Արցախի Կորուստէն Ետք Փաշինեան Պէտք Է Չեղեալ Յայտարարէ 2020ի Համաձայնագիրը
11-10-2023 12:04:14 | Հայաստան | Քաղաքական
10 Նոյեմբեր 2020ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համաձայնագիր ստորագրեցին արցախեան պատերազմի զինադադարի վերաբերեալ։
Զինադադարը սովորաբար կը նշանակէ, որ պատերազմող կողմերը կը դադրեցնեն մարտերը՝ կանգ առնելով իրենց զբաղեցուցած դիրքերու վրայ։ Տարօրինակ է, բայց 2020ի զինադադարի համաձայնագիրի պարագային, Հայաստան Ատրպէյճանի յանձնեց մեծ հողատարածքներ, ուր ոչ մէկ ատրպէյճանցի զինուոր ոտք դրած էր, օրինակ՝ Աղտամի, Քարվաճառի եւ Լաչինի շրջանները, բայց ոչ Միջանցքը։
Ուստի, 2020ի համաձայնագիրը աւելի շատ յանձնատուութիւն էր Հայաստանի համար, քան զինադադար։ Ահա՛ ատոր հետեւանքով յառաջացած հարցերը.
1. Փաշինեան Ատրպէյճանի հետ զինադադարի համաձայնագիրը կնքելու պատճառ չունէր, քանի որ պատերազմը ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ էր։ Ո՛չ Հայաստան, ո՛չ ալ Ատրպէյճան պատերազմ յայտարարած էին միմեանց դէմ։
2. Փաշինեան լիազoրութիւն չունէր Ատրպէյճանին յանձնելու այն տարածքները, որոնք կը պատկանէին ոչ թէ Հայաստանի, այլ`Արցախի։
3. 2020ի համաձայնագիրով ժամկէտներ սահմանուած էին Հայաստանի, բայց ոչ Ատրպէյճանի համար՝ իրականացնելու տարբեր պարտաւորութիւններ, օրինակ՝ տարածքներու տարհանում եւ ռազմագերիներու փոխանակում։ Հայաստանի կառավարութիւնը անխոհեմաբար անմիջապէս յանձնեց բոլոր ատրպէյճանցի գերիները, մինչդեռ Ատրպէյճան ազատ արձակեց միայն փոքրաթիւ հայ գերիներ։ Երեք տարի անց, տասնեակ հայ բանտարկեալներ կը շարունակեն տանջուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ։ Փաշինեան ոչ միայն ջանք չի գործադրեր այդ բանտարկեալները վերադարձնելու համար, այլեւ նոյնիսկ չի խօսիր անոնց մասին։
4. 2020ի համաձայնագիրով Լաչինի միջանցքը՝ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, 12 Դեկտեմբեր 2022ին բռնի ուժով եւ անօրինական կերպով գրաւուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, թէեւ զայն պէտք է վերահսկէին ռուս խաղաղապահները։
5. 2020ի համաձայնագիրը պարտաւորեցուցած է, որ «պէտք է ապաշրջափակուին տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ երթուղային կապերը»։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ե՛ւ Հայաստան, ե՛ւ Ատրպէյճան պիտի կարենան անցնիլ միմեանց տարածքներով։
Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնեց թոյլ տալ ատրպէյճանցիներուն, որ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի արեւելեան հատուածէն անցնին դէպի Նախիջեւան, բայց երբեք չնշեց, որ նման մօտեցում մը պիտի ըլլայ փոխադարձ։ Հակառակ 2020ի համաձայնագիրին՝ Ատրպէյճան կը պահանջէր ոչ թէ պարզապէս անցում, այլ «միջանցք», ինչ որ կը նշանակէ, որ Հայաստանով անցնող ճամբան պիտի պատկանի Ատրպէյճանի։ Ալիեւ ոչ մէկ անգամ նշեց, որ ինքնիր հերթին թոյլ կու տայ հայերուն՝ հատել Ատրպէյճանի սահմանը։ Իրավիճակը աւելի սրելով՝ Թուրքիա կեղծօրէն կը պահանջէ, որ Հայաստան ընդունի «Զանգեզուրի միջանցքը»՝ նախքան որ համաձայնի բանալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը։
6. Փաշինեան բազմիցս խօսած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու իր ծրագիրին մասին։ Նման խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու կարիք չկայ, քանի որ Հայաստան չէր պատերազմեր Ատրպէյճանի դէմ։ Խաղաղութեան պայմանագիրներ կը կնքուին պատերազմող կողմերու միջեւ։ Ատրպէյճան կը պատերազմէր ոչ թէ Հայաստանի, այլ Արցախի դէմ։
7. Հակառակ 2020ի համաձայնագիրին, որով ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ պիտի մնային մինչեւ 2025, Ատրպէյճան խախտեց այդ դրոյթը՝ անցեալ ամիս ներխուժելով եւ բռնագրաւելով Արցախի մնացած մասը՝ անոր 120 հազար բնակիչներուն ստիպելով փախչիլ Հայաստան։
8. 2023 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւումը անիմաստ կը դարձնէ ռուս խաղաղապահներու դերակատարութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, որ ռուս զինուորները պէտք է լքեն այն, որ այժմ ատրպէյճանական տարածք կը համարուի։
9. Թէեւ կան հիմնաւոր պատճառներ՝ մեղադրելու Ռուսիան արցախահայութեան պաշտպանութեան հարցով իր անգործութեան համար, նոյնքան հիմնաւոր պատճառ կայ՝ մեղադրելու Փաշինեանը անոր համար, որ ան Արցախը ճանչցած է իբրեւ Ատրպէյճանի մաս։ Հասկնալի է, որ հակառակ Հայաստանի հետ Ռուսիոյ դաշինքին, հաշուի առնելով անոր մասնակցութիւնը ուքրանական պատերազմին, նախագահ Փութին որոշած է, որ Թուրքիա (ՆԱԹՕ-ի միակ անդամը, որ պատժամիջոցներ չէ կիրարկած Ռուսիոյ դէմ) եւ անոր կրտսեր եղբայր Ատրպէյճանը շատ աւելի կարեւոր են Ռուսիոյ ազգային շահերուն համար, քան Հայաստան կամ Արցախ։ Մինչդեռ Արեւմուտքն ալ Հայաստանին օգնութիւն չէ ցուցաբերած՝ զուտ սատարող յայտարարութիւններ ընելով եւ որեւէ գործողութեան չձեռնարկելով։
10. 2020ի պատերազմէն ետք, երբ ատրպէյճանական բանակը մտաւ եւ բռնագրաւեց Հայաստանի արեւելեան տարածքը, Փաշինեան ոչ միայն ջանք չգործադրեց թշնամին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն դուրս շպրտելու համար, այլեւ նոյնիսկ չի խօսիր հոն Ատրպէյճանի անօրինական ներկայութեան մասին։
11. Փաշինեանի սխալներուն երկար ցուցակը կը ներառէ իր ընդունումը, որ Հայաստանի ներսը խորհրդային ժամանակաշրջանի ատրպէյճանական բնակեցուած ներգաւառները (enclaves) կը հանդիսանան Ատրպէյճանի մաս։ Պատճառ չկար, որ Փաշինեան Ատրպէյճանի առաջարկէր այդ ներգաւառները, մանաւանդ որ Ալիեւ նման պահանջք չէր ներկայացուցած։
12. Փաշինեան միակողմանի ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ առանց Ալիեւի կողմէ որեւէ փոխադարձ ճանաչման։
Հաշուի առնելով վերոնշեալ 12 կարեւորագոյն հարցերու մէջ Փաշինեանի սխալ վերաբերումը, անոր մերժումը՝ հրաժարական տալու եւ իր աթոռը իրաւասու ղեկավարի մը յանձնելու, անոր միայն կը մնայ 2020ի համաձայնագիրը անվաւեր ճանչնալ, քանի որ Ատրպէյճան խախտած է ատոր դրոյթներուն մեծ մասը։
Փաշինեան պէտք է հրաժարի Ալիեւի հետ բանակցութիւններու սեղանին նստելէ, այնքան ատեն որ վերջինս ազատ չէ արձակած բոլոր հայ ռազմագերիները եւ իր զօրքերը դուրս չէ բերած Հայաստանի տարածքէն։ Ալիեւը նախ պետք է յարգէ իր նախկին պարտաւորութիւնները, նախքան որ հայերը վստահին իրեն՝ թէ պիտի կատարէ ապագայ համաձայնութիւնները:
Բարեբախտաբար, 2020ի համաձայնագիրը դիւրութեամբ կարելի է չեղեալ համարել, քանի որ անիկա չէ վաւերացուած Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ խորհրդարաններու կողմէ իբրեւ միջազգային դաշնագիր։ Զայն պարզապէս ստորագրած է Փաշինեան՝ առանց մէկու մը հետ խորհրդակցելու։ Հայաստանի յաջորդ ղեկավարը պաշտօնավարման առաջին իսկ օրը պէտք է չեղեալ համարէ 2020ի համաձայնագիրը։