Արդարամիտ Հրեաները Կը Յորդորեն Ատրպէյճանամէտ Ռաբբիները, Որ Ջնջեն Պաքուի Մէջ Նախատեսուած Համաժողովը


Արդարամիտ Հրեաները Կը Յորդորեն Ատրպէյճանամէտ Ռաբբիները, Որ Ջնջեն Պաքուի Մէջ Նախատեսուած Համաժողովը

  • 22-09-2023 12:34:29   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Երկու շաբաթ առաջ խմբագրական մը գրած էի՝ դատապարտելով եւրոպացի ատրպէյճանամէտ ռաբբիները՝ իրենց համաժողովը Պաքուի մէջ գումարելու ծրագիրին առիթով։ Կարճ ժամանակ անց, հաճելիօրէն զարմացայ՝ ելեկտրոնային նամակ մը ստանալով՝ հիմնականին մէջ 18 նշանաւոր հրեաներէ, որոնց շարքին՝ ութ արդարամիտ ռաբբիներ, որոնք կը դատապարտէին Ատրպէյճան կատարուելիք այցը եւ կոչ կ՛ընէին ջնջել զայն։
 
Մեծն Բրիտանիոյ գլխաւոր ռաբբի սըր Էֆրեմ Միրվիսի ուղղուած նամակին մէջ 18 ստորագրեալները գրած էին. «Մենք անկեղծօրէն կը ձգտինք երկխօսութիւն սկսիլ Ձեզի հետ՝ բողոքելու համար Եւրոպայի ռաբբիներու համաժողովի որոշման դէմ եւ ապահովելու, որ այս համաժողովը տեղի չունենայ երկրի մը մէջ, որ այնքան կը հակասէ յուդայականութեան հիմնական արժէքներուն եւ Թորայի ուսմունքներուն»: Նամակին մէջ մէջբերուած են Հարվըրտի համալսարանի փրոֆեսըր Ճէյմզ Ռասըլի վերջերս գրուած խօսքերը. «Մարդեր սպաննելու համար փամփուշտներ են պէտք, բայց անտարբերութիւնն է, որ կը քաշէ բլթակը»։
 
Նամակին մէջ նկարագրուած է «Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր աղէտը», որ  յառաջացած  է Ատրպէյճանի  կողմէ  Լաչինի  միջանցքի  շրջափակման հետեւանքով, միջանցք, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան է, այսպիսով սովամահութեան վտանգին ենթարկելով 120 հազար արցախահայեր։ Նամակին մէջ նաեւ արձանագրուած է, որ Ատրպէյճան աշխարհի վրայ «լայնօրէն ճանչցուած է՝ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու պաշտպանութեան առումով իբրեւ ամէնէն ցած վարկանիշներէն մէկը ունեցող երկիր»։
 
Արդարամիտ հրեաներու այս խումբը գրած է. «Մենք տխուր ենք, որ հանրայայտ այս կազմակերպութիւնը, որ ամբողջ Եւրոպայի մէջ կը ներկայացնէ բազմաթիւ հրեաներ, Պաքուն ընտրելով իր համաժողովին վայրը՝ կ՛աջակցի Ատրպէյճանի կառավարութեան, փոխանակ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքներ, ապրելով ու շնչելով Շոայի դասերով՝ «այլեւս՝ երբե՛ք»: Թէեւ մենք կ՛ընդունինք եւ կը գնահատենք հրեաներու ազատութիւնը Ատրպէյճանի մէջ, սակայն այն փաստը, որ այդ նոյն տարրական իրաւունքները չեն տարածուիր երկրի այլ փոքրամասնութիւններու եւ կրօններու վրայ,  մեզի  կը  պատճառէ  անհանգստանալու  առիթ՝  թէ որքա՞ն ժամանակ հրեաները կը յաջողին ազատութիւն վայելել մահմետական աշխարհի բռնապետական կառավարութեան մը ներքոյ...: Հակառակ միջազգային բազմաթիւ բողոքներու եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կոպտօրէն անտեսած են շրջափակումը վերցնելու կոչերը՝ արհամարհելով Նոյեմբեր 2020ին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ Լաչինի միջանցքով անարգել երթեւեկութեան մասին ստորագրուած համաձայնագիրը»։
 
Նամակը ստորագրած են՝ Թամար Ֆայն, Սեդա Համբարձումեան, Ճաշ Քըրք, Պենճըմին Նաում, ռաբբի Աւիտան Ֆրիտմըն (Yanshoof-ի տնօրէն), փրոֆեսըր Իսրայէլ Չարնի, դոկտոր Օտեթ Սթէյնպըրկ, ռաբբի Տէյվիտ Ռոզըն, Ճէյմզ Ռ. Ռասըլ (Հարվըրտի համալսարանի Մաշտոցի  անուան  հայագիտական  ամբիոնի պատուաւոր փրոֆեսըր), Սքաթ Ճէյսըն, Լեռնիկ Ճէյսըն, Մայքըլ Սթոն, ռաբբի Եհոշուա Էնկըլմըն, ռաբբի Թայսըն Հըրպըրկըր (Կրօնի եւ կրօնական կրթութեան օգնական-փրոֆեսըր, Հարաւարեւելեան Նորվեկիոյ համալսարան), ռաբբի Շիմոն Պրէնտ, ռաբբի Ըրվինկ «Եից» Կրինպըրկ, ռաբբի Խայիմ Սէյտլըր Ֆելըր եւ ռաբբի Ալանա Սուսքին»:
 
Իսրայէլ Վ. Չարնիի եւ ռաբբի Աւիտան Ֆրիտմընի անջատօրէն տարածած միացեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ատրպէյճանի համար, այս Քոշերի վկայականէն  գարշահոտութիւն կու գայ»։ Անոնք բացատրած են, որ եւրոպացի 50 ռաբբիները, որոնք գրած են Հայաստանի ղեկավարներուն՝ բողոքելով հայերու կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրարկման դէմ, «կ՛օգտագործուին Ատրպէյճանի կողմէ՝ աշխարհին ապացուցելու համար կառավարութեան քոշերական  վկայագիրը եւ փակելու աշխարհի ականջները տառապեալներու ճիչերուն դէմ»։
 
Երուսաղէմի Հոլոքոսթի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Չարնի եւ Երուսաղէմ բնակող մանկավարժ ու ուղղափառ ռաբբի Ֆրիտմըն յայտարարած են. մենք «ամէնէն պարզ լեզուով կ՛ըսենք, որ մեր կարծիքով, այս ռաբբիական նամակը կը խեղաթիւրէ փաստերը, սխալ կը հասկնայ Հոլոքոսթի բարոյական հիմնական նշանակութիւնը եւ զանց կ՛առնէ հրէական բարոյագիտութեան գլխաւոր սիւնը»:
 
Չարնի եւ Ֆրիտմըն այնուհետեւ ատրպէյճանամէտ ռաբբիներուն պարզաբանած են Հոլոքոսթ եւ ցեղասպանութիւն եզրոյթներու իսկական  իմաստը. «Ցեղասպանութեան հանրագիտարանին մէջ «հոլոքոսթ» բառը օգտագործուած է 1909 թուականի Հայկական հոլոքոսթին անդրադառնալու համար, եւ նոյնիսկ աւելի կանուխ՝ այլ համանման գրութիւններու մէջ, իսկ «ցեղասպանութիւն» բառը ստեղծած է լեհ հրեայ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքին, 1942 թուականին, նկարագրելու համար այն յանցագործութիւնը, որ կատարուած էր հայ ժողովուրդի դէմ Թուրքիոյ կողմէ, իսկ յետոյ իրագործուած՝ ընդդէմ հրեաներու, Գերմանիոյ կողմէ։ Հանրագիտարանին մէջ թեմայի վերաբերեալ գրառումը կ՛աւարտի հետեւեալ եզրակացութեամբ. «Բառը (հոլոքոսթ) պատմականօրէն կը պատկանի բոլոր մարդոց տառապանքներուն եւ, ի հարկէ, անիկա հիմք չէ դարձած ուրիշ ժողովուրդի մը տառապանքը բացառելու համար»:
 
Չարնի եւ Ֆրիտմըն նկարագրած են ատրպէյճանամէտ ռաբբիներու «պնդումը այն մասին, որ մարդկային տառապանքի որեւէ ժամանակակից համեմատութիւն՝ Հոլոքոսթի սուրբ յիշատակի պղծում է,  եւ թէ  հրեայ ժողովուրդի տառապանքներուն նսեմացումը՝ ինքնին Հոլոքոսթի յիշատակի անհեթեթ պղծում է»:
 
Չարնի եւ Ֆրիտմըն բացատրած են, որ «Եւրոպացի ռաբբիներու նամակը անարգական կերպով զէնք դարձուցած է Հոլոքոսթի յիշատակը, որպէսզի կարելի ըլլայ զանգուածային տառապանք պատճառել: Ի վերջոյ, այս ռաբբիները չեն ժխեր, որ 120 հազար արցախցիներ սովամահութեան վտանգի տակ են՝ Ատրպէյճանի կողմէ կիրարկուող շրջափակման պատճառով։ Անոնք չեն ժխտեր, որ Ատրպէյճան զանգուածային սովը կ՛օգտագործէ իբրեւ քաղաքական շահի մարտավարութիւն։ Բայց լռեցնելով Ատրպէյճանի գործողութիւններուն մասին հայկական քննադատութիւնը, անոնք «Հոլոքոսթի խաղաքարտ»ը անարգաբար կ՛օգտագործեն քաղաքական նպատակներով»։
 
Չարնի եւ Ֆրիտմըն եզրափակած են իրենց յայտարարութիւնը այսպէս. «Այս ռաբբիներուն որոշումը՝ իրենց ձայնը բարձրացնելու  ի նպաստ  ճնշողի, կը պղծէ Հոլոքոսթի յիշատակը եւ հրէական արժէքները: Ապաշխարութեան  այս ժամանակաշրջանի ոգիով մենք կոչ կ՛ընենք Եւրոպայի ռաբբիներու  համաժողովին կամ առնուազն  ռաբբիական խիղճի առանձին անդամներուն՝ բարոյական քաջութիւնը ունենալ՝ յիշելու իրենց ռաբբիական պարտականութիւնը եւ հրաժարելու իրենց որոշումէն»:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝  Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական