Ցեղասպանութեան հեղինակներուն դէմ կարելի է դատական հետապնդում կատարել համաշխարհային չափանիշով


Ցեղասպանութեան հեղինակներուն դէմ կարելի է դատական հետապնդում կատարել համաշխարհային չափանիշով

  • 04-04-2011 19:02:36   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Շաբաթ օրուան մեր թիւով հայկական աղբիւրներէ ստացուած լրատուութեան վրայ հիմնուելով հաղորդած էինք որ Արժանթինի դատարաններէն մէկը, եզրակացութեան բերելով 11 տարիէ ի վեր շարունակուող դատավարութիւն մը, վճռած էր որ Թուրքիա ցեղասպանութիւն գործադրած էր մէկուկէս միլիոն Հայեր հետեւողական կերպով բնաջնջելով։ Դատարանը այս որոշոմին յանգած էր վերջացնելով Կրէկօրիօ Հայրապետեան անուն անձի մը կողմէ բացուած դատը։ Հայրապետեան հարց կուտար թէ ինչե՞ր պատահեցան Սվազի ու Խարբերդի իր ազգականներուն։ Ան իր դիմումը հիմնած էր »ճշմարտութիւնները սորվելու մարդու իրաւունք«ի սկզբունքին վրայ։ 2002 թուականին դատաւոր Օյարպիտէ դիմեց Թուրքիոյ ու պահանջեց որ Հայրապետեան ընտանիքի անդամներուն ճակատագրին մասին ինչ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ որ կայ, փոխանցուի իրեն։ Դատարանը նոյն նիւթի շուրջ տեղեկութիւններ ու փաստաթուղթեր ուզեց Վատիկանէ, Անգլիայէ, Գերմանիայէ կամ Ամերիկայէ։ Բոլոր այս տեղեկութիւնները հաւաքուեցան 11 տարիներու ընթացքին ու այժմ անոնց վրայ հիմնուելով է որ դատարանը կը յանգի ցեղասպանութեան որոշումին։ Երկու օրէ ի վեր Թուրք մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ այս լուրին ու դիտել կուտայ որ առաջին անգամ է որ դատարան մը վճիռ կ’արձակէ այն մասին թէ այդ ցեղասպանութեան հեղինակներուն դէմ կարելի է դատական հետապնդում կատարել համաշխարհային չափանիշով։ Թուրք մամուլը դիտել կուտայ որ դատարանին վճիռը պատժական որեւէ տրամադրութիւն չունի Թուրքիոյ նկատմամբ, բայց յայտնի է որ հայկական կազմակերպութիւնները այսուհետեւ միջազգային հրապարակներու վրայ ու դատարաններու մէջ իբր փաստ պիտի գործածեն Արժանթինեան դատարանին կողմէ արձակուած այս վճիռը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը