Անհաւատալի, Բայց Իրաւ․ Ատրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը Հայ Է


Անհաւատալի, Բայց Իրաւ․ Ատրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը Հայ Է

  • 15-03-2023 12:43:37   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Երբ առաջին անգամ լսեցի, որ Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիք հայ է, մտածեցի, որ ասիկա չի կրնար ճիշդ ըլլալ։ Այսուամենայնիւ,  ես ապշեցայ՝ պարզելով, որ  լսածս իրողութիւն է։ Ինչպէս կ՛ըսէր Մարք Թուէյն. «Ճշմարտութիւնը աւելի տարօրինակ է, քան յօրինուածքը»:
 
Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպան դառնալէ շատ առաջ, Տիք իր թուիթըրին մէջ գրած էր. «Հօրս մեծ մօր անունը Անթառաան Համբարեան էր. ան հայ էր: Ան հայոց ողբերգութիւնը  վերապրողներէն է... http://fb.me/2WQnyz9Vu. 08:43. 12 Ապրիլ, 2015»:
 
Ֆէյսպուքեան յղումը, զոր Տիք ներառած էր իր թուիթին մէջ, կարեւոր էր, քանի որ անիկա կը վերաբերէր 12 Ապրիլ 2015 թուակիր յօդուածի մը, որ վերնագրուած էր. «Թուրքիա զայրացած է Հռոմի պապին դէմ «ցեղասպանութեան» մասին յայտարարութիւններէ ետք»: Այսպիսով, Տիք տեղեակ էր, որ եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւն, իր հօր մեծ մայրը վերապրած է այդ Ցեղասպանութիւնը, եւ անոր անունը Անթառաան Համբարեան էր, թէեւ սխալ գրած էր անոր անունը, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, եղած է Անթառամ:
 
Երբ 2019ին Տիք դարձաւ Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան, որոշ հայեր զայրացած քննադատեցին զինք՝ 2015ին իր թուիթին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «ողբերգութիւն» անուանելուն համար: Ահա՛ քանի մը արհամարհական  պատասխաններ. «Կրնա՞ս  ապրիլ նախնիներուդ դաւաճանելէ ետք»։ «Ան պիտի հպարտանար քեզմով… որ կը ծառայես երկու երկիրներու՝ որոնք աշխուժօրէն կը հերքեն այն, ինչ որ անկէ խլուած էր. իր ընտանիքը», «Հաւանաբար մեծապէս պիտի ամչնար քու պատճառովդ», «Խեղճ մեծ մայրդ ինքնիր վրայ կը դառնայ գերեզմանին մէջ, անոր համար որ դուն կ՛ընդունիս ցեղային զտումները, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ Ցեղասպանութիւնը», «Չեմ հաւատար, որ հայկական արմատներ ունիս...: Ուրեմն ԱՄՕ՛Թ ՔԵԶԻ 1 500 000 անգամ՝ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զօրակցելուդ համար: ԱՄՕԹ ՄԵԶԻ, ՈՐ ԵՐԱԿՆԵՐՈՒԴ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԻՒՆ ԿԸ ԿՐԵՍ» եւ «Քու մեծ մեծ մայրդ պիտի թքէր երեսիդ, եթէ ըսածներդ լսէր...»:
 
30 Սեպտեմբեր 2021ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած էր. «Դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ դիւանագիտական ամէնէն ամօթալի նշանակումը։ Ցեղասպանութեան կարգավիճակ ապրած Իսրայէլ՝ Ճորճ Տիքը (որ ինքզինք կը դաւանի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդ) իբրեւ իր դեսպանը կ՛ուղարկէ Ատրպէյճան. երկիր մը, որ բացայայտօրէն կ՛աշխատի աւարտին հասցնել այս ոճրագործութիւնը»:
 
Յուլիս 2021ին, Տիք դարձեալ զայրացուց հայերը թուիթըրեան այս գրառմամբ. «Ատրպէյճանի դիւանագիտական խումբին հետ ես պատմական  առանձնաշնորհում  ունեցայ՝ ըլլալու Իսրայէլի առաջին դեսպանը, որ այցելեց Շուշա ուշագրաւ քաղաքը», նշանաւոր հայկական քաղաքը, որ 2020ի պատերազմին գրաւուած էր Ատրպէյճանի կողմէ։
 
13 Յունուար 2023ին, «Թայմզ օֆ Իսրայէլ»ին (Times of Israel) հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ, դեսպան Տիք ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ «արաբ եւ իսրայէլցի»։ Հայրը ուղղափառ քրիստոնեայ էր՝  հայկական եւ պաղեստինեան խառն արմատներով։ Ահա՛ հատուած մը այդ հարցազրոյցէն.
 
«Թայմզ օֆ Իսրայէլ». «Երբ կը հանդիպիս ատրպէյճանցիներու, որոնք կը յայտնաբերեն, որ դուն արաբ քրիստոնեայ ես, ինչպիսի՞ արձագանգներ կը ստանաս»:
 
Դեսպան Տիք. «Բնականաբար, ասիկա զարմացնող եւ շփոթեցնող է ատրպէյճանցիներու մեծ մասին համար։ Զարմանքի զգացումը կ՛օգնէ ինծի բացատրել իսրայէլեան հասարակութեան բազմազանութեան մասին: Բայց, իրականութեան մէջ, այս պահուն ես դադրած եմ զանոնք ուղղելէ, քանի որ այդ յոգնեցուցիչ բան է։ Ամէն պարագայի ծիծաղելի է, երբ 24 Դեկտեմբերին ինծի կը  մաղթեն ուրախ Հանուքա, եւ ոչ թէ Սուրբ Ծնունդ»:
 
«Թայմզ օֆ Իսրայէլ». «Որպէս իսրայէլցի քրիստոնեայ, ի՞նչ է ձեր տեսակէտը հայ համայնքի մասին, որ հիմնականին մէջ բաղկացած է իսրայէլցի քրիստոնեաներէ, եւ այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց կը բախին Իսրայէլի մէջ, ինչպէս՝ Երուսաղէմ-Պաքու յարաբերութիւններու, այդպէս ալ անոնց չառնչուող հարցերու վերաբերեալ»:
 
Դեսպան Տիք. «Ես խորունկ համակրանք կը տածեմ Իսրայէլի հայ համայնքին նկատմամբ,  մասնաւորապէս Եաֆայի մէջ, ուր ես մեծցած եմ: Մենք կը կիսենք նոյն հաւատքը եւ բազմաթիւ մշակութային աւանդութիւններ: Դպրոցի եւ երիտասարդական շարժումներու իմ ընկերներէս շատերը հայ են։ Ունեցած եմ ուսուցիչներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են վրաս, անոնք հայ են, եւ ես զանոնք կը նկատեմ մտերիմ ընկերներ»:
 
5 Յունուար 2023ին ատրպէյճանական Caliber.az կայքը մէջբերած է դեսպան Տիքի ըսածը. «Իսրայէլ կ՛առաջարկէ իր օգնութիւնը Ատրպէյճանին՝ «խելացի քաղաք»ներու ստեղծման հարցով՝ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներու վրայ»։
 
12 Յունուար 2023ին, դեսպան Տիք հարցազրոյց ունեցած է Caliber.az-ի հետ, տեսաերիզի մը մէջ, որ վերնագրուած է.
 
«Տեսանելիէն անդին. պեղելով Իսրայէլ-ատրպէյճանական կապերու խորքերը դեսպան Ճորճ Տիքի հետ»:
 
Այս հարցազրոյցին մէջ դեսպան Տիք ըրած է անհանգստացնող հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնն է, երբ Ատրպէյճան մտաւ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին մէջ, եւ մենք (Իսրայէլը) հոս կանգնած ենք՝ ուս-ուսի տուած մեր գործընկեր ու բարեկամ Ատրպէյճանի հետ։ Մեր ռազմավարական համագործակցութիւնը շարունակուած եւ աշխուժացած է այդ ընթացքին, բայց նաեւ մարդասիրական ոլորտի մէջ։ Փաստօրէն ես ռիսքի դիմեցի՝ երթալ Գեանջա, քաղաքի վրայ յարձակումներու ատեն, եւ զրուցել տեղի համայնքին հետ, հանդիպիլ մարդոց, մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել այնպիսի սարքաւորումներով, ինչպիսիք են հիմնական իրերը՝ վերմակներ եւ տաքացուցիչներ եւ այլն, այն մարդոց, որոնք կորսնցուցած էին իրենց տուները եւ այն բոլորը, ինչ որ ունէին: Եւ ես կը  կարծեմ, որ այդ նաեւ կապ ստեղծեց սրտերու, այլ ոչ միայն մտքերու մէջ, այնպէս որ, կը կարծեմ, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը ցոյց տուաւ Ատրպէյճանի, թէ ի՛նչ նկատի ունինք, երբ կ՛ըսենք ընկեր, ի՛նչ նկատի ունինք, երբ կ՛ըսենք գործընկեր: Մեզի համար ասոնք դիւանագէտներու դատարկ խօսքեր չեն…: Ասոնք բաներ են, որոնք կը բխին սրտէ եւ իրականութեան մէջ մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունին…: Իսրայէլի դիրքորոշումը Ղարաբաղի հարցին մէջ շատոնց յստակ է. Իսրայէլ կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։  Ասիկա եղած է խօսքով եւ գործով մինչեւ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը եւ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք»:
 
Ան նաեւ սխալմամբ աւելցուց, որ «գործնականութեան մէջ, արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը հիմնականին մէջ աւարտած է»։ Դեսպան Տիք ոչ միայն յարգանք չի տածեր իր հայկական արմատներուն նկատմամբ, այլեւ չի յարգեր իր պաղեստինեան արմատները: Ան պէտք է հոգին ծախած ըլլայ սատանային՝ իր աշխատանքին համար:
 
Դեսպան Տիքի նշանակման ամէնէն ապշեցուցիչ կողմը այն է, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան  պաշտօնեաները  հայկական ծագումով դեսպան ուղարկած են Ատրպէյճան...: Հակառակ Ատրպէյճանի մասին Տիքի խանդավառ խօսքերուն, ես կը կասկածիմ, որ նախագահ Ալիեւն ու Ատրպէյճանի ժողովուրդը լիովին կը վստահին իրեն։ Ատրպէյճանի մէջ, անոնք ատելութենէն եւ արհամարհանքէն բացի ուրիշ ոչինչ կը զգան ոեւէ հայու, նոյնիսկ մասամբ հայու նկատմամբ։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական