք:
Ընկեր Փիէր Կիւլիւմեան՝ դժբախտ պատահարի հետեւանքով նահատակուած էր Փարիզի մէջ՝ 2 Օգոստոս 1982-ին:
 
Մինչեւ իր նահատակումը՝ ան եղած էր Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի Եւրոպայի տարածքի զինուորական պատասխանատուն եւ իր այդ հանգամանքով, ղեկավարած ու անձնապէս մասնակցած էր զինուորական բազում գործողութիւններուն:
 
Անոր աճիւններու վերադարձը ու հայրենի հողի հետ միաձուլումը կը խորհրդանշեն՝ ազգային անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման համար ազատագրական պայքարի յարատեւման անկոտրում կամքը, եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրման ու Մայր Հայրենիքի միացման գաղափարի արդիականութիւնը ու անժամանցելիութիւնը:
 
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նահատակ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն, որոնք ազգային բարձր գիտակցութեամբ ընդառաջեցին մեր խնդրանքին, եւ ընթացք տուին աճիւններու տեղափոխման համար անհրաժեշտ իրաւաբանական փաստաթուղթերու ձեւաւորման գործին:
 
Մեր խորին երախտագիտութիւնը նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս օժանդակեցին, բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան եւ գործնականապէս սատարեցին՝ որպէսզի աճիւններու Մայր Հայրենիք վերադարձի գործընթացը ունենայ բարեյաջող աւարտ:
Ընկերոջ աճիւններու վերայուղարկաւորման մանրամասնութիւններուն մասին, հանրութիւնը տեղեակ կը պահուի ատենին:
 
 
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
 
 
  -   Մամլո հաղորդագրություն