Թուրքիա 544 Միլիոն Տոլար Յատկացուցած Է Օտար Երկիրներու Իր Համայնքները Աշխուժացնելու Համար. Յարութ Սասունեան


Թուրքիա 544 Միլիոն Տոլար Յատկացուցած Է Օտար Երկիրներու Իր Համայնքները Աշխուժացնելու Համար. Յարութ Սասունեան

  • 07-08-2024 14:38:33   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Երկու ամիս առաջ ես վերլուծական գրած էի՝ «Թուրքիան կ՛աջակցի արտերկրի իր քաղաքացիներուն, մինչդեռ Հայաստան կը վանէ իր Սփիւռքը» վերնագիրով։ Ատոր հիմքը Ապտուլլահ Պոզքուրթի՝ «Թուրքիան կ՛ընդլայնէ իր սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը՝ արտերկրին մէջ քաղաքական նպատակներու հասնելու համար» յօդուածն էր, որ հրապարակուած էր Nordic Monitor կայքէջին մէջ։
 
Անցեալ շաբաթ Պոզքուրթ հրապարակեց յաջորդ յօդուածը՝ «Թուրքիա կը պատրաստուի ուժեղացնել իր միջամտութիւնը այլ երկիրներու ներքին գործերուն՝ օգտագործելով թրքական սփիւռքը» վերնագիրով։ Յօդուածը լրացուցիչ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ թրքական կառավարութեան ջանքերուն մասին՝ արտերկրին մէջ գտնուող թուրք քաղաքացիներու միջոցով ներկայացուցչական խումբեր ստեղծելու համար: Ի հակադրութիւն ասոր, Հայաստան կը վանէ իր Սփիւռքը՝ ճեղքեր ստեղծելով եւ արգիլելով անոնցմէ ոմանց մուտքը հայրենիք: Հաշուի առնելով այն լուրջ ճգնաժամը, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստան, անոր կառավարութիւնը պէտք է կարելի ամէն բան ընէ, որպէսզի գրաւէ արտասահման գտնուող հայրենակիցները՝ այցելելու իրենց հայրենիքը, ներդրումներ կատարելու երկրին մէջ եւ փոխանցելու իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները: Սփիւռքը Հայաստանի համար արժէքաւոր գործօն է, այլ ոչ թէ «կթան կով»:
 
Թրքական հզօր պետութիւնը, որ արտասահման գտնուող իր քաղաքացիներուն օգնութեան կարիքը երբեք չունի, կը սնուցէ եւ կը հզօրացնէ իր սփիւռքը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը 544.2 միլիոն տոլար պիւտճէ յատկացուցած է 2024-28 թուականներու համար սփիւռքի իր գործակալութեան՝ երկրէն դուրս գտնուող թուրքերու եւ յարակից համայնքներու նախագահութեան (թուրքերէն՝ YTB-ի): Անոր ռազմավարական  ծրագիրն է` «խրախուսել աւելի ամուր հաւատարմութիւն թրքական սփիւռքի մարդոց կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ՝ Էրտողանի կառավարութեան ֆինանսական եւ այլ աջակցութեան մեծացման միջոցով»։
 
Պոզքուրթ բացատրած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան իսկական նպատակն է «աւելի մեծ ազդեցութիւն գործադրել եւրոպական երկիրներու ներքին քաղաքականութեան վրայ՝ աշխուժօրէն աջակցելով թրքական եւ մահմետական համայնքներուն՝ իրենց քաղաքական ներգրաւուածութեան մէջ, ինչպէս յայտնած է կառավարութեան սփիւռքի գործակալութեան ղեկավարը խորհրդարանական յանձնաժողովի առջեւ վկայութիւն տալու ժամանակ»: YTB-ի ղեկավար Ապտուլլահ Էրեն, 17 Յուլիսին թրքական խորհրդարանին մէջ ըսած է, որ «կրնայ աւելին բացայայտել դռնփակ նիստի ընթացքին, ուրկէ իր մեկնաբանութիւններու արձանագրութիւնը չի հրապարակուիր»:
 
Էրենի գաղտնիութեան պատճառը այն է, որ YTB-ի «կ՛աջակցին թրքական գործակալութիւններ, որոնք կ՛աշխատին սփիւռքի խումբերու հետ, օրինակ՝ թրքական հետախուզական կազմակերպութիւնը (MIT), Արտաքին ծառայութիւնը, «Մաարիֆ» հիմնադրամը, Կրօնական գործերու տնօրէնութիւնը (Diyanet), Եունուս Էմրէի հիմնարկը եւ Թուրքիոյ համագործակցութեան ու զարգացման գործակալութիւնը»: Նպատակն է՝ «շատ աւելի թրքամէտ քաղաքական գործիչներ տեղաւորել արտերկրի քաղաքական քարտէսին վրայ»: Անոնց ջանքերը յատկապէս կեդրոնացած են Եւրոպայի մէջ, ուր կ՛ապրի թրքական սփիւռքի մեծ մասը: Վերջին տասնամեակին, Էրտողանի կառավարութիւնը աջակցած է Եւրոպայի մէջ աւելի փոքր քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծման, յատկապէս անոնց, որոնք կ՛առաջնորդուին կրօնական օրակարգով: Անիկա աջակցած է կայացած հիմնական կուսակցութիւններու մէջ աշխատող թեկնածուներուն՝ ակնկալելով, որ անոնք հանդէս կու գան որպէս թրքական կառավարութեան քաղաքականութեան վստահուած մարդիկ: Այսուամենայնիւ, արդիւնքները մինչ օրս բաւարար չեն եղած, ինչ որ թրքական կառավարութեան ստիպած է խոստանալ աշխուժացնել ջանքերը՝ հասնելու անոր, զոր ան կ՛անուանէ ռազմավարական նպատակ»:
 
Ըստ YTB-ի վերահսկող խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Սեդա Կորեն Պոլուքի՝ «Սփիւռքի թիրախային բնակչութիւնը մօտ 40 միլիոն է, որ բաղկացած է մօտաւորապէս 7 միլիոն թուրքերէ եւ աւելի քան 30 միլիոն մարդոցմէ՝ այլ երկիրներու յարակից (մահմետական) համայնքներէ: Ան խոստացած է ընել կարելի ամէն բան՝ լուծելու սփիւռքի խումբերուն առնչուող խնդիրները՝ թրքական պետութեան հզօրացման  համար»։
 
Համաձայն YTB-ի հարցումին՝ «թրքական սփիւռքի երիտասարդներու շրջանին մէջ, որոնց թիւը կը գնահատուի մօտ 2 միլիոն, որ ներկայիս արդէն չորրորդ սերունդն է, հարցուածներու մէկ երրորդը փափաք յայտնած է աշխուժօրէն մասնակցիլ եւրոպական երկիրներու քաղաքականութեան եւ աջակցիլ անոնց քարոզարշաւներուն»։ Արտերկիր գտնուող թուրք երիտասարդութեան եւս մէկ երրորդը «մտադիր է թաքցնել իր իրական մտադրութիւնները եւ սկսիլ իր քարոզարշաւը Թուրքիոյ անունով միայն հիմնական կուսակցութիւններու մէջ առանցքային դիրքեր ապահովելէ ետք»: Վերջին մէկ երրորդը նշած է, որ քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուելու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը զերօ է:
 
Թուրք երիտասարդները խրախուսելու համար՝ ներգրաւուելու այն երկիրներու քաղաքականութեան մէջ, ուր անոնք կ՛ապրին, Էրեն վկայակոչած է թրքական ծագում ունեցող Սերափ Կիւլերի օրինակը, որ քաղաքական գործիչ է Գերմանիա, ՔԴՄ-ի (Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն) եւ Պունտըսթակի (Գերմանիոյ խորհրդարան) անդամ 2021էն ի վեր։ Հակառակ նախապէս Թուրքիոյ հասցէին հնչեցուցած որոշ քննադատութիւններու, Կիւլեր կապ կը պահպանէ Թուրքիոյ դեսպանատան եւ թրքական պետական կառոյցներու հետ»։
 
Յաղթահարելով արտասահման ապրող թուրքերու իրաւական եւ քաղաքական մարտահրաւէրները՝ YTB կոչ ըրած է Թուրքիոյ կառավարութեան «օգտագործելու իր դիւանագիտական ազդեցութիւնը եւ հանրային դիւանագիտութեան գործիքները՝ ճնշում գործադրելու համար օտարերկրեայ պետութիւններու վրայ, որպէսզի ջնջեն այդ սահմանափակումները թրքական սփիւռքի խումբերու նկատմամբ»։
 
YTB «արդէն կը համագործակցի Եւրոպայի եւ այլ ցամաքամասերու մէջ գործող բազմաթիւ խումբերու հետ՝ տրամադրելով դրամ, նիւթածրագրային եւ արհեստագիտական աջակցութիւն, անոնց արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար»: YTB, Մայիսի սկիզբը, Անգարայի մէջ մասնակցած է «ծրագիրի մը, որ կազմակերպուած է Միջազգային դեմոկրատներու միութեան կողմէ, կազմակերպութիւն մը, որ հանդէս կու գայ իբրեւ օտարերկրեայ շահերու խումբ, ներկայացնելով Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը՝ AKP, արտասահմանի մէջ»:
 
YTB «ամէն տարի Թուրքիա կը բերէ 4000 երիտասարդ տղաներ ու աղջիկներ՝ Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ճամբարներու մէջ վերապատրաստման եւ կրթութեան տարբեր ծրագիրներով: Ըստ Էրենի, բազմաթիւ երիտասարդ թուրք ճարտարագէտներ, որոնք կ՛ուսանին  Եւրոպա, ընդգրկուած են փորձնական ծրագիրներու մէջ, զորս ան կոչած է «քրիթիքական արդիւնաբերութիւններ», օրինակ՝ պաշտպանական եւ ռազմական արհեստագիտութիւնները: Ան նշած է պետական սեփականութիւնը հանդիսացող պաշտպանական կապալառուները, ինչպէս օրինակ՝ «Ասելսան» եւ «Թուսաշ», իբրեւ վայրեր, ուր այդ մարդիկ հաւաքուած են փորձնականի համար»։
 
Էրեն յայտարարած է, որ «Էրտողանի կառավարութիւնը քննադատող եւ ընդդիմադիր խումբերը սպառնալիք կը հանդիսանան՝ YTB-ի յայտարարած նպատակներուն, որովհետեւ կը խաթարեն թրքական կառավարութեան քաղաքականութիւնը սփիւռքի մէջ։ Այս կը ներառէ Կիւլենի շարժումը, քրտական ընդդիմադիր խումբերը եւ ալեւիները»:
 
Կը մնայ տեսնել, թէ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները ինչպէ՛ս պիտի վարուին Էրտողանի կառավարութեան վստահուած խումբերուն հետ, որոնք կը համարուին չարձանագրուած օտար գործակալներ:
 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական