Իրավական փորձագետները միջազգային դատարանից պահանջում են հետաքննել Թուրքիայի՝ մարդկության դեմ ուղղված հանցագործությունները. Հարութ Սասունյան


Իրավական փորձագետները միջազգային դատարանից պահանջում են հետաքննել Թուրքիայի՝ մարդկության դեմ ուղղված հանցագործությունները. Հարութ Սասունյան

  • 21-03-2023 13:07:10   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Այս ամսուան սկիզբը քանի մը թերթեր տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ դէմ մեծածաւալ բողոք  ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան (ՄՔԴ): Իրաւական հարցերով եւրոպացի  իրաւաբաններու  խումբը հաւաքած է  հսկայական  փաստաթուղթ, որ կը ներառէ «վկաներու ցուցմունքները, որոնք կը մանրամասնեն խոշտանգման, պետութեան կողմէ հովանաւորուող առեւանգման եւ անօրինական բանտարկութեան մասին»՝  իրականացուած  Թուրքիոյ  կառավարութեան կողմէ,  իր 200 հազար հակառակորդներուն դէմ:
 
Ե՛ւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, ե՛ւ ՄԱԿ-ի կամայական կալանքի  հարցերով  աշխատանքային խումբը եզրակացուցած էին, որ Թուրքիոյ կողմէ բանտարկութիւններու եւ կալանքներու մեծ մասը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտում էր։ Անոնք կը համարուին մարդկութեան դէմ գործուած  յանցանքներ։ Նոր բողոքը փոխանցուած է ՄՔԴ դատախազ Քարիմ Խանի, 9 Փետրուարին, սակայն հրապարակուած է 1 Մարտ 2023ին։
 
4000 էջնոց  թղթապանակը  պատրաստուած է պելճիքական Van Steenbrugge Advocaten իրաւաբանական ընկերութեան, պելճիքական  Turkey Tribunal  հասարակական կազմակերպութեան եւ Եւրոպական դատաւորներու ընկերակցութեան կողմէ:
 
«Թուրք պաշտօնեաները  մարդկութեան դէմ  յանցանքներ գործած են Էրտողանի վարչակարգի հարիւր հազարաւոր հակառակորդներու հանդէպ»,  կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։ «Այս յանցագործութիւնները հաւասարազօր են՝ «համատարած եւ համակարգուած յարձակման,  խաղաղ բնակչութեան դէմ», ինչ որ  թոյլ կու տայ  ՄՔԴ-ի՝  դատաքննութիւն  սկսիլ Էրտողանի վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ»:
 
Թէեւ Թուրքիա չէ ստորագրած Հռոմի  կանոնադրութիւնը, որով  հիմնուած  է ՄՔԴ, սակայն Դատարանը իրաւասու է հետամուտ ըլլալու այդ յանցագործութիւններուն, քանի որ թրքական կառավարութիւնը յանցագործութիւններուն մէկ մասը կատարած է ՄՔԴ անդամ 45 երկիրներու տարածքին՝ Ալպանիա, Աւստրիա, Աֆղանիստան, Պանկլատէշ, Պելճիքա, Պոսնիա Հերցեկովինա, Պուրքինա Ֆասօ, Կապոն,  Կամպիա, Գերմանիա, Կուինիա, Դանիա, Զամպիա,  Թունիս,  Լեհաստան, Լիպերիա, Լիթվա,  Լիւքսեմպուրկ,  Քամպոտիա, Գանատա,  Քոնկօ, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Յորդանան,  Յունաստան,  Հիւսիսային Մակեդոնիա,  Մատակասքար, Մալի, Միացեալ Թագաւորութիւն, Մոլտովա, Մոնկոլիա,  Նիկեր,  Նիճերիա,  Հոլանտա,  Զուիցերիա,  Չատ,  Փերու,  Ռումանիա, Սենեկալ, Վենեզուելլա,   Վրաստան,  Թանզանիա,  Տաճիկիստան,  Ուկանտա,  Քենիա  եւ  Ֆրանսա։
 
Բողոքին մէջ կը նշուի, որ եղած է հարկադիր անհետացման 17 պարագայ, երբ զոհերը առեւանգուած են Քենիայէն, Քամպոտիայէն, Կապոնէն, Ալպանիայէն, Պուլկարիայէն, Մոլտովայէն, Մոնկոլիայէն եւ Զուիցերիայէն  ու  վերադարձուած են Թուրքիա։ Այս առեւանգուածները կը մեղադրուէին ԱՄՆ բնակող մահմետական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդ ըլլալու մէջ: Նախագահ Էրտողան երկար տարիներ աջակցած է Կիւլենի, մինչեւ անոնց յարաբերութիւններուն սրուիլը: Կիւլենի հազարաւոր հետեւորդներ, անոնց շարքին՝ 9100 ոստիկան, հետագային դուրս դրուեցան իրենց գործէն եւ ձերբակալուեցան։
 
Օսման Քարաճա ձերբակալուած է 14 Հոկտեմբեր 2019ին, Քամպոտիոյ մէջ, ուր ան աշխատած է իբրեւ դպրոցի ուսուցիչ։ «Չորս օր կալանքի  տակ մնալէ ետք,  Քարաճան յանձնած են  թրքական իշխանութիւններուն, որոնք կառավարական փոքր օդանաւով զայն վերադարձուցած են Թուրքիա։ Ան դատապարտուած է 2016ի  յեղաշրջման փորձի ժամանակ զինուած ահաբեկչական խմբաւորում ղեկավարելու համար՝ հակառակ այն փաստին, որ ան Թուրքիայէն Քամպոտիա մեկնած էր 2002ին», կը հաղորդէ «Կարտիըն»։
 
Քարաճա մէկն է այն բազմաթիւ թուրքերէն, որոնք առեւանգուած են արտերկրէն եւ մեղադրուած են «ահաբեկիչ» ըլլալու  համար: ՄՔԴ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ ներկայացուած հայցը պարունակած է 800 առեւանգուածներու խոշտանգումներու մասին  յայտարարութիւններ, որոնք «մանրամասն կը նկարագրէին, թէ ինչպէ՛ս խոշտանգումները  կիրարկուած են  լայն  ծաւալով եւ հետեւողականօրէն»:
 
«Այդ պէտք է քննուի»,  ըսած է  Պելճիքայի նախկին փոխ վարչապետ եւ մարդկային իրաւունքներու փրոֆ. Եոհան Վանտէ Լանոթ, որ օգնած է Turkey Tribunal-ի ստեղծման:  Ան կը ղեկավարէ՝ քննութիւն սկսելու հարցով Միջազգային քրէական դատարանը համոզելու ջանքերը: «Կը խախտին միջազգային իրաւունքի համընդհանուր  հիմնարար սկզբունքները…: Թուրքիոյ կառավարութեան կարեւոր անդամները չեն կրնար հերքել, որ իրենք պատասխանատու են, քանի որ հպարտօրէն յայտարարած են իրենց պատասխանատուութեան մասին»։ 
 
Turkey Tribunal  յայտարարած է, որ փաստագրած  է «արտերկրային եւ ներքին բռնի անհետացման  59  դէպք՝  109  մարդու  մասին։ Թէեւ թրքական պետութիւնը միշտ  հերքած  է իր  ներգրաւուածութիւնը  ներքին  անհետացումներու  մէջ, իշխանութիւնները մնայուն հպարտացած  են արտերկրի մէջ կատարուած ապօրինի առեւանգումներով: Վերջերս, Յուլիս 2021-ին, նախագահ Էրտողան մամուլի ասուլիս տուած էր  պատկերին կողքին թուրք ուսուցիչին, որ յայտարարած էր, թէ զինք առեւանգած են ուրիշ երկրէ։ Անպատժելիութեան ամբարտաւան ցուցադրութեան մէջ առեւանգուած մարդուն  հրապարակուած պատկերը  ցոյց  կու տայ  խոշտանգումներու  յստակ նշաններ,  իսկ  ան հետագային գործողութեան ենթարկուեցաւ՝ կոտրուած ձեռքը բուժելու համար»:
 
Turkey Tribunal աւելցուցած է. «Միջազգային իրաւունքի հիմնարար կանոններու խախտմամբ բանտարկութիւններու կապակցութեամբ, թրքական պաշտօնական վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ «ահաբեկչական կազմակերպութեան» ենթադրեալ անդամակցութեան մասին  2015էն  2021 քննութիւն բացուած է 2 միլիոն  217  հազար հոգիի դէմ. 560 հազար  հոգի  կանգնած է դատարանի առջեւ  եւ  374  հազար  հոգի դատապարտուած է, որոնցմէ 270  հազարը ճանչցուած է ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ»: 
 
Աւելին, ըստ Turkey Tribunal-ի՝ «Թուրքիոյ պաշտօնական վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ 2016էն ի վեր գործէ արձակուած է 129 հազար  410 պետական ծառայող  եւ  մերժուած է  19  հազար 962 ուսուցիչի դասաւանդման արտօնագիր։  Գրաւուած է 234 հազար 419 անձնագիր՝ Կիւլենի շարժման ենթադրեալ անդամներու հանդէպ կամայական քննութեանց ընթացքին։  Ասոնցմէ 155 հազարը կը վերաբերի անոնց, որոնց նկատմամբ  քրէական հետապնդում չէ իրականացուած,  օրինակ՝  քննութեան  կամ  քրէական  հետապնդման ենթարկուած մարդոց ամուսինները»։
 
Պելճիքայի նախկին փոխ վարչապետ Վանտէ Լանոթ եզրափակած է. «Հարցի ուսումնասիրման համար մենք դիմած էինք  ՄԱԿ-ի  բռնի  անհետացման  հարցերով  աշխատանքային  խումբին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու կոմիտէին, Մարդկային  իրաւունքներու եւրոպական դատարանին  եւ նոյնիսկ իրենց՝ Թուրքիոյ դատաւորներուն, սակայն ոչինչ տեղի ունեցած է, ուրեմն, արդարութեան հասնելու վերջին կարելիութիւնը այս է»։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
www.TheCaliforniaCourier.com
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական