Հայաստանէն Թուրքիոյ Տրամադրուող Օգնութիւնը Տաք Բանավէճ Յառաջացուցած Է Հայկական Շրջանակներու Մէջ. Յարութ Սասունեան


Հայաստանէն Թուրքիոյ Տրամադրուող Օգնութիւնը Տաք Բանավէճ Յառաջացուցած Է Հայկական Շրջանակներու Մէջ. Յարութ Սասունեան

  • 15-02-2023 14:55:01   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Հզօր երկրաշարժէն ետք մարդասիրական հսկայական օգնութիւն եւ քանի մը տասնեակ փրկարարներ Թուրքիա ուղարկելու Հայաստանի կառավարութեան որոշումը բազմաթիւ վէճեր  յառաջացուցած է հայկական շրջանակներու մէջ:
 
Թուրքիոյ կառավարութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամը չէ։ Թուրքիան ոխերիմ թշնամի է, որ 1915ին իրագործած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ մինչ օրս կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։ Աւելի վերջերս,  թրքական զինուժը եւ իսլամական վարձկան ահաբեկիչներ աջակցած են Ատրպէյճանի 2020ի Արցախեան պատերազմի ընթացքին՝ պատճառ դառնալով հազարաւոր հայ զինուորներու մահուան։ Անցեալ շաբաթ, նախագահ  Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստովանեցաւ, որ Ատրպէյճան կը փոխ հատուցէ 2020ի պատերազմին Թուրքիոյ ցուցաբերած աջակցութիւնը իրեն՝ քանի մը հարիւր փրկարարներ ուղարկելով երկրաշարժի գօտի։ Ապա Էրտողան աւելցուց յաճախակի կրկնուող կարգախօսը՝ «Ատրպէյճանն ու Թուրքիան մէկ ազգ են, երկու պետութիւն»: Աւելին, մէկ շաբաթ առաջ, երբ Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէր Թուրքիոյ, թուրքական կառավարութիւնը, աղետալի երկրաշարժի պայմաններուն մէջ, ժամանակ գտաւ դատապարտելու Մեքսիքոն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար։ 
 
Հայաստանի կողմէ 27 փրկարարներու եւ 100 թոն սննդամթերքի, դեղորայքի եւ օգնութեան այլ պարագաներու ուղարկումը Թուրքիա վիճայարոյց էր, քանի որ օգնութիւնը տրամադրուած է ոչ միայն չզղջացող թշնամիին եւ 2020ի պատերազմի ժամանակ Թուրքիոյ պատճառած հայկական կորուստներէն ետք, այլեւ ներկայիս Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի ընթացքին, երբ ատրպէյճանական կողմը շրջափակած է Լաչինի միջանցքը, որուն կ՛աջակցի Թուրքիան։ Մինչ Արցախի մէջ 120 հազար հայեր դանդաղօրէն սովամահ կ՛ըլլան, աւելի քան 60 օր զրկուած ըլլալով սնունդէ եւ դեղորայքէ, Հայաստանի վարչապետը, նախագահը եւ խորհրդարանի նախագահը, անտեսելով հայկական զգայնութիւնը, կը յայտարարեն Թուրքիա օգնութիւն ղրկելու մասին։
 
Անոնք միամտօրէն կը շեշտէին, որ իրենց մարդասիրական գործողութիւնը   կ՛օգնէ խաղաղութեան հաստատման, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։
 
Բնականաբար, երբ մեծ աղէտ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի մէկ կէտին վրայ, երկիրներու մեծ մասը կը շտապէ փրկել վնասուածները: Հայաստան չէր կրնար անտարբեր մնալ։ Այսուամենայնիւ, Հայաստանի ղեկավարները կրնային մեղմել հանրութեան  հակազդեցութիւնը, եթէ աւելի նուրբ ձեւակերպուած յայտարարութիւն տարածէին Թուրքիոյ տրամադրուող օգնութեան մասին՝ միաժամանակ ընդունելով, որ գիտակից են արցախահայութեան ծանր վիճակին՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով:
 
Կարեւոր է, որ հայերը տարբերութիւն դնեն թրքական կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդի միջեւ: Հայաստան եւ հայեր արդարացուած պահանջք ունին թրքական կառավարութենէն Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերուն կրած կորուստներուն համար, սակայն անոնք պէտք չէ իրենց թշնամի ընեն թուրք  անհատները, որոնք որեւէ դեր չեն խաղացած Ցեղասպանութեան մէջ, քանի որ վերջիններս նոյնիսկ ծնած չէին այդ ատեն։ Սակայն եթէ ոեւէ թուրք կը ժխտէ Ցեղասպանութիւնը եւ կը վիրաւորէ հայ նահատակներուն յիշատակը, ապա ան պէտք է դատապարտուի ճիշդ այնպէս, ինչպէս ուրացող թրքական կառավարութիւնը:
 
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքներէն մէկը Էրտողանի առանց այդ ալ քաղաքական ցած վարկանիշի անկումն է։ Թրքական ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ Էրտողան թուրք փրկարարներու մեծ մասը անարդարացիօրէն ղրկած է երկրաշարժի այն շրջանները, որոնք բնակեցուած են նախապէս իր օգտին քուէարկած կողմնակիցներով։ Ան ենթարկուած է կոշտ քննադատութիւններու՝ երկրաշարժէն մեծ թիւով վնասուածները  փրկելու թրքական կառավարութեան դանդաղ գործողութիւններուն պատճառով։ Էրտողանի կառավարութեան կաշառակեր գործելակերպին պատճառով, Թուրքիոյ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ մահացած են թերի կառուցուած հարիւրաւոր բարձրայարկ բնակելի շէնքերու փլուզման հետեւանքով։ Պատշաճ կառուցուած բազմաթիւ շէնքեր չեն փլած։
 
Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները նշանակուած են 14 Մայիս 2023ին՝ երեք ամիս ետք։ Գիտնալով, որ արդար կերպով վերընտրուելու իր հաւանականութիւնները ցած են, Էրտողան հաւանաբար յետաձգէ ընտրութիւնները՝ ժամանակ տալով ինքզինքին բարձրացնելու իր վարկանիշը՝ հանդէս գալով տարբեր  հնարքներով։ Էրտողանի համար վերընտրուիլը պարտադիր է, որովհետեւ, պարտուելու պարագային, ան պարզապէս նախագահի պաշտօնը չէ, որ կը կորսնցնէ, այլ մնացեալ կեանքը բանտին մէջ անցնելու ռիսքին դէմ յանդիման կը գտնուի, իր եւ իր ընտանիքի զանգուածային կաշառակերութեան պատճառով:
 
Հետեւաբար, Էրտողան ամէն բան կրնայ ընել իշխանութիւնը պահելու համար։ Թէեւ ան օրինական իրաւունք չունի յետաձգելու ընտրութիւնները, սակայն դատական համակարգին կը հրամայէ որոշում կայացնել, որ երկրին մէջ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակի պարագային ընտրութիւններուն յետաձգումը օրինական է եւ արդարացուած։
 
Էրտողան արդէն շռայլ խոստումներ կու տայ զինք հաւանական ընտրողներուն։ Ան երկրաշարժէն փրկուած միլիոնաւոր անօթեւան թուրքերու խոստացած է, որ կառավարութիւնը մէկ տարիէն անոնց ձրի բնակարաններ պիտի տայ։ Էրտողան կը մոռնայ, որ իրաւունք չունի նման խոստում տալու, քանի որ մէկ տարի ետք ինք կրնայ չըլլալ Թուրքիոյ նախագահը։
 
Էրտողան նաեւ մեծ գումարներ կը տրամադրէ հանրութեան, մարդոց ձայները շահելու համար։ Թուրքիոյ աւերուած տարածքները վերականգնելու համար օտար երկիրներ եւ դրամական միջազգային հաստատութիւններ միլիառաւոր տոլարներ կը նուիրեն, զորս Էրտողան շռայլօրէն կը բաժնէ ընտրողներուն՝ վերընտրուելու նպատակով:
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական