Գերմանական Հեռատեսիլը Կը Բացայայտէ Եւրոպացի Պաշտօնեաներու Հսկայական Կաշառք Ստանալը Ատրպէյճանի Կողմէ


Գերմանական Հեռատեսիլը Կը Բացայայտէ Եւրոպացի Պաշտօնեաներու Հսկայական Կաշառք Ստանալը Ատրպէյճանի Կողմէ

  • 20-03-2024 14:48:14   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Առաջին անգամը չէ, որ բռնատիրական Ատրպէյճան յայտնուած է ուշադրութեան կեդրոնը՝ արեւմտեան պաշտօնեաներուն միլիառաւոր տոլարներ կաշառք տալու առումով, որպէսզի անտեսուին իր սեփական բնակչութեան եւ արցախահայութեան մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումները:
 
«Խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրոյթը ստեղծուած է յատկապէս եւրոպական կառույցներու մէջ Ատրպէյճանի կաշառակեր գործելակերպը նկարագրելու համար: Ցաւօք, նոյնքան կաշառուած եւրոպացի որոշ պաշտօնեաներ հաճոյքով գրպանած են Ատրպէյճանի կողմէ իրենց առաջարկուած միլիոնաւոր տոլարներ:
 
«Ազդեցութեան եւ շահարկումի այս բարդ ցանցը բացայայտուած է գերմանական ARD հեռատեսիլային ընկերութեան «Am Abgrund» («Անդունդի մէջ») բեկումնային ֆիլմով։ Թէեւ ֆիլմը գեղարուեստական է, սակայն անիկա հիմնուած է շարք մը հետաքննութիւններու վրայ, որոնք կը կոչուին  «ատրպէյճանական  լուացքատուն»՝ բացայայտելով, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը կաշառէ Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական գործիչները։ 2017ին հրապարակուած հետաքննութիւնները պարզած են, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի կառավարութիւնը շարժիչ ուժ եղած է 2.9 միլիառ տոլարի դրամաշնորհային գաղտնի ֆոնտի ետին. ֆոնտ, որ կրնայ օգնել անոր՝ կաշառելու եւրոպացի քաղաքական գործիչները, գրած է Լամիեա Ատըլըկիզի globalvoices.org կայքին վրայ: 
 
«Պաքու խելամտօրէն նաւարկած է Եւրոպայի իշխանութեան միջանցքներով՝ գրաւելով քաղաքական գործիչները շքեղ ճամբորդութիւններու եւ դրամական ուղղակի վճարումներու համադրութեամբ։ Նպատա՞կը. ապահովել, որ այդ ազդեցիկ ձայները բարձր խօսին Ատրպէյճանի շահերուն մասին, մասնաւորապէս Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) եւ նոյնիսկ Գերմանիոյ Պունտեսթակի դահլիճներուն մէջ», գրած է Ատըլըկիզի:
 
Հետաքննող լրագրող Տանիէլ Հէրրիչի նկարահանած ֆիլմին անդրանիկ դիտումը կայացած է 20 Փետրուարին, Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին: Կը նախատեսուի ցուցադրել հետեւութիւն ընող վաւերագրական ֆիլմ մը, որ աւելի եւս կը բացայայտէ Ատրպէյճանի լոպիիստական կաշառակեր ջանքերը Եւրոպայի մէջ:
 
Ֆիլմը կը բացայայտէ եւ՛ կաշառք տուող ատրպէյճանցիները, եւ՛ կաշառք վերցնող եւրոպացի պաշտօնեաները:«Այս պատմութեան կեդրոնը կը գտնուի ուժանիւթային աղբիւրներով հարուստ Ատրպէյճանը, որ  կը քննարկուի իր կառավարութեան բռնապետական գործելակերպին համար, ինչպէս նաեւ եւրոպական երկիրները, որոնք յայտնի են իբրեւ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու առաջամարտիկներ, որոնք երկար ժամանակ՝ խորհրդային դարաշրջանէն ի վեր, դաստիարակ եղած են զարգացող երկիրներու համար: Բայց տեղի կ՛ունենայ անսպասելին. այդ նուիրական արժէքները տարածելու փոխարէն, այնպէս կ՛երեւի, թէ անոնք եւս խոցելի դարձած են կաշառակերութեան նկատմամբ...»։
 
Ֆիլմը կը սկսի՝ իր ներքին հակառակորդները լռեցնելու նպատակով Ատրպէյճանի ի գործ դրած ջանքերու ցուցադրումով. հակառակորդներ, որոնք բանտ կը նետուին վարչակարգի կողմէ տեղի ունեցող մարդկային իրաւունքներու խախտումները քաջաբար բացայայտելնուն համար։ Անիկա կը բովանդակէ տրամաթիք տեսարաններ, որոնք կը կրկնօրինակեն՝ 2012-ին յայտնի լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի ննջասենեակը թաքուն տեղադրուած  տեսախցիկներու նկարները՝ բացայայտելով անոր անձնական կեանքը: Իսմայիլովան շարք մը հետաքննութիւններ իրականացուցած է Ալիեւներու իշխող ընտանիքին կապուած կառավարութեան կաշառակերութեան մասին: Արտահոսած նկարները նպատակ ունէին Իսմայիլովա կեղծ մեղադրանքներով բանտարկուեցաւ եւ երկու տարի անցուց ճաղերու ետին»:
 
Ֆիլմը կը պատմէ «Գերմանիոյ Պունտեսթաքի մտացածին անդամի՝ Կըրտ Մայնըքիի մասին, որ նաեւ կը ծառայէ Եւրոպական խորհուրդի մէջ: Մայնըքի կը բացայայտէ, որ 1949ին ստեղծուած այդ հաստատութիւնը, որ ստեղծուած է ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման համար, վտանգուած է, եւ որ գերմանացի պատգամաւորները ենթարկուած են ատրպէյճանական վարչակարգի ազդեցութեան՝ Եւրոպական խորհուրդին մէջ իրենց ձայները փոխանակելով դրամի, ոսկիի, մարմնավաճառներու եւ այլ կաշառքներով՝ դաւաճանելով ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն»։
 
Մայնըքիի՝ Ատրպէյճանը դատապարտող բանաձեւի ընդունման փորձը այդ երկրի բազմաթիւ քաղաքական բանտարկեալներու համար, ձախողած է ուրիշ անդամներու կողմէ՝ Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալնէն ետք:
 
Ֆիլմի ցուցադրութեան յաջորդած քննարկման ժամանակ բեմադրիչ Հէրրիչ ըսաւ. «Հարցը դուրս եկած է Ատրպէյճանի կառավարութեան շրջանակներէն եւ ներգրաւուած արեւմտեան քաղաքական գործիչներուն եւ հասարակութիւններուն՝ Ատրպէյճանի բնական աղբիւրներով սնուցուող կաշառակերութեան փորձարկումին մէջ: Ցուցադրութեան հիւրերու շարքին էր նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Շուապ, որ վերջերս յայտնի դարձած է Ատրպէյճանի կառավարութեան հասցէին իր բուռն քննադատութեամբ։ Նոյն Շուապը վիճարկեց ԵԽԽՎ-ի ատրպէյճանական պատուիրակութեան հաւատարմագիրները Վեհաժողովի բացման ձմեռնային նստաշրջանի ժամանակ, Յունուար 2024ին»։
 
Շուապ Global Voices-ին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի մասին ճշմարտութիւնը ըսելու իր փորձը «կը համապատասխանէ Եւրոպայի խորհուրդի առաքելութեան: Եթէ այս կազմակերպութեան անդամը չի յարգեր անոր սկզբունքները, ապա անհրաժեշտ է  քայլերու ձեռնարկել»։ Ուքրանական պատերազմի պատճառով ռուսական կազի դէմ արգելք դնելէ ետք Եւրոպան սկսաւ կազ գնել Ատրպէյճանէն, որ մասամբ կը ներկրուի Ռուսիայէն։ Այսուամենայնիւ, «կարեւոր է, որ մենք չանտեսենք մարդկային իրաւունքներու խախտումները յանուն առեւտրական յարաբերութիւններու», ըսաւ Շուապ:
 
ԵԽԽՎ-ի մերժումէն ետք՝ վաւերացնելու Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները Յունուար 2024ին, «ժամանակը (ֆիլմի մեկնարկման համար) ասկէ աւելի յարմար չէր կրնար ըլլալ», կ՛ըսէ «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» ուղեղային կեդրոնի նախագահ եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան խիստ քննադատ  Ճերըլտ Նուաս։ Անոր ուղեղային կեդրոնն է, որ 2012ին ստեղծեց «խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրոյթը եւ առաջինն էր, որ փաստեց Ատրպէյճանի ազդեցութիւնը Եւրոպական խորհուրդի վրայ»։
 
Նուաս նախզգուշացուցած է Ատրպէյճանը՝ հաւանական վտարման մասին Եւրոպական խորհուրդէն, եթէ ան ազատ չարձակէ իր քաղաքական բանտարկեալները մինչեւ Ապրիլ 2024՝ Եւրոպական խորհուրդի 75-ամեակը։
 
Աւելի քան 200 քաղաքական բանտարկեալ կայ Ատրպէյճանի մէջ։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական