Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Դոկտ. Շէյխ Շաֆիք Ժարատիին


Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Դոկտ. Շէյխ Շաֆիք Ժարատիին

  • 07-04-2011 17:20:39   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Հինգշաբթի 7 Ապրիլ 2011-ի առաւօտուն, Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Դոկտ. Շէյխ Շաֆիք Ժարատիի գլխաւորութեամբ Շիիթ պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը եկած էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրելու եւ իր խօսքը ուղղելու Յունիսին տեղի ունենալիք իսլամական միջազգային համագումարի մը, կազմակերպուած իսլամական ուսումնասիրութեան կեդրոնի եւ իրանեան դեսպանատան միացեալ ճիգերով: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց միաստուածեան այս երկու կրօններու երկխօսութեան նոր որակ ու ծաւալ տալու հրամայականը: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ՝ «դժբախտաբար, ընթացիկ երեւոյթ մը դարձած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ ընկերութեան մէջ գործող բոլոր կառոյցները, ներառեալ պետուիւններ, նման նախաձեռնութիւններու կը դիմեն յաճախ քաղաքական նպատակներով, անտեսելով աստուածաբանական խորքը: Արդ, անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երկխօսութեան աստուածաբանական մարզին, բնականաբար առանց անտեսելու գործակցութեան բնագաւառը»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, այս ծիրէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, թէ՝ «հասարակաց արժէքներու կողքին պէտք չէ անտեսել երկու կրօններուն միջեւ առկայ տարբերութիւնները, որոնք երբեմն պատճառ կը հանդիսանան սխալ մեկնաբանութիւններու ու դիրքորոշումներու, ինչպէս նաեւ զգայնութիւններու յառաջացման: Վերջին հաշուով կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող զանազանութիւնները հարստացուցիչ են ու զիրար ամբողջացնող յատկապէս միաստուածեան կրօններու ծիրէն ներս»: Հանդիպման ընթացքին նաեւ ակնարկ եղաւ վերջերս Ամերիկայի մէջ հոգեւորականի մը կողմէ հրկիզուած քուրանին եւ Աֆղանիստանի մէջ հոգեւորականներուն կողմէ հրկիզուած Աստուածաշունչին: Վեհափառ Հայրապետը խստօրէն դատապարտեց երկու դէպքերն ալ, ըսելով, որ «կրօններ յարգանք պէտք է ունենան իրենց դաւանած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ»:
  -   Մամլո հաղորդագրություն