Յարձակելով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին վրայ՝ Մեծն Բրիտանիոյ Հանրային Կապերու ընկերութիւնը կը Վնասէ Իր հեղինակութեան. Յարութ Սասունեան
12-03-2026 19:55:39 | ԱՄՆ | Քաղաքական
Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յաջողութեամբ զինուորագրելէ ետք, կը փորձեն չէզոքացնել հայկական սփիւռքը, ինչ որ իրենց կողմէ Հայաստանը նուաճելու վերջին քայլն է։ Ե՛ւ Ալիեւը, ե՛ւ Էրտողանը մեծապէս գոհ են Հայաստանի մէջ գործող հնազանդ վարչակարգէն եւ չեն ուզեր, որ սփիւռքը խոչընդոտէ իրենց հակահայկական ծրագիրները։
2 մարտ 2026-ին հանրային կապերու Լոնտոն հաստատուած «Ափոլլօ սթրաթիճիք քոմիւնիքէյշընզ» (Էյ. Էս. Սի.) ընկերութիւնը յարձակում գործեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վրայ՝ գաղտնի յուշագիր մը ուղարկելով ամերիկեան լրատուամիջոցներուն՝ «Հայկական սփիւռքը Ռուսիոյ շահերը կը հնչեցնէ Քափիթոլ Հիլի մէջ» վերնագիրով։ Էյ. Էս. Սի.-ն կապեր ունի Ազրպէյճանի եւ անոր Կասպից ծովու նաւթային գործընկերներուն հետ։ Ընկերութիւնը արձանագրուած է Մեծն Բրիտանիոյ ընկերութիւններու պալատի գրանցամատեանին մէջ՝ որպէս «Հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան գործունէութեամբ զբաղող ընկերութիւն»։ Վերջին տարիներուն անիկա ք
անի մը անգամ անուանափոխուած է՝ «Apollo Public Relations Limited» (13 օգոստոս 2009 - 29 օգոստոս 2014) եւ «Red Public Relations Limited» (14 ապրիլ 2008 - 13 օգոստոս 2009)։
Էյ. Էս. Սի.ն իր յուշագիրին մէջ կը տարածէ սուտեր ու ապատեղեկատուութիւն՝ պնդելով, որ՝ «Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի ջանքերը (Հայաստանի մէջ – Խմբ.)… կը բախին ազդեցիկ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական մեծագոյն կազմակերպութեան, դիմադրութեան եւ ընդդիմութեան, որ, ըստ Քափիթոլ Հիլի որոշ շրջանակներու, կը փորձէ վտանգել Քոնկրեսի մէջ ընթացող խաղաղութեան գործընթացը։ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը մեղադրեն մոսկուայամէտ ուժերու հետ համագործակցութեան մէջ՝ միաժամանակ հանդէս գալով Հայաստանի ազգային շահերուն դէմ՝ աջակցելով ռուսական դիրքորոշումներուն եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով ամերիկեան հաստատութիւններուն մէջ»։ Յուշագիրը կը դատապարտէ՝ «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ջերմ պաշտպանութեան համար»։ Հայ դատի յանձնախումբն ու սփիւռքը դէմ են կեղծ խաղաղութեան, այլ ոչ թէ՝ իրականին, եւ դէմ չեն Հայաստանի ազգային շահերուն։ Ընդհակառակը, անոնք կ’ուզեն պաշտպանել Հայաստանը Փաշինեանի անվերջ զիջումներէն, որոնք կրնան յանգեցնել հայրենիքի կործանման։
Կ’ուզեմ ընդգծել «Էյ. Էս. Սի.»-ի յուշագիրին քանի մը խնդրայարոյց կողմերը.
1.- Ընտրութիւններու ժամկէտը. Յուշագիրին մէջ ուղղակիօրէն յղում կը կատարուի «Հայաստանի կարեւորագոյն համընդհանուր ընտրութիւններուն»՝ ակնարկելով, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կ’ընեն ամէն ինչ՝ ապահովելու համար Փաշինեանի իշխանութեան պահպանումը 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։
2.- Հանրային կապերու միջոցի անսովոր ընտրութիւն. Ազրպէյճանը միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ Ուաշինկթընի հանրային կապերու եւ լոպիական ընկերութիւններուն։ Այնուամենայնիւ, տարօրինակ է, որ այս յարձակողական յօդուածը ամերիկեան լրատուամիջոցներուն մէջ կը տարածուի լոնտոնեան ընկերութեան մը կողմէ, եւ ոչ՝ Ուաշինկթընի մէջ գործող ընկերութիւններուն, որոնց Ազրպէյճան ամէն տարի մեծ գումարներ կը վճարէ լոպիական աշխատանքի եւ հանրային կապերու համար: Ասիկա դրամի վատնում է եւ ապտակ՝ Ազրպէյճանի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ վարձուած ընկերութիւններուն։
3.- Լրագրողներուն առաջարկուած աղբիւրները. «Էյ. Էս. Սի.»-ն առաջարկած է չորս անձերու անուններ, որոնք «պատրաստակամ են ուրախութեամբ տրամադրելու լրացուցիչ նիւթեր և տեղեկութիւններ»։
- Անանուն «աւագ աշխատակից մը Միացեալ Նահանգներու՝ Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողովին մէջ (Քոնկրեսի յանձնաժողով)»։ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է պարզէ՝ արդեօք այս անձը Քոնկրեսի մէջ աշխատելով վճարումներ կը ստանա՞յ Ազրպէյճանի հետ կապ ունեցող օտար ընկերութենէ մը։ Եթէ՝ այո՛, ապա զայն պէտք է աշխատանքէ արձակել։
- «Մարիա Կարապետեան. Հայաստանի իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւոր եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ»։ Ան պէտք է հարցաքննուի՝ արդեօք ան համագործակցա՞ծ է օտար լոպիի ընկերութիւններու հետ՝ հայկական կազմակերպութեան դէմ, ասոր համար ալ հաւանաբար փոխհատուցում ստանալով։
- «Նժդեհ Յովսէփեան. Յարգուած մտաւորական եւ պատմաբան, որ կրնար խօսիլ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայաստանի մէջ ռուսամէտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միջեւ եղբայրութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ առկայ կապերուն մասին»։ Բայց ան «Լինքտին»-ի իր էջին մէջ թուարկած է իր վարած տարբեր պաշտօնները Փաշինեանի կառավարութեան մէջ ։
- «Կարօ Փայլան. «Քառնըկի» միջազգային խաղաղութեան հիմնադրամի Եւրոպական ծրագիրի հրաւիրուած հետազօտող, որ պատրաստ է՝ առանց անունը նշելու, խօսիլ հայկական քաղաքականութեան, ռուսական միջամտութեան գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կապերուն մասին՝ մոսկուայամէտ դերակատարներու հետ»: Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Փայլանը հակազդեց «Էյ.Էս.Սի.»-ին, երբ «Էքս»-ի իր հարթակին վրայ գրեց. «Ուշադրութիւնս գրաւեց այն հանգամանքը, որ իմ անունովս լրագրողներուն ուղարկուած են Հայաստանի վերաբերող հաղորդագրութիւններ, զորս ես չեմ արտօնած: Ես հանդէս կու գամ հրապարակաւ եւ կապ կը հաստատեմ լրագրողներուն հետ, իսկ իմ կարծիքներս յայտնի եւ ճանչցուած են»:
4.- ՖԱՐԱ-ի հնարաւոր խախտում. «Էյ.Էս.Սի.»-ի յուշագիրը ուղարկուած է ոչ թէ ամերիկեան, այլ բրիտանական հանրային կապերու ընկերութեան մը կողմէ՝ թերեւս փորձելով շրջանցել Միացեալ Նահանգներու «Օտարերկրեայ գործակալներու գրանցման օրէնք»-ը (FARA), որ կը պահանջէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ օտարներու անունով գործող ընկերութիւնները արձանագրուին արդարադատութեան նախարարութեան մէջ: Ասիկա կրնայ նկատուիլ ամերիկեան օրէնքի խախտում։
5.- Արձագանգի բացակայութիւն. Նախորդ շաբաթ ես ելեկտրոնային քանի մը նամակներ ուղարկեցի «Էյ.Էս.Սի.»-ին` խնդրելով ընկերութեան` յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, ինչպէս խոստացուած էր յուշագիրին մէջ, սակայն «Էյ.Էս.Սի.»-ն չպատասխանեց: Նման ոչ արհեստավարժ վարքագիծ կրնայ պատճառ դառնալ հանրային կապերու ընկերութեան՝ ինքնիր դէմ ժխտական հանրային կապերու:
6.- Առեւտրական կապեր Ազրպէյճանի հետ. «Ափոլլօ»-ի մայր ընկերութիւնը` RSK Group-ը, ունի ամբողջութեամբ իրեն պատկանող ընկերութիւն`«Azerbaijan Environment and Technology Centre Ltd» (AETC), որ կը գործէ երկրին մէջ եւ կ՛իրականացնէ նախագիծեր կասպեան տարածաշրջանին մէջ, ինչ որ կը վկայէ Ազրպէյճանի մէջ անոր երկարաժամկէտ առեւտրական գործունէութեան մասին:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է սերտէ «Էյ.Էս.Սի.»-ին դէմ դատ բանալու կարելիութիւնը՝ զրպարտիչ եւ կեղծ յայտարարութիւններ տարածելուն համար։