Մէկ տարուան ընթացքին համաշխարհային ովկիանոս կը լեցուի 6,3 միլիոն թոն աղբ


Մէկ տարուան ընթացքին համաշխարհային ովկիանոս կը լեցուի 6,3 միլիոն թոն աղբ

  • 07-04-2011 17:55:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Բովանդակ աշխարհի տարածքին տարեկան կ’արտադրուի մօտաւորապէս 4-5 թրիլիոն կերպընկալէ տոպրակ։ Այս տոպրակները, որոնք առօրեայ կեանքի մէջ խիստ անհրաժեշտ ապրանքներ կը նկատուին, այնքան ալ երկար »կեանքի տեւողութիւն« մը չունին, առաւելագոյնը 20 վայրկեան։ Սակայն տոպրակի քայքայումը կը պահանջէ 100-200 տարի։ Մէկ տարուան ընթացքին համաշխարհային ովկիանոս կը լեցուի 6 միլիոն 300 հազար թոն աղբ, որու զգալի մասը կերպընկալէ տոպրակներ եւ շիշեր են։ Յաճախ կենդանիներ, զանոնք սնունդ կարծելով կ’ուտեն։ Կերպընկալէ տոպրակներու պատճառով տարեկան մէկ միլիոն թռչուն, 100 հազար ծովային անասուններ եւ հազարաւոր ձկնատեսակներ կը սատկին։ Թէպէտ Հայաստանին տակաւին չի սպառնար համաշխարհային ովկիանոսի սարսափելի պատկերը, սակայն հարցը արդիական է նաեւ հոնկէ ներս։ Երկրի բոլոր գետերն ու Սեւանայ լիճը աղտոտած են։ Չեն պահպանուիր աղբանոցներու համար կիրարկուած միջազգային չափանիշները։ Ըստ ընդունուած չափանիշներու՝ աղբանոցը պէտք է ըլլայ ոչ-ջրաթափանց վայրի մէջ, աղբի շերտի վրայ աւազ պէտք է լեցուի եւ տարածքը պէտք է կանանչապատուի։ Հայաստանի մէջ դժուար է այդպիսի »էլիտար« աղբանոց գտնել. հայկական աղբանոցները բաց են։ Անձրեւը, որ կը լուծէ քիմիական նիւթերը, կը հոսի, ոռոգման ջուր կը դառնայ կամ ալ կը ներծծուի ու կը միանայ ըմպելի ջուրի պաշարներուն։ Որպէս հետեւանք... բազմաթիւ հիւանդութիւններ եւ թունաւորուած մթերք։ Մայրաքաղաք Երեւանէն դուրս ամէն բնակավայրի մէջ կարելի է հանդիպիլ տեսարանի մը, երբ աղբը կը թափեն մօտակայ ձորի կամ գետակի մէջ։ Այդպիսի պատկեր կը տիրէ Բջնիի, Գառնիի, Քաղսիի մէջ։ Բնապահպաններու մեկնաբանութեամբ, առաւել վտանգաւոր են մանաւանդ թեթեւ կերպընկալէ տոպրակները, որոնք թեթեւ քաշի պատճառով դժուար է հաւաքել եւ յանձնել վերամշակումի. անոնք կը մնան բնութեան մէջ։ Բազմաթիւ երկիրներ, գիտակցելով կերպընկալէ շիշերու եւ տոպրակներու պատճառած վնասի մասին, կը փորձեն այլընտրանքային միջոցներ կիրարկել։ Ֆրանսայի, Պանկլատէշի, Թանզանիոյ, Մոզամպիքի մէջ արգիլուած է անոնց արտադրութիւնն ու ներմուծումը։ Չինաստանի մէջ դատական հետապնդում կը բացուի բոլոր այն վաճառատուներու տնօրէններու դէմ, որոնք մթերքի վաճառման պահուն գնորդներուն կը տրամադրեն ո՛չ թէ թուղթէ կամ կտաւէ, այլ կերպընկալէ պատրաստուած տոպրակներ։ Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներէ ներս որպէս այլընտրանք, կը գործածուին կտորէ ու թուղթէ տոպրակներ, որոնք պիտանի են բազմակի գործածութեան համար։ Որպէս այլընտրանք Հայաստանի մէջ ալ կ’առաջարկուի այդ դրութիւնը, բայց կայ ուրիշ կէտ մը. թուղթէ տոպրակներու արտադրութեան համար երկրի սակաւաթիւ անտառներն ալ կրնան ի սպառ վերնալ։ Յստակ քայլեր առնելէ առաջ, բնապահպաններ կ’առաջարկեն որ մարդոց գիտակցութիւնը փոխուի. օրինակ դպրոցականներու համար կազմակերպուի ոչ-հաճելի, բայց շատ օգտակար պտոյտ մը՝ դէպի աղբանոց։ »Եթէ երախաներ գիտակցին որ իրենց նետած աղբը կուտակուելու յետագային ինչպիսի հարցեր կը ստեղծեն, ապա աւելի զգոյշ կ’ըլլան ու խնամքով կը վերաբերին բնութեան«, նշեցին բնապահպանները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը