Ռուս-Իսրայէլցի Պլոկըրի Համարձակ Ջանքերը՝ Աջակցելու Հայաստանին եւ Արցախին


Ռուս-Իսրայէլցի Պլոկըրի Համարձակ Ջանքերը՝ Աջակցելու Հայաստանին եւ Արցախին

  • 26-06-2023 12:50:40   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Վերջերս Armenian Mirror-Spectator-ի մէջ կարդացի շատ կարեւոր յօդուած մը, ուր Արամ Արքուն հարցազրոյց կատարած է ռուս-իսրայէլցի պլոկըր Ալեքսանդր Լափշինի հետ, որ ներկայիս շրջագայութեան մէջ է Գանատա եւ Միացեալ Նահանգներ: Ան արդէն  հանդիպումներ ունեցած է  հայերու հետ՝ 3 Յունիսին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ, իսկ 11 Յունիսին` Նիւ Եորքի մէջ: Ան նաեւ հանդիպած է Human Rights Watch-ի, Amnesty International-ի եւ Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի հետ՝ անոնց տեղեկացնելու Արցախի մէջ տիրող ծանր իրավիճակի մասին:
 
Լափշին ծնած է Ռուսիա եւ 13 տարեկանին տեղափոխուած է Իսրայէլ։ Կինը Մոլտովիայէն է եւ Իսրայէլ տեղափոխուած է 14 տարի առաջ։ Այսուամենայնիւ, 2017էն ի վեր ան տակաւին կը սպասէ, որ Իսրայէլի քաղաքացի դառնայ։
 
2011էն 2016 Հայաստան կատարած իր բազմաթիւ այցելութիւններուն ընթացքին, ան երեք անգամ մեկնած է Արցախ: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը զայն ձերբակալելու հրաման տուած է եւ Պելառուսէն պահանջած է զայն ուղարկել Պաքու՝ Հայաստանէն «Ատրպէյճանի սահմանը ապօրինի հատելու»ն համար։ 2017ին Պելառուս զայն արտայանձնած է Ատրպէյճանի, ուր «ան դատապարտուած էր երեք տարուան ազատազրկման, սակայն Սեպտեմբերին անոր ներում շնորհած են եւ ինքնաթիռով ուղարկած Իսրայէլ, ինչպէս ինք կը  ներկայացնէ, բանտին մէջ չորս դիմակաւորուած մարդոց կողմէ սպաննութեան փորձէ ետք։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, սակայն, յայտարարած է, որ ան փորձած է անձնասպան ըլլալ», զեկուցած է Արքուն:
 
Լափշին ըսաւ, որ Իսրայէլի Անվտանգութեան գործակալութիւնը բազմիցս յորդորած է զինք՝ դադրեցնել աջակցիլ Հայաստանի, քանի որ «Ատրպէյճանը մեր դաշնակիցն է»։ Անոր խորհուրդ տուած են նաեւ ետ քաշել Ատրպէյճանի դէմ իր բողոքները Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն եւ ՄԱԿ-էն։ Լափշին պատասխանած է. «Ո՛չ, ոչ մէկ պարագայի։ Ես պիտի երթամ մինչեւ ծայր եւ պիտի յաղթեմ»։
 
21 Մայիս 2021ին, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը յօգուտ Լափշինի վճիռ կայացուց ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ սպաննութեան փորձի, խոշտանգումներու եւ ապօրինի ազատազրկման մեղադրանքով։ Սակայն Ատրպէյճան մերժեց անոր վճարել 30 հազար եւրօ փոխ հատուցում։ «Միեւնոյն ատեն, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու կոմիտէն 19 Յուլիս 2022ին բանաձեւ մը ընդունեց՝ դատապարտելով Պելառուսիոյ իշխանութիւնները՝ Լափշինը ապօրինի ձերբակալելու եւ զայն Ատրպէյճանին արտայանձնելու համար», գրած է The Mirror։
 
Լափշին Mirror-ին ըսաւ, որ իր քննադատութիւններուն պատճառով չի կրնար այցելել Ռուսիա եւ նախկին խորհրդային երկիրներ՝ «բացի Հայաստանէն», սակայն աւելցուց. «Ես պարզապէս ըսի՝ բացի Հայաստանէն, բայց ո՞վ գիտէ։ Հայաստան կը գտնուի Ռուսիոյ մեծ ազդեցութեան տակ»։
 
«Լափշին կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ Ատրպէյճանի կողմէ Մարդկային իրաւունքներու խախտումներու դէմ իր սեփական դատին, սակայն պատրաստ է օգնելու նաեւ Հայաստանի։ Ան ըսաւ, որ հասկցած է՝ «աւելի լաւ կ՛ըլլայ ինծի, իմ ընտանիքին եւ մեր ապահովութեան համար մէկ կողմ ձգել այդ եւ շարունակել մեր հին կեանքը»: Այսուամենայնիւ, ան շարունակեց. «Ես պարզապէս չեմ կրնար դադրեցնել այն, ինչ որ կ՛ընեմ յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի, քանի որ Հայաստանի մէջ շատ ընկերներ ունիմ։ Անոնցմէ մէկ քանին զոհուած են ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին։ Իրականութեան մէջ, ես կը սիրեմ այս երկիրը, ուստի Հայաստանի մէջ ես ինքզինքս կը զգամ իմ երկրորդ տան մէջ», կը հաղորդէ Արքուն։ Լափշինի խօսքերով՝ «Վեց միլիոն հրեայ սպաննուեցաւ Ողջակիզումի ժամանակ։ Իրականութեան մէջ շատ հայեր աջակցած են հրեաներուն եւ փրկած անոնց կեանքը: Այսպիսով, ես նոյնը կը զգամ»:
 
Լափշին Mirror-ի ըսաւ. «Ի հարկէ, ես ոչ մէկ աջակցութիւն կը ստանամ Հայաստանի կառավարութենէն»: Աւելի՛ն, այն փաստը, որ Հայաստան՝ կանգնած ըլլալով գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ, կը փորձէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել ինչպէս Ատրպէյճանի, այդպէս ալ Թուրքիոյ հետ, կարծես թէ բարդ դրդապատճառներ կը ստեղծէ։ «Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ որոշ քաղաքական գործիչներ փորձեցին զիս համոզել, որ զայն մէկ կողմ ձգեմ՝ քաղաքական ինչ-ինչ պատճառներով։ Ինչ որ ես կ՛ընեմ Ատրպէյճանի դէմ, կերպով մը, առումով մը կը հակասէ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան ազգային շահերուն…: Ուստի, այս կռուի մէջ ես զիս քիչ մը մինակ կը զգամ, բայց այս անգամ, բարեբախտաբար, ունիմ շատ ընկերներ, երկուքն ալ հայ ընկերներ եւ ամերիկացի եւ եւրոպացի ընկերներ, որոնք իրականութեան մէջ կ՛աջակցին ինծի»։
 
«Հայաստան գտնուելու ժամանակ Լափշին հանդիպած է (Պաքուի) բանտին մէջ  բռնաբարութեան ենթարկուած քանի մը նախկին ռազմագերիներու եւ փորձած է համոզել զանոնք՝ երթալու հետը ԱՄՆ եւ Եւրոպա՝ ցուցմունք տալու այս մասին, սակայն, Լափշինի խօսքերով, անոնք անյարմար կը զգային իրենց հետ կատարուածին մասին բացայայտօրէն խօսելու՝ մեկնած հայկական ընկերային չափանիշներէ կամ մշակոյթէ», զեկուցեց Արքուն։ Նախկին հայ ռազմագերիները Լափշինի ըսած են. «խիստ նախազգուշացումներ եղած են Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւններու կողմէ, որ իրենք չշփուին լրագրողներու կամ իրաւապաշտպաններու հետ։ Կարելի է ենթադրել, որ եթէ այս ճիշդ է, ապա ուրեմն պայմանաւորուած է Հայաստանի ներկայ անորոշ իրավիճակով, որ ամէն ինչ կ՛ընէ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակունակ նոր պատերազմէ մը խուսափելու համար»։
 
Լափշին յայտնեց Mirror-ի, որ ԱՄՆ հրէական համայնքի անդամները չեն աջակցիր Հայաստանի համար իր իրաւապաշտպան գործունէութեան։ Անոնք ըսած են. «Ինչի՞դ է պէտք Ատրպէյճանի հետ գործ ունենալ, քանի որ Ատրպէյճանը իրականութեան մէջ Իսրայէլի դաշնակիցն է։ Կը հասկնանք, որ դուն վատ  փորձառութիւն  ունեցած ես Ատրպէյճանի հետ, բայց, այսուամենայնիւ, պէտք է համաշխարհային մտածել։ ասիկա զուտ քաղաքականութիւն է։ Այն, ինչ դուն կ՛ընես Ատրպէյճանի դէմ, կը հակասէ Իսրայէլի ազգային շահերուն»։
 
Լափշին ափսոսանք յայտնեց, որ ամերիկեան «հայկական համայնքը այդքան պառակտուած է եւ թոյլ»։ «Կայ անվստահութիւն Հայաստանի կառավարութեան եւ միմեանց նկատմամբ», ըսաւ ան, եւ այս իրավիճակը ստիպեց, որ ան հոգեպէս ընկճուած զգայ», զեկուցեց Արքուն:
 
«Եթէ մէկը կը փափաքի զիս հրաւիրել իրաւապաշտպաններու կամ քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումներու, նոյնիսկ պետական մակարդակով, ես աւելի քան ուրախ կ՛ըլլամ», ըսաւ  Լափշին Արքունի: Թորոնթոյէն եւ Նիւ Եորքէն ետք ան պիտի մեկնի Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Սաքրամենթօ, Լաս Վեկաս, Սիէթըլ, Փորթլէնտ, Տալաս, Մայամի եւ հաւանաբար Շիքակօ, ինչպէս նաեւ Վանգուվըր, Գանատա։ Այս տարուան վերջաւորութեան ան կը նախատեսէ կրկին այցելել Հայաստան։ Սակայն  աւելցուց, որ քաղաքական անկայուն իրավիճակի պատճառով՝ «Ես երբեք չեմ կրնար գիտնալ, թէ արդեօք ինծի կ՛արտօնե՞ն մուտք գործել Հայաստան»։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական