Բագրատ Արքեպիսկոպոս Կ՛առաջնորդէ Փաշինեանը Հեռացնելու Եւ Հայաստանը Փրկելու Ջանքերը. Յարութ Սասունեան
16-05-2024 11:27:52 | Հայաստան | Մամլո հաղորդագրություն
Վերջին շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ շատ բան տեղի ունեցած է՝ խորապէս ցնցելով ապաշնորհ, անփորձ, պարտուող եւ մոլորեցնող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ պէտք է հրաժարական տուած ըլլար 10 Նոյեմբեր 2020ին, այն օրը, երբ ստորագրեց Ատրպէյճանի հետ անձնատուութեան համաձայնագիրը:
Փաշինեան իշխանութեան եկաւ շահագործելով ժողովուրդին դիւրահաւատութիւնը եւ անոր վրդովումը նախկին ղեկավարներու նկատմամբ: Ան յայտարարեց, որ խաղաղութիւն կը բերէ Հայաստանի, անոնց զաւակները այլեւս չեն զոհուիր պատերազմներուն, անոնք կ՛ապրին բարեկեցութեան մէջ՝ բարձր վարձատրուող աշխատանքով, չ՛ըլլար կաշառակերութիւն եւ միլիոնաւոր այլ կեղծիքներ. նման խօսքերով ան մոլորեցուց հանրութիւնը։
Իր նորայայտ իշխանութենէն արբեցած՝ Փաշինեան ամբողջովին խելագարեցաւ: 2018ին, երբ ան եւ իր հետեւորդներուն ամբոխը շրջապատեցին խորհրդարանի շէնքը, ինք ամբարտաւանօրէն յայտարարեց, որ կա՛մ կը դառնայ վարչապետ, կա՛մ Հայաստանը վարչապետ չ՛ունենար: Ասիկա յայտարարութիւնն է ինքնահռչակուած ժողովրդավար առաջնորդի, որ դարձաւ բռնապետ:
2021ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակ, Փաշինեան մուրճը ձեռքին կանգնեցաւ բեմի վրայ՝ խոստանալով ջարդել իր քաղաքական հակառակորդներուն գլուխները: Ան նաեւ սպառնաց իր հայ մրցակիցներուն «ծեփել պատերը եւ փռել ասֆալթին»: Այս է անոր կոպիտ պատկերացումը ժողովրդավարութեան մասին։
2018ին, Փաշինեան իր հետեւորդներու բազմութեան ըսաւ, որ ինք կը լքէ պաշտօնը, երբ ժողովուրդը պահանջէ իր հրաժարականը: Այդ ժամանակէն ի վեր ան անտեսած է իր հրաժարականի բոլոր պահանջները՝ կառչած մնալով իշխանական աթոռին: Անոր հրաժարականը պահանջող բազմաթիւ ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, երբ լրագրողը հարցուց, թէ արդեօք ան կը պահպանէ՞ իր խոստումը եւ հրաժարական կու տա՞յ, ան ամբարտաւանօրէն պատասխանեց. «ասիկա ժողովուրդը չէ»՝ ակնարկելով, որ «ժողովուրդ» կը համարէ միայն իրեն սատարողներուն։
Թէեւ Փաշինեանի կողմնակիցները կեղծօրէն կը պնդեն, որ ան ընտրուած է վարչապետ, փաստը այն է, որ ան չէ ընտրուած, քանի որ վարչապետի պաշտօնը ընտրովի պաշտօն չէ: Ան ընտրուած է իր խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ, որ բաղկացած է նոյնքան ապաշնորհ եւ անփորձ երիտասարդ տղամարդոցմէ եւ կիներէ:
Փաշինեան չի հանդուրժեր այլախոհները: Եթէ Հայաստանի մէջ ապրող ոեւէ մէկը կը համարձակի քննադատել զայն, վարչապետը իր լաւ կերակրուած ոստիկանական ջոկատին կը հրամայէ՝ քննադատողին պառկեցնել գետին, ծեծել ու ձերբակալել։ Անոր գլխաւոր դաշնակիցը՝ խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, փողոցին մէջ թքած է հայ մարդու երեսին, միայն այն պատճառով, որ ան քննադատած է զինք: Իսկ եթէ սփիւռքահայը չի համաձայնիր Փաշինեանի հետ, ապա անոր թոյլ չեն տար Հայաստան մուտք գործել՝ Երեւանի օդանկայան ժամանելէն ետք: Փաշինեանի օրօք Հայաստան դարձած է բռնապետութիւն, որ կը ղեկավարուի մէկ մարդու քմահաճոյքով:
Հիմա կարգը Տաւուշի թեմի առաջնորդ՝ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանինն է, որ դէմ է Փաշինեանի կամայական որոշման՝ հայկական սահմանամերձ չորս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու, առանց հանրաքուէի եւ խորհրդարանի հաւանութեան։
Արքեպիսկոպոսը անմիջապէս ենթարկուեցաւ Փաշինեանի եւ անոր մանկլաւիկներու, այդ շարքին՝ դիմատետրի հազարաւոր կեղծ հետեւորդներու կատաղի յարձակումներուն, որոնք կը վարձատրուին զրպարտելու համար ամէն ոք, որ կը համարձակի քննադատել վարչապետը:
Արքեպիսկոպոսն ու անոր կողմնակիցները Փաշինեան անուանեց «թմրեցուցիչի պարոններ» եւ «դուրսի երկիրներէ ղրկուած օտարերկրացի գործակալներ»՝ առանց որեւէ ապացոյցի: Շատ տգեղ է, երբ կառավարութեան ղեկավարը փողոցային լեզուով կը խօսի՝ իր քաղաքական հակառակորդները նսեմացնելու համար։ Ան, որ կը համարձակի քննադատել Փաշինեանը, անմիջապէս կը պիտակաւորուի իբրեւ «Քրեմլինի գործակալ», որուն հազարաւոր տոլարներ կը վճարեն «երկիրը քայքայելու համար»: Ինչո՞ւ պէտք է մէկը վարձատրեն Հայաստանը քայքայելու համար, երբ Փաշինեան անձամբ արդէն կը քայքայէ երկիրը:
Իրադարձութիւններու տարօրինակ շրջադարձով մը, Արքեպիսկոպոսը կրկնեց նոյն մարտավարութիւնը, որով Փաշինեան եկաւ իշխանութեան՝ 2018ին, Գիւմրիէն քալելով դեպի Երեւան: Այսպիսով, Սրբազանը Փաշինեանին կու տայ իր սեփական դեղին չափը: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ Փաշինեան իշխանութեան գալու համար խախտեց բազմաթիւ օրէնքներ՝ ջարդելով Հայաստանի ձայնասփիւռի կեդրոնին դռները, իր հետեւորդներով շրջապատելով դատարանը՝ դատաւորներուն արգիլելով շէնք մուտք գործել եւ արգելափակելով խորհրդարանին մուտքերը:
Արքեպիսկոպոսը ունի առաւելութիւններ եւ թերութիւններ: Սրբազանը հոգեւորական է, որուն զէնքը ճշմարտութիւնն ու բարոյականութիւնն են: Ան կը քարոզէ խաղաղութիւն, սէր եւ ոչ բռնութիւն: Անցեալ վեց տարիներու ընթացքին, ընդդիմադիր զանազան խմբաւորումներու բոլոր փորձերը՝ Փաշինեանը փողոցային բողոքի ցոյցերով տապալելու համար, ձախողած են:
Արքեպիսկոպոսը միակ մարդն է, որ ձեռք բերած է վստահութիւնը մեծ թիւով հայերու, որոնք խանդավառօրէն միացած են անոր երթին՝ Տաւուշէն դէպի Երեւան: Աւելի քան 100 հազար հայեր հեղեղեցին քաղաքի գլխաւոր հրապարակը՝ լսելու անոր պատգամը:
Մայիս 9ին, երբ Սրբազանը ժամանեց Երեւան՝ յայտարարեց, որ Փաշինեանին մէկ ժամ կու տայ հրաժարականի համար: Երբ ժամը անցաւ եւ ան չտուաւ հրաժարական, Արքեպիսկոպոսը չուզեց յաջորդ քայլին դիմել՝ կոչ ընել իր 100 հազար հետեւորդներուն գրոհել շէնքը եւ տապալել վարչապետը: Փոխարէնը, Սրբազանը յայտարարեց ամբողջ երկրին մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարք մը գործողութիւններ սկսելու մասին:
Այժմ Սրբազանը կը խորհրդակցի ընդդիմութեան տարբեր առաջնորդներու հետ՝ յաջորդ քայլերը քննարկելու համար: Եթէ եւ երբ Փաշինեան հրաժարական տայ, կամ ենթարկուի պաշտօնազրկման, որոնց երկուքն ալ անհաւանական դիպաշարեր են, Արքեպիսկոպոսը ըսաւ, որ կը կազմակերպուի անցումային կառավարութիւն, որ հետագային կը կազմակերպէ խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ նոր վարչապետ ընտրելու համար: Կը մնայ տեսնել, թէ Սրբազանը կը յաջողի՞ խաղաղ ծրագիրներով տապալել Փաշինեանը:
Փաշինեանէն ազատելու լաւագոյն պատճառը այն է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները եռանդուն կերպով գովաբանած են Փաշինեանը՝ իր բազմաթիւ եւ անվերջ զիջումներուն համար: Յայտնի ատրպէյճանցի վերլուծաբան՝ Ալի Հաճիզատէ նոյնիսկ առաջարկած է ատրպէյճանական եւ թրքական զօրքեր ղրկել Երեւան՝ Փաշինեանի կառավարութեան աջակցելու համար․․․
Բոլոր հայրենասէր հայերը մէկ կողմ ձգելով իրենց ներքին տարակարծութիւնները, պէտք է դաշինք կազմեն անցումային կառավարութիւն ստեղծելու համար, որ պիտի կազմակերպէ յաջորդ ընտրութիւնները: Պէտք է հանրային ճնշում գործադրուի Փաշինեանի վրայ, որպէսզի ան շուտ հրաժարական տայ, այնքան ատեն, որ երկիրը չէ դադրած գոյութիւն ունենալէ՝ ներքին եւ արտաքին թշնամիներու յարձակումներուն պատճառով: Ասիկա կրնայ ըլլալ Հայաստանի փրկութեան վերջին հնարաւորութիւնը: