Նիւ Եորքի Քաղաքապետին Քարոզարշաւը Մանրամասն Քննելէ Ետք, FBI Խորացած Է Թուրքիոյ Հետ Անոր Կապերուն Մէջ


Նիւ Եորքի Քաղաքապետին Քարոզարշաւը Մանրամասն Քննելէ Ետք, FBI Խորացած Է Թուրքիոյ Հետ Անոր Կապերուն Մէջ

  • 15-11-2023 13:19:57   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Հետախուզութեանց Դաշնակցային Բիւրոն (FBI) այժմ ընդլայնած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի քարոզարշաւին եւ թուրք պաշտօնեաներու ու անհատներու միջեւ կապերու իր հետաքննութիւնը՝ ենթադրեալ ապօրինի դրամահաւաքի առնչութեամբ:
 
Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցած էի, որ FBI ներխուժած է քաղաքապետի նախընտրական քարոզարշաւի դրամահաւաքի տուն եւ գրաւած երեք iPhone, երկու համակարգիչ եւ զանազան փաստաթուղթեր: Էտըմզի փաստաբան Պոյտ Ճանսըն ըսաւ, որ ստուգման այցելութենէն ետք «բացայայտուած է, որ անձնաւորութիւն մը վերջերս ոչ-պատշաճ կերպով վարուած է»։
 
Այնուհետեւ, FBI անսպասելիօրէն կանգնեցուցած է քաղաքապետը փողոցին մէջ եւ անոր քովէն վերցուցած բջջային երկու հեռախօսները եւ iPad-ը՝ դատարանէն խուզարկութեան հրամանագիր ստանալէ ետք։ FBI պատճէնահանած է անոր ելեկտրոնային սարքերու պարունակութիւնը եւ զանոնք վերադարձուցած քաղաքապետին։ Էտըմզ ջնջած է դէպի Փորթօ Ռիքօ ծրագրուած ճամբորդութիւնը, ուր ան պէտք է մասնակցէր քաղաքական կարեւոր համաժողովի մը:
 
Կան երեք կարեւոր իրողութիւններ՝ այս վերջին զարգացումներուն կապուած.
 
1)    Դաշնակցային կառավարութիւնը հետզհետէ կը մօտենայ՝ քաղաքապետին եւ թուրք պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ անհատներու միջեւ եղած անձնական կապերը քննութեան ենթարկելու հաւանականութեան, այն նկատառումով, որ այս վերջինները կրնայ ըլլալ որ ապօրինի ներդրում ունեցած են անոր քաղաքական քարոզարշաւին մէջ:
 
2) Դատարանէն խուզարկութեան հրամանագիր ստանալու համար FBI պէտք է որ դատաւորին ներկայացնէր քաղաքապետին կամ անոր նախընտրական քարոզարշաւի հնարաւոր ապօրինութիւններուն մասին հաւաստի ապացոյցներ: Նման հրամանագիր մը եւս ստացուած էր դատարանէր՝ անցեալ շաբաթ քաղաքապետին դրամահաւաքի տունը խուզարկութիւն կատարելու համար։
 
3) Քաղաքապետը անսպասելիօրէն փողոցին մէջ կանգնեցուցած էին իր ելեկտրոնային սարքերը վերցնելու համար, որպէսզի ան հնարաւորութիւն չունենար ջնջելու կամ փոխելու իր սարքերու տեղեկութիւնը:
 
«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը 12 Նոյեմբեր 2023ին հաղորդած է, որ FBI «կը քննէ, թէ Էտըմզ արդեօք ջնջա՞ծ է  համապատասխան կանոնակարգերը թրքական կառավարութեան համար»: Ըստ լուրերուն, «2021 թուականին Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքապետի նախնական ընտրութիւններուն մէջ յաղթելէ ետք, Էրիք Էտըմզ յաջողութեամբ ճնշում գործադրած է (Նիւ Եորքի) քաղաքային պաշտօնեաներու վրայ՝ թոյլ տալու համար Մենհեթընի բարձրայարկ շէնքին բացումը, ուր հաստատուած է Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը»:
 
«Նիւ Եորք Թայմզ» բացայայտած է, որ «Դաշնակցային իշխանութիւնները կը հետաքննեն, թէ քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ, երկու տարի առաջ, յատկապէս իր ընտրուելէն շաբաթներ առաջ արդեօք ճնշում գործադրա՞ծ է Նիւ Եորքի հրշէջ ծառայութեան պաշտօնեաներուն վրայ, որպէսզի անոնք վաւերացնէին  Մենհեթընի մէջ թրքական կառավարութեան հիւպատոսութեան բարձրայարկ  նոր շէնքը,  հակառակ  անոր  անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններուն, ըսած են գործին տեղեակ երեք անձեր»։
 
«Նիւ Եորք Թայմզ» աւելցուցած է, որ «Յուլիսին, Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքապետի նախնական ընտրութիւններուն մէջ յաղթելէ ետք, Էտըմզ՝ 2021ի ամրան վերջաւորութեան, կապ հաստատած է այդ օրերու հրշէջ ծառայութեան յանձնակատար Դանիէլ Ա. Նիկրոյի հետ եւ զայն յորդորած՝ արտօնել թրքական կառավարութեան օգտագործել շէնքը, առնուազն ժամանակաւոր հիմունքներով: Շէնքը դեռ չէր բացուած, քանի որ հրշէջները նշած էին անվտանգութեան խնդիրներու մասին եւ հրաժարած՝ հաստատել անոր օգտագործումը՝ յայտնած են որոշ մարդիկ: Արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ շէնքը դեռ կը շահագործուի ժամանակաւոր օգտագործման վկայականով»:
 
Քաղաքապետին միջամտութիւնը կարելիութիւն ստեղծած է  Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ «իրականացնել 300 միլիոն տոլար արժողութեամբ 35 յարկանի աշտարակի հանդիսաւոր բացումը Սեպտեմբեր 2021ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդի համար Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան ընթացքին, հակառակ հակահրդեհային անվտանգութեան համակարգի բազմաթիւ թերութիւններուն՝ ըստ գործին ծանօթ մարդոց եւ քաղաքային գրառումներու», կը յայտնէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:
 
«Դաշնակցային քրէական հետաքննութիւնը մասամբ կեդրոնացած է այն բանի վրայ, թէ արդեօ՞ք Էտըմզի 2021ի քարոզարշաւի ընթացքին գաղտնի գործարք եղած է թրքական կառավարութեան, ներառեալ՝ Նիւ Եորք գտնուող անոր գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ՝ անօրինական կերպով օտարերկրեայ գումարներ ուղղելու համար անոր գանձարանը՝ համաձայն «Նիւ Եորք Թայմզ»ի կողմէ ձեռք բերուած խուզարկութեան հրամանագիրին, որով այս ամիս FBI խուզարկած է քաղաքապետի գլխաւոր դրամահաւաքին տունը...: Էտըմզի կապերը թրքական կառավարութեան եւ համայնքին հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունին։ Իբրեւ Պրուքլինի շրջանի ղեկավար՝ ան աշխուժօրէն կը սիրաշահէր հարաւային Պրուքլինի թրքական համայնքի հարուստ անդամները: Օգոստոս 2015ին, Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը վճարած է Էտըմզի օդանաւային տոմսի, պանդոկի եւ ցամաքային երթեւեկութեան ծախսերը՝ Թուրքիա մեկնելու համար, ըստ ֆինանսական հաշուետուութիւններու։ Հոն Էտըմզ քոյր քաղաքի պայմանագիր ստորագրած է Սթամպուլի Իւսկիւտարի քաղաքապետարանի հետ, որ մէկն էր քանի մը այն քաղաքներէն, ուր ան մեկնած էր իբրեւ շրջանի ղեկավար: Ան նաեւ այցելած է Պահչէշեհիր համալսարանը, որ հիմնած է նոյն թուրք բարերարը, որ հիմնած է «Պէյ» Աթլանթիք համալսարանը Ուաշինկթընի մէջ», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:
 
Աւելին, FBI կը հետախուզէ «KSK Construction-ի՝ թուրք ներգաղթեալներուն պատկանող Պրուքլինի շինարարական ընկերութեան դերը, որ 7 Մայիս 2021ին Էտըմզի համար կազմակերպած էր դրամահաւաք: Այդ օր 48 նուիրատուներ, որոնց շարքին՝ ընկերութեան սեփականատէրերը, աշխատակիցները եւ անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ շինարարութեան եւ անշարժ գոյքի ոլորտին մէջ աշխատող այլ անձեր, նուիրած են 43 հազար 600 տոլար՝ ըստ Էտըմզի քարոզարշաւի զեկոյցներուն: Այդ ներդրումները հնարաւորութիւն տուին անոր ստանալու 48 հազար տոլար արժող հանրային  համապատասխան հիմնադրամներ եւս՝ ընդհանուր առմամբ մօտաւորապէս 92 հազար տոլար», ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի։
 
Նախագահ Էրտողանի զաւակին՝ Պիլալ Էրտողանի կողմէ հիմնադրուած «Թուրքէն» հիմնադրամի խորհուրդի երեք ամերիկացի անդամներ 6000 տոլար նուիրած են Էտըմզի քարոզարշաւին, 2018-էն 2021, կը յայտնէ The City կայքը։ Հիմնադրամը արձանագրուած է իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ:
 
Պրուքլինի շրջանի այդ օրերու ղեկավար Էրիք Էտըմզ, տարօրինակ կերպով, խաղացած է ինքնիր կերպարը՝ 2017ի թրքական «Նիւ Եորքի հեքիաթը» ռոմանթիք կատակերգութեան մէջ, ուր երկու թուրքեր իրմէ կը խնդրեն քաղաքական առանձնաշնորհումներ, իսկ ան կ՛ըսէ, որ չի հասկնար զիրենք: Շարժապատկերին մէջ Էտըմզ կ՛ըսէ թուրքերուն. «Պրուքլին կը սիրէ Թուրքիան։ Պրուքլին ամերիկեան Սթամպուլն է։ Մենք կը հաւնինք ձեր կերակուրը, մենք կը սիրենք ձեր երաժշտութիւնը, բայց ես թրքերէն չեմ հասկնար, սակայն մենք կրնանք «սելֆի» ընել»:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական