Պայտընի Վրայ Յարձակելու Թրքական Հերթական Փորձը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով


Պայտընի Վրայ Յարձակելու Թրքական Հերթական Փորձը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով

  • 17-05-2023 11:45:17   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Երբ Թուրքիա եւ անոր ժխտողական կեցուածքին կողմնակիցները կը պարտուին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արգելափակելու միտուած ճակատամարտին, անոնք կը դիմեն անհեթեթ յարձակումներու, ինչպէս, օրինակ՝ յայտարարելով նախագահ Պայտընը պաշտօնազրկելու իրենց ցանկութեան մասին, անոր պաշտօնավարումէն ետք. ծիծաղելի գաղափար մը, զոր բացայայտած եմ աւելի վաղ գրուած մէկ յօդուածիս մէջ:
 
Հայոց  Ցեղասպանութեան ճանաչման հակազդելու թրքական նոյնքան անյոյս մէկ այլ փորձով՝ Թրքական հակազրպարտչական  զինակցութեան  (Turkish Anti-Defamation Alliance) փաստաբան Պրուս Ֆէյն, 24 Ապրիլ 2023ին ծաւալուն նամակ մը յղած է Քոնկրեսի անդամներուն՝ բողոքելով նոյն օրը, աւելի կանուխ, նախագահ Պայտընի ըրած յայտարարութեան մասին։ 
 
Ուաշինկթըն գտնուող Bruce Fein & Associates իրաւաբանական ընկերութեան նախագահն է Ֆէյն: Տարիներու ընթացքին, ան տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է՝ աջակցելու համար Թուրքիոյ արշաւին՝ ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Ան եղած է Ամերիկայի թրքական համախմբման  գիտաշխատող, Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համաժողովի գիտաշխատող, Turkish Times  թերթի սիւնակագիր, Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան խորհրդատու, թրքական հեռատեսիլի մեկնաբան եւ Թրքական հակազրպարտչական զինակցութեան խորհրդական։ 
 
Նախքան Ֆէյնի նամակին բովանդակութեան մէջ խորանալը, կը փափաքէի երկու կարեւոր հարցում ուղղել.
 
1) Ինչո՞ւ Ֆէյն նախագահ Պայտընի դէմ բողոքած է միայն այն բանէն ետք, երբ ան ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ապրիլ 24-ին: Արդեօք ան պէտք չէ՞ իր նամակը գրէր նախքան նախագահի յայտարարութեան հրապարակումը: Ես չեմ գիտեր, թէ արդեօք Ֆէյն վարձատրուա՞ծ  է իր նամակին համար՝ իբրեւ Թուրքիոյ հակազրպարտչական զինակցութեան խորհրդական: Եթէ վարձատրուած է, ապա ուրեմն Թրքական միութիւնը վատնած է իր փողերը:
 
2) Ինչո՞ւ Ֆէյն գրած է Քոնկրեսի անդամներուն եւ ո՛չ ուղղակիօրէն նախագահ Պայտընի` բողոքելու Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան համար: Ֆէյնի նամակը աւելի քան երեք տարի ուշացած է: Ներկայացուցիչներու պալատը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 29 Հոկտեմբեր 2019ին, 405 կողմ, 11 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, իսկ Ծերակոյտը  զայն  ճանչցած է 12 Դեկտեմբեր 2019ին, միաձայն քուէարկութեամբ: Նախագահ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող իր առաջին յայտարարութիւնը ըրած է 2021ի Ապրիլ 24ին: Ո՞ւր էր Ֆէյն 2019 եւ 2021 թուականներէն ի վեր:
 
Անդրադառնալով Ֆէյնի վիճայարոյց նամակի բովանդակութեան` ան անամօթաբար գրած է, որ «Պայտընի յայտարարութիւնը գնած եւ վճարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA): Քանի որ Ֆէյն ոչ մէկ ապացոյց  ներկայացուցած է իր զրպարտչական նամակին մէջ, ANCA իրաւունք ունի դատի տալու Ֆէյնը, զրպարտութեան համար: ANCA նոյնիսկ չէ կողմնակցած Պայտընի, նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ: Այսուամենայնիւ, Ֆէյն շարունակած է. «Սակայն քաղաքականութեան մէջ ճշմարտութիւնը անօգնական է, երբ յարձակման կ՛ենթարկուի քարոզարշաւի շռայլ ներդրումներով ու ձայներով…: Հայոց Ցեղասպանութեան սուտը կը պահպանուի ANCA-ի հարուստ աջակցութեան եւ անոնց գնած քաղաքական պնակալէզներուն շնորհիւ: Արhամարհելի է, որ նախագահ Պայտըն այդքան նսեմացած է»:
 
Այնուհետեւ Ֆէյն կը շարունակէ շարք մը կեղծ յայտարարութիւններ ընել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի, ՄԱԿի եւ քանի մը գիտնականներու մասին, ինչպէս օրինակ, Փրինսթընի համալսարանի վիճայարոյց փրոֆեսըր Պեռնարտ Լուիսի, որ հակասական յայտարարութիւններ ըրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ան Աթաթուրքի անուան խաղաղութեան միջազգային մրցանակի դափնեկիր էր: ANCA զայն անուանած է «ակադեմական վարձկան»:
 
Ահա թէ Ուիքիփետիան ի՛նչ կը բացայայտէ Լուիսի մասին.
 
«Լուիսի «ժամանակակից Թուրքիոյ յառաջացումը» գիրքի առաջին երկու հրատարակութիւններուն մէջ (1961 եւ 1968) Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրուած է իբրեւ՝ «1915 թուականի սարսափելի Հոլոքոսթ, երբ զոհուեցաւ մէկուկէս միլիոն հայ»:
 
Հետագայ հրատարակութիւններուն մէջ այս գրութիւնը փոխուած է «1915ի սարսափելի կոտորածին, երբ, ըստ հաշուարկներուն, զոհուեցաւ աւելի քան մէկ միլիոն հայ, ինչպէս նաեւ անյայտ թիւով թուրքեր»:  … Լուիսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գրութեան նկարագրութեան փոփոխութիւնը եւ Քոնկրեսի բանաձեւին դէմ խնդրագիրի ստորագրումը վիճելի էին որոշ հայ պատմաբաններու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու շրջանակէն ներս, որոնք կ՛ենթադրէին, որ Լուիս  կը զբաղի պատմական ժխտողականութեամբ` ծառայելու իր քաղաքական եւ անձնական շահերուն…: 1995ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած երեք մարդոց կողմէ յարուցուած քաղաքացիական դատավարութեան ընթացքին, ֆրանսական դատարանը Քաղաքացիական օրէնսգիրքի 1382րդ յօդուածին համաձայն դատապարտեց Լուիսը՝ իր յայտարարութիւններուն համար եւ տուգանք նշանակեց՝ մէկ ֆրանքով, ապա հրամայեց վճիռը Լուիսի ծախսով հրապարակել Le Monde թերթին մէջ: Դատարանը վճռեց, որ թէեւ Լուիս իրաւունք ունի արտայայտելու իր տեսակէտները, սակայն այդ կը վնասէ երրորդ կողմին, եւ որ «միայն իր թեզին հակասող տարրեր թաքցնելով է, որ ամբաստանեալը կրցած է յայտարարել, որ «լուրջ ապացոյց» չկայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:
 
Բազմաթիւ այլ պնդումներ եղած են Ֆէյնի կողմէ իր նամակին մէջ, ինչպէս՝ «Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը կը բացառէ քաղաքական դրդապատճառներով սպաննութիւնները»: Այսպիսով, Ֆէյն կը խոստովանի, որ իսկապէս կոտորած են հայերը, բայց քաղաքական դրդապատճառներով...
 
Պնդելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դատարանի ոչ մէկ վճիռ կայացուած է` Ֆէյն հաւանաբար մոռցած էր Սթամպուլի թրքական ռազմական դատարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու դէմ արձակուած մահապատիժին մասին, 1919ին:
 
Ֆէյն նաեւ խեղաթիւրած է՝ 1919ին, բրիտանացիներու կողմէ օսմանեան առաջնորդներու աքսորումը Մալթա, զանոնք իրենց յանցագործութիւններուն համար դատելու նպատակով։ Մեծ Բրիտանիա ազատ արձակած է 144 թուրքեր, 22 բրիտանացի գերիներու հետ փոխանակման դիմաց՝ յայտարարելով, որ մէկ բրիտանացի գերին արժէ թուրքերով լեցուն ամբողջ նաւ մը։
 
Վերջապէս, Ֆէյնի «փայլուն միտք»ը կարելի է ցուցադրել՝ յղում ընելով The Hill-ի մէջ 25 Նոյեմբեր 2022ին հրապարակուած անոր ծիծաղելի յօդուածին, ուր կ՛ըսուի, որ Քոնկրեսը «կրնայ վերջ տալ Ուքրանիոյ պատերազմին․․․ Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-էն դուրս բերելու մասին օրէնք հաստատելով»։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական