Փաշինեան Կ՛անարգէ Ամէն Բան, Որ Սրբութիւն Է Հայ Ժողովուրդին Համար
30-08-2023 14:11:29 | Հայաստան | Քաղաքական
Չկայ օր մը, որ անցնի առանց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոպիտ մէկ նոր սխալին։
Ահա՛ թէ ինչ կ՛ըլլայ, երբ դեղին մամուլի լրագրողը կը յայտնուի իշխանութեան ղեկին։ Հայերուն մեծ մասը, կուրցած նախկին ղեկավարներու հանդէպ ունեցած բացարձակ հակակրանքէն, սկիզբը զայն գրկաբաց ընդունեց:
Բարեբախտաբար, Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը կտրուկ անկում ապրած է՝ հինգ տարի առաջուան 80 տոկոսէն անցեալ ամիս նուազելով մինչեւ 13 տոկոս: Տարիներու ընթացքին հայաստանեան տարբեր հարցախոյզներ կը վկայեն անոր վարկանիշի շարունակական անկման մասին: Այսուամենայնիւ, ան կը մնայ իշխանութեան ղեկին եւ կը մերժէ հրաժարական տալ, յատկապէս 2020ի պատերազմին իր աղէտալի սխալ կառավարումէն ետք, ինչ որ յանգեցուց Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասի կորուստին եւ հազարաւոր հայ զինուորներու մահուան ու վիրաւորման։
Փաշինեան այնքան սխալներ թոյլ տուած է, որ դժուար է բոլորը նշել։ Անոր ամենամեծ սխալը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալն էր, ատով իսկ անարգելով նահատակուած եւ վիրաւոր հազարաւոր հայ զինուորներու զոհաբերութիւնը։ Ան իրաւունք չունէր Արցախը Ատրպէյճանին «նուիրելու», քանի որ Արցախի Հանրապետութեան տարածքը Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասութեան ներքոյ չէր։
Փաշինեանի բազմաթիւ այլ կոպիտ սխալներու շարքին են՝ 2021ի նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին օդին մէջ մուրճ ճօճելը, քաղաքական մրցակիցներու գլուխները ջարդելու եւ զանոնք ասֆալթին փռելու սպառնալիքը։ Այնուհետեւ, ան արհամարհեց հայերու վաղեմի պաշտամունքը Արարատ լեռան նկատմամբ եւ քննադատեց Հայաստանի երկու ամէնէն նուիրական պետական խորհրդանիշները՝ զինանշանը եւ օրհներգը:
Տակաւին վերջերս Փաշինեան դժգոհեցաւ 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրէն՝ սկզբնական փաստաթուղթէն, որ ճամբայ հարթած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման համար՝ եօթը տասնամեակի համայնավարական իշխանութենէն ետք։ Ան սխալմամբ յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրը հակամարտութիւններ հրահրած է ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ինչ որ կը հակասէ իր «խաղաղութեան օրակարգ»ին:
Անկախութեան հռչակագիրին մէջ յղում եղած է 1989ի վերամիաւորման մասին որոշման, որ ընդունուած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի օրէնսդիր մարմիններու կողմէ։ Հոն ամրագրուած է նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «սատար կը կանգնի՝ 1915ին, Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»։ Հետագային, Հայաստանի Սահմանադրութիւնը յղում կատարած է Անկախութեան հռչակագիրին։
Անցեալ շաբաթ, Անկախութեան հռչակագիրի 33րդ տարեդարձին կապակցութեամբ, Փաշինեան յայտարարեց. «Հռչակագիրի գրութեան քննական վերլուծումը ի ցոյց կը դնէ, որ մենք ի վերջոյ ընտրած ենք այնպիսի խօսոյթ եւ բովանդակութիւն, որոնց հիմքին դրուած է մեզ Խորհրդային Միութեան մաս դարձուցած բանաձեւը. խօսքը տարածաշրջանային միջավայրի հետ հակադիր խօսոյթի մասին է, որ կը միտէր մեզ անընդհատ կռիւներու մէջ պահել մեր դրացիներուն դէմ»:
Փաշինեան սխալ մեկնաբանեց Անկախութեան հռչակագիրը Խորհրդային Միութենէն՝ իբրեւ «մեզ Խորհրդային Միութեան մաս դարձուցած բանաձեւ»։ Անոր թիւր բացատրութիւնը ճիշդ հակառակն է գրութեան մէջ իրողապէս նշուածին։
Փաշինեան շարունակեց առաջ մղել իր անիրատեսական եւ պարտուողական «խաղաղութեան օրակարգ»ը՝ Հայաստանի յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ կարգաւորելու համար։ Ան կարծես թէ չի հասկնար, որ խաղաղութիւն մուրալը խաղաղութեան չի յանգեցներ: Ասիկա աւելի շատ ուղղակի նուաստացման եւ պատերազմի բանաձեւ է։ Մինչ կուրօրէն խաղաղութեան մղուելով՝ ան հակասեց ինքզինք՝ յայտարարելով, որ Ատրպէյճան ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ արցախահայութեան դէմ։ Ինչպէ՞ս կրնան ցեղասպանութիւնն ու խաղաղութիւնը գոյակցիլ։
Փաշինեանի բազմաթիւ քննադատութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ ան դէմ է անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր խորհրդանիշներուն եւ արժէքներուն։ Անոր վերջնական նպատակն է բաւարարել Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ ոչնչացնելով Արցախի մասին բոլոր յիշատակումները եւ հրաժարելով Թուրքիայէն Ցեղասպանութեան պահանջներ հետապնդելէ:
Այդ ընթացքին Փաշինեան ամբողջութեամբ մոռցած է 2020ի պատերազմէն ետք Պաքուի մէջ կալանաւորուած եւ խոշտանգումներու ենթարկուած տասնեակ հայ ռազմագերիները։ Ան ոչ միայն որեւէ գործողութեան չի ձեռնարկեր զանոնք ազատելու համար, այլեւ նոյնիսկ չի յիշատակեր անոնց մասին։ Այս անոր ձախողութեան հետեւանքն է, որովհետեւ ան չկրցաւ հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր ռազմագերիները միեւնոյն ժամանակի մէջ փոխանակման, ինչպէս նշուած էր 2020ի անոնց համաձայնագիրին մէջ։ Փոխարէնը, պատերազմէն անմիջապէս ետք, Փաշինեան ազատ արձակեց բոլոր ատրպէյճանցի գերիները՝ փոքրաթիւ հայ գերիներու դիմաց։
Աւելին, Ատրպէյճան Արցախի մեծ մասը բռնագրաւելէ ետք նաեւ գրաւեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէկ մասը։
Փաշինեան որեւէ ջանք չգործադրեց հակառակորդը հոնկէ հեռացնելու համար։ Հայաստանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը վարչապետի առանցքային պարտականութիւններէն է։
Փաշինեանի ապահովութեան պաշտօնեաները կը լռեցնեն բոլոր անոնք, որոնք համաձայն չեն անոր պարտուողական «խաղաղութեան ծրագիր»ին՝ անոնք ըլլան Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ։ Հայ Դատի կողմնակից հայրենասէր հայերուն եւ ոչ հայերուն կ՛արգիլուի այցելել Հայաստան, իսկ Հայաստանի բնակիչները կը հալածուին եւ կը ձերբակալուին, եթէ կը համարձակին բողոքել Փաշինեանի դէմ կամ քննադատել զայն։ Միեւնոյն ժամանակ, թուրք ժխտողականները եւ ծայրայեղական գորշ գայլերու անդամները ազատ են շրջելու Հայաստանի մէջ եւ վիրաւորելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, Երեւանի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ:
Ասիկա ճիշդ հակառակն է այն բանին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ ժողովրդավարական երկիր մը, ուր խօսքի ազատութիւնը ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքն է։ Ցաւօք, ժողովրդավարութիւն ու ժողովրդավարական ազատութիւններ հաստատելու յաւակնութեամբ իշխանութեան եկած անձը լրիւ հակառակը ըրած է։ Ամբողջ իշխանութիւնը եւ որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւնները կեդրոնացած են մէկ մարդու ձեռքը. ան ոչ ոքի հետ կը խորհրդակցի եւ ոչ ոքի մտիկ կ՛ընէ։ Փաշինեանի բռնատիրական որոշումներու հարցով ո՛չ նախարարները, ո՛չ Ազգային ժողովը, ո՛չ նախագահը, ո՛չ ալ դատարանները ըսելիք ունին։