Կասկածելի Գրողներ Հակահայկական Քարոզչութիւն Կը Տարածեն


Կասկածելի Գրողներ Հակահայկական Քարոզչութիւն Կը Տարածեն

  • 24-05-2023 10:57:12   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Հայերը խստօրէն կը դատապարտեն եւ կը մերժեն կասկածելի դրդապատճառներ ունեցող անհատները, որոնք միջազգային մամուլի մէջ շատ կը գրեն Հայաստանի մասին ատելութեամբ ու կեղծիքով լեցուն յօդուածներ: Այս յօդուածներուն թշնամական բովանդակութիւնը կը ստիպէ ենթադրել, որ անոնք ազնիւ կարծիքի արտայայտութիւն չեն, այլ կ՛արտացոլեն գրողներու չար նպատակները: Եթէ մտնէք armeniapedia.org կայքը եւ նայիք «ամօթի հայկական սրահ» (Armenian Hall of Shame) բաժինը, ապա կը գտնէք քանի մը հարիւր նման հակահայկական թեմաներով գրողներու անուններ:
 
Օրինակ՝ Ճէյմզ Ուիլսըն անցեալ շաբաթ յօդուած մը գրած է`«ինչո՞ւ Ֆրանսա կը փորձէ ծառայել յօգուտ Ռուսիոյ» վերնագիրով, որ տեղադրուած է «EU Reporter» կայքին մէջ:
 
Ուիլսըն յայտարարած է, որ «Ֆրանսա կը սկսի զինամթերք մատակարարել Հայաստանի: Սկիզբը անիկա կը ներառէ 50 զրահամեքենայի մատակարարում, բայց ապագային կրնան ըլլալ նաեւ ֆրանսական «Միսթրալ» երկիր-օդ հրթիռային համակարգերու մատակարարումներ»: Ասիկա զուտ ենթադրութիւն է: Ուիլսըն վկայակոչած է անյայտ արցախցի մը, որ իբր թէ հայկական հեռատեսիլի միջոցով խօսած է Հայաստան հասնող ֆրանսական զինամթերքի մասին:
 
Ուիլսըն բացայայտած է այս յօդուածը գրելու իր իրական մտադրութիւնը` յայտարարելով, որ ուքրանական եւ մոլտովական լրատուական միջոցները հաղորդած են, թէ՝ «Երեւանին մատակարարուող արեւմտեան զինուորական արհեստագիտութիւնը կրնայ օգտագործուիլ ռուսերու կողմէ՝ ուքրանական զինուած ուժերու հակայարձակման հակազդելու նպատակով»: Այս բացարձակ անհեթեթութիւն է: Ուիլսըն գրած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Սեպտեմբեր 2022ին Փարիզ կատարած իր այցելութեան ընթացքին քննարկած է հայ-ֆրանսական ռազմական համագործակցութիւնը: Եթէ նոյնիսկ ասիկա ճիշդ է, ապա ինը ամիս անց ոչ մէկ ֆրանսական փամփուշտ ուղարկուած է Հայաստան...
 
Ուիլսըն այնուհետեւ մեղադրած է Հայաստանը` «Մոսկուա ուղարկուող իրանական զինամթերքի փոխադրման իբրեւ կեդրոն ծառայելուն մէջ»: Ասոնք կեղծ լուրեր են: Մոսկուա կարիք չունի Հայաստանը օգտագործելու, նման փոխադրումներու համար:
 
Այնուհետեւ Ուիլսըն կեղծօրէն պնդած է, որ Հայաստան Ատրպէյճանի հետ բախումներու ժամանակ օգտագործած է իրանական անօդաչու սարքեր: Առանց որեւէ ապացոյց ներկայացնելու` ան պնդած է, որ Հայաստան առաքուող ֆրանսական զինամթերքը կրնայ տեղափոխուիլ Իրան: Անհաւատալիօրէն, Ուիլսըն եզրակացուցած է, որ ֆրանսական զինամթերքի առաքումները Հայաստան` «Ֆրանսան կը դնէ Իսրայէլի հետ բախման ճամբուն վրայ», Ատրպէյճանի հետ անոր ունեցած ռազմական դաշինքին պատճառով:
 
Ո՞վ է Ճէյմս Ուիլսըն եւ ինչո՞ւ այսպիսի ահաւոր բաներ կը գրէ Հայաստանի մասին: Ան պրիւքսելաբնակ անգլիացի մըն է, որ աշխատած է իբրեւ քաղաքական խորհրդատու, հիմնականին մէջ Արեւելեան Եւրոպայի յաճախորդներու համար, ըստ POLITICO-ի: Ան գրեթէ երկու տասնամեակ անցուցած է Հոնկ Քոնկի կառավարութեան մէջ: 2000ականներու կէսերուն հիմնած է MacMillan լոպիիստական խորհրդատուական ընկերութիւնը` նախ Ուքրանիոյ, ապա Պրիւքսելի մէջ: Ան Պրիւքսելի մէջ Եւրոմիութեան (ԵՄ) քաղաքական զեկոյցի (EU Political Report) հրատարակիչն ու գլխաւոր խմբագիրն է եւ 2019ին հաստատուած՝ Brussels ThinkLab-ի խորհրդատուական ընկերութեան համահիմնադիրը:
 
Մարք Սքաթ POLITICO-ի մէջ գրած է երեք մասէ բաղկացած ծաւալուն յօդուածաշարք մը, որ կը բացայայտէ Պրիւքսելի խորհրդատուներու թաքուն աշխատանքը` «Պրիւքսելի լոպիինկի ետին գտնուող կապերու ցանցը. հակառակ երկարատեւ թափանցիկութեան ճիգերուն, փուչիկին մեծ մասը կը մնայ անթափանց» վերնագրով:
 
Ահա՛ թէ ինչպէս EU Reporter-ի հրատարակիչ Քոլին Սթիւընզ ներկայացուցած է իր ընկերութիւնը YouTube-ի տեսահոլովակին մէջ. «Մեր առեւտուրի նմոյշն է` հնարաւորութիւններ առաջարկել կուսակցութիւններուն, գործարքներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, արդիւնաբերական ընկերութիւններուն, ֆինանսական հաստատութիւններուն եւ կառավարութիւններուն` օգտագործել EU Reporter-ը` ազդելու համար եւրոպական քաղաքական որոշումներու կայացման գործընթացին վրայ` հովանաւորելով լուսաբանում եւ անոնց կապուած դրական լուրերու եւ խմբագրական մեկնաբանութիւններու տեղադրում»:
 
POLITICO-ն պատասխանած է. «Բարի գալուստ ԵՄ լոպիինկի մութ աշխարհ` հանդերձաւորուած լրագրութեան հագուստով: Ըստ երեւոյթին, Սթիւընս չունի որոշակի օրակարգ կամ չ՛աշխատիր իբրեւ լոպիիստ: Բայց անոր ընկերութիւնը միջոց տրամադրած է շարք մը ընկերութիւններու եւ կառավարութիւններու` իբրեւ պարկեշտ լրատուական յօդուածներ հրապարակելու համար վճարովի բովանդակութիւն, առանց սակայն այդ կապերը բացայայտելու»:
 
EU Reporter-ի կայքին մէջ տեղադրուած են տասնեակ հակահայկական եւ ատրպէյճանամէտ յօդուածներ: POLITICO բացայայտած է, որ EU Reporter հրապարակած է «Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հովանաւորուող գրառում…:
 
Ղազախիստան եւ Ատրպէյճան երկուքն ալ ստացած են լայնածաւալ դրական լուսաբանում կայքի մէջ` հարցեր բարձրացնելով խմբագրական չափանիշներու եւ վճարովի բովանդակութեան ճիշդ նշուած ըլլալու մասին»:
 
Ահա՛ թէ ինչպէս աշխատած է ատրպէյճանամէտ քարոզչութիւնը. 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ետք, «ՄԱԿ-ի մէջ Պաքուի ներկայացուցիչը նամակ յղած է գլխաւոր քարտուղարին` պնդելով, որ ամիսներ շարունակուող պատերազմի ընթացքին Հայաստան ապաւինած է ահաբեկիչներու եւ օտարերկրեայ մարտիկներու վրայ: Անոր վկայակոչած ապացոյցներու շարքին էին EU Reporter-ի մէջ հրապարակուած յօդուածները: Յօդուածներէն մէկուն մէջ, որ գրուած էր հակամարտութեան ընթացքին, կայքը կը մեղադրէր Հայաստանը` Սուրիայէն թուրք զինեալներ տեղափոխելու մէջ` երկրին զինուած ուժերը մարզելու համար:
 
Մէկ այլ յօդուածի մը մէջ ան քննադատած է արեւմտեան լրատուական միջոցներու հաղորդագրութիւնները, որոնք կը մեղադրեն ոչ թէ Հայաստանը, այլ Ատրպէյճանը՝ օտարերկրեայ զինեալներ օգտագործելուն համար․․․: Ատրպէյճանցի երեք փորձագէտներ POLITICO-ի յայտնած են, որ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի կողմէ օտարերկրեայ զինեալներու մասին պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան, եւ որ EU Reporter-ի կողմէ հակամարտութեան լուսաբանումը զգալիօրէն կողմնորոշուած է Պաքուի տեսանկիւնէն․․․: POLITICO չէ կրցած հաստատել, թէ արդեօք Ատրպէյճան վճարա՞ծ է EU Reporter-ին, դրական լուսաբանման համար: Սթիւընզ ըսած է, որ իր կայքը կը պահպանէ լիարժէք անկախութիւն, անիկա հաւասար չափով վերաբերած է Ատրպէյճանի, եւ որ բոլոր յօդուածները նշուած են իրենց հեղինակներուն անունով…: Այսուհանդերձ, լրատուական միջոցը եւ Պաքուն ունին գրեթէ մէկ տասնամեակի վաղեմութեան կապեր», կը գրէ POLITICO:
 
EU Reporter սովորաբար իր յօդուածներուն կ՛աւելցնէ նախադասութիւն մը` նշելով. «EU Reporter կը հրապարակէ յօդուածներ արտաքին զանազան աղբիւրներէ, որոնք կ՛արտայայտեն տեսակէտներու լայն շրջանակ: Այս յօդուածներուն մէջ արտայայտուած դիրքորոշումները պարտադիր չէ, որ համընկնին EU Reporter-ի դիրքորոշումներուն հետ»: Այս ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ «թզենիի տերեւ»` ծագումով կասկածելի յօդուածներու ետին պահուըտելու համար:
 
Ես գրեցի EU Reporter-ի հրատարակիչին` հետաքրքրուելով, որ արդէօք ան վճարա՞ծ է Ճէյմզ Ուիլսընի՝ «յօդուածը» գրելուն համար, եւ եթէ այո, ապա` որքա՞ն: Զարմանալի չէ, որ մինչ օրս ոչ մէկ պատասխան ստացած եմ: 
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական