Խորհուրդ՝ Ալիեւին. Շարունակէ՛ Վարկաբեկել Ատրպէյճանի Հեղինակութիւնը


Խորհուրդ՝ Ալիեւին. Շարունակէ՛ Վարկաբեկել Ատրպէյճանի Հեղինակութիւնը

  • 08-06-2023 14:00:57   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Հակառակ անոր, որ Ատրպէյճան 2020ի արցախեան պատերազմը յաղթեց թրքական եւ իսրայէլեան զինամթերքով ու իսլամիստ վարձկան ահաբեկիչներու օգնութեամբ, նախագահ Ալիեւ կը կործանէ իր երկրին միջազգային հեղինակութիւնը:
 
Պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք, Ալիեւ իր բարբարոսական գործողութիւններով ոտնահարեց Ատրպէյճանի շահերը:
 
Հետեւանքը այն եղաւ, որ ան ինքզինք դարձուց ատելի ու մերժուած անձ, նոյնիսկ ծիծաղի առարկայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Մինչ Ռուսիա իր գիրկը առած է զայն՝ իր քաղաքական շահերուն համար, Արեւմուտքը կը հանդուրժէ զայն, որպէսզի օգտուի ատրպէյճանական նաւթէն եւ կազէն:
 
Շատ ուրախ եմ, որ Ալիեւ այսքան բացասական  բաներ կ՛ընէ ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:
 
Ալիեւեան չարագործութիւններու բազմաթիւ օրինակներ կան: Ահա՛ անոնցմէ քանի մը հատը.
 
2020ի պատերազմին, ատրպէյճանցի զինուորները կատարած են բարբարոսական գործողութիւններ, որոնք կը խախտեն միջազգային իրաւունքը, օրինակ` գերեվարուած հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու գլխատումը, անոնց մարմիններուն անդամահատումը, խոշտանգումը, գերիներուն՝ դատ-դատարանի մէջ եւ երկարաժամկէտ ազատազրկման դատապարտումը:
 
Խախտելով միջազգային համաձայնութիւնները՝ Ատրպէյճան 2020ի պատերազմի ընթացքին օգտագործած է արգիլուած քասեթային եւ ֆոսֆորային ռումբեր, հայ զինուորներ սպաննելու համար:
 
Ատրպէյճան պարբերաբար աւերած եւ աղաւաղած է հայկական մշակութային հարիւրաւոր յուշարձաններ եւ պղծած տասնեակ հայկական եկեղեցիներ Արցախի մէջ` խախտելով «զինեալ կռիւներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» Հակի համաձայնագիրը:
 
Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել՝ 2020ի պատերազմի աւարտին Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Փութինի միջեւ ստորագրուած հրադադարի պայմանագիրը: Ահա՛ քանի մը օրինակ, ինչպէս՝  բազմաթիւ հայ ռազմագերիներու ազատ չարձակելը, Արցախի մէջ խաղաղ բնակիչներու վրայ կրակելը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն որոշ հատուածներու գրաւումը, նոր հայ պատանդներ վերցնելը եւ Հայաստանին ու Արցախին՝ հետագայ յարձակումներով սպառնալը, եթէ անոնք չկատարեն Ատրպէյճանի ուզածները:
 
Ալիեւ անմարդկայնացուցած եւ սատանայի վերածած է հայերը` զանոնք բնութագրելով ստոր ածականներով, ինչպէս՝ «տզրուկներ» եւ «գազաններ»: 2005ին, գերմանական պատուիրակութեան մը այցելութեան ընթացքին, Պաքուի քաղաքապետ Հաճիպալա Ապութալիպով անոր անդամներուն անամօթաբար ըսաւ. «Մեր նպատակը հայերու լիակատար ոչնչացումն է: Դուք, նացիներդ, արդէն ոչնչացուցած էք հրեաները 1930-1940ականներուն, այդպէս չէ՞: Դուք պէտք է հասկնաք մեզ»:
 
Վերջին վեց ամիսներուն, Ալիեւ տասնեակ կեղծ բնապահպան գործիչներ ուղարկած  է Լաչինի միջանցքը փակելու համար՝ տեղւոյն 120 հազար արցախցիները զրկելով սնունդէ եւ դեղամիջոցներէ: Այսպէս կոչուած՝ բնապահպանները սակայն, աւելի նման էին ահաբեկիչներու: Այնուհետեւ, Ատրպէյճան անցակէտ տեղադրեց Լաչինի միջանցքը՝ աւելի եւս  խախտելով 2020ի համաձայնագիրը:
 
Բացի այս, Ատրպէյճան նաեւ պարբերաբար կ՛անջատէ Արցախի բնակչութեան համացանցն ու ելեկտրականութիւնը` սառնամանիքի պայմաններու տակ եւս արցախցիները պահելով մեկուսացուած, մթութեան մէջ եւ առանց ջերմութեան:
Պարզ տարանցիկ ճամբու փոխարէն, Ատրպէյճան բազմիցս կը պահանջէ միջանցք` Ատրպէյճանի արեւելեան հատուածէն Նախիջեւան անցնելու համար, ինչ որ կ՛ենթադրէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւն Հայաստանի տարածքին` խախտելով 2020ի համաձայնագիրը: Պնդելով միջանցքին վրայ` Ալիեւ փաստացիօրէն կը յետաձգէ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի մուտքը՝ Նախիջեւան:
 
Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» է: Ասիկա կատարեալ անհեթեթութիւն է: Մինչ Արցախն ու Հայաստանը հազարամեայ պատմութիւն ունին` Ատրպէյճան նոյնիսկ մէկ դար առաջ գոյութիւն չունէր:
 
Ալիեւ ծիծաղելի խոստում մը տուած է՝ ըսելով, որ արցախցիները ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ պիտի ապրին այնպէս, ինչպէս կ՛ապրին իր երկրի բոլոր միւս քաղաքացիները, որոնք սակայն նոյնպէս ճնշուած են: Արցախցիները լա՛ւ կը յիշեն Ատրպէյճանի բարբարոսական դաժան վերաբերումը իրենց հանդէպ: Ներկայ շրջափակումը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ատրպէյճանցիք ապագային որքան աւելի վատ պիտի վերաբերին իրենց հետ:
 
Ալիեւ բազմիցս կոչ կ՛ընէ Հայաստանի՝ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար Ատրպէյճանի հետ: Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած որեւէ համաձայնագիր անիմաստ թուղթի կտոր է, ինչպէս որ կը տեսնենք՝ 2020ի համաձայնագիրին կապուած, Ալիեւի կողմէ իրագործուող խախտումներէն:
 
Իրավիճակը աւելի եւս վատթարացնելով` ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի խօսնակ Մեթիւ Միլըր ողջունեց Ալիեւի խայտառակ յայտարարութիւնը այն մասին, որ ինք համաներում պիտի տայ Արցախի այն բոլոր պաշտօնեաներուն, որոնք հրաժարական կու տան: Մինչդեռ  Միլըր պէտք է դատապարտէր Ալիեւի անընդունելի սպառնալիքները Հայաստան եւ Արցախ ներխուժելու մասին:
 
Ալիեւ մերժած է համաշխարհային բազմաթիւ առաջնորդներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, Համաշխարհային դատարանին եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին պահանջները` ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները եւ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը:
 
2020ի պատերազմէն ետք, Ատրպէյճան Պաքուի մէջ հիմնեց ցեղապաշտական «ռազմական աւարի պուրակ»` ցուցադրելով հայ զինուորներու մոմէ մոտելները` կեռ քիթերով եւ աղաւաղուած դէմքերով: Միջազգային հանրութեան բողոքներէն եւ դատապարտումներէն ետք ցուցահանդէսը փակուեցաւ:
 
Փետրուար 2004ին, ատրպէյճանցի զինուորական Ռամիլ Սաֆարով Հունգարիոյ մէջ ՆԱԹՕի ծրագիրով ուսուցման ընթացքին կացինով կտրեց քնացած հայ զինուորին գլուխը: Ատրպէյճանի կողմէ Հունգարիոյ քանի մը միլիառ տոլար վարկ տալու դիմաց, Սաֆարով ժամանակէն առաջ ազատ արձակուեցաւ` հասկնալով, որ ցմահ բանտարկութեան մնացած մասով պատիժը կը կրէ Պաքուի բանտին մէջ: Սակայն, Ալիեւ Սաֆարովը ընդունեց իբրեւ ազգային հերոս, անոր ներում շնորհեց, տուաւ գնդապետի կոչում, ձրի բնակարան եւ 8 տարուան չվճարուած ամսականը: Ասիկա Ատրպէյճանի հատուցումն է Սաֆարովի` սառնասիրտ  սպաննութիւն կատարելուն համար:
 
Պատերազմական բոլոր այս յանցագործութիւններուն հետեւանքով, Ալիեւ վարկաբեկեց իր եւ Ատրպէյճանի հեղինակութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ: Միջազգային քրէական դատարանը պէտք է ձերբակալէ զայն եւ դատապարտէ իբրեւ պատերազմական յանցագործ:
 
Հակառակ Ալիեւի այպանելի գործողութիւններուն, համաշխարհային տէրութիւնները կը շարունակեն փակել իրենց աչքերը՝ անտեսելով անոր բազմաթիւ յանցագործութիւնները, կուրցած ըլլալով Ատրպէյճանի նաւթով ու կազով:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական