Հայաստանի Վարկանիշը Բարեկեցութեան Ցուցակին Մէջ Աւելի Բարձր Է, Քան Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Վարկանիշները


Հայաստանի Վարկանիշը Բարեկեցութեան Ցուցակին Մէջ Աւելի Բարձր Է, Քան Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Վարկանիշները

  • 22-04-2023 10:57:37   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ գործող «Լեկաթում» (Legatum) հիմնարկը հրապարակած է 2023 թուականի  իր բարեկեցութեան համապարփակ ցուցակը 167 երկիրներու, որոնց շարքին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար։ Ցուցակը կ՛ընդգրկէ 12 առանձին ոլորտներ կամ «սիւնակներ», որոնք կազմուած են 67 ենթաբաժիններէ։
 
Հիմնարկը բարեկեցութիւնը սահմանած  է իբրեւ մարդոց ունեցած «զարգանալու հնարաւորութիւնը՝ առարկայացնելու համար իրենց եզակի ներուժը եւ դերակատարութիւն ունենալու իրենց համայնքներու եւ ազգերու ամրապնդման գործին մէջ: Ի վերջոյ, բարեկեցութիւնը միայն մեր ունեցածին մասին չէ, այլ նաեւ այն մասին է, թէ ի՞նչ կը դառնանք մենք: Բարեկեցութեան հիմքին կը գտնուի ներառական հասարակութիւնը՝ ընկերային ամուր պայմանագիրով, որ կը պաշտպանէ իւրաքանչիւր անհատի հիմնական ազատութիւններն ու անվտանգութիւնը»:
 
Ընդհանուր առմամբ, Հայաստան բարեկեցութեան  ցուցակի մէջ  շատ աւելի բարձր է, քան Ատրպէյճան եւ Թուրքիա։ 2023ին, Հայաստան 61րդ դիրքի վրայ է՝ քիչ մը զիջելով 2022ի 59րդ հորիզոնականէն, սակայն զգալիօրէն բարձրացած է 2013ի 76րդ հորիզոնականէն: Մինչդեռ Ատրպէյճան 2023ին կը գտնուէր 92րդ դիրքին, նոյն տեղը, որ 2022ին էր, բայց քիչ մը բարձր՝ 2013ի 104րդ դիրքէն: Թուրքիա 2023ին նույնիսկ աւելի ցած՝ 95րդ դիրքի վրայ էր, նոյնը տեղը, որ ունէր 2022ին՝ զգալիօրէն զիջելով 2013ի 68րդ հորիզոնականէն:
 
«Լեկաթում» հիմնարկը Ատրպէյճանը բնութագրած է իբրեւ «տարածաշրջանի ամէնէն քիչ բարեկեցիկ երկիրը»՝ հակառակ քարիւղի միլիառաւոր տոլարներէն եկած անոր հսկայական եկամուտներուն: Ասիկա կը  նշանակէ, որ երկրին հարստութիւնը չի հասնիր իր բնակչութեան։
 
Ահա՛ թէ ինչպէս «Լեկաթում»  հիմնարկը  նկարագրած է Թուրքիոյ բարեկեցութեան տխուր ցուցանիշը։ ««Վերջին 10 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ կառավարումը զգալիօրէն վատթարացած է՝ 60էն իջնելով 128րդ դիրքի, իսկ քաղաքական հաշուետուողականութիւնը վատթարացած է աշխարհի մէջ ամէնէն արագ չափերով: 2017ի սահմանադրական բարեփոխումները աւելի շատ իշխանութիւն կեդրոնացուցին գործադիրին ձեռքը՝ ջնջելով առանցքային ստուգումները եւ հակակշիռները: Անձնական ազատութիւնը նոյնպէս վատթարացած է աշխարհի մէջ երկրորդ ամէնէն մեծ չափերով՝ կառավարութեան կողմէ այլախոհութեան վրայ հետեւողական ճնշումով…: Ներկայ կառավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ կ՛իշխէ 2002էն ի վեր: Ինչպէս կը նշէ Freedom House, ի սկզբանէ որոշ ազատականացնող բարեփոխումներ ընդունելէ ետք, կառավարութիւնը 2016էն սկսեալ լայնածաւալ ճնշումներ կը  գործադրէ քննադատներու եւ հակառակորդներու դէմ: Օրինակ, Amnesty International կը նշէ, որ հարիւրաւոր մարդիկ, ներառեալ լրագրողներ, ընկերային ցանցերու օգտատէրեր եւ ցուցարարներ, ձերբակալուած են Թուրքիոյ մէջ 2019ին՝ Սուրիոյ վրայ Թուրքիոյ ռազմական յարձակման մասին իրենց քննադատութեան պատճառով»:
 
Ահա՛ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վարկանիշները «Լեկաթում»  հիմնարկի  բարեկեցութեան ցուցակի 12 սիւնակներէն իւրաքանչիւրին մէջ.
 
1) «Անվտանգութեան եւ ապահովութեան սիւնակը (պատերազմ եւ քաղաքացիական հակամարտութիւն, ահաբեկչութիւն, քաղաքական ահաբեկչութիւն եւ բռնութիւն, բռնութեան յանցագործութիւն եւ սեփականութեան նկատմամբ յանցագործութիւն) կը չափէ այն աստիճանը, որով պատերազմը, հակամարտութիւնը եւ յանցագործութիւնը ապակայունացուցած են անհատներու ապահովութիւնը, ինչպէս անմիջապէս, այնպէս ալ աւելի երկարատեւ հետեւանքներու միջոցով». Հայաստան (75րդ), Ատրպէյճան (111րդ) եւ Թուրքիա (147րդ):
 
2) «Անձնական ազատութեան սիւնակը (գործունէութիւն, հաւաքներու եւ միաւորման ազատութիւն, խօսքի ազատութիւն եւ տեղեկութեան հասանելիութիւն, եւ իրաւական խտրականութեան բացակայութիւն) կը չափէ առաջընթացը հիմնական իրաւունքներու եւ անհատական ազատութիւններու ուղղութեամբ». Հայաստան (70րդ), Ատրպէյճան (144րդ) եւ Թուրքիա (152րդ):
 
3) «Կառավարման սիւնակը (գործադիր իշխանութեան  սահմանափակումներ, քաղաքական հաշուետուողականութիւն, օրէնքի գերակայութիւն, կառավարութեան ազնուութիւն, կառավարութեան արդիւնաւէտութիւն, կանոնակարգիչ դաշտի որակ եւ վստահութիւն  հաստատութիւններու նկատմամբ) կը չափէ իշխանութեան նկատմամբ վերահսկողութեան եւ սահմանափակումներու չափը, եւ կառավարութիւնները արդեօք  կը գործե՞ն արդիւնաւէտ եւ առանց կաշառքի»․ Հայաստան (64րդ), Ատրպէյճան (113րդ) եւ Թուրքիա (128րդ):
 
4) «Ընկերային դրամագլուխի սիւնակը (անձնական եւ ընտանեկան յարաբերութիւններ, ընկերային ցանցեր, միջ-անձնական վստահութիւն, ընկերային հանդուրժողականութիւն եւ քաղաքացիական ու ընկերային մասնակցութիւն) կը չափէ անձնական եւ ընկերային յարաբերութիւններու ուժը, ընկերային չափանիշները, քաղաքացիական մասնակցութիւնը երկրին մէջ եւ ընկերային հանդուրժողականութիւնը»․ Հայաստան (125րդ), Ատրպէյճան (132րդ) եւ Թուրքիա (137րդ):
 
5) «Ներդրումային միջավայրի սիւնակը (սեփականութեան իրաւունքներ, ներդրողներու պաշտպանութիւն, պայմանագիրներու կիրարկում, էքոհամակարգի ֆինանսաւորում եւ միջազգային ներդրումներու սահմանափակումներ) կը չափէ ներդրումներու համարժէք պաշտպանուածութեան եւ մատչելիութեան աստիճանը». Հայաստան (75րդ), Ատրպէյճան (54րդ) եւ Թուրքիա (68րդ):
 
6) «Ձեռնարկութիւններու պայմաններու սիւնակը (ներքին շուկայի մրցունակութիւն, գործարքի ստեղծման միջավայր, կարգաւորման բեռ, աշխատաշուկայի ճկունութիւն եւ գնային շեղումներ) կը չափէ այն աստիճանը, որով կանոնակարգերը կարելիութիւն  կու  տան գործարք սկսելու, մրցակցելու եւ ընդլայնուելու». Հայաստան (44րդ) Ատրպէյճան (47րդ), Թուրքիա (65րդ):
 
7) «Ենթակառոյցներու եւ շուկայի հասանելիութեան սիւնակը (հաղորդակցութիւն, ուժանիւթ, ջուր, փոխադրամիջոց, սահմանային կառավարում, բաց շուկայի ծաւալներ, ներմուծման սակագնային խոչընդոտներ եւ շուկայական շեղումներ) կը չափէ ենթակառոյցին որակը, որ կարելիութիւն կու տայ առեւտուր իրականացնելու եւ շեղումներ ապրանքներու ու ծառայութիւններու շուկային մէջ». Հայաստան (71րդ), Ատրպէյճան (72րդ) եւ Թուրքիա (50րդ):
8) «Տնտեսական որակի սիւնակը (հարկապիւտճէի կայուն զարգացում, մաքրոտնտեսական կայունութիւն, արտադրողականութիւն եւ մրցունակութիւն, տինամիզմ եւ աշխատուժի ներգրաւուածութիւն) կը չափէ, թէ որքանո՞վ է տնտեսութիւնը յագեցուած՝ կայուն հարստութեան ստեղծման համար՝ աշխատուժի լիարժէք ներգրաւմամբ». Հայաստան (83րդ) Ատրպէյճան (65րդ), Թուրքիա (71րդ):
 
9) «Կենսապայմաններու սիւնակը (նիւթական միջոցներ, սնունդ, հիմնական ծառայութիւններ, ապաստան, կապ եւ պաշտպանութիւն վնասէ) կը չափէ այն աստիճանը, որով պատշաճ կեանքի որակը ապահովուած է բոլորին կողմէ, ներառեալ նիւթական միջոցները, կացարանը, հիմնական ծառայութիւնները եւ միացուածութիւն». Հայաստան (76րդ), Ատրպէյճան (65րդ) եւ Թուրքիա (59րդ):
 
10) «Առողջապահութեան սիւնակը (վարքագծային ռիսքի գործօններ, կանխարգելիչ միջամտութիւններ, խնամքի համակարգեր, հոգեկան առողջութիւն, ֆիզիքական առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն) կը չափէ այն աստիճանը, որով մարդիկ առողջ են եւ ունին լաւ առողջութիւն պահպանելու համար անհրաժեշտ ծառայութիւններ, ներառեալ առողջական արդիւնքները, առողջապահական համակարգեր, հիւանդութիւններու եւ ռիսքի գործօններ եւ մահացութեան ցուցանիշներ». Հայաստան (68րդ), Ատրպէյճան (85րդ) եւ Թուրքիա (63րդ):
 
11) «Կրթութեան սիւնակը (մեծահասակներու հմտութիւններ, բարձրագոյն կրթութիւն, միջնակարգ կրթութիւն, նախնական կրթութիւն եւ նախադպրոցական կրթութիւն) կը չափէ ընդգրկուածութիւնը, արդիւնքները եւ որակը կրթութեան չորս փուլերուն, ինչպէս նաեւ չափահաս բնակչութեան հմտութիւնները». Հայաստան (59րդ), Ատրպէյճան (79րդ), Թուրքիա (74րդ):
 
12) «Բնական միջավայրի սիւնակը (պահպանութեան ջանքեր, օվկիանոսներ, քաղցրահամ ջուր, անտառ, երկիր եւ հող, օդի ապականութեան ազդեցութիւն եւ արտանետումներ) կը չափէ ֆիզիքական միջավայրի այն կողմերը, որոնք անմիջական ազդեցութիւն ունին մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ եւ փոփոխութիւնները, որոնք կրնան ազդել ապագայ սերունդներու բարեկեցութեան վրայ». Հայաստան (99րդ), Ատրպէյճան (149րդ) եւ Թուրքիա (86րդ):
 
Բացի անկէ, որ Հայաստան աւելի բարձր վարկանիշ ունի բարեկեցութեան ընդհանուր ցուցակի մէջ, քան Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, Հայաստան կը գերազանցէ իր երկու դրացի երկիրները վեց անուանակարգերու մէջ։ Ան երկու երկիրներէն վատ է միայն երեք անուանակարգերու մէջ, բայց աւելի լաւ է քան Ատրպէյճան, եւ աւելի վատ քան Թուրքիա՝ երեք այլ անուանակարգերու մէջ: 
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական