Փաշինեան Կը Մերժէ Հրաժարական Տալ` Հակառակ Իր Ժողովրդականութեան Կտրուկ Անկումին․ Յարութ Սասունեան


Փաշինեան Կը Մերժէ Հրաժարական Տալ` Հակառակ Իր Ժողովրդականութեան Կտրուկ Անկումին․ Յարութ Սասունեան

  • 14-06-2023 14:48:32   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Վերջերս Հայաստանի մէջ երկու հարցախոյզ կատարուած է` մարդոց հնարաւորութիւն տալով արտայայտել իրենց տեսակէտները տարբեր հարցումերու, որոնց շարքին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան կտրուկ անկման մասին:
 
Առաջին հետազօտութիւնը կատարուած է 23 Յունուարէն 4 Մարտ  2023-ի միջեւ, Հարցումներու հետազօտութեան կեդրոնի կողմէ, որ  Ուաշինկթընի մէջ գործող Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (IRI) նախագիծն է: Այս գիտական հետազօտութիւնը, որ հիմնուած է Հայաստանի բնակչութեան պատահական ընտրանքի վրայ, ֆինանսաւորուած է ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կողմէ:
 
Հարցում. «Ձեր կարծիքով, արդեօք Հայաստան ճի՞շդ, թէ՞ սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ»: 52 տոկոսի կարծիքով` սխալ ուղղութեամբ (2018ի 11-14 տոկոսի համեմատ, երբ Փաշինեան առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան), 36 տոկոսի կարծիքով` ճիշդ ուղղութեամբ (2018ի 72-73 տոկոսի համեմատ):
 
Հարցում. «Որքանո՞վ գոհ էք կամ դժգոհ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ընթացքէն»: 17 տոկոսը գոհ է, 46 տոկոսը` դժգոհ, 35 տոկոսը` փոփոխութիւն չի տեսներ:
 
Հարցում. «Որքանո՞վ հետաքրքրուած էք քաղաքականութեամբ»: 43 տոկոսը` շատ կամ որոշ չափով հետաքրքրուած է, 57 տոկոսը` ընդհանրապէս կամ որոշ չափով հետաքրքրուած չէ:
 
Հարցում. «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ բնակչութեան շրջանին մէջ տիրող տրամադրութիւնը»: 44 տոկոսը կարծիք յայտնած է, թէ ապագան աւելի լաւ կամ որոշ չափով աւելի լաւ կ՛ըլլայ, 55 տոկոսը` անապահովութիւն, անհանգստութիւն եւ վախ ապագայի հանդէպ, այլեւ լիակատար հիասթափութիւն եւ հաւատքի բացակայութիւն, որեւէ բարելաւման նկատմամբ:
 
Հարցում. «Ո՞ր քաղաքական կամ հասարակական գործիչին կը վստահիք ամէնէն աւելի»: 64 տոկոսը` ոչ մէկուն, 14 տոկոսը` Նիկոլ Փաշինեանի, 3 տոկոսը` Արարատ Միրզոյեանի, 2 տոկոսը` Ռոպերթ Քոչարեանի, միւսներուն` 2 տոկոսը:
 
Հարցում. «Ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքին կու տայիք ձեր ձայնը, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունենային յառաջիկայ Կիրակի»: 47 տոկոսը` չէր քուէարկեր կամ կը մերժէ պատասխանել կամ չի գիտեր, 17 տոկոսը իր ձայնը կու տար «Քաղաքացիական պայմանագրին», 5 տոկոսը` «Հայաստան» դաշինքին, 4 տոկոսը` «Հանրային ձայն» կուսակցութեան, 2 տոկոսը` «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, 2 տոկոսը` ՀՅԴին, միւսներուն` 1 տոկոս իւրաքանչիւրին:
 
Հարցում. «Որքանո՞վ գոհ կամ դժգոհ էք հետեւեալ հաստատութիւններէ»: Հայ Առաքելական եկեղեցի, 54 տոկոսը` շատ կամ որոշ չափով գոհ է, 40 տոկոսը` շատ կամ որոշ չափով դժգոհ է: Վարչապետի աշխատակազմ` 38 տոկոս գոհ է (2018ի 82-85 տոկոսի համեմատ), 61 տոկոսը` դժգոհ (2018ի 13-17 տոկոսի համեմատ):
 
Հարցում. «Ի՞նչ կը կարծէք՝ վերջին վեց ամիսներու ընթացքին հետեւեալ ոլորտներէն իւրաքանչիւրի ուղղութեան մասին»:
 
Խօսքի ազատութիւն, 56 տոկոսը` շատ կամ որոշ չափով բարելաւուած է (2018ի 73-83 տոկոսի համեմատ), 18 տոկոսը` շատ նահանջած կամ որոշակիօրէն նահանջած է (2018ի 3-6 տոկոսի համեմատ), 26 տոկոսը` փոփոխութիւն չկայ (2018ի 19 տոկոսի համեմատ): Արտաքին քաղաքականութիւն, 37 տոկոսը` շատ կամ որոշ չափով բարելաւուած է (նոյնը, ինչպէս 2019ին),  33 տոկոսը` չափով մը նահանջած կամ շատ նահանջած է (2019ի 17 տոկոսի համեմատ), 26 տոկոս` ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ (2019ի 39 տոկոսի համեմատ): Հայաստանի քաղաքականութիւնը Արցախի Հարցով` 10 տոկոսը` շատ կամ որոշակիօրէն բարելաւուած է (2019ի 32 տոկոսի համեմատ), 69 տոկոսը` շատ նահանջած կամ որոշակիօրէն նահանջած է (2019ի 18 տոկոսի համեմատ), 18 տոկոսը` ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ (2019ի 45 տոկոսի համեմատ):
 
Կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութիւնը` 43 տոկոսը` բարելաւուած է (2018ի 82 տոկոսի համեմատ), 22 տոկոսը` նահանջած է (2018ի 2 տոկոսի համեմատ), 32 տոկոսը` ոչ մէկ փոփոխութիւն (2018ի 14 տոկոսի համեմատ):
 
Հարցում. «Ձեր կարծիքով ո՞րն է կառավարութեան ամէնէն մեծ յաջողութիւնը վերջին 6 ամիսներու ընթացքին»: 43 տոկոսը` չկայ, 21 տոկոսը` չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել, 6 տոկոսը` դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացումը, ուրիշ մանր հարցեր:
 
Հարցում. «Ձեր կարծիքով ո՞րն է կառավարութեան ամէնէն մեծ ձախողութիւնը վերջին 6 ամիսներու ընթացքին»: 21 տոկոսը` չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել, 15 տոկոսը` Լաչինի միջանցքի փակումը, 9 տոկոսը` արցախեան հիմնահարցի տապալումը, 8 տոկոսը` Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը եւ սահմանային հարցեր, 7 տոկոսը` տարածքներու կորուստը, ուրիշ մանր հարցեր:
 
Հարցում. «Ինչե՞ր պէտք է ընէ Փաշինեանի կառավարութիւնը յառաջիկայ 6 ամիսներու ընթացքին». 23 տոկոսը` բանակի պայմաններու բարելաւում, 22 տոկոսը` Հայաստանի ազգային անվտանգութեան եւ սահմաններու պաշտպանութիւն, 16 տոկոսը` աշխատատեղերու ստեղծում, 15 տոկոսը` խաղաղութեան հաստատում, 13 տոկոսը` Լաչինի միջանցքի բացում, 13 տոկոսը՝ Արցախի Հարցի հայանպաստ կարգաւորում:
 
Հարցում. «Ի՞նչ չափով հարց է կաշառակերութիւնը»: 73 տոկոսը` շատ մեծ կամ չափով մը մեծ հարց, 25 տոկոսը` ոչ մեծ հարց, շատ փոքր կամ խնդիր չկայ:
 
Հարցում. «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի եւ... յարաբերութիւնները»: 96 տոկոսը` Ֆրանսայի (շատ լաւ կամ որոշ չափով լաւ), 91 տոկոսը` Իրան, 88 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներ, 86 տոկոսը` Եւրոպական միութիւն, 84 տոկոսը` Չինաստան, 80 տոկոսը` Վրաստան, 50 տոկոսը` Ռուսիա, 44 տոկոսը` Ուքրանիա, 23 տոկոսը` Թուրքիա, 4 տոկոսը` Ատրպէյճան: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները 2018ի 87-92 տոկոս լաւ գնահատականէն նուազած է մինչեւ 50 տոկոս` 2023ին: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները 2018ի 1-11 տոկոս լաւ գնահատականը 2023ին հասած է 23 տոկոսի, մինչդեռ Հայաստանի քաղաքացիներու 75 տոկոսը յարաբերութիւնները վատ կը  համարէ (2018ի 85 տոկոսի համեմատ):
 
Երկրորդ հարցախոյզը տեղի ունեցած է Մայիս 2023ին, Gallup Internationalի հետ փոխ կապակցուած Marketing Professional Groupի կողմէ: Ասիկա գիտական հետազօտութիւն է` հիմնուած Հայաստանի բնակչութեան պատահական ընտրանքին վրայ:
 
Հարցում. «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Նիկոլ Փաշինեանի՝ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալը»: 3.8 տոկոսը` միանշանակ դրական, 5.4 տոկոսը` գրեթէ դրական, 63.4 տոկոսը` ոչ դրական, 18.5 տոկոսը` գրեթէ բացասական, 8.9 տոկոսը` դժուարացած է պատասխանել:
 
Հարցում. «Կը կարծէ՞ք, որ արցախահայերը իբրեւ ցեղային փոքրամասնութիւն կրնան գոյութիւն ունենալ Ատրպէյճանի մէջ»: 2.8 տոկոսը` այո, 5.6 տոկոսը` գրեթէ  այո, 77.7 տոկոսը` ոչ, 8.7 տոկոսը` գրեթէ ոչ, 5.1 տոկոսը՝ դժուարացած է պատասխանել:
 
Հարցում. «Այս դատողութիւններէն ո՞ր մէկուն հետ համաձայն էք»: Փաշինեան կը փորձէ վարել հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ հետ` 32.8 տոկոս, Փաշինեան կը փորձէ Հայաստանը համարկել Եւրոպայի, Արեւմուտքի եւ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներուն` 20.5 տոկոս, Փաշինեան նպատակ ունի Հայաստանը մօտեցնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ` 14.7 տոկոս, Փաշինեանի գործողութիւնները ուղղուած են դուրս մղելու Ռուսիան Հայաստանէն` 12.9 տոկոս, 19 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել:
 
Հարցում. «Հաշուի առնելով Հայաստանի ներքաղաքական եւ արտաքին մարտահրաւէրները, արդեօք անհրաժե՞շտ է իրականացնել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ եւ կազմել նոր կառավարութիւն»: 41 տոկոսը պատասխանած է` միանշանակ անհրաժեշտ է, 18.9 տոկոսը՝ գրեթէ անհրաժեշտ է, 12.2 տոկոսը` գրեթէ  անհրաժեշտ չէ, 19.5 տոկոսը` անհրաժեշտ չէ, 8.5 տոկոս` դժուարացած է պատասխանել:
 
Հարցում. «Թուրքիա իր դժգոհութիւնը յայտնեց Երեւանի մէջ Նեմեսիսի արձանի տեղադրման կապուած եւ իբրեւ առաջին քայլ՝ փակած է իր օդային տարածքը հայկական թռիչքներու համար: Ի՞նչ կը կարծէք, պէ՞տք է արդեօք ՀՀ կամ քաղաքային իշխանութիւնները տուրք տան Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ քանդեն Նեմեսիսի հերոսներուն նուիրուած յուշարձանը»: 82.5 տոկոսը` միանշանակ ոչ, 7.7 տոկոսը` գրեթէ ոչ, 2.6 տոկոս` միանշանակ այո, 3.5 տոկոսը` գրեթէ այո, 3.5 տոկոսը` դժուարացած է պատասխանել:
 
Հարցում. «Մասնակցա՞ծ էք արդեօք 2018ի յեղափոխութեան»: 2023ի հետազօտութեան մէջ 62.6 տոկոսը` ոչ, 37.4 տոկոսը` այո: 2018ի հետազօտութեան մէջ 91 տոկոսը` այո, 9 տոկոսը` ոչ:
 
Հարցում. «Ըստ Ձեզի,  ճի՞շդ էր արդեօք ցուցարարներու կողմէ ճամբաներու եւ խաչմերուկներու փակումը` եւ երթեւեկութեան միջոցներու տեղաշարժման սահմանափակումը»: 2023ի հետազօտութեան մէջ 44.5 տոկոսը` այո, 50.8 տոկոսը` ոչ: 2018 թուականի հետազօտութեան մէջ` 87.1 տոկոսը` այո, 8.7 տոկոսը` ոչ:
 
Հարցում. «Յեղափոխութենէն անցած է հինգ տարի: Այս ընթացքին որքանո՞վ արդարացած են ձեր սպասումները»: 2023ի հետազօտութեան մէջ 3.8 տոկոսը` ամբողջութեամբ արդարացան, 21.5 տոկոսը` որոշ չափով արդարացան, 18 տոկոսը` որոշ չափով չարդարացան, 52.1 տոկոսը` չարդարացան: 2018ի հետազօտութեան մէջ 14.4 տոկոսը` ամբողջութեամբ  չարդարացան, 64.2 տոկոսը` որոշ չափով արդարացան, 7.6 տոկոսը` որոշ չափով չարդարացան, 10.9 տոկոսը` չարդարացան: 
 
Հարցում. «Գնահատեցէք վարչապետ Փաշինեանի գործելաոճը»: 2023ի հետազօտութեան մէջ 5.4 տոկոսը` լիովին դրական, 13.4 տոկոսը` գրեթէ դրական, 24.2 տոկոսը` գրեթէ  բացասական, 47.1 տոկոսը՝ բացասական, 10 տոկոսը` դժուարացած է պատասխանել: 2018ի հետազօտութեան մէջ 45.4 տոկոսը` դրական, 46.2 տոկոսը` գրեթէ դրական, 3.9 տոկոսը` գրեթէ բացասական, 2.4 տոկոսը` բացասական:
 
Մենք բոլորս ունինք մեր անձնական կարծիքները, սակայն կարեւոր է գիտնալ, թէ Հայաստանի քաղաքացիները ի՞նչ կը մտածեն այս հարցումերուն մասին: 2018-էն մինչեւ 2023 անոնց  ընկալման մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց` Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական