ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Ապաշնորհ Գործողութիւնները Աւելի Շատ Վնաս Տուին, Քան Օգուտ


ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Ապաշնորհ Գործողութիւնները Աւելի Շատ Վնաս Տուին, Քան Օգուտ

  • 24-08-2023 10:57:32   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը բաղկացած է 15 անդամ պետութիւններէ, որոնցմէ  հինգը՝ Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան, Չինաստանը, Ռուսիան եւ Ֆրանսան մնայուն անդամներն են եւ ունին վեթոյի իրաւունք, իսկ մնացած տասն կ՛ընտրուին երկու տարի ժամկէտով՝ յաջորդական (rotation) կարգով:
 
Ապահովութեան խորհուրդի լիազօրութիւնները կը ներառեն խաղաղապահ գործողութիւններու հաստատումը, միջազգային պատժամիջոցներու սահմանումը եւ ռազմական գործողութիւններու արտօնումը։ Ասիկա ՄԱԿ-ի միակ մարմինն է, որ իրաւասու է՝ անդամ պետութիւններու մասին պարտադիր բանաձեւեր ընդունելու:
 
Ապահովութեան խորհուրդը, նման լայն յանձնառութիւններով, ՄԱԿ-ի այն ճիշդ մարմինն է, որ պէտք է զբաղի Արցախի 120 հազար հայերու նկատմամբ Ատրպէյճանի շրջափակումով, որ կրնայ զանոնք մատնել սովի՝ իրավիճակը յանգեցնելով ցեղասպանութեան՝ ըստ ՄԱԿ-ի այդ եզրոյթի սահմանման:
 
Ցաւօք, Ապահովութեան խորհուրդի նկատմամբ իր սխալ մօտեցման պատճառով, Հայաստանի կառավարութիւնը փախցուց այս բացառիկ կարելիութիւնը՝ հասնելու ՄԱԿ-ի մարմինի կողմէ բանաձեւի ընդունման, որով կոչ պիտի կատարուէր Ատրպէյճանի՝ անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը, հակառակ պարագային խիստ պատժամիջոցներ ձեռք առնելու պայմանով։
 
Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած խնդրագիրը քննարկելու ճիշդ ճամբան պիտի ըլլար այն, որ Հայաստան պատրաստէր բանաձեւի նախագիծի գրութիւն, հանդիպէր բոլոր 15 անդամներուն հետ եւ փորձէր համոզել, որ անոնք համաձայն գտնուին առաջարկուող բանաձեւին: Քանի որ Արցախի շրջափակումը կը շարունակուի ութ ամիսէ ի վեր, ուրեմն Հայաստանի կառավարութիւնը բաւական ժամանակ ունէր գործը աւարտին հասցնելու համար։
 
Առանց որեւէ նախապատրաստութեան, Ապահովութեան խորհուրդին դիմելը եւ դրական արդիւնք ակնկալելը անիրատեսական է եւ դատապարտուած՝ ձախողումի։ 15 անդամ պետութիւններու դեսպանները միշտ նախնական ցուցմուքներ կը ստանան իրենց արտաքին գործերու նախարարութիւններէն, թէ ի՛նչ պէտք է ըսել ՄԱԿ-ի նիստերուն, եւ եթէ կայ առաջարկուող բանաձեւի նախապէս պատրաստուած գրութիւնը, անոնց կ՛ըսուի, թէ ինչպէ՛ս պէտք է քուէարկեն: Նիստի ժամանակ տեղւոյն վրայ ոչինչ կ՛որոշուի եւ որեւէ գործողութեան կարելի չէ ձեռնարկել, այնքան ատեն, որ նախօրօք համաձայնութիւն չէ գոյացած:
 
Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է գիտնար այս  հիմնական  փաստերը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկէր, առաջ որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին խնդրանքով դիմէր՝ յաջող արդիւնք ապահովելու համար։ Հետեւաբար, նախապատրաստական  նման աշխատանքներու  բացակայութեան  պայմաններու մէջ, զարմանալի չէ, որ Ապահովութեան  խորհուրդը  ոչ  մէկ  բանաձեւ  ընդունեց,  որպէսզի նախազգուշացնէր  Ատրպէյճանը, թէ՝ խիստ  պատժամիջոցներ  պիտի   կիրարկուին   իրեն դէմ, եթէ անմիջապէս չբանայ Լաչինի միջանցքը։
 
Նիստի ընթացքին բոլոր 15 անդամ պետութիւնները հանդէս եկան ելոյթներով, որոնցմէ շատերը կոչ ըրին Ատրպէյճանի՝ շրջափակումէ դուրս բերել Լաչինի միջանցքը եւ խնդիրը լուծել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։ Ֆրանսայի դեսպանը հանդէս եկաւ Հայաստանի համար ամէնէն բարենպաստ ելոյթով, իսկ Ռուսիոյ դեսպանին խօսքերը հիասթափեցնող էին։ Երբ նիստը աւարտեցաւ, բոլորը ոտքի կանգնեցան եւ առանց բանաձեւ ընդունելու եւ Արցախի շրջափակման հարցը լուծելու՝ լքեցին դահլիճը։ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք Ապահովութեան խորհուրդի անդամ չեն, կրկնեցին Լաչինի միջանցքին մասին իրենց բազմաթիւ կեղծիքները՝ հերքելով ամբողջ աշխարհին համար արդէն իսկ ակնյայտ փաստերը։ Ինչո՞ւ Հայաստանը, Թուրքիոյ յայտարարութիւններուն հակազդելու համար, չէր դասաւորած Կիպրոսի կամ Յունաստանի մասնակցութիւնը  նիստին՝ ի պաշտպանութիւն իր դիրքորոշման:
 
Ցաւօք, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները գերադասեցին հետապնդել իրենց նեղ ազգային շահերը, քան փորձել փրկել 120 հազար սովահար արցախահայերու կեանքը՝ այսպիսով հրաժարելով իրենց մարդասիրական պատասխանատուութենէն եւ վարկաբեկելով Միացեալ ազգերի կազմակերպութեան սկզբունքայնութիւնը։ Խայտառակութիւն է, որ Ապահովութեան խորհուրդը նոյնիսկ չփորձեց աջակցիլ Լաչինի միջանցքի բացման անհրաժեշտութեան մասին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի երկու որոշումներուն։
 
Այս առիթով Նիւ Եորք մեկնած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատշաճ ելոյթ ունեցաւ՝ կոչ ընելով Ապահովութեան խորհուրդին՝ «հանդէս գալ իբրեւ  ցեղասպանութեան կանխարգիլման, այլ ոչ թէ ցեղասպանութեան ոգեկոչման մարմին, որուն համար գուցէ շատ ուշ ըլլայ»։ Միրզոյեան խնդրեց, որ ՄԱԿ Արցախ ուղարկէ կարիքներու գնահատման միջ-գերատեսչական առաքելութիւն, որ անտեսուեցաւ։ Այսուհանդերձ, ան չկրցաւ պահանջել, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրամայէ Ատրպէյճանի՝ բանալ Լաչինի միջանցքը, այլապէս, հակառակ պարագային, պատժամիջոցներ կիրարկել անոր դէմ, եթէ չկատարէ պահանջը։ Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նեղութիւն չկրեց՝ Պաքուէն Նիւ Եորք թռչելու, որովհետեւ  քաջ  գիտէր,  որ  ՄԱԿ-ի  նիստին  ոչինչ  տեղի  պիտի  ունենայ։
 
Ատրպէյճանի դեսպանը կեղծօրէն յայտարարեց, թէ՝ քանի որ Արցախը իր երկրի տարածքին մէկ մասն է, հետեւաբար կրնայ ընել ինչ որ կ՛ուզէ, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու։ Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ ան ամբողջութեամբ սխալ է։ Մարդկային իրաւունքներու խախտումները համընդհանուր հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն։ Այդ խախտումները լրջօրէն կը մտահոգեն աշխարհը եւ որեւէ երկրի մը ներքին գործը չեն։
 
Թէեւ քանի մը դեսպաններ յորդորեցին Ատրպէյճանը բանալու Լաչինի միջանցքը, սակայն, ցաւօք, այդ խնդրանքները պարզապէս մնացին «ձայն բարբառոյ յանապատի»: Ատրպէյճան անտեսեց այդ բոլոր խնդրանքները այնպէս, ինչպէս մերժած է քանի մը պետութիւններու ղեկավարներու, արտաքին գործոց նախարարներու, Եւրոպական միութեան, Եւրոպական խորհուրդի, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի, Համաշխարհային դատարանի եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նմանատիպ յորդորները: Խօսքերը անիմաստ են առանց գործողութեան։
 
Իր դէմքը փրկելու համար, Փաշինեան ՄԱԿ-ի նիստէն ետք ըսաւ հայերուն, որ այժմ ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Ատրպէյճան, հակառակ իր հերքումներուն, կ՛արգելափակէ Լաչինի միջանցքը։ Այս անիմաստ յայտարարութիւն մըն է, քանի որ բոլորը արդէն գիտեն, որ միջանցքը արգելափակուած է։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին նպատակը այդ չէր։ Նպատակը եղած էր համապատասխան բանաձեւի մը ընդունումը եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառումը։ Հայաստան չկրցաւ իրականացնել այդ կարեւոր նպատակը։ 
 
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը շատ աւելին էր, քան կորսուած կարելիութիւն մը Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Նախ՝ բարձրացնելով, ապա ի դերեւ հանելով հայերուն ակնկալիքները այն մասին, որ Ապահովութեան խորհուրդը կը վերցնէ շրջափակումը, աւելի ե՛ւս բարոյալքեց համայն աշխարհի հայերը: Շատ աւելի նախընտրելի կ՛ըլլար այն, որ Հայաստան որեւէ քայլի չձեռնարկէր, փոխանակ այսպիսի կիսատ-պռատ փորձ մը ընելու, ինչ որ աւելի մեծ վնաս հասցուց:
 
Անցեալ շաբաթուան ձախողած նիստէն ետք, ատրպէյճանցի պաշտօնեաները ապրեցան պարծանք, որ ՄԱԿ-ի մէջ ոչ ոք կը հաւատայ Հայաստանի «անհիմն մեղադրանքներուն», ինչ որ յանգեցուց որոշում չկայացնելու հետեւանքին։ Ցաւօք, Ատրպէյճան ներկայիս աւելի՛ քան երբեք քաջալերուած է՝ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ աւելի՛ յարձակունակ քայլերու  դիմելու՝ քաջ գիտակցելով, որ աշխարհի մէջ ոչ ոք կը ձեռնարկէ Ատրպէյճանի դէմ որեւէ քայլի։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական