Հայաստան Կ՛արգելակէ Արցախեան Ժապաւէնի Առաջադրումը «Օսքար»-ի Մրցումին. Յարութ Սասունեան


Հայաստան Կ՛արգելակէ Արցախեան Ժապաւէնի Առաջադրումը «Օսքար»-ի Մրցումին. Յարութ Սասունեան

  • 21-11-2024 14:06:08   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Նախորդ շաբթուան յօդուածիս մէջ ես քննադատած էի Յորդանանի կառավարութիւնը` Ազրպէյճանի ճնշման տակ  Արցախի վերաբերող վաւերագրական ժապաւէնի «Օսքար»-ի մրցումի առաջադրումը յետս կոչելուն համար: 
 
Թէեւ բաւականին վատ է, որ Ազրպէյճանի նման թշնամի երկիրը կը խոչընդոտէ Արցախի մասին ժապաւէնի առաջադրումը, սակայն շատ աւելի վատ է, երբ Հայաստան ի՛նք կը հրաժարի Արցախի մասին ժապաւէնը մրցումին առաջադրելէ։ 
 
Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիան որոշած է 2025-ի «Օսքար»-ին համար առաջադրել «Եաշան եւ Լէոնիտ Պրեժնեւը» ժապաւէնը` Արցախի մասին պատմող «1489» վերնագիրով  ժապաւէնին փոխարէն: Հակառակ անոր որ ես ուղղակի ապացոյցներ չունիմ, որ նման բան մը կատարուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կամ անոր կառավարութեան պահանջով, բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով անոնց հակաարցախեան դիրքորոշումները, կարելի է մեծ համոզումով ենթադրել, որ որոշումը տրուած է անոնց առաջարկով: Մէկ մատնանշում՝ «Եաշան եւ Լէոնիտ Պրեժնեւը» ժապաւէնին հովանաւորն է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:
 
Բազմաթիւ առիթներով Փաշինեան հաստատեց իր հակաարցախեան դիրքորոշումը` սկսեալ իր յանձնուողականութենէն, որ՝ Արցախը կը պատկանի Ազրպէյճանին: Մեկնելով այն իրողութենէն, որ Ազրպէյճան Արցախը գրաւեց Փաշինեանի վերահսկողութեան տակ, ան չափազանց դժկամութեամբ կը խօսի իր հիմնական ձախողութեան մասին եւ չ՛ուզեր ժողովուրդին յիշեցնել Արցախը չպաշտպանելու իր անձնական պատասխանատուութեան մասին: Այդ իսկ պատճառով ան 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Արցախ չէ կոչած: Ան յայտարարեց, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւումէն ետք Հայաստան գաղթած արցախցիները այլեւս Հայաստանի քաղաքացի չեն, թէեւ անոնք կը կրեն Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ:
 
Աւելի՛ն. նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ Փաշինեան անյուսօրէն կը փորձէ համոզել նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, ան կը խուսափի որեւէ քայլէ, որ, ըստ իրեն, կրնայ թշնամացնել Ազրպէյճանը: Ան նախազգուշացուց, որ եթէ Հայաստան չկատարէ Ազրպէյճանի պահանջները, Պաքուն կրկին կը յարձակի Հայաստանի վրայ:
«Ուիքիփետիա»-էն կը տեղեկանանք, որ «Եաշան եւ Լէոնիտ Պրեժնեւը» 2024 թուականի անհեթեթ ոճի ողբերգակատակերգական ժապաւէն է, որուն հեղինակն ու բեմադրիչը Էդգար Բաղդասարեանն է: Գլխաւոր դերակատար Մայիս Սարգսեանին մարմնաւորած թոշակառու հայը կը դժկամանայ ընդունել Խորհրդային Միութեան փլուզումը, կը պատկերացնէ իր զրոյցները նախկին խորհրդային ղեկավար Լէոնիտ Պրեժնեւի եւ համայնավար այլ առաջնորդներու հետ»: Բաղդասարեան անդամ է Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի խորհուրդին, որ այս ժապաւէնը ընտրած է իբրեւ Հայաստանի պաշտօնական յաւակնորդ «Օսքար»-ի համար: «1489» ժապաւէնը ստացած է Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի խորհուրդի 30 անդամներէն միայն երկուքին քուէները` մեծ բանավէճ յառաջացնելով Հայաստանի մէջ:
 
«1489»-ը 2020 թուականի արցախեան պատերազմին անհետացած 21-ամեայ ուսանող եւ երաժիշտ Սողոմոն Վարդանեանին մասին է: 1489-ը մարտի դաշտին մէջ անյայտ կորսուած զինուորին թիւն է: Full Frame Documentary Film Festival-ի կայքը կը բացատրէ, որ Սողոմոնին քոյրը` ժապաւէնի բեմադրիչ Շողակաթ Վարդանեանը, «Կը վաւերագրէ իր ծնողներն ու ինքնիրեն, երբ անոնք պատասխաններ կը փնտռեն, հարցազրոյցներ կը կատարէ ողջ մնացած զինուորներուն հետ, յուսահատօրէն կը կառչի յոյսին եւ կը նկարագրէ իրենց վիշտը, երբ յոյսը կը սկսի մարիլ: Յուզիչ, մտերմիկ պահերու ընդմէջէն «1489»-ը դէմ յանդիման կը դնէ ակնդիրը պատերազմին պատճառած մարդկային կորուստին՝ ընտանիքի մը անսասան սիրոյ, փնտռտուքի աւարտին եւ, ի վերջոյ, անոնց կողմէ կործանիչ ճշմարտութեան ընդունման միջոցով»:
 
Ժապաւէնը արժանացած է Ամսթերտամի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի «Լաւագոյն ժապաւէն» մրցանակին (ստանալով 15 հազար եւրօ նիւթական պարգեւ), Շարժապատկերի քննադատներու միջազգային միութեան FIPRESCI մրցանակին, Թրիեսթի շարժապատկերի փառատօնի «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին, Պուէնոս Այեըսի միջազգային վաւերագրական փառատօնի «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին եւ շարք մը այլ մրցանակներու։
 
Հայ վաւերագրողներու, լուսանկարիչներու, գրողներու եւ արուեստագէտներու  «Ակն ընդ ական» ընկերութիւնը յորդորեց Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիան՝ վերանայելու իր որոշումը` պնդելով, որ Բաղդասարեանի («Եաշան եւ Լէոնիտ Պրեժնեւը») ժապաւէնը՝ «Միջազգային մակարդակի վրայ չէ ցուցադրուած եւ միջազգային մրցանակներու չէ արժանացած»: Անոնք դիտել տուին, որ՝ «Եղածը անարդարութիւն է հայկական շարժապատկերի ոլորտին մէջ, եւ որ՝ ասիկա ամէնէն հնչուն, հեղինակաւոր եւ ուժեղ հայկական ժապաւէնը չէ, որ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան.... Վարդանեանի ժապաւէնը («1489») կրնայ «Օսքար»-ի արժանացող առաջին հայկական ժապաւէնը ըլլալ»:
 
Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի քարտուղար Նատալեա Ղազանչեանը արձագանգեց. «Շարժապատկերի ակադեմիայի անդամները նկատի չեն առներ ժապաւէնին ստացած մրցանակներուն ցանկը, այլ կը հիմնուին անոր ներկայացուցած գեղարուեստական արժէքներուն վրայ` մեկնելով շարժապատկերի արտադրութեան ոլորտին մէջ իրենց ունեցած հարուստ փորձառութենէն»: Ան ըսաւ, որ «Եաշան եւ Լէոնիտ Պրեժնեւը» ժապաւէնը «արժանացած է (հայկական) շարժապատկերի ակադեմիայի «Անահիտ«» մրցանակաբաշխութեան՝ յաղթելով ինը հաւանական մրցանակներէն հինգին: Ան աւելցուց, որ՝ «Շարժապատկերի ակադեմիայի ոեւէ անդամի, որ կապ ունի ներկայացուած ժապաւէնին հետ, չարտօնուեցաւ մասնակցել քուէարկութեան», կը հաղորդէ oc-media.org-ը:
 
Հայ հանրութիւնը պէտք է իր վրդովմունքը արտայայտէ Հայկական շարժապատկերի ակադեմիայի որոշման համար, որովհետեւ անիկա ընտրած է տարօրինակ ժապաւէն մը՝ փոխարէնը ժապաւէնի մը, որ կը ներկայացնէ մեր վիթխարի ողբերգութիւնը` Արցախի կորուստը: Հայերը պէտք է պնդեն, որ Հայկական ակադեմիան չեղարկէ իր սխալ որոշումը:
 
Չափազանց մտահոգիչ է, որ Հայաստանի պաշտօնեաները, Ազրպէյճանի կառավարութեան նման, արգելափակած են Արցախի վերաբերող հայկական բարձրորակ ժապաւէնին առաջադրումը «Օսքար»-ի նման մրցումի մը։
 
 
  -   Քաղաքական