Ատրպէյճանի Արտաքին նախարարութիւնը բացատրութիւն կը պահանջե Անգարայէն


Ատրպէյճանի Արտաքին նախարարութիւնը բացատրութիւն կը պահանջե Անգարայէն

  • 06-04-2011 16:27:53   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ, 5 Ապրիլին, Ատրպէյճանի Արտաքին Նախարարութիւնը նամակ մը յղեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ բացատրութիւն պահանջելով 1-3 Ապրիլին, Ստեփանակերտի մէջ կայացած միջազգային խորհրդաժողովի մը մասնակցած կիպրացի թուրք քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեան մասին։ Նամակին մէջ կը նշուէր որ այսպիսի այցելութիւններ պէտք է կատարուին Պաքուի արտօնութեամբ։ Ըստ »Ռէկնում« գործակալութեան, Թրքական Կիպրոսի Հանրապետական կուսակցութեան պատասխանատուներէն Քութլայ Էրք եւ գերագոյն ատեանի անդամ Էմինէ Չօլաք մասնակցած էին խորհրդաժողովին, որ կը կայանար բրիտանական կազմակերպութեան մը կողմէ եւ քննարկած էին Ղարապաղի ու Կիպրոսի տագնապներուն նմանութիւններն ու տարբերութիւնները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը