Արդարամիտ Հրեաները Կը Դիմեն Իսրայէլի՝ Լաչինի Միջանցքի Բացման Աջակցելու Համար


Արդարամիտ Հրեաները Կը Դիմեն Իսրայէլի՝ Լաչինի Միջանցքի Բացման Աջակցելու Համար

  • 17-08-2023 12:19:01   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
Իւրաքանչիւր ազգի մէջ կան հայամէտ եւ հակահայ անհատներ․ հրեաները եւս բացառութիւն չեն: Կան հրեաներ, որոնք կ՛աջակցին մեզի, եւ կան անոնք, որոնք դէմ են մեզի: Մենք պէտք չէ որ բոլորը ընդհանրացնենք եւ նոյն չափով չափենք։ Հայեր պէտք չէ իւրաքանչիւր հրեայի հետ վերաբերին իբրեւ հակառակորդ միայն այն պատճառով, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միլիառաւոր տոլարներու զէնք կը ծախէ Ատրպէյճանի։
 
Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի քննադատելու Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ հակահայ հրեաները։  2015ին,  ես  խստօրէն  դատապարտած  եմ  Իսրայէլի  կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը իմ դասախօսութեան ժամանակ, իսրայէլեան համալսարանին մէջ: Դասախօսութենէն ետք, ես հանդիպեցայ Իսրայէլի նախագահ Ռիւվեն Ռիվլինի եւ անոր ըսի, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը, որուն սեփական ժողովուրդը ցեղասպանութեան զոհ եղած է, պէտք է առաջին երկիրը ըլլայ, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ ոչ թէ վերջինը։ Նախագահ Ռիվլին ինծի ըսաւ, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ մեղադրեց վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն՝ զայն ժխտելուն համար:
 
Վերջերս ստացայ խումբ մը արդարամիտ իսրայէլցիներու զոյգ նամակներու պատճէններ, զորս անոնք յղած էին իրենց երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ խնդրելով անոնց միջամտութիւնը Ատրպէյճանի մօտ՝ Լաչինի միջանցքը բանալու համար:
 
Առաջին նամակը յղուած էր Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոhէնի, 15 Յունուար 2023ին, խնդրելով անոր օժանդակութիւնը կանխելու «լուրջ մարդասիրական ճգնաժամը եւ մարդկային կորուստները»՝ կապուած Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման։ Նամակը ստորագրող 17 նշանաւոր հրեաներ, որոց շարքին՝ ռապպիներ, լրագրողներ եւ մտաւորականներ, գրած են. «Մենք կը կարծենք, որ Դուք՝ Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարը, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ձեր գործընկերներուն հետ ունեցած կապերու միջոցով կրնաք օգնել խուսափելու այս ծանր մարդասիրական ճգնաժամէն։
 
Ուստի, կը  խնդրենք անյապաղ դիմել անոնց՝ աշխատելու Լաչինի միջանցքի շրջափակումը վերացնելու ուղղութեամբ»։ 
 
Երկրորդ նամակը յղուած է 11 Օգոստոս 2023ին, Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի, որ վերջերս այցելած էր Ատրպէյճան։
 
Նամակագիրները անկէ  խնդրած են «անձնական կոչով դիմել Ատրպէյճանի ձեր գործընկերներուն եւ պահանջել անոնցմէ անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը»։ Նամակի 35 նշանաւոր հրեայ ստորագրողները, որոնց շարքին՝ ռապպիներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, կառավարութեան նախկին նախարար եւ Քնեսեթի անդամ, ճարտարապետներ եւ գիտնականներ, գրած են. «Իսրայէլի պետութիւնը սերտ կապեր ունի Ատրպէյճանի  հետ՝ պետութիւն, որ պատասխանատու է այս ճգնաժամին համար, եւ ունի զայն լուծելու կարողութիւն: Այս կապերը կը պարտաւորեցնեն Իսրայէլի պետութիւնը յստակ դիրքորոշում ունենալու եւ ձեռքերը ծալած չնստելու…: Այն օգնութիւնը, որ մենք (Իսրայէլը) տրամադրած ենք (Ատրպէյճանի) կը  նշանակէ, որ մենք յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրենք քովէն դիտող չըլլալու, ինչպէս նաեւ մեզի կարեւոր հնարաւորութիւն կու տայ դրական ազդեցութիւն ունենալու համար։ Մենք չենք կրնար լռել, յատկապէս հայ ժողովուրդին հետ մեր ունեցած պատմական եւ բազմաշերտ կապերու լոյսին տակ»:
 
Այս նամակներէն բացի, Իսրայէլի հարիւրաւոր հրեաներ եւ հայեր բողոքի քանի մը արարք իրականացուցած են  2020ի արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ ետք։ Բողոքի արարքներէն մէկը եղած է Թել Աւիւի մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց՝ քննադատելով իսրայէլեան զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին։ Բողոքի արարքի  մասնակիցներէն մէկ քանին  արեան բիծերով  ներկուած տրոններու մոտելներ բռնած են իրենց ձեռքերուն մէջ «Արտադրուած է Իսրայէլի մէջ» գրութեամբ։
 
Ավիտան Ֆրիտման, Yanshoof կազմակերպութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ կը զբաղի մարդկային իրաւունքները խախտողներուն իսրայէլեան զէնքի վաճառքը դադրեցնելու աշխատանքով, 13 Օգոստոս 2023ին The Times of Israel-ի մէջ յօդուած մը հրապարակած է՝ «Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը մեր պատասխանատուութիւնն է․ ահա՛, թէ ինչու» վերնագիրով: Ան գրած է. «Իսրայէլ 2016էն 2020 Ատրպէյճանի մատակարարած է իր զէնքի 69 տոկոսը: 2020ին, արցախեան պատերազմի ժամանակ, իսրայէլեան բարձրաստիճան զինուորական աղբիւրը կը պնդէր, որ «Ատրպէյճան չէր կրնար շարունակել իր գործողութիւնը այս մակարդակով, առանց մեր աջակցութեան»։ Ֆրիտման եզրափակած է իր խօսքը այսպէս. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ  մարդասիրական  ճգնաժամը կարելի դարձած է Իսրայէլի աջակցութեամբ…: Ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուող ռազմական աջակցութիւնը եւ հրեայ ժողովուրդին պատմական ու բարոյական կապը հայ ժողովուրդի հետ կը միանան՝ ստեղծելով բարոյական յստակ պատասխանատուութիւն։
 
Իսրայէլ պէտք է բարոյական դիրքորոշում ցոյց տայ եւ կոչ ընէ Ատրպէյճանի՝ անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը»։
 
Որոշ հրեաներու շրջանակին մէջ հայանպաստ համակրանքներու խորութիւնը ցոյց տալու համար, կ՛ուզեմ մէջբերել վերը նշուած նամակները ստորագրողներէն մէկուն՝ դոկտոր Իսրայէլ Չարնիի խօսքը։ Ան Երուսաղէմի մէջ գործող Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէնն է եւ «Իսրայէլի անյաջող պատասխանը Հայոց Ցեղասպանութեան» գիրքի հեղինակը։ 2009ին, Չարնին եւ զիս հրաւիրած էին ելոյթ ունենալու Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ: Քանի որ Չարնի հիւանդութեան պատճառով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, ան գրաւոր ներկայացուց իր  ելոյթը։ Ահա՛ հատուած մը անկէ. «Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան մէջ խաղաղութեան համար ոչ պակաս մարտնչող Շիմոն Փերես, այժմ Իսրայէլի նախագահ, այդ ատեն Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած, երկու անգամ նկատելիօրէն շեղուեցաւ  իր  ճամբայէն՝  նախատելու  համար Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու յիշատակը»։
 
2001ին, Չարնի խիստ նամակ յղեց Փերեսի. «Դուք անցած եք բարոյականութեան սահմանը, որ ոչ մէկ հրեայ պէտք է թոյլ տայ ինքզինքին խախտել զայն…: Որպէս հրեայ եւ իսրայէլցի՝ ես կ՛ամչնամ, որ Դուք  այժմ  մտած էք Հայոց Ցեղասպանութեան իսկական ժխտման շրջանակ, որ համեմատելի է Հոլոքոսթի ժխտման հետ»:
 
Ի պատասխան 2002ին Փերեսի «յատկապէս անարգական» ժխտման՝ դոկտ. Չարնի անոր յղած է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի մէջ լոյս տեսած խմբագրականներէս մէկը՝ հետեւեալ գրառմամբ. « Ձեր ուշադրութեան համար ես մեծ անհանգստութեամբ կը կցեմ ամերիկահայ յառաջատար թերթի խմբագրականը, որ կոչ կ՛ընէ Հայաստանի՝ վռնտել Իսրայէլի դեսպանը (Ռիվքա Քոհենը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելէն ետք)։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար․ այս խմբագրականին հեղինակը, որ ԱՄՆ-ի մէջ  «Միացեալ հայկական հիմնադրամ»ի ղեկավարն է, որ համեմատելի է մեր «Միացեալ հրէական կոչ»ին հետ, երկար տարիներ եղած է Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի պատուիրակ»:
Հայերը պէտք է աջակցին իրենց բարեկամներուն եւ քննադատեն հակառակորդները՝ անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն։
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Մամլո հաղորդագրություն