Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին


Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին

  • 05-04-2011 17:40:43   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երեքշաբթի 5 Ապրիլ 2011-ի առաւօտուն, իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Տքթ. Կրկէս Սալեհին: Ան նախ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Ղպտի եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Շնուտա Գ. Պատրիարքի եղբայրական ողջոյնները, միաժամանակ տեղեակ պահելով Եգիպտոսէն ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն եւ Ղպտի եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն մասին: Ընդհանուր Քարտուղարը նաեւ Վեհափառ Հայրապետին զեկոյց մը ներկայացուց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի վերջին ամիսներուն կատարած աշխատանքներուն շուրջ: Որպէս Նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց Խորհուրդին կարգ մը ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն գծով: Յատկապէս ան շեշտեց յառաջիկայ ընդհանուր համաժողովին կարեւորութիւնը, որպէսզի Խորհուրդը իր նոր կառոյցով կարենայ նոր կենսունակութիւն տալ իր գործունէութեան, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանէն ներս տեղի ունեցող հիմնական փոփոխութիւնները:
  -   Մամլո հաղորդագրություն