Արձագանք՝ի պատասխան 2025 թուականի Յունուար 24-ին Ցիւրիխի մէջ Հայաստանի վարչապետին կատարած յայտարարութիւններուն


Արձագանք՝ի պատասխան 2025 թուականի Յունուար 24-ին Ցիւրիխի մէջ Հայաստանի վարչապետին կատարած յայտարարութիւններուն

  • 30-01-2025 11:53:56   |   |  Քաղաքական

 

Շվեյցարիոյ Հայկական եւ Հայամէտ Միութիւններու Խորհուրդը (CAAS) իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ցիւրիխի մէջ շվեյցարահայ համայնքի տարբեր ոլորտներու մէջ ներգրաւուած անդամներուն հետ վերջին հանդիպումի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։ Այս յայտարարութիւնները, որոնք մենք կը համարէք վիճելի, կը վարկաբեկեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը եւ օրինաչափ հարցեր կ՛առաջացնեն մարդկութեան դէմ այս ոճիրին ամբողջական ընկալումին եւ անոր միջազգային ճանաչման նկատմամբ Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութեան վերաբերեալ։

Աւելի քան կէս դար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջնահերթութիւն եղած է զոհերու ժառանգներուն եւ պատմական արդարութեան համար գործող կազմակերպութիւններուն համար։ Որպէս Շվեյցարիոյ հայկական սփիւռք՝ մենք կը կարծենք, որ այս ճանաչման կարեւորութիւնը նուազագոյնի իջեցնելը կամ վերատեսութեան ենթարկելն կը հակասէ աշխարհասփիւռ հայ համայնքի սպասումներուն։

Յիշեցնենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հիմնուած է անվիճելի պատմական փաստերու վրայ, որոնք հաստատուած են հարիւրաւոր հետազօտողներու, ակադեմիական հաստատութիւններու եւ շարք մը պետութիւններու կողմէ, ներառեալ Շվեյցարիան, որ 2003-ին՝ իր Ազգային Խորհուրդի մակարդակով, պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ամէնէն կարեւորը՝ ճանաչումը կատարուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ Ցեղասպանութեան ճանաչման այս պայքարը վեր է քաղաքական տարանջատումներէն եւ կը հետապնդէ համընդհանուր արդարութիւն։

CAAS-ը կոչ կ՛ընէ Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն կատարել իրենց պարտականութիւնները։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք չպէտք է վտանգի ենթարկուի քաղաքական կամ դիւանագիտական նկատառումներով, եւ չպէտք է արտօնուի, որ հայ ժողովուրդի թշնամիները շահագործեն նման յայտարարութիւնները՝ ժխտողական նպատակներով։ Մենք կը հրաւիրենք վարչապետին յստակացնել իր արտայայտութիւնները եւ միանշանակ վերահաստատել իր յանձնառութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նկատմամբ։

Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակէ հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար մղուող պայքարէն, CAAS-ը, ընդհանրապէս սփիւռքը եւ այս գործի բոլոր դաշնակիցները պարտաւոր պիտի ըլլան շարունակել այս պատմական պայքարը առանց դադարի։ Զոհերու յիշատակը, անոնց ժառանգներու պատուասիրութիւնը, արդարութեան եւ ճշմարտութեան հիմնական սկզբունքները կը պահանջեն, որ երբեք չդադրի այս պայքարը՝ անկախ քաղաքական պայմաններէն կամ հանդիպող խոչընդոտներէն։

Մենք նաեւ կոչ կ՛ընենք հայկական սփիւռքին եւ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն՝ միասնական եւ զգօն մնալու՝ ընդդէմ վերատեսութեան (հաստատուած պատմական փաստերու վերանայման) կամ մեր համընդհանուր դատը առաջ մղող հիմնական արժէքներէն հրաժարելու որեւէ փորձի։ Զոհերու յիշատակը, անոնց ժառանգներու արժանապատուութիւնը եւ պատմութեան դասերը չեն կրնար զոհուիլ կարճաժամկէտ շահերու համար։

Ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը, այնպէս ալ մենք՝ կը ձգտինք տարածաշրջանին մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան։ Մասնաւորաբար, CAAS-ը հիմնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մեր համերաշխութիւնը յայտնելու նպատակով, յատկապէս անոր ազգային անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցերուն վերաբերեալ։ Ուստի, հրամայական է, որ այս դժուար պահուն Սփիւռքն ու Հայաստանը միասնական մնան եւ հետեւողական ըլլան իրենց յանձնառութեան մէջ՝ միջազգային իրաւունքին, արդարութեան եւ պատմական ճշմարտութեան նկատմամբ։ CAAS-ը կը վերահաստատէ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ կանխարգիլման իր անսասան յանձնառութիւնը եւ պիտի շարունակէ գործակցիլ իր գործընկերներուն հետ Շվեյցարիոյ եւ միջազգային մակարդակի վրայ՝ նոր ոճիրներու դէմ պայքարելու, յիշողութիւնը պահելու եւ արդարութիւնը խթանելու համար։

Շվեյցարիոյ Հայկական եւ Հայամէտ Միութիւններու Խորհուրդ (CAAS)
Ժնեւ, 29 Յունուար 2025

  -   Քաղաքական