Թրքական Ժխտման Նոր Մարտավարութիւնը. Պաշտօնազրկել Պայտընը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար․․․
05-05-2023 14:16:27 | Հայաստան | Քաղաքական
Աւելի քան մէկ դար շարունակ իրարու յաջորդող թրքական կառավարութիւնները տարբեր հնարքներ փորձած են Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը ժխտելու համար: Անոնց բոլոր փորձերը ողորմելիօրէն ձախողած են: Թուրքիա դիւանագիտական ճնշում գործադրեց ամբողջ աշխարհի մէջ եւ տասնեակ միլիոն տոլար ծախսեց` վարձելով չափազանց սուղ լոպիիստական ընկերութիւններ` անհերքելին հերքելու համար: Ի տարբերութիւն յետ-պատերազմեան Գերմանիոյ, որ ընդունեց իր մեղքը Ողջակիզումի համար եւ հատուցեց, թրքական կառավարութիւնը, շարունակելով իր ժխտումները, ամբողջ աշխարհի տարածքին կը պիտակաւորուի իբրեւ չզղջացող ոճրագործ վարչակարգ: Թուրքիոյ համար աւելի լաւ կ՛ըլլար մաքրուիլ` ճանչնալով եւ հատուցելով 1915-ի զանգուածային յանցագործութիւններուն համար, քան յաւերժացնել իր բարբարոսական անցեալի խայտառակ ժառանգութիւնը:
Թրքական ժխտողականութեան վերջին ծիծաղելի մարտավարութիւնն է` յայտարարել, որ նախագահ Ճօ Պայտըն՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «խախտած է ԱՄՆ Սահմանադրութեան չորս յօդուածները»: Եթէ Ցեղասպանութիւնը սարսափելի թեմա չըլլար, նման մեղադրանք մը զուարճալի կ՛ըլլար: Սակայն կատակերգութիւնը այսքանով չ՛աւարտիր: Թուրք լրագրող Ուղուր Տունտարի տուած հարցազրոյցին մէջ, որ հրապարակուած է թրքական լրատուական շարք մը միջոցներու մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Շուքրու Էլեքտաղ առաջարկած է թրքական խումբերուն, որ փորձեն պաշտօնազրկել Պայտընը՝ Սպիտակ տունէն հեռանալէն ետք, թէեւ նախագահը կարելի չէ պաշտօնազրկել, երբ ան այլեւս նախագահ չէ:
Դեսպան Էլեքտաղ սահմանադրական իրաւունքի մասնագէտ չէ: Ան քոլեճի մէջ սորված է տնտեսագիտութիւն, իսկ յետոյ դարձած է դիւանագէտ: Ան ոչինչ գիտէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան մասին:
Երբ թուրք լրագրողը հարցուցած է Էլեքտաղի, թէ ինչպէ՞ս թուրքերը կրնան դատի տալ Պայտընը, քանի որ ան Օսմանեան կայսրութիւնը կը նկատէ Ցեղասպանութեան հեղինակ, այլ ոչ թէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, դեսպանը ապուշաբար նշած է, որ «գոյութիւն չունի Օսմանեան կոչուող ազգութիւն: Օսմանեանը կայսրութեան անունն է: Անոնք, որոնք հիմնած են Օսմանեան պետութիւնը, թուրքեր են եւ անոնք մեր նախահայրերն են, իսկ մենք՝ անոնց ժառանգորդները: Այսպիսով, Էլեքտաղ կ՛առաջարկէ թուրքերուն դատի տալ Պայտընը` Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութեան մէջ մեղադրելուն համար: Սակայն, քանի որ Էլեքտաղ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը կապէ Օսմանեան կայսրութեան հետ, եւ ուրեմն Թուրքիա, բնականաբար, պատասխանատու է օսմանեան յանցագործութիւններու համար:
Էլեքտաղ կեղծօրէն կը պնդէ, որ նախագահ Պայտըն խախտած է ԱՄՆ Սահմանադրութեան 6րդ յօդուածը, հինգերորդ բարեփոխումը, առաջին յօդուածը (9րդ բաժինը) եւ 14րդ բարեփոխումը:
Էլեքտաղ առաջարկած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարէ ամբողջ աշխարհին` «նախագահ Պայտըն յանցագործութիւն կատարած է` խախտելով ԱՄՆ Սահմանադրութիւնը Ապրիլ 24-եան իր յայտարարութիւններով»: Ասիկա ամբողջ հարցազրոյցին ամէնէն ծիծաղելի հատուածն է: Էրտողան, որ զանգուածային յանցագործութիւններ կատարած է Թուրքիոյ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներուն նկատմամբ, երկրագունդի վրայ վերջին մարդն է, որ կրնայ որեւէ մէկը մեղադրել յանցագործութիւն կատարելու մէջ:
Հարցազրոյցի աւարտին, Էլեքտաղ յայտարարած է, որ ինք կապ հաստատած է Ամերիկայի թրքական միութիւններու խորհուրդի (ATAA) ղեկավարներուն հետ, որոնք ըսած են իրեն, թէ կը քննարկեն նախագահ Պայտընի ուղղուած իր մեղադրանքները:
Էլեքտաղ առաջարկած է ակադեմական հետազօտութիւն կատարել՝ «ԱՄՆ նախկին նախագահը պաշտօնազրկման եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկե՞լ, թէ ոչ», անոր «սահմանադրական իրաւախախտումներուն համար»: ATAA այժմ կը ծրագրէ գիտաժողով կազմակերպել ամերիկեան համալսարաններէն մէկուն մէջ, «պատմաբաններու եւ իրաւաբաններու մասնակցութեամբ»:
Ես ստացայ ATAA-ի` նախագահ Պայտընի ուղղած նամակին պատճէնը, թուագրուած 18 Ապրիլ 2023, ուր անոր կ՛ըսուէր, որ նախորդ տարուան Ապրիլ 24-եան իր երկու յայտարարութիւնները «անտեսած են ԱՄՆ Սահմանադրութեան առնուազն չորս յօդուածները եւ բարեփոխումները»: Այսուամենայնիւ, ATAA-ի նամակը ստանալէ մէկ շաբաթ ետք, նախագահ Պայտըն 24 Ապրիլ 2023ին դարձեալ հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ՝ անտեսելով թրքական նախազգուշացումները: ATAA նախագահ Պայտընի ըսած է, որ Ապրիլ 24-եան իր երկու յայտարարութիւններուն «դրդապատճառը եղած է հայկական հզօր սփիւռքի շրջանէն ներս միայն քաղաքական ժողովրդականութիւն ձեռք բերելը»:
Իր նամակի աւարտին, ATAA կեղծօրէն պնդած է, որ տեղի ունեցած է «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու կողմէ նախաձեռնութիւն՝ ստեղծելու Միացեալ Պատմական յանձնաժողով, կազմուած պատմաբաններէ եւ իրաւաբաններէ եւ ընտրուած Անգարայի ու Էրիւանի կողմէ»:
Կ՛ուզէի քանի մը միտքեր աւելցնել թրքական խեղաթիւրումներու այս գրոհին.
Ես շատ ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ ATAA դատական հայց ներկայացնէ նախագահ Պայտընի դէմ, ինչ որ կը յանգեցնէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան հանրայնացման, ամբողջ աշխարհի մէջ: ATAA-ի իրաւաբանները հաճոյքով կը հարստանան` վարձատրուելով նման անլուրջ հայց ներկայացնելու համար:
Եթէ Էլեքտաղ իսկապէս սահմանադրական իրաւունքի փորձագէտ էր, ինչո՞ւ ան դատի չէր տուած նախագահ Ռանըլտ Ռէյկընը 1981-ին, եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը 1984-ին, երբ անոնք ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ուաշինկթընի մէջ դեսպան եղած օրերուն: Ինչո՞ւ ATAA հայցեր չէր ներկայացուցած 1975ին` Ներկայացուցիչներու պալատին, 2019ին` Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
ATAA կրնայ շատ գումար եւ ջանք խնայել`պարզապէս հարցնելով Google-ի Արհեստական բանականութեան (AI) կայքին, թէ արդեօ՞ք թուրքերը կրնան դատի տալ նախագահ Պայտընը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար: Ահա AI-ի պատասխանը.
«Ո՛չ, Պայտըն չէ խախտած Սահմանադրութիւնը` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սահմանադրութիւնը բացայայտօրէն չ՛արգիլեր նախագահին այսպիսի յայտարարութիւն ընել, եւ չկայ որեւէ նախադէպ, որ կ՛ենթադրէ, որ անիկա հակասահմանադրական կը նկատուի…: Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու համակարգուած բնաջնջումն էր Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին: Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած է մօտաւորապէս 1.5-էն 2 միլիոն հայ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկար ժամանակ հերքած է, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, սակայն կան անթիւ ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն եղածը: Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը շատոնց ի վեր ուշացած քայլ մըն էր մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկուն ճանաչման համար: Ասիկա հզօր յայտարարութիւն է Ամերիկայի յանձնառութեան մասին՝ մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան նկատմամբ»: