Բացայայտուեցաւ Պաքուի Մէջ Գումարուելիք Կլիմայի Վեհաժողովին Վերաբերող ՄԱԿ-Ազրպէյճան Համաձայնագիրին Բովանդակութիւնը


Բացայայտուեցաւ Պաքուի Մէջ Գումարուելիք Կլիմայի Վեհաժողովին Վերաբերող ՄԱԿ-Ազրպէյճան Համաձայնագիրին Բովանդակութիւնը

  • 25-10-2024 15:22:59   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Մինչ ՄԱԿ-ի Կլիմայի վեհաժողովը 11 նոյեմբերին պիտի գումարուի Պաքուի մէջ, հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ, որ պէտք չէ արտօնութիւն տրուէր Ազրպէյճանին՝ նման հեղինակաւոր հաւաք մը հիւրընկալել։ Արդարեւ, Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ ի գործ դրուած ցեղային զտումներուն եւ Պաքուի բանտերուն մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիներուն վերաբերող հայկական բողոքներուն զուգահեռ, ամբողջ աշխարհին մէջ առարկութիւններ բարձրացած են նման վեհաժողով մը կայացնելու այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր մարդու իրաւունքները կոպտագոյն եւ մնայուն կերպով կը խախտին։
 
10 հոկտեմբերին «Հիումըն ռայց ուոչ»  միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակեց յօդուած մը՝ «ՔՈՓ 29-ը հիւրընկալող երկրի համաձայնագիրին մէջ կը բացակայի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը. Ազրպէյճան պէտք է երաշխաւորէ Կլիմայի վեհաժողովին մասնակից քաղաքացիական հասարակութեան իրաւունքները» խորագիրով: «Հիումըն ռայց ուոչ»-ը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Պաքուի կողմէ վեհաժողովի հիւրընկալութեան համար։
 
«Հիումըն ռայց ուոչ»-ը ձեռք բերած է պատճէնը ՄԱԿ-ի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին, որ չէ հրապարակուած, հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ի անդամները պնդած են, որ՝ «Հիւրընկալող երկրի համաձայնագիրները պէտք է հասանելի ըլլան հանրութեան եւ պէտք է երաշխաւորեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային իրաւունքը»:
 
«Հիումըն ռայց ուոչ»-ը յորդորած է ՄԱԿ-ը՝ հրապարակային կոչ ուղղել Ազրպէյճանի կառավարութեան՝ յարգելու մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ իր պարտաւորութիւնները եւ նպաստելու իրաւունքներ պաշտպանող Կլիմայի վեհաժողովին։
 
«Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ը եւս նման պահանջ ներկայացուց այս տարուան յուլիսին։ Կարեւոր է, որ համաձայնագիրը պաշտպանէ ոչ միայն Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն իրաւունքները, այլ նաեւ՝ վեհաժողովի հազարաւոր միջազգային մասնակիցներուն ապահովութիւնը։
 
Երբ ես սեղմեցի «Հիումըն ռայց ուոչ»-ի յօդուածին մէջ ներառուած յղման վրայ, գտայ 20 էջնոց երկար համաձայնագիր մը, որ ստորագրուած է ՄԱԿ-ի եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան միջեւ 2024 թուականի օգոստոսին։ «Հիումըն ռայց ուոչ»-ը դժգոհած է, որ համաձայնագիրը՝ «Լի է զգալի թերութիւններով եւ անորոշութիւններով՝ մասնակիցներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով»: Օրինակ, թէեւ համաձայնագիրին մէջ կը նշուի, որ ժողովին մասնակիցները՝ «Պիտի վայելեն անձեռնմխելիութիւն իրաւական գործընթացէն՝ բանաւոր կամ գրաւոր խօսքերու եւ անոնց կողմէ կատարուած որեւէ արարքի համար», բայց եւ այնպէս, միւս կողմէ կը պահանջուի, որ անոնք՝ «Յարգեն Ազրպէյճանի օրենքները եւ միջամուխ չըլլան անոր «ներքին գործերուն»։
 
Ստորեւ՝ ստորագրուած համաձայնագիրին կարեւորագոյն կէտերը.
- «Կառավարութիւնը (Ազրպէյճանի) պարտաւոր է պաշտպանել մարդու հիմնարար իրաւունքները, մարդու արժանապատուութիւնը եւ արժէքը, ինչպէս նաեւ հաւասար իրաւունքները՝ բոլոր ժողովականներուն, որոնք պիտի մասնակցին ժողովին նախորդող հանդիպումներուն/վեհաժողովներուն/ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային բանաձեւի ժողովներուն»։
 
- «Պաքուի Ողիմպիական մարզադաշտի տարածքը, ուր տեղի պիտի ունենան վեհաժողովը եւ նախընտրական հանդիպումները, ներառեալ՝ անկէ անմիջապես դուրս գտնուող որեւէ տարածք, պիտի գտնուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ապահովութեան վարչութեան անմիջական վերահսկողութեան եւ հակակշիռին տակ….»:
 
- «Հիւրընկալող երկիրը կ՛աջակցի, եւ թեքնիք բաժնի անձնակազմը պէտք է առաջնորդուի բարձրագոյն բարոյագիտական եւ մասնագիտական չափանիշներով, եւ կ՛ակնկալուի, որ կը վերաբերին ազնուութեամբ ու յարգանքով: Կառավարութիւնը պէտք է երաշխաւորէ, որ համապատասխան չափորոշիչները լիովին հասկնալի ըլլան»:
 
- «Կառավարութիւնը պատասխանատու է իր ծախսերով տրամադրելու հարկ եղած ոստիկանութեան պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն, որով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել վեհաժողովի արդիւնաւէտ աշխատանքը՝ առանց որեւէ տեսակի միջամտութեան»:
 
- «Վեհաժողովի տարածքին ապահովական պատասխանատուն ՄԱԿ-ի ապահովութեան վարչութիւնն է, իսկ  ժողովի տարածքէն դուրս ապահովութեան պատասխանատուն կառավարութիւնն է…: Այս նպատակին համար գործող անձնակազմը պէտք է առաջնորդուի բարոյագիտական եւ մասնագիտական բարձրագոյն չափանիշներով, եւ կ՛ակնկալուի, որ անոնք կը վերաբերին ազնուօրէն եւ ամենայն յարգանքով։ Կառավարութիւնը պէտք է երաշխաւորէ, որ համապատասխան չափորոշիչները լիովին հասկնալի ըլլան»:
 
- Բոլոր մասնակիցները «Ատրպէյճանի մէջ պիտի վայելեն առանձնաշնորհումներն ու անձեռնմխելիութիւնը»՝ համաձայն ՄԱԿ-ի «Առանձնաշնորհումներու եւ անձեռնմխելիութեան մասին համաձայնագիրին…»: Դիտորդ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ այլ անձեր եւս...պիտի վայելեն անձեռնմխելիութիւն իրաւական գործընթացէ՝ բանաւոր կամ գրաւոր խօսքերու եւ իրենց կողմէ վեհաժողովին վերաբերող որեւէ արարքի»:
 
- Բոլոր մասնակիցները «ունին Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն մուտքի եւ ելքի իրաւունք, եւ ոչ մէկ խոչընդոտ պէտք է դրուի անոնց դիմաց՝ դէպի վեհաժողովի տարածքներ երթալու եւ հոնկէ դուրս ելլելու համար»: Բացառութիւններ կրնան ըլլալ միայն այն պարագային, երբ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ին ներկայացնէ «օրէնքի վրա հիմնուած առարկութիւններ՝ տուեալ անձի մը մուտքին վերաբերեալ։ Նման առարկութիւնները պէտք է վերաբերին  քրէական, ապահովական յստակ հարցերու, եւ ոչ թէ՛ ազգութեան, կրօնին, մասնագիտական կամ քաղաքական պատկանելութեանը»:
 
- Վեհաժողովի տարածքները «պաշտպանուած են…․ եւ անոնց մուտքը ենթակայ է (ՄԱԿ-ի)քարտուղարութեան լիազօրութիւններուն եւ վերահսկողութեան: Այդ տարածքները պէտք է անձեռնմխելի ըլլան վեհաժողովի ողջ ընթացքին»:
-  «Այս համաձայնագիրով նախատեսուած առանձնաշնորհումներէն եւ անձեռնմխելիութենէն օգտուող բոլոր մասնակիցները... պարտաւոր են յարգել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ գործող օրէնքներն ու կանոնակարգերը եւ պարտաւոր են չմիջամտել անոր ներքին գործերուն»։
 
- Բացի վեհաժողովի հիւրընկալման ծախսերը վճարելէ՝ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ին պիտի փոխհատուցէ 5.811.800 տոլար՝ վեհաժողովի ծրագրաւորման, ՄԱԿ-ի անձնակազմի օդանաւային տոմսերու եւ թեքնիք ծառայութիւններու ծախսերուն համար:
 
Համաձայնագիրին մէջ վերջապէս կը հաստատուի, որ՝ «Վեհաժողովի աւարտէն ետք (ՄԱԿ-ի) քարտուղարութիւնը (ՄԱԿ-ի) Բիւրոյին զեկոյց պիտի ներկայացնէ այս համաձայնագիրի պայմաններու կատարման վերաբերեալ, որոնց կարգին՝ քաղած դասերու եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու»։
 
Վեհաժողովի աւարտին մենք պիտի գիտնանք՝ արդեօք Ազրպէյճան պահպանա՞ծ է համաձայնագիրի պայմանները, յատկապէս՝ մարդու իրաւունքներու վերաբերող, մասնաւորապէս, վեհաժողովին զուգահեռ, ոստիկանութեան կողմէ Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն  կողմէ հանրային բողոքի ցոյցերը ճնշելու հարցով:
 
 
  -   Քաղաքական