Թուրքիա Նացիական Գերմանիայէն Թունաւոր Կազ Գնած Է 1938ին՝ Քիւրտ Ալեւիներն Ու Հայերը Սպաննելու Համար
12-04-2023 13:32:08 | Հայաստան | Քաղաքական
Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) փրոֆեսըր Թաներ Աքչամ, 31 Մարտ 2023-ին, Սթամպուլի հայկական «Ակօս» թերթին մէջ բացայայտող յօդուած գրած է թրքերէնով`1938ին, թրքական կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգ Տերսիմի մէջ տասնեակ հազարաւոր փոքրամասնութիւններու դաժան կոտորածին վերաբերեալ: Յօդուածը վերնագրուած էր՝ «(Նախագահ) Մուսթաֆա Քեմալը եւ (վարչապետ) Իսմեթ Ինոնիւն հրամայած են թունաւոր կազ օգտագործել Տերսիմի կոտորածի ընթացքին»։
Թէեւ առաջին անգամը չէ, որ այս տեղեկութիւնը կը բացայայտուի, սակայն փրոֆեսըր Աքչամ վերհանած է թրքական լրացուցիչ փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն Աթաթուրքի եւ Ինոնիւի կողմէ պատուիրուած այս սարսափելի կոտորածին մանրամասնութիւնները: 1937ին, երկու թուրք ղեկավարները գաղտնի հրամանագիր ստորագրած են Գերմանիայէն 20 թոն թունաւոր մանանեխի կազ եւ 24 երկշարժիչ ինքնաթիռ գնելու համար՝ օդային ճանապարհով տարածման եւ ռմբակոծման միջոցով քիւրտ ալեւիներն ու հայերը ոչնչացնելու համար, որոնք կը թաքնուէին Տերսիմի լեռնային քարանձաւներուն մէջ։
Տերսիմի հազարաւոր հայ բնակիչները Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներ էին, որոնք փախած էին եւ իրենց կեանքը փրկելու համար դաւանափոխուած էին ու դարձած ալեւի։
Վերջին տարիներուն շատ յօդուածներ եւ գիրքեր հրատարակուած են, որոնք կը փաստեն Հիթլերի հիացմունքը Աթաթուրքի նկատմամբ: Թրքական կառավարութեան եւ նացիական Գերմանիոյ համագործակցութիւնը այս երկու պետութիւններու յանցաւոր գործընկերութեան եւս մէկ վկայութիւն է։ Նոյնիսկ այսօ՛ր, թրքական զինուժը կը շարունակէ օգտագործել վերջին տարիներուն Գերմանիայէն գնուած թունաւոր կազերը՝ խախտելով Քիմիական զէնքի մասին համաձայնագիրը, ոչնչացնելու համար քիւրտերը Թուրքիոյ մէջ եւ ենթադրաբար Հիւսիսային Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ։
Տերսիմի կոտորածի հեգնական շրջադարձերէն մէկը մասնակցութիւնն է՝ 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած հայուհի Սապիհա Կէօքչէնի, զոր Աթաթուրքը հետագային որդեգրած էր իբրեւ իր դուստրը: Ան դարձած է Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն եւ մասնակցած Թունջելի վերակոչուած Տերսիմի ռմբակոծման: Յայտնի չէ, թէ ան արդեօք տեղեակ եղա՞ծ է, որ կը մասնակցի իրեն պէս Ցեղասպանութենէն փրկուած իր հայրենակիցներուն սպանութեան։ Սթամպուլի երկու օդակայաններէն մէկը կոչուած է անոր անունով՝ իբրեւ «Պատերազմի հերոս»։
Մարտ 2011ին, թրքական դատարանը որոշում կայացուցած է, որ թրքական կառավարութեան կողմէ Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած ջարդերը օրէնքի համաձայն չեն կարող ցեղասպանութիւն համարուիլ, քանի որ համակարգուած կերպով ուղղուած չեն եղած էթնիկ խումբի դէմ: Այսուամենայնիւ, Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, 2011ին վարչապետ ըլլալով, ներողութիւն խնդրեց Տերսիմի 1938ի ջարդերուն համար: Էրտողանի ներողութիւնը կասկածանքով դիտուեցաւ իբրեւ պատեհապաշտ քայլ՝ Թուրքիոյ քրտական մեծ բնակչութեան ձայները կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն» (CHP) շահելու համար, որ Աթաթուրքի Հանրապետական կուսակցութեան շարունակութիւնն է: Էրտողան Տերսիմի ջարդերը որակեց իբրեւ «մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ողբերգական իրադարձութիւնը»։ Ան աւելցուց, որ թէեւ ոմանք կը փորձէին արդարացնել սպանութիւնները՝ իբրեւ օրինական պատասխան տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, այդ, իրականութեան մէջ, «գործողութիւն էր, որ մշակուած էր քայլ առ քայլ…: Այդ աղէտ է, որ այժմ պէտք է համարձակօրէն քննուի: Կուսակցութիւնը, որ պէտք է առերեսուի այս միջադէպին հետ, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը չէ։ Այս արիւնալի աղէտին ետեւը կեցողը CHP-ն է, որ պէտք է առերեսուի այս միջադէպին հետ»: Այս մեկնաբանութիւնները, ընդգծուած եւ ուղղուած էին ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի, որ իրականութեան մէջ Թունջելիէն է եւ Մայիս 2023ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու մէջ Էրտողանի գլխաւոր հակառակորդը: Հետաքրքրական է, արդեօք Էրտողան նոյնպէս ներողութիւն պիտի խնդրէ՞ր Հայոց Ցեղասպանութեան համար, եթէ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրող միլիոնաւոր հայ ընտրողներ ըլլային:
Իր յօդուածի ծանօթագրութիւններէն մէկուն մէջ Աքչամ վկայակոչած է Գերմանիոյ խորհրդարանի փաստաթուղթ մը, ուր քանի մը անդամներ, 2019ին, Գերմանիոյ կառավարութենէն պահանջած են թրքական կողմի՝ նացիական Գերմանիէն թունաւոր կազի եւ ինքնաթիռներու գնման մանրամասնութիւնները։ 1938ին, Թուրքիա բերուած են նաեւ քիմիական զէնքի գերմանացի փորձագէտներ՝ թունաւոր կազի օգտագործումը զինուորականներուն ուսուցանելու համար։ Գերմանական կառավարութիւնը իր պատասխանին մէջ ընդունած է «(Տերսիմի) զոհերու եւ անոնց ժառանգներուն տառապանքը» եւ աւելցուցած. «Դաշնակցային (Գերմանիոյ) կառավարութիւնը պատրաստ է քննելու Գերմանիոյ մասնակցութիւնը, եթէ Թուրքիոյ կողմէ ընթացք ստանան այդ օրերու իրադարձութիւնները»։
Թէեւ այս զանգուածային սպանութիւնները չեն կրնար արդարացուիլ որեւէ պարագայի, թրքական կառավարութիւնը 1930-ականներուն կը փորձէր ճնշում գործադրել ներքին ընդդիմութեան վրայ եւ իր իշխանութիւնը պարտադրել Տերսիմի շրջանին մէջ: 1 Նոյեմբեր 1936ին, խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, Աթաթուրք Տերսիմը բնութագրած է՝ իբրեւ «Թուրքիոյ ներքին ամէնէն կարեւոր խնդիրը»: Թրքական կառավարութիւնը վարելով էթնիկ եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու թրքացման քաղաքականութիւն, 1936ին ընդունած է «Թունջելի նահանգի վարչակազմի մասին օրէնքը», որուն նպատակն էր տեղւոյն բնակչութիւնը վերաբնակեցնել Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ։ Աւելի քան 50 հազար թուրք զինուոր ուղարկուեցաւ Տերսիմ։ Անոնք բռնեցին եւ կախաղան հանեցին տեղական ապստամբութեան ղեկավարները եւ անխտիր ռմբակոծեցին ու սպաննեցին շրջանի հազարաւոր բնակիչները: Թէեւ թրքական կառավարութիւնը խոստովանած է, որ Տերսիմի մէջ 13 հազար 806 բնակիչ սպաննուած է, ոմանք կը նշեն, որ զոհերուն թիւը շատ աւելի բարձր է՝ 70 հազար եւ աւելի: Անոնք փրկուածներէն շատերը տեղափոխած են երկրի այլ շրջաններ, իսկ քիւրտ աղջիկները յանձնած են թուրք ընտանիքներու, որդեգրման համար։
Ցաւօք, Թուրքիա տակաւին կը ժխտէ իր անցեալի զանգուածային յանցագործութիւնները: Տերսիմի կոտորածը միայն օրինակ մըն է տարբեր փոքրամասնութիւններու բնաջնջման, որ սկսած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ շարունակուած՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին։