Արամ Ա. Կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Նախագահին


Արամ Ա. Կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Նախագահին

  • 05-04-2011 17:44:14   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երեքշաբթի 5 Ապրիլ 2011-ի առաւօտուն, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Տքթ. Պաշշար Ասատին ուղղուած յատուկ նամակով Արամ Ա. Կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Նախագահին տարած յարատեւ ճիգերուն՝ սուրիական հայրենիքէն ներս կայունութիւնը ամրապնդելու, բարեկարգութեան գործընթացք ճշդելու ու տնտեսական յառաջդիմութիւն ապահովելու: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Սուրիոյ հայութիւնը միշտ երախտագէտ կը մնայ սուրիական ժողովուրդին ու պետութեան եւ միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու սուրիոյ առաւել հզօրացման աշխատանքներուն:
  -   Մամլո հաղորդագրություն