Ժխտողականներ Էրտողան Եւ Նեթանեահու Ամօթաբար Կը Շահարկեն Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը՝ Միմեանց Մեղադրելու Համար


Ժխտողականներ Էրտողան Եւ Նեթանեահու Ամօթաբար Կը Շահարկեն Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը՝ Միմեանց Մեղադրելու Համար

  • 28-03-2024 12:06:21   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
Քանի մը տասնամեակ շարունակ, Իսրայէլ ու Թուրքիա մեղրամիսի մէջ էին` քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերելով միմեանց:
 
Սակայն, տարիներու ընթացքին, անոնց յարաբերութիւնները սրեցան՝ պաղեստինեան հարցերու վերաբերեալ իրենց հակադիր դիրքորոշումներուն պատճառով: Քանի մը անգամ Իսրայէլ եւ Թուրքիա նման հակամարտութիւններու պատճառով յետս կանչեցին իրենց դեսպանները միմեանց մայրաքաղաքներէն, սակայն զանոնք կրկին վերականգնելու համար: Այլ կերպ ըսած՝ բազմիցս վիճած եւ հաշտուած են։
 
Բոլորս ալ գիտենք հետեւեալ արտայայտութիւնը՝ «Քաղաքականութիւնը տարօրինակ կողակիցներ կը ստեղծէ»։ Իսրայէլ եւ Թուրքիա այդ քաղաքական տարօրինակ զոյգերէն են: Ի սկզբանէ անոնց գործընկերութեան մէջ կար որոշակի հիմք, որ աւելի ճիշդ կարելի է կոչել փոխադարձ շահագործում։ Իսրայէլ, շրջապատուած մեծ թիւով արաբական թշնամական երկիրներով, Թուրքիոյ կարիքը ունէր իբրեւ իր քաղաքական եւ տնտեսական դաշնակիցը եւ իսլամական պետութիւն մը, որ 1949ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է Իսրայէլի հետ: Մինչդեռ Թուրքիա Իսրայէլի՛ կարիքը ունէր տարբեր պատճառներով, ներառեալ Արեւմուտքի քաղաքական աջակցութիւնը, յառաջադէմ զինամթերքի ձեռքբերումը եւ միլիառաւոր տոլարներու առեւտուրը:
 
Այս աղտոտ դաշինքի մէկ այլ կողմը այն էր, որ երկու երկիրներն ալ կը ժխտէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիա օգտագործեց Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները՝ համոզելու ԱՄՆ հրէական հզօր լոպին՝ արգելափակելու ԱՄՆ Քոնկրեսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Թուրքիա ճնշում գործադրեց Իսրայէլի վրայ՝ արգելափակելու Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ միջազգային գիտաժողովը Թել Աւիւի մէջ 1982ին եւ կանխելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ֆիլմի հեռարձակումն ու Քնեսեթի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Թուրքիա այնքան հեռու գնաց, որ սպառնաց հրէական իր ներքին համայնքին եւ պահանջեց Սթամպուլի գլխաւոր ռաբիէն՝ Թուրքիոյ անունով լոպիինկ իրականացնել ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւններու մօտ:
 
2009ին, Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ընթացքին, համաշխարհային ղեկավարներու ներկայութեամբ, Էրտողան ըսաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի. «Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ դուք ինչպէ՞ս սպաննած էք մանուկներ (Կազայի) ծովափերուն մէջ»։
 
Այնուհետեւ, 2010ին տեղի ունեցաւ «Մաւի Մարմարա»յի միջադէպը, երբ իսրայէլեան զինուած ուժեր յարձակեցան Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող թրքական քաղաքացիական վեց նաւերու վրայ, որոնք կը փորձէին մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Կազա, սպաննելով ինը թուրք ուղեւորներ: Այդ յարձակումը լրջօրէն վատթարացուց Իսրայէլա-թրքական յարաբերութիւնները։ Թուրքիա Թել Աւիւէն յետս կոչեց իր դեսպանը եւ արտաքսեց Իսրայէլի դեսպանը՝ Անգարայէն։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահու ներողութիւն խնդրեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ 20 միլիոն տոլար հատուցում վճարեց յարձակման համար։
 
Հոկտեմբեր 2023ին, ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումէն կարճ ժամանակ առաջ, իսրայէլցի մաքսաւորները գրաւեցին հրթիռներու պատրաստման համար նախատեսուած 16 թոն պայթուցիկ նիւթեր, որոնք պահուած էին Կազայի համար նախատեսուած թրքական շինարարական բեռներու մէջ: Զարմանալի է, որ Իսրայէլ ոչ մէկ քայլի ձեռնարկեց Թուրքիոյ դէմ: Ասիկա եւս օրինակ մըն էր, թէ ինչպէս Իսրայէլ կը մեղմէ Թուրքիոյ հակաիսրայէլեան գործողութիւնները։ Փոխանակ Թուրքիան կոչելու  ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւն, Իսրայէլի ղեկավարները փայփայեցին Էրտողանը՝ զայն խրախուսելով շարունակելու իր չարագործութիւնները:
 
Իսրայէլի վրայ ՀԱՄԱՍ-ի վերջին յարձակումէն ետք, Էրտողան ՀԱՄԱՍ-ը գոչեց «ազատութեան մարտիկներ», իսկ Նեթանեահուն նմանցուց «Հիթլերի, Մուսոլինիի եւ Սթալինի՝ այսօրուան նացիստականներուն»:
 
Յունուար 2024ին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը թուիթըրի մէջ գրեց. «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւն ունեցող երկրէն ներկայիս կը պարծենայ Իսրայէլի դէմ անհիմն մեղադրանքներով: Մենք կը յիշենք հայերն ու քիւրտերը։ Ձեր պատմութիւնը ինքնին խօսուն է։ Իսրայէլ կը պաշտպանուի ձեր բարբարոս դաշնակիցներէն, այլ ոչ թէ կը կործանէ»։
 
Անցեալ շաբաթ Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Իսրայէլ Քաց կանչած էր Թուրքիոյ դեսպան Շաքիր Օզքան Թորունլարը՝ բողոքելու համար Էրտողանի այն յայտարարութեան համար, որ ան «Նեթանեահուն կ՛ուղարկէ Ալլահին մօտ՝ անոր մասին հոգ տանելու, զայն դժբախտացնելու եւ անիծելու համար»: Քաց պատասխանած է X/Twitter-ի մէջ. «Դո՛ւն (Էրտողան), որ կ՛աջակցիս ՀԱՄԱՍ-ի յանցագործներուն կողմէ մանուկները վառելուն, մարդասպաններուն, բռնաբարողներուն եւ դիակներու խեղման, վերջինն ես, որ կրնաս խօսիլ Աստուծոյ մասին: Չկայ Աստուած, որ կը լսէ զանոնք, որոնք կ՛աջակցին ՀԱՄԱՍ-ի ձեր բարբարոս ընկերներուն կողմէ իրականացուած վայրագութիւններուն ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն»: Այնուհետեւ Քաց զգուշացուցած է Էրտողանը. «Լռէ՛ եւ  ամօ՛թ քեզի․․․»:
 
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը պատասխանեց Քացի. Իսրայէլ իր ստեղծման առաջին օրէն կառուցուած է պաղեստինեան բռնագրաւուած հողի վրայ: «Պաղեստինեան հողերու գրաւման առաջին օրէն Իսրայէլի իշխանութիւնները մեծ ջանքեր գործադրած են պաղեստինցիներու դէմ գործած ծանր յանցագործութիւնները գաղտնի պահելու համար եւ փորձած են իրենց համար անձեռնմխելիութեան զրահ ստեղծել։ Անոնք թիրախաւորած են մեր նախագահը, որ կը գոռայ ճշմարտութեան մասին»։
 
Այնուհետեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրեց Իսրայէլը «ցեղասպանութիւն» իրականացնելու մէջ՝ յայտարարելով, որ «համաշխարհային ամբողջ հանրային կարծիքը անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ յանցագործութիւն կատարած իսրայէլցի պաշտօնեաները պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին»։
 
Աւելի կանուխ,  Նեթանեահու, որ ինք եւս չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քննադատեց Էրտողանը Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար։ Նեթանեահու իր թուիթըրեան էջին մէջ գրեց․ «Իսրայէլ, որ հաւատարիմ է պատերազմի օրէնքներուն, չ՛ընդունիր բարոյական քարոզները Էրտողանի, որ կ՛աջակցի ՀԱՄԱՍ ահաբեկչական կազմակերպութեան մարդասպաններուն եւ  բռնաբարողներուն, կը ժխտէ հայկական Հոլոքոսթը, կը կոտորէ քիւրտեր իր երկրին մէջ եւ կ՛ոչնչացնէ վարչակարգին հակառակորդներն ու լրագրողները»: Այսուամենայնիւ, Նեթանեահու կը շարունակէ զինել Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանը արդիական զէնքերով, որոնք օգտագործուած են Արցախի մէջ հայերու դէմ  նոր Ցեղասպանութիւն իրականացնելու համար։
 
Եզրափակելով, թէ՛ Էրտողան, թէ՛ Նեթանեահու պէտք է ամչնան իրենց վէճերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հոլոքոսթը իբրեւ սակարկութեան առարկայ օգտագործելու համար:
 
Միմեանց կշտամբելու համար ցեղասպանութիւն եզրոյթը իբրեւ մահակ օգտագործելու փոխարէն ե՛ւ Իսրայէլ, ե՛ւ Թուրքիա պէտք է շատոնց ճանչցած ըլլային Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի դասուէին քաղաքակիրթ պետութիւններու շարքին․․․
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 
 
 
  -   Մամլո հաղորդագրություն