Ֆրանսահայ լրագրող Լէօ Նիկոլեան 16 օր շարունակ հացադուլ կ՛ընէ Երեւանի օդակայանին մէջ, Հայաստան մուտք գործելու արգելքէն ետք։
57ամեայ Նիկոլեան հետաքննող խիզախ լրագրող է, որ բազմաթիւ վէճեր յառաջացուցած է կարեւոր մարդոց մասին իր բացայայտումներուն պատճառով: Ան եղած է Արցախի հակամարտութեան եւ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վերջերս տեղի ունեցած բախումներու առաջին գիծին վրայ, վիրաւորուած է երկու հակամարտութիւններու ժամանակ:
Անցեալ 30 տարիներու ընթացքին, Նիկոլեան տասնեակ անգամ այցելած է Հայաստան ու Արցախ եւ հարցազրոյցներ ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Այսուամենայնիւ, ան ինչի որ բախեցաւ երկու շաբաթ առաջ Երեւանի օդանկայանին մէջ, իր վերջին այցելութեան ընթացքին, ամբողջովին անսպասելի էր եւ ցնցող:
Ապրիլի սկիզբը Նիկոլեան այցելած էր Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղը եւ հարցազրոյց ունեցած Տաւուշի Թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի հետ, որ կը ղեկավարէ ժողովրդական շարժումը՝ ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կայացուցած որոշման՝ հայկական չորս սահմանային գիւղեր Ատրպէյճանին յանձնելու:
Ապրիլի վերջ, երբ Նիկոլեան փորձեց վերադառնալ Հայաստան, Երեւանի օդակայանին մէջ ներգաղթի ծառայութեան պաշտօնեաները ըսին անոր, որ իրեն թոյլ չի տրուիր մուտք գործել երկիր: Հարցումին, թէ ինչո՞ւ, անոր պատասխանեցին, որ ինք «վտանգ կը ներկայացնէ Հայաստանի անվտանգութեան»: Ասիկա ծիծաղելի մեղադրանք է, քանի որ Նիկոլեան մասնագէտ լրագրող է, որ հայկական օրէնք մը չէ խախտած եւ յանցագործութիւն մը չէ կատարած:
Ցաւօք, Նիկոլեան միակ սփիւռքահայը չէ, որուն մուտքը Հայաստան արգիլուած է: Քանի մը այլ մարդոց եւս Երեւանի օդակայանին մէջ վայրէջքէն յետոյ ըսած են, որ իրենց թոյլ չի տրուիր այցելել Հայաստան: Անոնցմէ ոչ ոք անօրինական կամ յանցաւոր բան մը ըրած էր, որ նման կոշտ պատիժի արժանանար: Աւելին, եթէ անոնք որեւէ օրէնք խախտած են կամ վտանգ կը ներկայացնեն Հայաստանի անվտանգութեան համար, զանոնք պէտք է ձերբակալէին օդակայանը եւ կանգնէին դատարանի առջեւ՝ անոնց ճակատագիրը որոշելու համար։ Ոեւէ պաշտօնատար անձ, անկախ իր կոչումէն եւ պաշտօնէն, իրաւունք չունի դատական իշխանութեան անունով կամայական որոշումներ կայացնելու։
Աւելին, վարչապետ Փաշինեան իրաւունք չունի որոշելու, թէ ո՞վ կրնայ մուտք գործել երկիր: Հայաստան անոր սեփական տունը չէ: Ան չի կրնար որոշել՝ որո՞ւն թոյլ տալ կամ որուն թոյլ չտալ: Հայաստան աշխարհի 10 միլիոն հայերու հայրենիքն է, եւ ոչ մէկ պաշտօնեայ իրաւունք ունի օրինական պատճառի բացակայութեան պարագային արգիլելու անոնցմէ ոեւէ մէկուն մուտքը՝ երկիր:
Նիկոլեանի եւ քանի մը այլ սփիւռքահայերու մուտքը Հայաստան արգելուած է միայն այն պատճառով, որ անոնք համարձակած են քննադատել Փաշինեանի պարտուողական քաղաքականութիւնը։ Վարչապետը բազմիցս յայտարարած է, որ ժողովրդավար է: Սակայն, խօսքի ազատութիւնը ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է, որ յաճախ կը խախտուի Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ,որոնք երկիրը վերածած են միանձնեայ կառավարման՝ բռնապետութեան:
Իրավիճակը աւելի վատթարացաւ, երբ Մուրատ Փափազեանի՝ Փաշինեանի ֆրանսահայ յայտնի քննադատին, թոյլ չտուին մուտք գործել Հայաստան, եւ ան բողոք ներկայացուց հայկական դատարան, որ ապօրինի համարեց կառավարութեան արգելքը:
Քանի որ հայ պաշտօնեաները 30 օր ժամանակ ունէին բողոքարկելու աւելի ցած ատեանի դատարանի որոշումը, ոչ ոք չէր գիտեր, թէ արդեօք անոնք նման բողոք կը ներկայացնե՞ն: Բարեբախտաբար, երբ Փաշինեան այցելեց Փարիզ այդ 30 օրերուն ընթացքին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հանդիպեցաւ Փափազեանի եւ Փաշինեանի հետ եւ յորդորեց վարչապետին՝ հրաժարիլ Փափազեանը հետապնդելէ: Փաշինեան դժկամութեամբ համաձայնեցաւ ջնջել բողոքը, բայց ամօթալի էր, որ օտար երկրի մը ղեկավարը ստիպուած եղած էր միջամտելու հայկական ներքին գործերու:
Մինչդեռ, Նիկոլեան վերջին 16 օրուան ընթացքին կը հիւծէր Երեւանի օդակայանը: Մեր հեռաձայնային բազմաթիւ զրոյցներուն ընթացքին ան ինծի ըսաւ, որ կը շարունակէ իր հացադուլը, նոյնիսկ եթէ այդ յանգեցնէ մահուան: Անոր կեանքը վտանգուած է, քանի որ ան քանի մը լուրջ հիւանդութիւններ ունի։ Ժամանակ առ ժամանակ տեղւոյն բուժական անձնակազմը կուգայ անոր ճնշումը չափելու եւ քանի մը ներարկումներ ընելու։ Անոր թոյլ չեն տար դուրս գալու օդակայանէն՝ բուժական որեւէ օգնութեան համար: Վերջին օրերուն, շտապ օգնութեան մեքենայ ուղարկած էին օդակայան՝ ստուգելու համար անոր արեան ճնշումը, սրտին աշխատանքը եւ ներարկում մը եւս ընելու։
Նիկոլեանի վիճակը անորոշ է: Ան ինծի կ՛ըսէ՝ քանի որ ինք կը գտնուի օդակայանին միջազգայնօրէն պահպանուող «չէզոք գօտիի մէջ», հայ պաշտօնեաները չեն կրնար որեւէ գործողութեան ձեռնարկել իրեն դէմ: Վերջիններս փորձած են համոզել զինք՝ բարձրանալու Փարիզ մեկնող օդանաւը, սակայն ան մերժած է։ Անոր նաեւ սանտուիչներ եւ ջուր առաջարկած են, զորս ան մերժած է:
Նիկոլեան ըսաւ ինծի, որ մտադիր է սովամահ ըլլալ Երեւանի օդակայանը: Ան կը կարծէ, որ իր մահը ամօթալի կ՛ըլլայ վարչապետին համար: Ես համոզուած չեմ, որ ան ճիշդ է: Կը կարծեմ, որ այդ խայտառակութիւն կ՛ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութեան համար:
Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը, հակառակ իր դիւանագիտական պարտաւորութիւններուն, մերժած է այցելել իր սեփական քաղաքացիին՝ տեղեկանալու համար անոր վիճակին մասին։ Ասիկա Ֆրանսայի դեսպանին վրէժխնդրական դիրքորոշումն է, քանի որ Նիկոլեան լրատուական միջոցներուն բացայայտած էր դեսպանին գայթակղութիւնները: Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութիւնը նոյնպէս հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր Նիկոլեանի բարօրութեան նկատմամբ, քանի որ ան նախապէս հրապարակաւ քննադատած է Ֆրանսայի նախագահը:
Թէեւ Նիկոլեան իր կոշտ քննադատութիւններուն եւ բիրտ անհատականութեան պատճառով հակադրուած է բազմաթիւ մարդոց եւ կազմակերպութիւններու, հայեր պարտաւոր են ընել ամէն բան, որպէսզի հրապարակայնացնեն անոր ծանր վիճակը եւ փրկեն իրենց հայրենակիցին կեանքը, նախքան անոր սովամահ ըլլալը:
Ես կոչ կ՛ընեմ Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել Երեւանի մէջ, վարչապետական շէնքին դիմաց՝ պահանջելով, որ Նիկոլեանի թոյլատրուի Հայաստան մուտք գործելը: Բողոքի ցոյցեր պէտք է կազմակերպուին նաեւ Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց:
Ֆրանսահայերը պէտք է բողոքի ցոյցեր ընեն Փարիզի մէջ, արտաքին գործերու նախարարութեան եւ նախագահական պալատին առջեւ՝ պահանջելով անոնց միջամտութիւնը Հայաստանի կառավարութեան մօտ:
Եթէ Նիկոլեան մահանայ Երեւանի օդակայանին մէջ իր երկարատեւ հացադուլին պատճառով, վարչապետ Փաշինեանի ձեռքերը կը թաթխուին արեան մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնինը՝ նոյնպէս։