Նուիրատուութիւններու Պատճառով Վատիկան Դարձած Է Ատրպէյճանի Կողմը. Յարութ Սասունեան


Նուիրատուութիւններու Պատճառով Վատիկան Դարձած Է Ատրպէյճանի Կողմը. Յարութ Սասունեան

  • 21-05-2024 14:57:18   | Հայաստան  |  Քաղաքական

27 Մարտ 2024ին, իտալական  Irpmedia.irpi.eu  կայքէջի մէջ հրապարակուած ծաւալուն յօդուածին մէջ՝ «Ինչպէ՞ս Վատիկանը օգնեց օրինականացնել Ալիեւի միապետութիւնը Ատրպէյճանի մէջ» վերնագիրով, Սիմոնէ Զոփելարօ կը բացայայտէ Վատիկանի ատրպէյճանամէտ կողմնակալութիւնը ֆինանսական նուիրատուութիւններուն պատճառով, թէեւ Հայաստան քրիստոնեայ պետութիւն է, իսկ Ատրպէյճան՝ իսլամական:

22 Փետրուար 2020ին, Ատրպէյճանի բռնակալ ղեկավար Իլհամ Ալիեւ եւ անոր կինը՝ երկրի փոխ նախագահ Մեհրիպան Ալիեւա, պետական այցով ժամանած էին Վատիկան։ Զանոնք պաշտօնապէս ընդունած էին Ֆրանսիսքոս Պապը, պետական քարտուղար Քարտինալ Փիեթրօ Փարոլի եւ միջ-պետական յարաբերութիւններու քարտուղար արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կէլէկըր: Ալիեւա Վատիկան եկած էր, որ ստանար Սուրբ Աթոռին կողմէ աշխարհականներուն  շնորհուող բարձրագոյն պարգեւը՝ «Մեծ Խաչ»ը։ Այդ պարգեւը կ՛առաջարկեն թեմական եպիսկոպոսները՝ իբրեւ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան նշան Եկեղեցւոյ կամ հասարակութեան մատուցուած ծառայութիւններու համար, եւ այդ  վերապահուած է պետութիւններու ղեկավարներուն, նախարարներուն, դեսպաններուն եւ թագաւորական ընտանիքի անդամներուն: Սակայն Ատրպէյճանի նկատմամբ Վատիկանի հետաքրքրութեան շարժիչ ուժը Հէյտար Ալիեւի Հիմնադրամին կողմէ տրամադրուող ֆինանսական աջակցութիւնն է։

Զարմանալիօրէն, հակառակ փոքրամասնութիւններու, այլախոհներու եւ այլ կրօններու նկատմամբ Ատրպէյճանի անհանդուրժողականութեան, Սուրբ Աթոռ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է «տարբեր դաւանանքներու նկատմամբ Ատրպէյճանի բաց ըլլալուն եւ խաղաղ վերաբերումին համար»։

Վախնալով Ատրպէյճանի նուիրատուութիւններու կորուստէն՝ Վատիկան դժկամութեամբ թոյլ տուած է Պաքուի հասցէին որեւէ քննադատութիւն, յատկապէս՝ սեփական հոգեւորականներու կողմէ: «Հայր Ժորժ-Անրի Ռուսիէն հեռացուած է Հայրապետական արեւելեան հիմնարկէն, քանի որ ան կը քննադատէր անոնք, որոնք չէին ուզեր օգտագործել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» ձեւակերպումը»:

Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի «խաւիարային դիւանագիտութենէն» օգուտ քաղելու ակնկալիքները՝ Վատիկան չէ ուզած աւելի էական բան ըսել, քան «միջ-մշակութային եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ կրօնական եւ ցեղային տարբեր խումբերու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան»՝ նկատի ունենալով հայերն ու ատրպէյճանցիները։ Հռոմի Պապը աղօթած է Ղարաբաղի բնակիչներուն համար՝ յուսալով, որ «միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ կողմերու միջեւ բանակցութիւնները կը խթանեն տեւական համաձայնութիւն, որ վերջ կը դնէ մարդասիրական ճգնաժամին»: Նոյնիսկ 2020ի պատերազմի ընթացքին «եկեղեցին չկրցաւ երթալ «ներգրաւուած բոլոր կողմերուն եւ միջազգային հանրութեան» ուղղուած «զէնքերը վար դնելու» չափաւորութեան ընդհանուր կոչերէ անդին»:

24 Հոկտեմբեր 2023ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաքելական նուիրակ Խօսէ Աւելինօ Պեթենքուրթէն ստացաւ նոյն պարգեւը, որ երեք տարի առաջ տրուած էր Ատրպէյճանի փոխ նախագահ Ալիեւայի: Այսուամենայնիւ, կար մէկ էական տարբերութիւն․  մինչ Ալիեւա իր մրցանակը ստացաւ անմիջապէս Հռոմի Պապէն, Փաշինեանի պատուեց առաքելական նուիրակը: Կային նաեւ այլ տարբերութիւններ, որոնք «օգնեցին ամրապնդելու Ալիեւներու ընտանիքի իշխանութիւնը՝ հակառակ Արցախի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն»:

«Մշակոյթի հայրապետական  խորհուրդի պատուաւոր նախագահ եւ Սրբազան հնագիտութեան հայրապետական  յանձնաժողովի նախագահ Քարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւասի Վատիկանի ամենաբարձր պաշտօնեան է, որ առաւելագոյն ջանքեր գործադրած է Ատրպէյճանի հետ երկխօսութիւն սկսելու համար»: 2013ին, ան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պարգեւատրուեցաւ Բարեկամութեան շքանշանով՝  բարձրագոյն պարգեւ, որ կը տրուի «Ատրպէյճանի եւ օտարերկրեայ պետութեան միջեւ բարեկամական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ունեցած յատուկ ներդրման համար»։

Քարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթի կը համարուի Վատիկանի եւ Պաքուի միջեւ ստեղծուած «առանձնաշնորհեալ կապի գլխաւոր հերոսը»։ «Չափազանց կրթուած, բազմալեզու, յաւակնոտ եւ իշխանասէր քարտինալ Կուճերոթին Ալիեւներու ընտանիքը կը ճանչնար 2002էն, երբ տակաւին ողջ էր 1969էն իշխանութեան ղեկին գտնուող նախագահ Հէյտար Ալիեւ»։

2000ականներու սկիզբը Կուճերոթի հանդիպած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ՝ իբրեւ Հարաւային Կովկասի նուիրակ, զոր ստանձնած էր 2001ին: Մինչ այդ, Սուրբ Աթոռի այս նուիրակութիւնը կը վերաբերէր միայն Վրաստանի եւ Հայաստանի: Այդ տարիներուն, երբ Հայաստան յաղթեց  Ատրպէյճանի՝ առաջին պատերազմի ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ հրադադարը կ՛երաշխաւորէր Ռուսիան։ Ցեղային ատելութիւնը, որ դեռ սնունդ կու տար հակամարտութեան, սկսած էր  հանդարտիլ, սակայն նուիրակ Կուճերոթի Ատրպէյճանը անուանեց «երկիր (որ) տարբեր կրօններու ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան խորհրդանիշն է»։

«2011ին՝ իբրեւ նուիրակ իր առաքելութիւնը սկսելէն տասը տարի անց, Կուճերոթի ստորագրեց պատմական համաձայնագիր, որ առաջին անգամ կը կարգաւորէր Պաքուի եւ կաթողիկէ եկեղեցիին միջեւ յարաբերութիւնները: Վաւերացման պահուն  վերյիշելով  2019ին Պաքուի «Բարոյական արժէքներու խթանման հիմնադրամ»ի կողմէ հրատարակուած «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ»  գիրքը, Կուճերոթի երախտագիտութիւն կը յայտնէ (Ատրպէյճանի) կառավարութեան, որ պայմաններ ստեղծած է (համաձայնագիրը) կարելի դարձնելու համար՝ ընդգծելով, որ մեր երկիրը միշտ հաւատարիմ մնացած է  հանդուրժողականութեան սկզբունքներուն եւ նշած, որ համաձայնագիրը իր տեսակին մէջ եզակի փաստաթուղթ է, քանի որ Վատիկանը նախապէս երբեք նման համաձայնագիր չէ ստորագրած որեւէ պետութեան հետ»:

Ըստ Կուճերոթիի՝ «Ատրպէյճան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր հանդուրժողականութիւնը։ Այժմ ամբողջ աշխարհը ականատես է ատոր։ Համոզուած եմ, որ այս փաստաթուղթը դրական արձագանգ կը ստանայ աշխարհի մէջ եւ կը յիշուի իբրեւ պատմական մեծ իրադարձութիւն։ Մամուլի արձագանգը առաջին իսկ օրէն կ՛ապացուցէ, որ մենք իրաւացի ենք։ Սուրբ գահի եւ Թագի անունով այս բոլորին համար իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան»։

2009էն ի վեր Հէյտար Ալիեւի Հիմնադրամը՝ Մեհրիպան Ալիեւայի գլխաւորութեամբ, կը ֆինանսաւորէ Վատիկանի մէջ տարբեր ձեռնարկներ՝ վերականգնման ծրագիրներ, ցուցահանդէսներ եւ համերգներ: Ատրպէյճանի կողմէ ֆինանսաւորուող այլ նախագիծերու շարքին են՝ հռոմէական  գետնադամբանները, Վատիկանի թանգարանները, Վատիկանի առաքելական գրադարանը եւ կաթողիկէ եկեղեցիները Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի մէջ: Այս նուիրատուութիւնները կազմած են մէկ միլիոն եւրօ:

2013ին Կուճերոթի ստացաւ Մովսէս Խորենացի մետալը՝ Հայաստանի բարձրագոյն պարգեւը, օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ՝ հայագիտութեան մէջ իր կարեւոր աւանդին, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն համար։

Յօդուածին հեղինակը եզրակացուցած է՝ Վատիկանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, թերեւս չնախատեսուած կերպով, ամրապնդած են ատրպէյճանական միապետութեան գերիշխող դերը... ինչ որ կրնայ նպաստել դիւանագիտական լուծման, որ շատ ետեւ կը մղէ կամ կը ջնջէ ատրպէյճանական միապետութեան կողմէ իրականացուած յանցագործութիւններն ու յարձակումները:

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

 

  -   Քաղաքական