Օսմանեան Խորհրդարանը Եւ Ծերակոյտը 1918 Թուականին Հաստատած Են «Հայկական Կոտորածները». Յարութ Սասունեան


Օսմանեան Խորհրդարանը Եւ Ծերակոյտը 1918 Թուականին Հաստատած Են «Հայկական Կոտորածները». Յարութ Սասունեան

  • 06-04-2023 10:57:31   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Յունուար 2016ին յօդուած մը գրած էի՝ «Թուրքիան առաջին երկիրն է, որը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1918 թուականին» վերնագիրով: Այսուամենայնիւ, մարդկոց մեծ մասը դեռ տեղեակ չէ, որ «Օսմանեան խորհրդարանը եւ Ծերակոյտը 1918ին քննարկած  եւ հաստատած են հայկական կոտորածները»։ 
 
Վերջերս, Թուրքիոյ խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորներ Սելինա Տողան եւ Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը բարձրացուցած են խորհրդարանի մէջ, 14 Յունուար 2016ին: Աւելի կանուխ՝ Նոյեմբեր 2014ին, խորհրդարանի անդամ Սեպահաթ Թունճել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ ներկայացուցած էր Թուրքիոյ խորհրդարան՝ Էրդողանէն պահանջելով ներողութիւն խնդրել, Ապրիլի 24ը յայտարարել պաշտօնական սուգի օր, հրապարակել թրքական արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերը այս զանգուածային յանցագործութեան մասին եւ նիւթական ու բարոյական փոխ հատուցում վճարել զոհերու ժառանգորդներուն։ Առաջարկուող բանաձեւը անտեսուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ։
 
Յօդուածս գրելէ ետք 2016ին, ես տեսայ փրոֆ. Այհան Աքթարի գրած մանրամասն վերլուծութիւնը History Workshop Journal-ի մէջ՝ «Հայկական կոտորածներու քննարկումը Օսմանեան վերջին խորհրդարանին մէջ, 1918 Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն»  վերնագիրով։ Այդ քննարկումը տեղի ունեցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն եւ յաղթանակած դաշնակից երկիրներու կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ (Սթամպուլ) գրաւումէն ետք:
 
1918ի վերջին երկու ամիսներուն, Օսմանեան խորհրդարանը քանի մը օր քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ այն ատեն կը կոչուէր կոտորած:  Առաջարկ ներկայացուած էր, ուր նշուած էր. «Մէկ միլիոն բնակչութիւնը, որ բանի մը մէջ մեղաւոր չէր, բացի հայ ազգին պատկանելէ, կոտորուեցաւ եւ բնաջնջուեցաւ, այդ շարքին՝ նոյնիսկ կիներ եւ մանուկներ»։ Ի պատասխան՝ ներքին գործերու նախարար Ալի Ֆեթհի Օքեար յայտարարեց. «Կառավարութիւնը մտադիր է շտկել մինչեւ հիմա տեղի ունեցած ամէն  անարդարութիւն  եւ, որքան միջոցները կը ներեն, կարելի դարձնել աքսորուածներու վերադարձը իրենց տուներն ու որքան կարելի է փոխ հատուցել անոնց կրած նիւթական վնասները... Այո, պարոնա՛յք, ես կ՛ըսեմ նաեւ, որ մեր պաշտօնեաները բազմաթիւ հայեր, որոնց շարքին՝ կիներ եւ մանուկներ մորթած են, իսկ անոնց ունեցուածքը թալանուած է»։
 
Ստեղծուած էր խորհրդարանական քննչական կոմիտէ՝ հաւաքելու բոլոր համապատասխան փաստաթուղթերը, որոնք ցոյց կու տան «հայերու տեղահանութիւններու եւ կոտորածներու» պատասխանատուներու գործողութիւնները: Ապացոյցները փոխանցուած էին Թուրքիոյ ռազմական դատարան, իսկ մեղաւոր ճանչցուածները կախաղան հանուած կամ երկարաժամկէտ բանտարկուած էին:
 
Ահա որոշ հատուածներ Աքթարի յօդուածէն. «Օսմանեան խորհրդարանի մէջ հայկական կոտորածներու քննարկումը սկսաւ «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան կառավարութիւններուն պատասխանատուութեան կանչող առաջարկներով: 4 Նոյեմբեր 1918ին, Օսմանեան խորհրդարանը հաւաքուեցաւ Սթամպուլի մէջ, յանցագործները գտնելու քաղաքական փորձերը սկսան առաջին  առաջարկով, որ քանի մը օր առաջ ներկայացուցած էր Պաղտատ-Տիուանիէի պատգամաւոր Ֆուատ Պէյ։ Կը պահանջուէր, որ Գերագոյն դատարանը դատէր Սայիթ Հալիմ փաշայի եւ Թալէաթ փաշայի խմբակներու  անդամներուն… : (Առաջարկին) 10-րդ կէտը ուղղակի յղում կը կատարէր հայերու տեղահանութիւններուն եւ «Թեշքիլաթը մահսուսէ»ին (Յատուկ կազմակերպութիւն)՝ անկանոն ռազմական ուժի՝ կազմակերպուած CUP («Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կոմիտէի) ղեկավարութեան կողմէ, որ իրականացուցած էր տեղահանութիւններն ու կոտորածները»:
 
Որոշ խորհրդարանականներ, որոնք կը պատկանէին Խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն կազմող «միութենականները» («Միութիւն եւյառաջադիմութիւն» կոմիտէի) անդամներու հին խմբակին, չժխտելով հայերուն կոտորածները՝ արդարացան, ինչպէս այսօրուան թրքական կառավարութիւնը՝ յայտարարելով, որ այս ընթացքին սպաննուած են նաեւ թուրքեր։
 
Խորհրդարանի վեց հայ պատգամաւորները ներկայացուցած էին  առաջարկ՝ պահանջելով «չեղեալ համարել 27 Մայիս 1915ի տեղահանութեան որոշումը եւ 27 Սեպտեմբեր 1915ի հրամանագիրը՝ լքուած ունեցուածքի եւ անշարժ գոյքի սեփականազրկման մասին, եւ թոյլ տալ իրենց հայրենի հողէն բռնագաղթածներուն՝ վերադառնալ։ Այնուհետեւ պնդած էին, որ վարչական միջոցառումները, որոնք նպաստած են տեղահանուած հայերուն պատկանող ունեցուածքի բաշխման տեղւոյն յայտնի մարդոց միջեւ, բացարձակապէս կը հակասէին 1876ի Օսմանեան Սահմանադրութեան ոգիին»:
 
Ի պատասխան մեղադրանքներուն, թէ Արեւելեան ճակատի մէջ որոշ հայեր ապստամբած են Օսմանեան կայսրութեան դէմ, հայ պատգամաւոր Մաթիոս Նալպանտեան պատասխանած է. Եթէ նոյնիսկ որոշ հայեր անօրինական գործողութիւններ կատարած են, այդ կ՛արդարացնէ՞ արդեօք «բոլոր հայերուն արտաքսումն ու բնաջնջումը» եւ «անոնց ունեցուածքին բռնագրաւումն ու թալանը»: Նալպանտեան տարբերակեց նաեւ ռազմաճակատի մէջ սպաննուած թուրքերը եւ անմեղ հայ բնակիչները, զորս կոտորած էին։
 
21 Նոյեմբեր 1918ին,  համանման քննարկում տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան Ծերակոյտին մէջ։ Ահմեթ Ռըզա Պէյ  առաջարկ ներկայացուց՝ հետաքննելու «տեղահանութեան պատրուակով կատարուած վայրագութիւնները», բացայայտելու բացասական ազդեցութիւնները ամբողջ երկրին մէջ եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու այս գործին մէջ եղողները»:
 
Նախկին նահանգապետ եւ ներքին գործերու նախարար Ռեշիտ Աքիֆ փաշա յայտարարեց, որ իր հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ «արտաքսման այս հրամանները տրուած են ներքին գործերու յայտնի նախարարի (Թալէաթ փաշայի) կողմէ եւ պաշտօնապէս փոխանցուած գաւառներուն (նահանգապետերուն)»:
 
9 Դեկտեմբեր 1918ին արդարադատութեան նախարար Հայտար Մոլլա Օսմանեան Ծերակոյտին մէջ ըսաւ, որ հայերու դէմ յանցագործութիւնները կատարուած են պետական պաշտօնեաներու, քաղաքական գործիչներու եւ հասարակ թուրքերու կողմէ։
 
Կարեւորը այն է, որ պատգամաւորներէն եւ ոչ մէկը, անկախ իր կուսակցական պատկանելութենէն եւ ծագումէն, չհերքեց հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու դէպքերը։
 
21 Դեկտեմբեր 1918ին, Օսմանեան կայսրութեան վերջին սուլթան Մեհմետ Ուահտետտին ցրուեց Օսմանեան խորհրդարանը։ «Երբ 12 Յունուար 1920ին խորհրդարանը վերջապէս հաւաքուեցաւ նորընտիր պատգամաւորներով, հոն կը գերակշռէին Անաթոլիոյ զարգացած դիմադրութեան շարժման կողմնակիցները՝ Մուսթաֆա Քեմալ փաշայի (հետագային՝ Աթաթուրք) գլխաւորութեամբ», կը գրէ Աքթար։
 
Թրքական ռազմական դատարանները 1919-1920 թուականներուն հեռակայ դատեցին եւ մահապատիժի դատապարտեցին հայկական կոտորածներու պատուիրատուները՝ երիտթուրքերու ղեկավարներ Էնվերը, Ճեմալը եւ Թալէաթը, որոնք փախած էին երկրէն։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական