ԵԽԽՎ 76 Կողմ Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց Ատրպէյճանը Վռնտելու Օգտին


ԵԽԽՎ 76 Կողմ Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց Ատրպէյճանը Վռնտելու Օգտին

  • 31-01-2024 14:42:31   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Օրէ օր օղակը աւելի կը սեղմուի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պարանոցին շուրջ։ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել 22 Յունուարին զգուշացուց Ատրպէյճանը՝ ըսելով, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում «լուրջ հետեւանքներ» կ՛ունենայ։ 17 Յունուարին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ բանաձեւ ընդունեց՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին։ 18 Յունուարին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով հրապարակաւ հակադարձեց Ալիեւի բազմիցս հնչեցուցած պահանջներուն, թէ Հայաստան Ատրպէյճանին «միջանցք» պիտի տրամադրէ «Զանգեզուրով»։ Լաւրով ըսաւ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին որեւէ յիշատակում չկայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 10 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրած համաձայնագիրին մէջ։  
 
Վերջին հարուածը Ատրպէյճանին հասցուեցաւ անցեալ շաբաթ, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ, որ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ մերժեց Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները, այսպիսով, առնուազն մէկ տարիով արգիլելով Պաքուի մասնակցութիւնը իր նիստերուն։ 24 Յունուար 2024ին, ԵԽԽՎ պատուիրակները 76 կողմ, 10 դէմ եւ չորս ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ որոշեցին դուրս դնել Ատրպէյճանը։
 
ԵԽԽՎ-ի ընդունած բանաձեւին մէջ արձանագրուած է. «Շատ լուրջ մտահոգութիւններ կը մնան՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ ունենալու (Ատրպէյճանի) կարողութեան, իշխանութիւններու տարանջատման, գործադիրի նկատմամբ օրէնսդիր մարմինի թուլութեան, դատական իշխանութեան անկախութեան եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու առումով, ինչպէս որ ցոյց տրուած է Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի բազմաթիւ վճիռներով եւ «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցով» Եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) կարծիքներով»: ԵԽԽՎ յիշեցուցած է իր նախորդ բանաձեւերը, որոնք կը վերաբերէին Ատրպէյճանի հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներու, որոնց շարքին՝ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութեան, կազմակերպուած յանցաւորութեան, փտախտի եւ դրամի լուացման, քաղաքական բանտարկեալներուն, Հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութեան սահմանափակումներուն,  մարդոց իրաւունքներու ոտնակոխման, Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի վճիռներու չկիրարկման, անդրազգային բռնաճնշումներուն՝ իբրեւ օրէնքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու աճող սպառնալիք, «Փեկաս» (Pegasus) ու նմանատիպ լրտեսական ծրագիրներու եւ պետական գաղտնի հսկողութեան, ինչպէս նաեւ առնուազն 18 ատրպէյճանցի լրագրողներու եւ լրատուական միջոցներու՝ ներկայիս կալանքի տակ գտնուող գործիչներու գործերուն։ ԵԽԽՎ եզրակացուց, որ «Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելէ աւելի քան 20 տարի անց, Ատրպէյճան չէ կատարած (իր) հիմնական պարտաւորութիւնները»։
 
Անդրադառնալով Արցախին՝ ԵԽԽՎ յիշատակեց 2023ի իր զեկոյցը, ուր կը մատնանշուէր, որ Ատրպէյճան «չ՛ընդունիր մարդասիրական եւ մարդկային իրաւունքներու շատ լուրջ հետեւանքները, որոնք կը բխին Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի բացակայութենէն․․․ որ տեւած է մօտաւորապէս 10 ամիս»։ ԵԽԽՎ նաեւ դատապարտեց «2023 Սեպտեմբերին ատրպէյճանական բանակի կողմէ իրականացուած ռազմական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հայ բնակչութեան փախուստին դէպի Հայաստան, եւ «ցեղային զտումներ»ու մեղադրանքներ»ու։
 
ԵԽԽՎ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի՝ «Մոնիթըրինկի յանձնաժողովի զեկուցողներուն հետ չհամագործակցելու գծով, որոնց թոյլ չեն տուած տեսակցիլ ենթադրաբար քաղաքական դրդապատճառներով կալանաւորուած մարդոց հետ»։ ԵԽԽՎ նոյնպէս չէ հրաւիրուած «դիտարկելու գալիք նախագահական ընտրութիւնները, հակառակ նման հրաւէր ուղարկելու Ատրպէյճանի պարտաւորութեան, քանի որ երկիրը կը գտնուի մոնիթըրինկի ընթացակարգի մէջ»։ Աւելին, Ատրպէյճան երեք անգամ մերժած էր ԵԽԽՎ-ի կողմէ զեկուցողին այցելութիւնը։
 
Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ անտեսելով Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններու բազմակի խախտումները, դատապարտած է ԵԽԽՎ-ի որոշումը։ Այսուամենայնիւ, ան խոստովանեցաւ, որ Ատրպէյճան վռնտուած է Արցախ ներխուժման պատճառով, ինչ որ ան որակեց իբրեւ «Ատրպէյճանի կողմէ  իր ինքնիշխանութեան վերականգնում»ը:
 
Թէեւ Ատրպէյճան կ՛անտեսէր միջազգային իրաւունքի իր բոլոր խախտումները, ներառեալ՝ Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի բազմաթիւ վճիռները եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին վճիռները, այս անգամ Պաքու ծայրայեղ բացասական արձագանգեց: ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ իրենց երկիրը որոշած է «մինչեւ հետագայ ծանուցումը դադրեցնել իր ներգրաւուածութիւնը եւ  ներկայութիւնը ԵԽԽՎ-ի մէջ»։ ԵԽԽՎ-էն Ատրպէյճանին դուրս ելլելը ոմանք, անոր վռնտուելէն ետք,  համեմատած են՝ 1933ին, Ազգերու լիկայէն նացիստական Գերմանիոյ դուրս գալուն հետ:
 
ԵԽԽՎ-ի քուէարկութիւնը՝ ճնշող մեծամասնութեամբ, դէմ էր Ատրպէյճանի, քանի որ միայն ինը թուրք եւ մէկ ալպանացի պատուիրակներ քուէարկեցին Ատրպէյճանի օգտին։ Նոյնիսկ թրքական պատուիրակութենէն մէկը դէմ քուէարկեց Ատրպէյճանի։ Մինչդեռ 28 երկիրներու 76 պատուիրակներ, որոնց շարքին՝ բոլոր չորս հայ պատուիրակները, քուէարկեցին Ատրպէյճանը վռնտելու օգտին:
 
ԵԽԽՎ-ի մէջ, Ատրպէյճանի կորուստը կը բխի Հայաստանի շահերէն.
 
1) Ատրպէյճանի վարկը ա՛լ աւելի արատաւորուեցաւ ԵԽԽՎ-էն հեռանալէն ետք՝ բացայայտելով  մարդկային իրաւունքներու գծով անոր բազմաթիւ խախտումները եւ եւրոպական արժէքներու բացայայտ անտեսումը։
2) Պաքուն այժմ զրկուած է ԵԽԽՎ-ի միջոցով Եւրոպայի մէջ իր խնդիրները բարձրացնելու կարելիութենէն։
3) Ատրպէյճան այլեւս չի կրնար քննադատել Հայաստանը, ԵԽԽՎ-ի նիստերու ընթացքին:
4) ԵԽԽՎ-ի նիստերուն Ատրպէյճան չի կրնար քուէարկել յօգուտ իր շահերուն եւ ընդդէմ Հայաստանի շահերու։
Միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս Արեւմտեան երկիրները բաւական երկար ժամանակ շփացուցեր են Ատրպէյճանը՝ կուրցած ըլլալով Պաքուի նաւթի ու կազի հսկայական պաշարներէն: ԵԽԽՎ-էն հեռացուելէն ետք, հիմա ալ պէտք է Ատրպէյճանը վռնտել Եւրոպական խորհուրդէն։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական