Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $486,000 արժէքով դեղորայք կը հասցնէ Արցախահայերուն
10-11-2023 14:00:19 | Հայաստան | Քաղաքական
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Հայաստան Արցախ Ֆոնտը, Սանթա Պարպարայէն Direct Relief կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, $486,000-ի մարդասիրական հրատապ օգնութիւն ուղարկած է Արցախահայերուն՝ բեռնատար թռիչքով։
Այս չափազանց անհրաժեշտ առաքումը, որ պիտի նպաստէ Արցախէն բռնի տեղահանուած աւելի քան 100,000 հայրենակիցներու, կը ներառնէ դեղեր, բժշկական պիտոյքներ, բժշկական անմիջական օգնութեան ծրարներ ու փաթեթներ, եւ առողջապահական (hygiene) ապրանքներ պարունակող բազմաթիւ ծանրոցներ։
Տարիներու ընթացքին, Direct Relief կազմակերպութիւնը քանի մը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի կեանք-փրկող դեղեր, բժշկական պիտոյքներ, եւ կազմածներ նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին։ 2023-ի սկիզբէն ի վեր միայն, Direct Relief-ը $27 միլիոնի հրատապ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին։
«Հայաստան Արցախ Ֆոնտը մեծապէս կը գնահատէ Direct Relief-ին հետ մեր ունեցած երկար տարիներու համագործակցութիւնը», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան։
Անցեալ 34 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են աւելի քան 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 բեռնատար թռիչքներով եւ 2,568 ծովային արկղերով։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։